Ժպտերես Եւ Անսակարկ Ծառայողը (Մարի Քէօյլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Կ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Եկեղեցին  հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս`
Ինչպէս քարայր մ՛ընդարձակ, պարզ ու խորունկ, մութ ու լոյս,
Իր գաւիթովն հիւրընկալ, իր լայն բեմով ու հեռուն
Կանգնած իր լուռ խորանով, որ կարծես նաւ մ՛է ծփուն…»:
Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ

Ժողովուրդի մը գոյատեւումը, սերունդներու առողջ դաստիարակութիւնը, լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային ոգին փոխանցելու նուիրական աշխատանքը վերապահուած է հայ մօր: Անոր շնորհիւ ազգը կ՛ունենայ հանճարներ, ղեկավարներ, ծառայողներ: Ի զուր չէ ըսուած հետեւեալ խօսքը, թէ` «Մօր մը դաստիարակութենէն կախեալ է ազգի մը ապագան»:

Այս առումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2013 տարին հռչակեց «Հայ մօր տարի»` յատկապէս լուսարձակի տակ առնելու համար հայ մօր անուրանալի դերը հայ ժողովուրդի գոյատեւման նուիրական աշխատանքին մէջ: Հեռատես ու նուիրեալ մայրեր իրենց վստահուած այս առաքելութիւնը կատարեցին գիտակցութեամբ եւ համոզումով, քաջ գիտնալով, որ անոնք մեր ազգին բարիքին համար են:

Այս գաղափարները մտաբերեցինք, երբ քառասուն օրեր առաջ Պուրճ Համուտի հայութիւնը եւ ի մասնաւորի Նոր Մարաշ թաղամասը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակը` նուիրեալ ԼՕԽ-ական, վաստակաշատ մարաշցի միութենական եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան նուիրեալ ատենապետուհի Մարի Քէօյլեանը (Հաճի Մարի):

Ան ծնած է 1923-ին, Ժունիէ: Զաւակն է մարաշցի Յովսէփ եւ Կիւլենիա Խալխովեաններուն: Մարի Խալխովեան իր ընտանեկան բոյնը կազմեց Աբրահամ Քէօյլեանի հետ եւ բախտաւորուեցան երեք զաւակներով` 1 մանչ եւ 2 դուստր: Ան նախակրթութիւնը ստացած է Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Սրբուհի Ագնէս վարժարանին մէջ:

Մարաշ քաղաքի բարքերուն եւ սովորութիւններուն կառչած մնալու միտումով, Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան Տիկնանց վարչութեան մէջ տարաւ նուիրեալ աշխատանք: Իր ունեցած ձիրքերը ի սպաս դրաւ այս միութեան: Աւելի քան յիսուն տարիներ անսակարկ եւ աշխուժ կերպով մասնակցեցաւ Մարաշի հայրենակցական միութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն` ստանձնելով քուլիսներու ետին կատարուող բոլոր աշխատանքները:

Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իր անսահման սէրը կ՛արտացոլար իր ծառայութեան ընդմէջէն: Արդարեւ, տիկին Մարին 1975-էն ի վեր կը ծառայէր Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան մէջ, մինչեւ իր մահը: Կիրակիի պատարագներուն ան հաւատացեալները կը դիմաւորէր անուշ ժպիտով մը, իսկ իր ծանօթներուն երեսին կը դրոշմէր համբոյր մը` յայտնելով իր մայրական սէրն ու գուրգուրանքը: Ան «Ճրագ» եկեղեցական շաբաթաթերթը ամէն կիրակի կը կարդար իր գիտելիքները հարստացնելու միտումով: Տակաւին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատաղի պատրաստութեան աւանդական աշխատանքին ինք կը մասնակցէր անտրտունջ կերպով եւ մեծ զոհողութեամբ: Մէկ խօսքով, իր ներկայութիւնը ծառայութեան տիպար օրինակ էր բոլորին:

Ան չմոռցաւ նաեւ ԼՕԽ-ի մարդասիրական առաքելութիւնը: 1950-էն ի վեր ան անդամագրուած է ԼՕԽ-ի «Աշխէն»  մասնաճիւղին` ստանձնելով վարչական պաշտօններ, որոնք կատարած է բծախնդրութեամբ եւ օրինակելի ԼՕԽ-ականի մը անունը ձգելով իր ետին:

Տիկին Մարիին նկարագիրին բնորոշ գիծերն են` կրքոտ ընթերցող, ծառայասէր, ազգասէր, եկեղեցասէր ըլլալը: Ան Աստուածաշունչը կը կարդար ամէն օր` որպէս առօրեայ հոգեւոր սնունդ: Ան իր հոգեկան ուրախութիւնը կը գտնէր իր ծառայութեան մէջ, մանաւանդ երբ կը տեսնէր եկեղեցւոյ պայծառացումը եւ միութեան բարգաւաճումը:

Տիկին Մարիին մահը մեծ կորուստ մըն էր ոչ միայն իր հարազատներուն, այլ նաեւ` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին եւ Մարաշի հայրենակցական միութեան:

Թող տիկին Մարիին ծառայութեան կեանքի օրինակը մնայուն յուշարար դառնայ նոր սերունդին:

Յիշատակդ անթառամ մնայ, սիրելի՛ տիկին Մարի:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )