«ՓԹԻԹ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹ ԹԻՒ 2

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄ`
ՎԵՐԺԻՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆՆԵՐ

2011-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթի թիւ 2 համարը` խմբագրութեամբ Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեաններու:

Ուշագրաւ է, թէ «Փթիթ»ի իւրաքանչիւր թիւը նորութիւն մը կը յայտնաբերէ անպայման: Հիմնական նորութիւնը, զոր կը նկատենք ներկայ համարին մէջ, այն երեւոյթն է, թէ «Փթիթ»ի խմբագիրները կը թելադրեն իրենց պատանի ընթերցողներուն, որ ցուցաբերեն յարատեւ խնամք եւ հոգածութիւն` իրենց ատամներուն նկատմամբ, որպէսզի առողջ պահեն զանոնք:

«Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթին էական առաքելութիւնը հայ լեզուն է եւ թուաբանութիւնը: Իսկ բարոյական բաժինը կը գրաւեն հետեւեալ երեք հեքիաթները. ա) «Հպարտ կարմիր վարդը», բ) «Սէրը եւ իր փրկարարը» եւ գ) «3 պուպրիկները»: Յիշեալ հեքիաթները ունին թելադրական խորք եւ իմաստ:

«Փթիթ» պարբերաթերթը, մանկապատանեկան բնոյթ կրող իր ծրագիրներուն կողքին, յատկացուցած է ծնողներու վերապահուած բաժին մը նաեւ:

Իր թիւ 2 համարով «Փթիթ»ի խմբագրութիւնը կը ներկայացնէ «Ազդակ» օրաթերթի մանկապատանեկան էջը, որ լոյս տեսած է շաբաթական դրութեամբ, 25 նոյեմբեր 1978-ին, նախ, Էւա Տերվիշեանի, եւ, ապա, 28 ապրիլ 1984-էն մինչեւ ներկայիս Շողիկ Տէր Ղուկասեանի խմբագրութեամբ: «Ազդակ մանկապատանեկան» շաբաթաթերթը կը պարունակէ այլազան զուարճալի խաղեր, օգտակար գիտելիքներու բաժիններ, որոնք ընդհանուր առմամբ կը վերաբերին աշխարհագրութեան, պատմութեան, կենսաբանութեան եւ հասարակական այլ նիւթերու:

Իսկ Պոլսոյ մէջ կը հրատարակուի «Ժպիտ» խորագրեալ ամսաթերթը 1991-էն մինչեւ այսօր, 32 էջ ծաւալով: Սոյն թերթին խմբագրութիւնը վարած են պոլսահայ կարգ մը վաստակաւոր ուսուցիչներ:

«Ժպիտ»ը նիւթերու այլազանութեամբ յատկանշուած ամսաթերթ մըն է, որ կը բովանդակէ լեզուական եւ թուաբանական խաղեր, մանկապատանեկան պատմութիւններ, հեքիաթներ, ինչպէս նաեւ` երաժշտութեան, աշխարհագրութեան, կենդանաբանութեան եւ արուեստի յատկացուած բաժիններ:

«Փթիթ» պարբերաթերթէն կ՛իմանանք կենդանական աշխարհի մասին հետաքրքրական ծանօթութիւններ նաեւ: Օրինակ, կը կարդանք, թէ` «Փոքր շուները աւելի երկար կ՛ապրին»: Իսկ այլ տեղ կը կարդանք, թէ` «Մեղու մը պէտք է 4000 ծաղիկի այցելէ, որպէսզի 1 դգալ մեղր պատրաստէ»:

Արդարեւ, պէտք է ըսել, թէ «Փթիթ»ի ներկայ թիւ 2 համարը գովելի նախաձեռնութիւն մըն է, որ կը փոխանցէ մեզի շահեկան գիտելիքներ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ապրիլ 2011
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES