ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Գրադարանի 20-ամեակին Առիթով
ԼՕԽ-ի մանկապատանեկան գրադարանը ծնունդ առաւ Պուրճ Համուտի մէջ, 27 փետրուար 1993-ին, լոնտոնաբնակ լիբանանցիներու «Give a child a toy» ծրագրին շնորհիւ, ապա Րաֆֆի Արտալճեան ամոլին ազնիւ նուիրատուութեամբ բարեզարդուեցաւ եւ իրենց վաղամեռիկ դստեր անունով կոչուեցաւ` «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան:
Ահա՛ այս գրադարանին մէջ է, որ մեր փոքրիկները կը համախմբուին կարդալու, սորվելու կամ սերտողութիւն կատարելու: Այլազան ձեռնարկներու շնորհիւ` անոնց թաքուն ձիրքերը կը բացայայտուին, անոնք կը հմտանան մեր հրաշագեղ մայրենի լեզուին ճիշդ գործածութեան մէջ եւ ստանալով հոգեմտաւոր սնունդ` կ՛ուղղուին դէպի «աղբիւրը լոյսին», ինչպէս կ՛ըսէ Դանիէլ Վարուժան:
Այո՛, 20 տարիներ թաւալած են այս փոքրիկ կեդրոնի հիմնադրութենէն, երթը այդքան ալ հեզասահ չէ եղած, սակայն հայու գոյատեւման յամառութեամբ յաղթահարած ենք ամէն խոչընդոտ` զարգացման անշիջելի լոյսը հասցնելու համար մեր մատղաշ սերունդին, կերտելու համար ապագայի մտաւորականներ:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը ի սրտէ կը շնորհաւորէ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանին 20-ամեակը եւ իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ գործեց ու տակաւին կը գործէ այս գրադարանը: Մեր մաղթանքն է, որ ազգովին գուրգուրանք Պուրճ Համուտին գիրկը գտնուող մեր այս փոքրիկ, լուսատու, գողտրիկ փարոսին վրայ, որ վճռած է լուսաւորել հայ մանուկին միտքն ու հոգին:
Վարձքը կատար բոլորին:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ