ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ – ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ ՍՏԱԽՕ՞Ս ԵՆ
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՄԵԼԸ: ԻԱՆ ԼԵՍԼԻ* «ՏԻ ԷՔՈՆՈՄԻՍԹ» ԹԵՐԹԻՆ «ՄՈՐ ԻՆԹԵԼԻՃԸՆԹ ԼԱՅՖ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ՍՏԵԼԸ ՄԵՐ ԱՐԵԱՆ ՄԷՋ Է, ԵՒ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԱՅՍ ՄԷԿԸ Ի՛ՆՉ ՁԵՒՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԷՋ:
Իր մահէն կարճ ժամանակ առաջ Մարլոն Պրանտօ կը պատրաստէր դերասանութեան վերաբերող ուսուցողական տեսերիզներու շարք մը, որ պիտի կոչուէր «Լայինկ ֆոր է լիվինկ» (ստել` ապրուստ ապահովելու համար): Մեզի հասած նկարահանումներուն մէջ կը տեսնենք Մարլոն Պրանտոն, որ իր արհեստին գաղտնիքները կը բացայայտէ խումբ մը խանդավառ եւ թերեւս քիչ մը շփոթահար հոլիվուտեան աստղերու, որոնց շարքին` Լէոնարտօ տը Քափրիօ եւ Շոն Փեն: Պրանտօ նաեւ պարագայական կերպով անձերու կը դիմէր Լոս Անճելըսի փողոցներուն մէջ եւ զանոնք կը համոզէր, որ յանպատրաստից դերեր կատարէին (կ՛ըսուի, թէ ժապաւէնները կ՛ընդգրկեն յիշատակելի տեսարան մը, որ կը պատկերէ երկու թզուկներ եւ սամոացի հսկայ մը): «Եթէ կրնաս ստել, ապա կրնաս դերեր կատարել», կ՛ըսէ Պրանտօ «Ռոլինկ Սթոն» խումբի երգերու հեղինակ Ճոտ Քաֆթանի, որ նկարահանումները դիտած սակաւաթիւ անձերէն է: «Լաւ ստել գիտե՞ս», հարց կու տայ Քաֆթան: «Յիսուս-Քրիստոս,- կը պատասխանէ Պրանտօ:- Հոյակա՛պ»:
Պրանտօ առաջին անձը չէ, որ նշած է, թէ արուեստագէտ մը եւ ստող մը իրարմէ բաժնող գիծը գրեթէ անտեսանելի է: Եթէ արուեստը ստելու ձեւ մըն է, ապա ստելը արուեստի ձեւ մըն է, թէեւ` ցած մակարդակի արուեստի մը, ինչպէս նշած են Օսքար Ուայլտ եւ Մարք Թուէյն: Ստողներն ու արուեստագէտները երկուքն ալ կը մերժեն ընդունիլ իրականութեան բռնատիրութիւնը: Երկուքն ալ զգուշաւոր կերպով կը շինեն արժանահաւատ պատմութիւններ. կարողութիւն մը, որ կը պահանջէ մտային բարձր մակարդակ, զգայնութիւն եւ ֆիզիքական հակակշիռ` սեփական էութեան վրայ (ստողները իրենց սեփական գործը ստեղծողներն ու կատարողներն են): Նման զուգահեռներ զուգադիպութիւն չեն, ինչպէս անդրադարձայ, երբ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէի ստախօսութեան վերաբերող գիրքիս համար: Իրօք, ստելն ու գեղարուեստական պատումը ծնունդ կ՛առնեն ջղաբանական նոյն արմատէն. այն արմատը, որ կը բացայայտուի հոգեկան հիւանդներու քով, որոնք կը տառապին յատուկ տեսակի տկարութենէ կամ անկարողութենէ:
Ջղաբան Անթոնիօ Տամասիօ 1985-ին հրատարակած էր ուսումնասիրութիւն մը միջին տարիքի կնոջ մը մասին, որ կը տառապէր ուղեղային վնասուածքներէ, որոնք հետեւանք էին բազմաթիւ կաթուածներու: Ան պահած էր իմացական իր կարողութիւնները, ինչպէս` հասկնալի խօսակցութիւն, սակայն ինչ որ կ՛ըսէր, աննախատեսելի էր: Ժամանակակից իրադարձութիւններու անոր գիտութիւնը ստուգելու նպատակով Տամասիօ հարցուցած էր Ֆոլքլենտի պատերազմին մասին: Հիւանդը ինքնաբուխ կերպով սկսած էր պատմել Ֆոլքլենտի կղզիներուն վրայ իր անցուցած երջանիկ արձակուրդին մասին, երբ իր ամուսինին հետ երկար տարածութիւններ քալած էր եւ տեղական աննշան իրեր գնած էր վաճառատունէ մը: Երբ Տամասիօ հարցուցած էր, թէ ի՞նչ լեզու կը խօսուէր այնտեղ, կինը պատասխանած էր. «Ֆոլքլենտերէն, հապա ի՞նչ»:
Հոգեբանութեան դիտանկիւնէն` այս կինը «իրականութիւնը կը փոխարինէր երեւակայութեամբ»: Այս ախտը յիշողութեան առնչուած հազուադէպ վիճակ մըն է, որմէ կը տառապի ուղեղային վնասուածք կրած անձերու փոքր մէկ համեմատութիւնը: Գրականութեան մէջ ասիկա կը բնորոշուի իբրեւ «շինծու, աղաւաղուած կամ սխալ մեկնաբանուած յիշողութիւններ` անձնական կեանքի մասին կամ աշխարհի, առանց խաբելու գիտակցուած միտումի»: Մինչ յուշաթափումէ տառապողները կը կատարեն ջնջելու սխալը, որովհետեւ իրենց համար անկարելի է լեցնել յիշողութեան մէջ ստեղծուած պարապութիւնները, անդին` իրականութիւնը երեւակայութեամբ փոխարինողները կը կատարեն յանձնառութեան սխալը. անոնք բաներ կը ստեղծեն: Ո՛չ թէ կը մոռնան, այլ կը յայտնագործեն:
Իրականութիւնը երեւակայութեամբ փոխարինելու ախտէն տառապողները գրեթէ միշտ կը մոռնան իրենց վիճակը եւ մեծ խանդավառութեամբ կը սկսին անհեթեթ բացատրութիւններ տալ, թէ ինչո՛ւ հիւանդանոց հասած են կամ` բժիշկի մը դիմած: Երբ նման ախտէ տառապող անձի մը հարց տրուած է վիրահատական իր գործողութեան սպիին մասին, ան պատասխանած է, թէ Բ. Աշխարհամարտին անակնկալօրէն յայտնուած էր մանկամարդ աղջկան մը դիմաց, որ երեք անգամ կրակած էր իր գլխուն եւ սպաննած էր զինք, սակայն ինք վիրաբուժական գործողութեամբ մը վերադարձած էր կեանքին: Երբ նոյն հիւանդը պատասխանած է իր ընտանիքին վերաբերող հարցումի մը, ան նկարագրած է, թէ ինչպէ՛ս իր ընտանիքին անդամները բազմիցս մեռած էին իր ձեռքերուն մէջ կամ սպաննուած` իր աչքերուն առջեւ: Ուրիշներ կը պատմեն շատ աւելի անիրական պատմութիւններ. օրինակ, կ՛ըսեն, թէ ճամբորդած են դէպի լուսին, թէ` կռուած են Մեծն Աղեքսանդրի կողքին` Հնդկաստանի մէջ, կամ տեսած են Յիսուսը` խաչին վրայ: Իրականութիւնը երեւակայութեամբ փոխարինողներուն նպատակը խաբել չէ: Անոնց ըրածը «պարկեշտ խաբէութիւն է», ինչպէս կը նկարագրէ ջղահոգեբան Մորիս Մոսքովիչ: Տեւաբար անորոշ վիճակի մէջ, եւ խորհրդաւոր կերպով լարուած` իրենց անորոշութեան պատճառով, անոնք համակուած են «պատմելու ընդոստ մղումով», ինչ որ ներքին խոր կարիք մըն է` ձեւաւորելու, կարգաւորելու եւ բացատրելու այն, ինչ որ հասկնալի չէ իրենց համար:
Ինչ կը վերաբերի այն կնոջ, որ պատմած է Ֆոլքլենտի մէջ իր արձակուրդին մասին, իրականութիւնը երեւակայութեամբ փոխարինողներուն հիւսած պատմութիւնները վայրկեանին կատարուած ստեղծագործութիւններ են: Բաւարար է, որ զրուցակից մը հարցնէ հարցում մը կամ արտասանէ բառ մը. անոնք անմիջապէս կը սկսին պատմութիւն մը հիւսել, աւագափողով ճազ նուագող երաժիշտի մը պէս, որ իր մենանուագին սկիզբը կ՛օգտագործէ դաշնակահարին հնչեցուցած երաժշտական մէկ տողը: Այս հիւանդութենէն տառապող մը իրեն այցելող մէկ բարեկամին կրնայ բացատրել, թէ հիւանդանոց կը գտնուի, որովհետեւ այժմ կ՛աշխատի իբրեւ հոգեբուժ, թէ` իր կողքին կանգնած մարդը (իրական բժիշկը) իր օգնականն է, եւ թէ` իրենք կը պատրաստուին այցելել հիաւնդի մը: Իրականութիւնը տեւաբար երեւակայութեամբ փոխարինելու ախտէն տառապողները յաճախ շատ ստեղծագործ են բառերու մակարդակին վրայ. անոնք իրարու քով կը թխմեն բառեր, որոնք անիմաստ կը թուին, սակայն կ՛ակնարկեն որոշ բաներու: Օրինակ, երբ հիւանդի մը հարց տրուած է, թէ ի՛նչ պատահած է Ֆրանսայի Մարի Անթուանեթ թագուհիին, ան պատասխանած է, թէ թագուհին «անձնասպան եղած է իր ընտանիքին կողմէ»: Նման հիւանդներ ձեւով մը կը նմանին վիպագիրներու: Այսինքն` «մարդոց, որոնց համար ոչ մէկ բան անկարեւոր է», ինչպէս կը նկարագրէ Հենրի Ճէյմս: Սակայն, ի տարբերութիւն գրագէտներու, անոնք գրեթէ հակակշիռ չունին իրենց պատմած սեփական նիւթին վրայ:
Իրականութիւնը տեւաբար երեւակայութեամբ փոխարինելու ախտը սովորաբար կ՛առնչուի ուղեղին յառաջամասին կրած վնասուածքի մը հետ, մանաւանդ` այն մասին, որ պատասխանատու է ինքզինք կարգ ու կանոնի ենթարկելու եւ ինքնագրաքննութեան: Անշուշտ բոլորս ալ զգայուն ենք կապակցութիւններու առնչութեամբ. կը լսենք սպի բառը եւ կը մտածենք պատերազմի վէրքերու մասին, հին ժապաւէններու կամ մօտալուտ մահուան փորձառութիւններու մասին: Սակայն հազուադէպօրէն թոյլ կու տանք, որ այս պարագայական մտածումները հասնին մեր գիտակցութեան, եւ անոնցմէ քիչերը կ՛արտայայտենք բառերով: Ինքնագրաքննութիւն կը կիրարկենք` ճշմարտութեան, տրամաբանութեան եւ ընկերային պատշաճութեան սիրոյն: Իրականութիւնը տեւաբար երեւակայութեամբ փոխարինողները կարողութիւնը չունին այս զատորոշումը կատարելու: Անոնք պարագայականօրէն իրական յիշողութիւնները կը միացնեն անկապ մտածումներու, փափաքներու եւ յոյսերու, ապա կը ստեղծեն պատմութիւն մը` անոնց խայտաբղէտ խառնուրդէն:
Այս վիճակին կարեւորութիւնը այն է, թէ անիկա շատ բան կ՛ըսէ մեր մասին: Յայտնապէս բառերով ստեղծագործութեան գետ մը կը յորդի մարդկային բնական ուղեղին մէջ, ուրկէ կը բխին գեղարուեստական յայտնագործութիւնն ու սուտը: Մենք ի ծնէ պատմութիւն պատմողներ ենք, պատմութիւններ կը հիւսենք մեր անձնական փորձառութիւններէն եւ երեւակայութենէն մեկնելով, պրկուելով այն մտրակին դէմ, որ մեզ կը պահէ հլու` իրականութեան: Ասիկա հրաշալի բան մըն է. մեզի կու տայ կարողութիւնը` յղանալու այլընտրանքային ապագաներ եւ տարբեր աշխարհներ: Անիկա կ՛օգնէ մեզի հասկնալու մեր սեփական կեանքը` այլոց հաճելի պատմութիւններուն ընդմէջէն: Սակայն անիկա նաեւ կրնայ մեզ առաջնորդել դժուարութեան, մանաւանդ երբ կը փորձենք ուրիշները համոզել, թէ մեր յայտնագործութիւնները իրական են: Յաճախ, երբ մեր պատմութիւնները կը հասնին գիտակցական մակարդակ, ի գործ կը դնենք մեր ուղեղային զգայարանները, որոնք կ՛որոշեն, թէ ո՛ր պատմութիւնները պէտք է պատմենք եւ որո՛ւ: Այսուհանդերձ, մարդիկ կը ստեն տարբեր պատճառներով, նաեւ նկատի ունենալով, թէ իրականութիւնը երեւակայութեամբ փոխարինելը կրնայ վտանգաւոր հաճոյքի վերածուիլ: Այժմ հռչակաւոր է 1996-ին պատահած պարագայ մը. Ճոնաթան Այթքըն` նախկին նախարար մը, պատմած էր պատմութիւն մը` նկարագրելու համար այն սարսափները, զորս ապրած էր, երբ ազգային թերթ մը մրոտած էր իր անունը: Ան պատմած էր, թէ ինչպէ՛ս Ուեսթմինսթըրի մէջ առաւօտ մը իր պարմանի աղջկան հետ տունէն դուրս գալէ ետք շրջապատուած էր վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստողներու խումբով մը: Խումբին յարձակողապաշտ վարմունքէն ջղայնացած եւ վախցած` աղջիկը սկսած էր լալ, եւ Այթքըն զայն թաքցուցած էր նախարարութեան պատկանող իր ինքնաշարժին մէջ: Սակայն մինչ ինքնաշարժը կը սուրար յառաջ, Այթքըն անդրադարձած էր, թէ լրագրողները իրենց փոքրիկ փոխադրակառքով կը հետապնդէին զիրենք: Այնուհետեւ ծայր տուած էր մուկի եւ կատուի հալածանք մը` կեդրոնական Լոնտոնի տարածքին: Լրագրողները դադրած էին զիրենք հալածելէ, երբ Այթքըն ի գործ դրած էր խորամանկ խաբէութիւն մը. ան կանգ առած էր սպանական դեսպանատան առջեւ եւ` ինքնաշարժներու փոխանակում տեղի ունեցած էր:
Հարցը շարունակուեցաւ աւելի քան 2 տարի: «Կարտիըն» թերթը հրապարակեց շարք մը հաստատումներ` սէուտցի զէնքի վաճառականներու հետ Այթքընի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ` անոնց հետ հանդիպումներու, դէպի Փարիզ ճամբորդութեան մը ընթացքին, երբ Այթքըն կը վարէր նախարարութեան պաշտօնը: Յետադարձ ակնարկով, ինչ որ զարմանալի էր շատերուն, Այթքընի մակերեսային սուտերն էին, երբ ան կանչուած էր իր վկայութիւնը տալու: Այս սուտերէն ոմանք անհրաժեշտ էին` պաշտպանելու համար իր սկզբնական սուտը, սակայն այլ սուտեր յայտնապէս խօսուած էին պարզապէս բաներ ստեղծելու հաճոյքին սիրոյն: Մինչ Այթքըն դատական ատեանին մէջ վկայի ամպիոնին վրայ կանգնած սուտեր կը կուտակէր, յայտնապէս խանդավառ` յանպատրաստից ստեղծագործելու իր արարքով, անդին` հաւանական է նաեւ, որ ան ինքզինք կը զգար Մարլոն Պրանտոյի պէս` թատերական կատարումի մը ժամանակ: Այթքըն իր դատը կորսնցուց 1997-ի յունիսին, երբ ատեանը ի վերջոյ յայտնաբերեց անվիճելի փաստը դէպի Փարիզ անոր ճամբորդութեան: Մինչեւ այդ պահը Այթքընի կախարդանքը, պերճախօսութիւնը եւ անկեղծութիւն ճառագայթող թատերական շարժուձեւերը մտածել կու տային, թէ ան պիտի շահէր դատը: Անոր պաշտպանած ճակատը սկսաւ ճեղքուիլ, երբ վաւերագրական ժապաւէններ պատրաստող խումբ մը Այթքընի հետ անոր բնակարանին դիմաց հանդիպումին նկարահանումներուն բնօրինակը յանձնեց դատարան: Որեւէ խմբագրութեան չենթարկուած այս նկարահանումները ցոյց տուին, թէ Այթքընի աղջիկը ոչ միայն չէր ընկերակցած իրեն այդ օր (երբ իրօք, ան շրջապատուած էր իր տան սեմին), այլ նաեւ նախարարը պարզապէս մտած էր իր ինքնաշարժը եւ` հեռացած, եւ ոչ մէկ այլ ինքնաշարժ հետապնդած էր զինք:
Անշուշտ, ի տարբերութիւն Այթքընի, թատերագիրներ եւ վիպագիրներ չեն փորձեր բառացիօրէն խաբել մեզ, որովհետեւ խաղին օրէնքները սկիզբէն դրուած են արդէն. թատրոն եկէք կամ այս գիրքը բացէք, եւ մենք սուտեր պիտի պատմենք ձեզի: Թերեւս այս պատճառով է, որ առաջին հերթին կարիքը զգացած ենք արուեստը յայտնագործելու իբրեւ ապահով վայր մը, ուր մեր սուտերը կարելի է հաւաքել եւ վերածել ընկերային մակարդակի վրայ պիտանի բանի մը: Նկատի ունենալով պատմութիւն պատմելու տիեզերական մղումը` արուեստը լաւագոյն ձեւն է բիւրեղացնելու եւ վայելելու տարաշխարհիկ եւ խորախորհուրդ պատմութիւնները: Սակայն նաեւ աւելի՛ն է: Գեղարուեստական «սուտերը» բնական սուտերէն կամ իրականութիւնը երեւակայութեամբ փոխարինողներու «անկեղծ սուտերէն» տարբերող գլխաւոր կէտը այն է, թէ անոնք իմաստալից են եւ կ՛արձագանգեն զիրենք ստեղծած անձերէն անդին: Ստախօսը կը ստէ իր հաշուոյն, արուեստագէտը կը ստէ իւրաքանչիւրին հաշուոյն: Եթէ գրագէտներ ընդոծին մղումը ունին պատմելու, ապա անոնք կը տքնին փնտռելու մարդկային վիճակին մէջ խորացող թափանցումներ: Մարիօ Վարկաս Լլոսա գրած է, թէ վէպերը «կ՛արտայայտեն տարօրինակ ճշմարտութիւն մը, զոր կարելի է արտայայտել միայն ծածուկ եւ քողարկուած ձեւով, դիմակի մը ետին, զայն ներկայացնելով իբրեւ տարբեր բան մը»: Արուեստը սուտ մըն է, որուն գաղտնի բաղադրութիւնը ճշմարտութիւնն է:
* Իան Լեսլի հեղինակն է «Պոռն լայըրզ. ուայ այ քանթ լիվ ուիտաութ տիսիթ» գիրքին:
ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱՐԱՆՆԵՐ
ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԲՆԱՆԿԱՐ ՄԸ ԿԸ ՎԱՃԱՌՈՒԻ 65 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
Չինական արդիապաշտ գեղանկար մը մայիսի վերջերուն աւելի քան 65 միլիոն տոլարի վաճառուած է Պէյճինկի մէջ:
Քի Պայշիի գեղանկարը կը պատկերէ կոնաբեր ծառի մը վրայ թառած արծիւ մը` շրջապատուած չինական գեղագիր մագաղաթներով:
Գեղանկարին համար վճարուած բարձր գինը ցոյց կու տայ արուեստի շուկային զօրութիւնը` աշխարհի ամէնէն հզօր տնտեսութեամբ հպարտացող երկրորդ երկրին մէջ:
Վիճակագրութեան մը համաձայն, Չինաստան անցեալ տարի գերազանցեց Միացեալ Նահանգները` իբրեւ աշխարհի արուեստի ամէնէն թանկարժէք շուկան, ուր կատարուած է արուեստի գործերու վաճառքին 33 առ հարիւրը:
Գեղանկարը վաճառուած է կէս ժամուան մրցակցութենէ մը ետք, ինչպէս յայտարարած է աճուրդի վաճառատունը` Չայնա Կարտիըն:
Ասիկա երկրորդ բարձրագոյն գինն է, որ կը վճարուի Չինաստանի մէջ արուեստի գործի մը համար: Գեղագրութեան վարպետ Հուանկ Թինկճիանի 11-րդ դարու մէկ գործը 67.2 միլիոն տոլարի վաճառուած էր 2009-ին:
Քի Պայշի գեղանկարը գծած է 1940-ական տարիներուն, այդ օրերու Չինաստանի ղեկավար Չիանկ Քայ Չեքի համար: Անիկա իբրեւ նուէր պիտի տրուէր անոր 60-րդ տարեդարձին առիթով:
Քի ծնած է Հունանի գաւառին մէջ, 1964-ին եւ մեծ մասամբ ինքնուս է: Ան ծանօթ է իր պատկերած բնութեան տեսարաններով:
«Անոր գեղանկարները իրենց ներգործութիւնը ունեցած են ոչ միայն Չինաստանի ժողովուրդին վրայ, այլ նաեւ արժանացած են համաշխարհային յարգանքի», կ՛ըսէ Չայնա Կարտիընի ներկայացուցիչը:
Թերեւս ճիշդ է, սակայն անոր ծննդավայրէն դուրս քիչեր լսած են Քիի անունը:
Այսուհանդերձ, Քի մէկն է չինացի այն սակաւաթիւ արուեստագէտներէն, որոնց գործերը կը վաճառուին արուեստի միջազգային շուկաներու վրայ:
Վերջին քանի մը տարիներուն Քիի գեղանկարները գրեթէ նոյնքան բարձր գինով վաճառուած են, ինչպէս` Փապլօ Փիքասոյի եւ Էնտի Ուորհոլի գործերը:
Ասիկա մասամբ արդիւնք է Չինաստանի ծաղկող տնտեսութեան, որ ստեղծած է հետզհետէ աւելի հարստացող գործատէրերու խաւ մը, որ պատրաստ է բարձր գիներ վճարելու` արուեստի փնտռուած գործերու համար:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ