ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը խոր գիտակցութեամբ ու երախտագիտութեամբ կ՛ողջունէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի յանձնախումբին ազգօգուտ նախաձեռնութիւնը` հայ լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնական նիւթերու, ինչպէս նաեւ` ասմունքի մրցանքները, բարձր գնահատելով յանձնախումբի անդամներուն անձնուէր աշխատանքը, հետեւողական եւ ծրագրուած կերպով շարունակելու յանձնառութիւնը` ի խնդիր նորափթիթ սերունդները հաղորդակից դարձնելու մեր հարուստ մշակոյթին ու պատմութեան, ինչպէս նաեւ` անոնց մէջ թրծելու ու ամրապնդելու ազգային նկարագիր ու մշակութային ու կրօնական արժէքներու նկատմամբ սէր ու յարգանք:

Տնօրէնութիւնս ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ այս մրցանքներուն վարժարանս նուաճած է բաղձալի յաջողութիւն:

Մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան ընթացքին ասմունքի մրցանակակիր վարժարանիս երկու աշակերտները մասնակից դարձան գեղարուեստական յայտագրին եւ արժանացան ներկաներուն ծափողջոյններուն ու բարձր գնահատանքին: Միջնակարգ բաժինէն Սարին Էքմեքճեան, որ նուաճած էր երրորդ դիրքը, ասմունքեց Զահրատի «Մեսրոպաբոյր» բանաստեղծութիւնը, իսկ երկրորդական բաժինէն Սերօ Քելուկեան, նուաճած ըլլալով երկրորդ դիրքը, ելոյթ ունեցաւ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» քերթուածով:

Միջնակարգ բաժինէն Իզապէլ Պաղիկեան եւ Բալիկ Պերեճիքլեան հայ լեզուի ու գրականութեան մրցանքին արժանացան յիշատակութեան:

Տնօրէնութիւնս ջերմօրէն կը շնորհաւորէ մրցանակակիր աշակերտները, անոնց ծնողներն ու ուսուցիչները եւ հաստատաքայլ ու յաղթական երթ կը մաղթէ անոնց:

Share this Article
CATEGORIES