Ապատեղեկատուութիւն. Վերջաբան

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ապատեղեկատուութեան մասին ընդհանրապէս բացատրութենէ, պարզաբանումէ եւ զանազան օրինակներ տալէ ետք, իբրեւ վերջաբան, կը տեսնենք, թէ ապատեղեկատուութիւնը ինքնին տեղեկատուութեան մտածուած  խեղաթիւրում է, որ կը հետապնդէ նպատակ եւ շահ: Անիկա հակառակորդը մոլորեցնելու նպատակով սեփական զօրքերու, զանոնք համախմբուելու, կազմի, սպառազինութեան, մարտունակութեան, գաղութներ տկարացնելու, ռազմական գործողութիւններու մասին կանխամտածուած լուրեր տարածելու քողարկման հնարք է:

Առ այդ, կ’եզրակացնենք, թէ`

ա.- Հայկական աղբիւրներու կողմէ ապատեղեկատուութիւն տարածող լուրերը կը խաթարեն եւ վտանգ կը պատճառեն հայկական լրատուադաշտին:

բ.- Հայկական աղբիւրներու կողմէ ապատեղեկատուութիւն տարածող լուրերը միջազգային լրատուադաշտ մուտք կը գործեն եւ ինքնաբերաբար հիմք ծառայելով` կը տարածուին: Այս երեւոյթը նոյնպէս վտանգ յառաջացնելով կը սպառնայ հայութեան ընդհանուր շահերուն:

գ.- Թրքական եւ ազրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնէն մեծ ազդեցութիւն կը կրեն միջազգային լրատուական աղբիւրները, եւ եթէ հայկական լրատուամիջոցները հիմնուին  ազրպէյճանական աղբիւրներու վրայ, ապա պարզապէս կ՛իյնան թուրք-ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան ծուղակը: Հայկական լրատուամիջոցները պէտք է ցուցաբերէն զգօնութիւն` տարբերելով ծուղակը, ապատեղեկատուութիւնը եւ անկողմնապահ լրագրութիւնը:

Հայաստանի մէջ եթէ ռազմական առումով կիսապատերազմական իրավիճակ է, ապա տեղեկատուական առումով ուղղակի պատերազմի մէջ ենք:

Հետեւաբար մեզի անհրաժեշտ է անաչառ, առարկայական տեղեկատուութիւն` տեսանիւթերու, ժապաւէններու, լուսանկարներու տեսքով: Տուեալ պարագային, տեղեկատուութիւնը մեզի պետք է տրամադրուի նաեւ պետական մակարդակով, որպէսզի սփիւռքի լրատուական աղբիւրներն ալ ի վիճակի ըլլան արագօրէն արձագանգելու կամ անհրաժեշտ հակահարուած տալու, այդ նիւթերը զանազան լեզուներով, յատկապէս` արաբերէնով. ուստի անհրաժեշտ է նաեւ կարեւոր նիւթեր արաբերէնի թարգմանել: Այս մէկը եռակողմ համագործակցութիւն ձեւաւորելու մէկ օրինակ է` ԼՂՀ-Հայաստանի-սփիւռքի միջեւ: Կարեւոր կը համարենք նաեւ օտարազգի լրագրողներու այցը ԼՂՀ եւ Հայաստան, ինչ որ նաեւ կը նպաստէ համագործակցութեան ձեւաւորումին:

Մենք պէտք է ոչ միայն հակահարուած տանք հակառակորդին, այլեւ մենք նախաձեռնող ըլլանք:

Գայլը գառնուկի մորթ հագած` ջանք կը թափէ պատմական ճշմարտութիւնը եւս իւրօրինակ սպանդի մը ենթարկելու` մաքիաւելական դիտաւորութեամբ:

Միւս կողմէ, մինչ այդ կը տեսնենք, որ տեղեկատուական պատերազմը կը վատթարանայ եւ իւրաքանչիւր կողմ իր ձեռքով ձգած առաւելութիւններուն մասին հաղորդագրութիւններ կը տարածէ կողմնորոշելու, աւելի ճիշդը` ապակողմնորոշելու համար հանրային կարծիքը:

Ապատեղեկատուութիւն տարածելու գործին մէջ ուշադրութեան արժանի է Դիմատետրի յատկապէս ընկերային փակ էջերը, ուր անհատներ իրենք կը կազմեն իրենց խումբերը` ըստ իրենց ուզածին, իրենք են, որ «այո» կ’ըսեն իրենց խմբակին մէջ մուտք գործել խնդրող անհատներուն եւ կամ խմբակին անդամները խմբակէն դուրս կը շպրտեն: Դուրս կը շպրտուին, քանի որ անոնք, խմբակը յառաջացնողին ուզած նիւթերը չեն գրեր կամ ընդհանրապէս ճիշդերը կը գրեն: Պէտք է նշել, որ Դիմատետրի խմբային եւ անհատական էջերը արդէն մեքենական շրջանառութիւններով մեծ լրատուական աղբիւրներու չափ իրենց ազդեցութիւնը կ’ունենան ընթերցողին վրայ: Յաճախ ալ կը զուգորդուին մեկնաբանութիւններով, տեղի-անտեղի կարծիքներով երբեմն նիւթին մէջ չտեղաւորուող, երբեմն անտեղի հաստատումներով:

Ուրեմն կարելի է ընդգծել, թէ հայութեան թշնամիները, տեղին ու պարագային համեմատ, մանաւանդ երբ ականատես կ’ըլլան մեր շարքերու միասնութեան աստիճանական ամրապնդման, հնարաւոր ամէն սադրանքի կը դիմեն մեր ներքին ճակատը քայքայելու, հաւաքական մեր կամքը ջլատելու եւ պայքարի մեր կորովը չէզոքացնելու համար:

Յատկապէս քաղաքական ճակատի վրայ, ազատագրական մեր պայքարը ձախողութեան մատնելով, յարմարագոյն եւ ամէնէն յուսալի ռազմավարութիւնը հայութեան պառակտումն է մեր թշնամիներուն կողմէ` մեր շարքերը տկարացնելու եւ Հայ դատը մեր իսկ ձեռքերով սնանկութեան դատապարտելու յստակ դիտաւորութեամբ:

Այս առնչութեամբ նորանոր փորձեր կը կատարուին մանաւանդ մեր օրերուն: Թշնամին միջոցներուն մէջ խտրութիւն չի դներ եւ այլազան դաւալից եղանակներով կը ջանայ փորձութեան ենթարկել հայ ժողովուրդին եւ հայ քաղաքական կազմակերպութեանց քաղաքական եւ գաղափարական ողջմտութիւնն ու պայծառատեսութիւնը, ինչպէս նաեւ կազմակերպական հզօրանքի եւ պայքարի ներքին ամուր ճակատի կերտման մեր կեանքը:

Արդարեւ, հայութեան թշնամիները որքան աշխուժանան, որքան բորբոքի հակահայ իրենց պայքարը, որքան յաճախակի դարձնեն հայութեան դէմ իրենց ուղղակի թէ անուղղակի հարուածները, պարզապէս կը նշանակէ, թէ հայութեան պայքարը յաջող, արդիւնաւոր ընթացքի մէջ է` ազգային թէ ընկերային ազատագրութեան ճամբուն վրայ:

Հայութեան թշնամիներուն աշխուժացումը, բրտացումն ու բորբոքումը, հետեւաբար, յարաճուն պայքարի նոր հրաւէր մըն է, նոյնիսկ իբրեւ մարտահրաւէր մը պէտք է ընդունիլ` աւելի միասնական շարքերով յառաջ ընթանալու համար ընդհանրական մեր իտէալներու կենսագործման ուղիով:

Վերջապէս, ապատեղեկատուութիւն տարածելու աշխատանքը զուրկ է հաւաստի տեղեկութիւն փոխանցելէ, լրագրական բարոյագիտութիւնէ եւ վերջին երկու տասնեակ տարիներու ընթացքին ապատեղեկատուութիւն տարածելու իրողութիւնը մեծ ոստում արձանագրած է ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Քանի որ հայութիւնը կը դիմագրաւէ մեծ մարտահրաւէր մը, որուն անունն է ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ` «սեւ քարոզչութիւն», «տեղեկատուական պատերազմ», եւ կը մարտնչի երբեմն իր պարզ եւ համեստ, շատ անգամ անձնական միջոցներով նոյնիսկ, ըլլան անոնք լրագրողներ, մտաւորականներ կամ յատկապէս լաւագոյն պարագային, երբ կը գտնուի բարերար մը այդ գործը իրականացնելու (այդ ալ բնականաբար կը մնայ բարերարի քմահաճոյքին): Ուրեմն, խիստ կարեւոր է հետզհետէ ծաւալող ապատեղեկատուութիւն արտադրող լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններու (գրութիւններ, պատկերներ, հնչիւնային նիւթեր եւ տեսահոլովակներ) դիմաց, եւ անոնց քարոզչամեքենաներուն տակ չիյնալու զգօնութեան խնդիրը նախ:

Ապա, հայկական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ կեդրոններու առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ, ծրագրաւորուած ձեւով եւ երբեք չվարանելով նիւթականի յատկացումէն, քարոզչական մեքենաներու յառաջացումը, լրջութեամբ հետեւողականութիւնը, պահելով նիւթերու պատասխանելու կարելի առարկայականութիւնը, անմիջապէս հերքել եւ պարզաբանում կատարել խեղաթիւրուած նիւթին, ինչպէս նաեւ հաւաստի աղբիւրներով ու տուեալներով, բծախնդրութեամբ տեղատարափ նիւթեր սփռել, նոյնքան եւ աւելի անհրաժեշտ է վերոնշեալ նիւթերու տարածումը նաեւ զանազան լեզուներով:

 

(Շար. 7 եւ վերջ)

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )