ԾՈՎԱՆԿԱՐԻՉ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ` ՎԻԵՆՆԱ

Յովհաննէս Այվազովսկիի այս գործը կը ներկայացնէ հայկական ջարդերը: Մաս կը կազմէ Համազգայինի արուեստի գործերու հաւաքածոյին եւ կը գտնուի Ճեմարանի տնօրէնութեան գրասենեակը

28 մայիսի 2011-ի առաւօտ, երբ օդանաւը էջք կատարեց Վիեննա, հսկայ որմազդներ ուշադրութիւն կը գրաւէին: Քնաթաթախ աչքերով ճամբորդները կ’աճապարէին, կը տեսնէին (կը տեսնէի՞ն) ծովային տեսարաններով պատկերները, կանգ չէին առներ, իսկ մենք, այդ շաբաթ օրով, ո՛չ առեւտրական էինք, ո՛չ ալ զբօսաշրջիկ: Երեկոյեան պիտի նշուէր Հայաստանի անդրանիկ անկախ հանրապետութեան հիմնադրութեան տարեդարձը, կը կցենք դասական ածականը, 93-րդ:

Որմազդները մեզի կը խօսէին, քանի որ գրուած էր «Այվազովսկի»:

Քանի մը անգամ կանգ առինք իրարու յաջորդող սրահներու մէջ գտնուող նոյն որմազդներուն առջեւ: Մեծ դրամատան մը սրահներուն մէջ կը ցուցադրուէին աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազեանի գործերը: Այդ ծովանկարներէն մի քանին տեսած էի Երեւանի պատկերասրահը, Ս. Փեթերսպուրկ, Ս. Ղազարի եւ Վիեննայի վանքերը: Բայց այս անգամ ցուցահանդէսը նուիրուած էր միայն իրեն, գործերը բերուած էին տարբեր թանգարաններէ, Մոսկուայէն, Ս. Փեթերսպուրկէն, Քիեւէն, Ս. Ղազարէն, իր քաղաքէն` Թէոտոսիայէն…:

Երեկոյեան, հայկական փոքրիկ համայնքի փոքրիկ սրահին մէջ, կոկիկ հասարակութեան մը ներկայութեան, ՀՄԸՄ-ի կազմակերպութեամբ, նշուեցաւ ՄԱՅԻՍ 28-ը: Մանրանկար սփիւռք. Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Պոլիսէն, Հայաստանէն եւ այլ վայրերէ հասած հայեր, նաեւ` քանի մը հին վիեննահայեր: Միջին եւ երէց սերունդ: Ծնողները չէին յաջողած պատանիները եւ երիտասարդները սրահ բերել: Մտածում թելադրող բացակայութիւն…:

Յաջորդ օրը նուագող Վիեննայի մէջ թափառեցանք, ազնուական նուագ` վերելակին մէջ, հրապարակներու վրայ, պանդոկէն մինչեւ քաղաքի կեդրոնը գացող փողոցի երկու եզերքներու եկեղեցիներուն մէջ, երաժշտութիւն, երգչախումբեր: Ճշդեցինք Այվազովսկիի ցուցահանդէսին վայրը` սպասելով, որ հանդիպումներու երթանք: Տարին: Դանուբի եզերքը դրախտային բուսականութիւն կայ, կարծէք բարտիները աւելի բարձր էին: Բլուրներու կողին թառած տուներ, ճաշարան մը, որուն առջեւ կը փռուէին գոգուորող եւ ալիք-ալիք ծփացող ձորակները` անտառներով եզերուած: Վաղեմի սրտամօտ բարեկամ մը եւ իր կինը, հին օրերու աշակերտ մը եւ իր կինը, մեր եռօրեայ այցելութիւնը կը վերածէին տօնի:

Մեր այցելութեան վերջին օրն էր, մեկնումը` երեկոյեան: Ցերեկին պիտի տեսնէինք Այվազովսկիի գործերը: Ժամանակէն առաջ հասած էինք, եւ հարկ էր սպասել: Բոլոր զբօսաշրջիկներուն պէս, իրենց դռները նոր բացող վաճառատուները մտանք, ելանք, քալեցինք: Որմազդներ կային ցուցահանդէսներու. Տիւրեր, Քանտինսքի, բազմաթիւ ուրիշներ: Վերադարձանք դրամատան ցուցասրահը, առաջին այցելուներն էինք: Իրարու վրայ բացուող ընդարձակ եւ բարձր առաստաղով սրահներ, լայնանիստ պատեր:

Առաջին սրահին մէջ Այվազովսկին ծանօթացնող էջ մը գրութիւն` «ռուս» գեղանկարիչի մասին: Տեղ մը կը յիշուէր, որ անոր գերեզմանը կը գտնուէր հայոց եկեղեցիին մօտ: Կենսագրութիւնը, Իտալիա, Ֆրանսա, Անգլիա, Ամերիկա, Թուրքիա ճամբորդութիւնները, որոնք ներշնչած են զինք: Յիսունէ աւելի գործեր, որոնցմէ շատեր, առանձին, կը գրաւէին ամբողջ պատ մը:

Մէկ սրահէ միւսը, Այվազովսկիի նկարները կը խօսէին մարդոց եւ պատմութեան մասին, կը պեղէին բնութիւնը, որ գեղեցիկ կամ սպառնական ահեղ ծովն է, խորտակուող կամ հրդեհուած նաւեր, յանդուգն Պետրոս Մեծ, որ բնութեան տարերքին դէմ կռուելով` իր նաւաստիները կը փրկէ, երբեմն երազային պալատներ` ջուրի եւ կանաչի մէջ լողացող:

Ծովը հրամցուած պատկերն էր: Այդ կարելի է լուսանկարել: Ծովը` միշտ խորհրդաւոր եւ բանաստեղծական: Այվազովսկիի բոլոր նկարներուն մէջ այդ անմիջականութենէն անդին կար իր խաղը լոյսին հետ, բազմատեսակ լոյսեր, ամպի ետեւէն մաղուող եւ ջուրերուն մէջ ծնող ու անվերջ շարունակուող, սուզուող, ըստ դիտելու կողմի` շարժող: Լոյսը մութին մէջ, յոյսի պէս: Լոյսը` հրդեհուած մարտանաւերուն, որոնք ծովը կ’այրեն: Լոյսը վէտվէտացող ջուրերուն` թրքական զսպաշապիկ հագած բիւզանդական քաղաքին շուրջ, ուր կը խօսի մզկիթի վերածուած Սրբուհի Սոֆիա եկեղեցին…

Քանի մը անգամ դարձանք սրահները, եւ իւրաքանչիւր «պտոյտ»ի նկարները կը նորոգուէին, նոր բան կ’ըսէին: Հսկայ պաստառի մը դիմաց, նստարանի մը վրայ հանգչելով, կը դիտէի խորտակուող նաւը ծովու անհունութեան մէջ, սարսափած նաւաբեկեալները` իրենց փետուրի պէս ծփացող նաւակին վրայ… Տեղ մը եդեմ եւ խաղաղութիւն, երջանկութեան հրաւէր, ուրիշ տեղ` գուպար կեանքի համար… Այվազովսկի կը վերստեղծէ` ինչ որ կը տեսնէ, ինչ որ արձանագրած է իր մէջ, իրականութիւնը չի վերարտադրեր, իր ներաշխարհը կը պատմէ, կը հրաւիրէ ունկնդրութեան, թափանցելու փորձի, բայց ինք ո՛չ պատմաբան է եւ ո՛չ լրագրող: Այսինքն նկարներուն դիմաց կանգնողը ինք պիտի գտնէ այն, ինչ որ կայ գոյնի եւ լոյսի ետին: Խորհուրդը մարդու եւ բնութեան անտարազելի կապին:

Աւելի քան երկու ժամ տեւած այս գեղագիտական արշաւը պիտի շարունակուէր չորս օր ետք, Վիեննայէն շատ հեռու, Պէյրութ, այս անգամ` առանց ցուցասրահի եւ նկարներու: Արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանի ցուցասրահի գրասենեակը: Երբ իրեն խօսեցայ Վիեննայի ցուցահանդէսին մասին` ընդգծելով, որ Այվազովսկին կը ներկայացուի որպէս «ռուս», Մովսէս Հերկելեան բացաւ իր շտեմարան գիտելեացը «հայ» Այվազովսկիի մասին: Յայտնեց, որ բազմաթիւ յօդուածներ գրած է գեղանկարիչին մասին, բայց չի գիտեր, թէ ո՞ւր կրնայ զանոնք գտնել: Խօսեցաւ անոր մանկութեան եւ ուսման մասին: Ըսաւ, որ ան տեսածին ուրուագիծը չէր կազմեր, յիշողութեան մէջ կ’արձանագրէր, ապա կը ծնէր գեղանկարը:

Զրոյցը մեկնեցաւ Այվազովսկիի «ռուս» նկարիչ ըլլալու բացատրութենէն: Անոր ազգանունը եղած է «Այվազ», սկզբնական շրջանին ան կը ստորագրէր «Այվազեան»: Իր բուն անունը եղած է «Օննիկ», ապա գրած է «Յովհաննէս», «Իվան» ըլլալէ առաջ: Ան նկարած է «Վարդան Մամիկոնեան»ը, «Խրիմեան»ը, «Պայրընի այցը Ս. Ղազար»: Երկու նկարներ ունի, որոնք կը ներկայացնեն հայկական ջարդերը, երբ հայեր ողջ-ողջ ծով կը նետուին (այս նկարները չէին բերուած, տեղեա՞կ չէին, թէ՞ անհանգստացնող էին): Մովսէս Հերկելեան ըսաւ, որ այդ նկարները կը գտնուին Պէյրութ, Համազգայինի հաւաքածոյին մէջ:

Մեծ գեղանկարիչը անտարբեր չէ եղած իր ժողովուրդին հանդէպ, իր ձեւով յանձնառու հայ եղած է: Երբ հայ գաղթականներ կը հասնին Թէոտոսիա, Այվազովսկի անտառ մը կը գնէ եւ կը նուիրէ գաղթականներուն, ոչխարներ ալ կը գնէ անոնց համար: Բայց հեղեղները կը տանին ոչխարները, Այվազովսկի կը նկարէ տեսարանը, կու տայ աղէտեալներուն, որ ծախեն եւ գումարը իրենց կարիքներուն համար գործածեն: Աւելի հետաքրքրական է հետեւեալը: Պոլիս այցելութեան, սուլթանէն ադամանդակուռ շքանշան մը կը ստանայ, զայն կը կախէ շան վիզէն, կը պտտցնէ Թէոտոսիոյ փողոցները եւ ապա ծով կը թափէ: Իր վերջին նկարը թրքական նաւուն պայթումն է: Գրած է նաեւ հայերէն նամակներ: «Ռո՞ւս» նկարիչ էր Այվազովսկի…

Ցուցահանդէս կազմակերպողները կրնա՞ն անտեղեակ ըլլալ:

Դիտել տուի, որ ծով չունեցող Հայաստանի ծովանկարիչ է Այվազովսկի (թէեւ ծով չունեցող Հայաստանը ունեցած է ծովակալ Իսակովը), Մովսէս Հերկելեան կը բացատրէ, որ Այվազովսկիի գեղանկարները հայկական տիրական յատկանիշ ունին, քանի որ անոնց մէջ հզօր է լոյսի ներկայութիւնը, հայերը ունեցած են լոյսի պաշտամունքը, լոյսէն ծնած են աշխարհները, Միհրը, Մեհրէն, մեզի հասած է Քրիստոս, որ լոյս է: Մովսէս Հերկելեան անսպառ խօսք ունի: Մեր ժողովուրդի ճակատագրի բերումով, հայ մանրանկարիչներու գործերու դէմքերը միշտ տագնապահար են, այդպէս են նաեւ Այվազովսկիի տիպարները: Խաղաղութիւնը եղած է հայուն ցանկութիւնը, բայց ապրած է տագնապներու մէջ: Այվազովսկի հայ գեղանկարիչ է, ռուսը այս խնդիրները չունի, ո՛չ լոյս կը պաշտէ, ո՛չ խաղաղութիւն:

Անգլիոյ մեծագոյն ծովանկարիչը` Ուիլիըմ Թըռնըր, Իտալիա գտնուած է, երբ Այվազովսկի ցուցահանդէս ունէր: Սպասաւորները արգելք եղած են, որ Թըռնըր հանդիպի անոր, բայց հակառակ այդ անհաճոյ դէպքին` ան ըսած է, որ Այվազովսկի մեծագոյնն է:

Ծովանկարները` Վիեննա: Արուեստաբանի պատմածը` Պէյրութ: Առանց ազգայնամոլ կամ ցեղապաշտ համարուելու, ինչո՞ւ արշաւ մը չկազմակերպել արուեստի աշխարհին մէջ, որպէսզի հայ հանճարի ժառանգութիւնը մե՛ր գանձարանին մէջ արձանագրուի: Ինչո՞ւ պիտի ըսուի «ռուս»… Միթէ այդպէս ըսել աւելի՞ տպաւորիչ է:

Երբ Այվազովսկի կը դիտէի, յիշեցի ուրիշ հայ մը` Քլարա Աբգարը, որուն գործերը ամփոփուած են Թեհրանի թանգարանի առանձին մէկ տաղաւարին մէջ, պարսկական գոյներով եւ խճանկարային «նախշ»երով: Մովսէս Հերկելեան հաւանօրէն անոր գործերուն մէջ ալ կը գտնէ հայկական առհաւական հետքը, որ հասարակ մահկանացուի աչքէն կը վրիպի:

Հայ տաղանդը եւ հանճարը օտարի՞ շապիկով պիտի մեծնայ եւ իւրացուի…

Դեռ կը հասկնանք, երբ այդպէս կ’ընէ օտարը, բայց ինչպէ՞ս հասկնալ, երբ այդպէս կ’ընէ հայը, Հայաստան եւ սփիւռքներ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

4 յունիս 2011
Պիքֆայա

Share this Article
CATEGORIES