ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Գրադարանի 20-ամեակի Նշում
Ժամանակի հետ քայլ պահող ԼՕԽ-ը 1993-ին նոր գաղափարով մը լուսաւորեց իր գործունէութեան ուղին եւ հիմնեց գրադարանը, որ 1996-ին անուանուեցաւ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան:
20 տարիներու ընթացքին ան կատարեց իր վրայ դրուած պարտականութիւնը` բազմակողմանի օգտակարութիւնը ունենալով վեցէն տասնեօթը տարեկան երեխաներուն ու պատանիներուն:
20 տարիներուն ընթացքին գրադարանը մանուկը փրկեց արտաքին վատ ազդեցութիւններէ, լուսաւորեց անոր հոգին, բարելաւեց փոքրիկին մտային, հոգեկան եւ ընկերային վիճակը, մնայուն կերպով հետամուտ եղաւ մանուկին մշակութային եւ գաղափարական զարգացումին:
1993-2013…
20 տարուան կեանք:
13 սեպտեմբերին ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը ու հոգատարութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի հիմնադրման 20-ամեակի հանդիսութիւնը` նուիրուած «Հայ մօր տարուան»:
Ձեռնարկին մասնակցեցան գրադարանի աշակերտներ, ներկայ էին Մասիս Ծ. վրդ. Զոպուեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները, ծնողներ եւ հիւրեր:
Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց գրադարանի աշակերտներէն Անիթա Քէօսէեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին գրադարանի աշխատանքներուն յաջողութեան համար: Ան ըսաւ, որ սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած է ներկայացնելու գրադարան յաճախող աշակերտներուն ամառնային 3 ամսուան աշխատանքը, եւ նկատի ունենալով, որ այս տարի Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ յայտարարուած է «Հայ մօր տարի», ուստի ձեռնարկին կարեւոր մէկ բաժինը նուիրուած պիտի ըլլայ հայ մօր: Ապա խօսք առաւ գրադարանի յանձնախումբի ատենապետ Մանուշակ Գիզիրեան, որ ներկայացուց գրադարանի աշխատանքը: Ան նշեց, թէ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող կեդրոն մըն է մանաւանդ այս օրերուն, երբ զանազան հոսանքներ կը կլանեն հայ մանուկներն ու պատանիները: Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յովհաննէսեան փոխանցեց վարչութեան խօսքը (տեսնել առանձին):
Օրուան յայտագիրը սկսաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցաւ գրադարանի 20-ամեակի պատմութիւնը` պատրաստուած նախկին աշակերտ Արազ Գոճայեանի կողմէ:
Գեղարուեստական բաժինը պատրաստած էին գրադարանի աշակերտները:
Ասմունքով հանդէս եկան Յակոբ Ժամկոչեան` Յ. Շիրազի «Մայրս» քերթուածով, խումբ մը աշակերտներ Յ. Շիրազի «Եօթը բուռ մոխիր»-ով, Սագօ Տէմիրճեան` Վ. Թէքէեանի «Հպարտութիւն» քերթուածով:
Քեվըն Գասապեան արտասանեց «Մատըր» բանաստեղծութիւնը, Թինա Քէշիշեան` «Մայրեր» քերթուածը:
Աշակերտները կատարեցին խմբային արտասանութիւն անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով` «Մայրերու օր» խորագիրով:
Փոքր աշակերտները ներկայացուցին հայկական պար մը, իսկ միջակ աշակերտները` «Իմ մայրիկ» խմբային երգը:
Մեծ աշակերտները հանդէս եկան խմբային եւրոպական պարով մը, խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Փոքրիկ հովիւը» մանկական թատրոնը:
Ալէն Մըսթօ եւ Սասուն Սուսանի ասմունքեցին «Նահնա մուսթաքպալ Լուպնան» քերթուածը:
Ձեռնարկի ընթացքին երկու հանգրուանով աշակերտները իրենց ձեռքին բռնած գունաւոր պաստառներ մուտք գործեցին սրահ եւ ներկաներուն փոխանցեցին խօսքեր տարբեր բանաստեղծներէն:
Գեղարուեստական բաժինը վերջ գտաւ աշակերտներուն պարով` «Հայ-հայ», որուն ընթացքին անոնք եռագոյնները բարձրացուցին` ստեղծելով մեծ ոգեւորութիւն:
Փակման խօսքը արտասանեց Մասիս Ծ. վրդ. Զոպուեան, որ յայտնեց, թէ ամրան շրջանին աւարտին, երբ այս ձեռնարկը կը բաղդատենք ամէնօրեայ վարժարաններու հանդէսներուն հետ, կը տեսնենք, թէ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը նոյնպէս դարձած է իւրայատուկ վարժարան մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն համար` շնորհիւ գրադարանի պատասխանատուներուն նուիրուածութեան: Այս զոհաբերութեան եւ նուիրուածութեան շնորհիւ 20 տարիներու աշխատանք եւ վաստակ կը տեսնենք այսօր բեմին վրայ, հաստատեց ան:
Հայր սուրբը նշեց, որ գրադարանի պատասխանատուներուն տարած աշխատանքը նպատակասլաց աշխատանք մըն է, որովհետեւ պայմանաւորուած չէ ժամանակի հասկացողութեամբ, այլ հայկական արժէքներու պահպանման եւ փոխանցման մեծ առաքելութիւն է:
«Եթէ մենք հայօրէն կ՛ապրինք, ասիկա կը պարտինք մեր մայրերուն եւ քոյրերուն», ընդգծեց հայր սուրբը` նշելով, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը այս հանդիսութիւնը նուիրուած է հայ մօր, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ այս տարին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ յայտարարուած է «Հայ մօր տարի»:
Իր խօսքի վերջաւորութեան Մասիս Ծ. վրդ. Զոպուեան կոչ ուղղեց ձեռնարկին ներկայ մայրերուն, որ իրենց զաւակները նաեւ վստահին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին` աւելի ուշ ծառայելու համար իրենց ժողովուրդին: Ձեռնարկը վերջ գտաւ հայր սուրբին պահպանիչով:





