ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2012-2013 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կիրակի, 18 օգոստոս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի դաշտին մէջ վերջին գոյքի զետեղումով վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի 2012-2013 տարեշրջանի տարեկան բանակումը, որ տեղի ունեցած էր Պասքինթա գիւղի Մարժ շրջանին մէջ:

11 օրերու վրայ երկարող այս բանակումը եղաւ շատ յատկանշական. անիկա իւրայատուկ էր իր բնաբանով` «Պէյրութ քաղաքը», իր վեցամսեայ նախապատրաստական աշխատանքներով, իր յատուկ սկաուտական կազմակերպութեամբ, իր աննախընթաց 160 մասնակցողներու թիւով, իր տեւողութեամբ, կշռոյթով եւ սքանչելի ու բարձր սկաուտական ոգիով:

Այս առիթով պատրաստուած էին բանակումի փողկապներ, զորս կը կրէին բոլորը` ապրելով ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի յատուկ մթնոլորտը եւ յիշելով ՀՄԸՄ Պէյրութի յատուկ նշանաբանը` «Մէ՛կ մասնաճիւղ, մէ՛կ ընտանիք»:

Արդարեւ բանակումի նախապատրաստական աշխատանքները սկսան յունուար 2013-ին. յաջորդող քանի մը ամիսներուն աշխատանքները շարունակուեցան եւ դպրոցական տարեշրջաններու փակումէն ետք յաւելեալ թափ ստացան: Գնահատելի էր մասնաճիւղին խմբապետական կազմին կեցուածքը, որ որոշեց բանակումը իրագործել նախատեսուած թղթածրարով, առանց որեւէ մէկ աշխատանքի նուազեցման ու ճիգի խնայման:

Հինգշաբթի, 8 օգոստոս, 2013-ին մասնաճիւղին երէց, պարմանուհի, արի եւ արենուշ խմբաւորումները սկսան բանակումին` բանակավայրի յատուկ ընդհանուր ձեռային աշխատանքներով:

Կիրակի, 11 օգոստոս 2013-ին, գայլիկ ու արծուիկ աստիճանաւորական կազմերը միացան բանակողներուն` օժանդակելու մասնաճիւղային ձեռային աշխատանքներու իրագործման:

Բանակումին առաջին 4 օրերը յատկացուած էին բանակավայրի մեծ ձեռայիններուն եւ երկուշաբթի, 12 օգոստոս 2013-ին, բանակավայր այցելուներուն հետեւեալ պատկերը կը պարզուէր:

 

 

 

 

 

 

 

Բանակավայրին մուտքը կը ներկայացնէր Պէյրութ քաղաքին մուտքը, անցնելէ ետք 4 շրջանակներէ, որոնք միաժամանակ  կը ներկայացնէին ՀՄԸՄ-ի սկաուտական 4 ճիւղերը եւ կը կազմէին ժամացոյցի սարք մը, որ յարատեւ կը դառնայ, այցելուն կը հասնի մայրաքաղաքին կեդրոնական հրապարակը իր ժամացոյցով, պարտէզով եւ ճամբաներու բաժանմունքերով:

Բանակավայրի դրօշակի կայմը Լիբանանի փիւնիկեցիներուն նաւը կը ներկայացնէր` իր ղեկով, խարիսխներով, առագաստներով ու պարանի խաղերով, 8 մեթր բարձրութեամբ:

Բանակավայրին «մեծ ձեռայինը» կը ներկայացնէր մեծ շուկայ մը, հանրախանութ մը` իր ճաշարաններով, կամուրջով, լուսաւորումով եւ10 մեթր բարձրութեամբ պատշգամներով:

Բանակավայրին ճամբաները իրենց ուղղութիւններով, լոյսերով ու աղբամաններով (որոնք կազմուած էին վերամշակուած նիւթերէ` հաւաքուած ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին) կը ներկայացնէին Պէյրութի փողոցները նոյնիսկ իրենց փոսերով եւ մարած լոյսերով:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ բաղնիքները, տաք ջուրի սարքաւորումով լոգարանները եւ անշուշտ` խոհանոցը եւ իր փուռը, ուր խոհանոցի յանձնախումբը ժրաջան կերպով 11 օր անդադար աշխատեցաւ համեղ ճաշերը որոշուած ժամերուն հասցնելու համար:

Այս 4 օրերու աշխատանքներէն ետք խումբերը անցան իրենց խմբային բանակավայրներուն ու յաջորդ 2 օրերուն ընթացքին կազմեցին «Պէյրութ»-ի հետեւեալ վայրերը.

– Արդարութեան պալատ` երէցներ, որոնք շինած էին 4 մեթր բարձրութեամբ կշիռք մը.

– Նաւահանգիստ` պարմանուհիներ, որոնք շինած էին Պէյրութի փարոսը.

– Կեդրոնական դրամատուն` արիներ, որոնք շինած էին 4 մեթր բարձրութեամբ գանձանակի դուռ մը:

– Պետական թանգարան` արենուշներ, որոնք շինած էին թանգարանին մուտքը եւ զանազան տեղեկութիւններու տախտակ-ցուցադրութիւններ.

– Շարլ Հելու հանրակառքի կայան` գայլիկներ.

– Պէյրութի շուկաներ` արծուիկներ.

Եւ վերջապէս Պէյրութի միջազգային օդակայան` մոկլիներ:

Բանակավայրի մուտքին զետեղուած էր նաեւ բանակումին «Պատի թերթ»-ը, որ կը ներկայացնէր Պէյրութի եւ ի մասնաւորի պէյրութահայութեան մասին ընդհանուր զարգացման տեղեկութիւններ եւ թուապատկերներ:

Չորեքշաբթի, 14 օգոստոս 2013-ին, բանակավայր ժամանեցին փոքր գայլիկները եւ արծուիկները, եւ սկսան բոլոր խումբերուն յայտագիրները: Գայլիկներն ու արծուիկները իրենց աշխուժութեամբ նոր կեանք տուին բանակավայրին:

Հարկ է նշել, թէ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղը մօտակայ հողաշերտին մէջ կը բանակէր, եւ այդ առիթով տեղի ունեցաւ միացեալ խարուկահանդէս, երեքշաբթի, 13 օգոստոս 2013-ին:

Խումբերու յայտագիրներէն յատկանշական էին հետեւեալները. երէց պարմանուհիներու երկօրեայ հետազօտական արշաւ, դէպի Պասքինթա գիւղ ու շրջակայք, արի-արենուշներու ռելի փէյփըր արշաւն ու հանգրուանային խաղեր, գայլիկ-արծուիկներու հանգրուանային խաղեր, հրշէջներու վերաբերող դասախօսութիւն, որմէ ետք արիները այցելեցին մօտակայ բլուրին այրած անտառը, Արա Ազատի գծագրական ուըրքշափը` արենուշական խումբին, չմոռնանք նաեւ մարզական չարքաշ խաղերը եւ զանազան այլ մրցում-խաղեր:

16 օգոստոս 2013-ին բանակավայր ժամանեցին մասնաճիւղին մոկլիները` 3-6 տարեկան, թիւով 15, ու բանակավայրը ամբողջացաւ:

Շաբաթ, 17 օգոստոս 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն սկսեալ բանակավայր սկսան ժամանել ծնողները եւ հիւրերը: Սկաուտները կը կրէին բանակումի իրենց  յատուկ փողկապները:

Բազմաթիւ ծնողներ, պաշտօնական հիւրեր եւ այլ մասնաճիւղերէ սկաուտներ ներկայ գտնուեցան փակման արարողութեան, ծառատնկումին եւ մրցանակներու բաշխման:

2012-2013 տարեշրջանի թեմային` «Կայուն արմատներ, փայլուն ապագայ» սկաուտները ցանեցին 10 շոճիի եւ 1 մայրիի ծառեր բանակավայրին մէջ: Հարկ է նշել նաեւ, որ ծնողները հիւրասիրուեցան սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած եւ բանակավայրի սկաուտական փուռին մէջ պատրաստուած ծոթրինով հացով:

Խօսք առաւ մասնաճիւղին սկաուտական խորհուրդին ներկայացուցիչը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին, շնորհաւորեց մրցանակաւորները եւ թիւով 160 սկաուտներն ու խմբապետական կազմը` խոստանալով միշտ նեցուկ կանգնիլ սկաուտներուն` հասնելու համար նորանոր նուաճումներու:

Դրօշակի արարողութեան, որուն մասնակցեցաւ մասնաճիւղին փոքր նուագախումբը, յաջորդեց «Յառաջ նահատակ»¬ի երգեցողութիւնը:

Արարողութենէն ետք սկսաւ պաշտօնական խարուկահանդէսը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր խումբ ներկայացուց իր թեմայէն բխած կտորներ, բանակումէն մեկնած դրուագներ եւ իր յատուկ երգիծական մեկնաբանութեամբ ներկաներուն բացատրեց, թէ ուրկէ՛ եւ ինչպէ՛ս եկած է «Պէյրութ» բառը: Խարուկահանդէսը աւարտեցաւ աւանդական «Ցտեսութիւն» երգով, եւ բոլոր ներկաները իրարու խոստացան «դարձեալ հանդիպիլ»:

Ներկաներուն մեկնումէն ետք, անմիջապէս սկսաւ հայկական շուրջպարն ու քէֆը, որմէ ետք սկաուտները սկսան քակել ձեռայինները եւ հաւաքել բանակավայրը. աշխատանքը շարունակուեցաւ կիրակի օր եւս. երբ վերադարձան Պէյրութ, անոնք յոգնած էին, սակայն` խանդավառ, թէեւ անքուն, սակայն` փայլուն աչքերով:

Բանակումը լաւապէս ծառայեց իր նպատակին, ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը վերածեց գործի, սկաուտներուն միջեւ կապերը սերտացուց, զանոնք վարժեցուց չարքաշ ու ապահով կեանք ապրելու բնութեան գիրկը:

Բանակումին յաւելեալ նկարները կրնաք դիտել ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Դիմատետրի կայքէջով` «http://facebook.com/groups/homenetmenbeirut/»:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )