ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱԲԿ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԱՊԱՀՈՎԵԼ ԱԼԵՒԻ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆԵՐԸ
12 յունիսին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ), որ վերջին ութ տարիներուն կը կառավարէ Թուրքիան, կը ձգտի ընտրական երրորդ յաղթանակի:
Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը ձգտի ներկայացնելու հեռահաս, համապարփակ սահմանադրական փոփոխութիւններ եւ ատիկա ընելու համար ան պէտք ունի յաջորդ խորհրդարանին մէջ աւելի ընդարձակ մեծամասնութեան` երեսփոխանական աթոռներուն երկու երրորդին:
Այնպէս որ, ԱԲԿ կարիքը ունի նոր կողմնակիցներու: Էրտողան մասնաւորաբար փորձեց Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն մերձենալ: Ասիկա նաեւ կարեւոր պահանջ է Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան յայտին:
Այս փոքրամասնութիւններէն ամէնէն մեծաթիւերէն մէկը ալեւի հաւաքականութիւնն է, համայնք մը, որուն հաւատալիքները կը միախմբեն տարրեր շիի եւ նախաիսլամական ժողովրդական աւանդութիւններ եւ սովորութիւններ:
Ոչ ոք գիտէ, թէ որքա՛ն ալեւիներ կան Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ պաշտօնական մարդահամարներ բնաւ չեն լիազօրուած: Անպաշտօն նախահաշիւներով ալեւիներուն թիւը Թուրքիոյ ընդհանուր բնակչութեան 10-էն 30 առ հարիւրի միջեւ կը զետեղուի: Անոնք կը ներառեն ցեղային ծագումով թուրքեր եւ քիւրտեր:
ԴԱՐԵՐՈՒ ՀԱԼԱԾԱՆՔ
Ամէն հինգշաբթի ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին համայնքային կեդրոններու մէջ, որոնք ճեմեւի կը կոչուին, ալեւիները կը հաւաքուին իրենց ինքնատիպ կրօնական արարողութեան համար: Թէեւ պաշտօնապէս իբրեւ իսլամ կը սահմանուին, սակայն ալեւի աղօթքի արարողութիւնը ուղղափառ չէ:
«Մենք կ՛ակնկալէինք ունենալ հաւասար իրաւունքներ, բայց ատիկա տեղի չունեցաւ»:
Այրեր եւ կիներ միասնաբար կ՛աղօթեն, շրջանակ կազմած, կիները գունաւոր լաչակներով, թէեւ ճեմեւիէն դուրս ալեւի կիները չեն ծածկեր իրենց երեսներն ու գլուխները:
Արարողութիւնը կը գլխաւորէ համայնքին երէցը, որ ծանօթ է իբրեւ տետէ: Երաժիշտները կը կատարեն աւանդական նուագարաններով, ինչպէս 7 լարերով սազով եղանակներ:
Տղամարդոց եւ կիներու խումբեր կը սկսին պարել: Անոնք շրջանակի մը շուրջը իրենք իրենց վրայ կը դառնան հետզհետէ աւելցող արագութեամբ, տղամարդիկ իրենց ոտքերը կը զարնեն, կիները իրենց թեւերը երկարած, վերացած` կը դառնան, կը պտուտկին:
Ալեւիները մզկիթներու մէջ չեն աղօթեր, իրենց դէմքը աղօթելու ատեն դէպի Մեքքա չեն դարձներ, ոչ ալ Ռամատանի ընթացքին ծոմ կը պահեն կամ կ՛արգիլեն ոգելից ըմպելիի օգտագործումը:
Այսպէս, Թուրքիոյ պատմութեան գրեթէ ամբողջ ընթացքին ալեւիները իբրեւ հերետիկոսներ, աղանդաւորներ նկատուած են սիւննի մեծամասնութեան կողմէ: Անցեալին անոնք յաճախ հետապնդուած, հալածուած են: 16-րդ դարուն Օսմանեան կայսրութեան Սելիմ Դաժան սուլթանին հրահանգով մեծ թիւով ալեւիներ սպաննուեցան:
«Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքին մենք ճնշումէ եւ ջարդերէ տառապեցանք», կ՛ըսէ Քամիլ Այքանաթ, որ կը գլխաւորէ Պոլսոյ մէջ Օքմէյտանի ալեւի համայնքը:
«Երբ թրքական նոր հանրապետութիւնը հիմնադրուեցաւ 1923-ին, մենք ակնկալեցինք հաւասար իրաւունքներ, սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ»:
Նոր հանրապետութիւնը բացայայտօրէն աշխարհիկ էր: Անոր հիմնադիրը` Քեմալ Աթաթուրք, սիւննի իմամներու ազդեցութիւնը յառաջդիմութեան պատուար նկատեց: Բայց ան նաեւ յառաջացուց գաղափարը համասեր թրքական ազգի մը` գլխաւորուած հզօր պետութեամբ: Այս միօրինակութեան, միատեսակութեան դիմադրութիւնը դաժանօրէն ճզմուեցաւ:
Յաւելեալ հազարաւոր ալեւիներ սպաննուեցան 1937-1938 թուականներու ապստամբութեան ատեն, եւ թէեւ բացայայտ հալածանքները դադրեցան, սակայն ալեւիները տակաւին շատ դժգոհութիւններ ունին:
ԷՐՏՈՂԱՆԻ «ԲԱՑՈՒՄԸ»
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր վերջին` 2007-ի ընտրական յաղթանակէն ետք ընթացք տուաւ իր բառերով` «ալեւիներու բացուելու» նախաձեռնութեան:
Ան յանձնարարեց կրօնի հարցերու նախարարին գլխաւորութեամբ կազմակերպել խորհրդաժողովներ` քննարկելու համար ալեւիներուն պահանջները, որոնք կը վերաբերին անոնց կրօնի պաշտօնական ճանաչումին: Այդ խորհրդաժողովները տարիէ մը ի վեր կը գումարուին, սակայն քիչ յառաջընթաց արձանագրուած է:
«Այս խորհրդաժողովները ընտրական նպատակներ կը հետապնդեն: Ատոնք միայն կը գոհացնեն միջազգային կարծիքը», ըսաւ Ճեմեւի միութեան ատենապետ Տուրսուն Տողան: Ան ինծի ցոյց տուաւ կրօնական կրթութեան դասընթացքին օգտագործուող պաշտօնական դասագիրքը, որ պարտադիր է թրքական բոլոր դպրոցներուն համար:
Հիմնականին մէջ այդ դասագիրքը կը խօսի սիւննի իսլամներու մասին` ցուցմունքներ տալով աղօթքի, պահքի եւ դէպի Մեքքա ուխտագնացութեան մասին` երբեմն յղումներ ընելով քրիստոնէութեան եւ մովսիսականութեան, հրէականութեան:
«Գիտէք` այս գիրքին մէջ մեր հաւատալիքներէն ոչինչ կայ, ոչի՛նչ: Ասիկա տեսակ մը տանջանք է մեզի համար»:
Ալեւիները կ՛ուզեն, որ այս պարտադիր դասընթացքները դադրին: Կարգ մը ալեւիներ դիմած են դատարան եւ Թուրքիոյ եւ Սթրազպուրկի (Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան) մէջ:
Դատարանները բաւարարած են անոնց պահանջները, եւ այժմ անոնց երեխաները ազատ կացուցուած են այս դասընթացքէն, բայց վճիռները չեն գործադրուած Թուրքիոյ կրթութեան բաժանմունքին կողմէ:
ՍԻՒՆՆԻ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ատիկա սակայն արգելք մը չէ եղած, որ վարչապետ Էրտողան շարունակէ ըսել, թէ իր կուսակցութիւնը միակն է, որ կը փորձէ բան մը ընել ալեւիներուն կարգավիճակին համար, բայց անոնց հարցով Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը գտնուի դժուար դիրքի մը վրայ, որովհետեւ կուսակցութեան համակիրները սիւննի պահպանողական հաւատալիքներ ունին:
«Մենք պէտք է յիշենք, որ սիւննի կրօնական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ ԱԲԿ-ի կը զօրակցին, եւ կուսակցութիւնը չ՛ուզեր փոփոխութիւններ ներմուծել դպրոցական ծրագիրին մէջ եւ ներառել ալեւի ուսուցում. սիւննի որոշ անձնաւորութիւններ կ՛ընդդիմանան ատոր, եւ անոնք տակաւին համաձայնութիւն մը չեն գոյացուցած այս հարցին շուրջ», ըսաւ Պոլսոյ Պահչեշեհիր համալսարանի դասախօս, ընկերաբան Նիլուֆեր Նարլը:
Կայ նոյնիսկ աւելի ուժեղ ընդդիմութիւն` պաշտօնական ճանաչում տալու Ճեմեւիին իբրեւ աղօթավայր: Այս հարցը կարեւոր նշանակութիւն ունի ալեւիներուն համար, որովհետեւ անոնք չեն օգտուիր 85 հազար մզկիթներու յատկացուող պետական հիմնադրամէն:
Հաւատքը Թուրքիոյ մէջ սերտօրէն կը կանոնակարգուի, կը համակարգուի կրօնական հարցերու պետական հզօր տնօրէնութեան կողմէ, որուն ղեկավարը` Մեհմեթ Կորմուշ կ՛ըսէ, թէ անկարելի է, որ Ճեմեւիին մզկիթներու նման կարգավիճակ տրուի:
«Իսլամութեան մէջ ոչ ոք կամ ոչ մէկ հաստատութիւն կրնայ Աստուծոյ անունով խօսիլ: Մենք իշխանութիւն, հեղինակութիւն չունինք այս կամ այն վայրը աղօթատեղի նշանակելու: Քուրանը եւ մեր մարգարէին (Մոհամետ) պատգամներն են, որոնք մեզի կ՛ըսեն ի՛նչ արարողութիւն ընել եւ ո՛ւր ընել»:
Այս անելին արդիւնքը այն է, որ ալեւիներուն մեծ մասը ամենայն հաւանականութեամբ իր քուէն պիտի տայ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (Ճ.Հ.Փ.):
Ալեւիներուն եւ Ճ.Հ.Փ.ի միջեւ կապերը հինէն կու գան եւ կուսակցութեան ղեկավարը` Քեմալ Քըլըճտարօղլու ալեւի է, թէեւ հազուադէպօրէն կը նշէ ատիկա:
Պարոն Էրտողան իր պաշտօնավարութեան, իր վերընտրութեան համար զօրակցութիւնը այլ տեղ պէտք է փնտռէ: Հաւանաբար` կարծր գիծի ազգայնական կուսակցութիւններու համակիրներու շրջանակին մէջ:
«Այժմու կառավարութիւնը կը փորձէ հանդուրժող ըլլալ», կ՛ըսէ ալեւիներու հարցերու Թուրքիոյ առաջատար մասնագէտներէն, այժմ Ճ. Հ. Փ.ի կողմէ ընտրութեան թեկնածու առաջադրուած Այքան Էրտեմիր: Ան կ՛աւելցնէ. «Խնդիրը այն է, որ ատիկա սխալած նպատակ, թիրախ է: Այս նոր հազարամեակին մէջ մենք աւելի մեծ հանդուրժողականութեան կարիքը չունինք, այլ` ճանաչումի, հաւասար քաղաքացիութեան ընդունման», էական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ընդունման, նկատել տուաւ ան:
ՃՈՆԸԹԻՆ ՀԻՏ
«Պի. Պի. Սի.»