ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՇՈՒՐՋ

Ֆիորտ

Ինչպէ՞ս կ՛ապրին աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ բնակող մանուկները:

– Ամազոնեան անտառին մէջ

Եթէ դուն Պրազիլի մէջ պզտիկ հնդիկ մը ըլլայիր, Փարանայի պէս պիտի ապրէիր Ամազոն գետի ափին, տնկացիցերու վրայ շինուած տան մը մէջ: Գիշերները ան կը քնանայ կախմահիճի մը մէջ, գետնէն բարձր: Այս ձեւով ան չի վախնար թունաւոր մանր անասուններու այցելութենէն: Փարանա դպրոց կ՛երթայ. սակայն միւս բոլոր մանչերուն նման, ան կը սորվի նաեւ աղեղով կապիկներ եւ վայրի խոզեր որսալ, հսկայական անտառին մէջ ճանչնալ հիւանդութիւնները խնամող բոյսերը…

– Գիւղի մը մէջ

Լուփիթա կ՛ապրի Մեքսիքայի գիւղերէն մէկուն մէջ: Առտուն ան դպրոց կ՛երթայ իր բազմաթիւ քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ: Ան կը սորվի կարդալ, հաշուել եւ … բանջարեղէններ աճեցնել: Լուփիթա շատ հպարտ է. ան կրնայ խրատներ տալ իր ծնողներուն` գիւղին ամէնէն գեղեցիկ բանջարանոցը ունենալու համար: Կէսօրէ ետք աղջնակը կ՛երթայ աշխատելու իր իշուկին հետ, Նոփալի դաշտերուն մէջ. Նոփալը կանկատունկի տեսակ մըն է, որ կ՛ուտուի. անոր փուշերը զգուշութեամբ հանելէ ետք:

– Տափաստանին մէջ

Եթէ դուն պզտիկ մասսայ մը ըլլայիր, Ուոքապիի նման պիտի ապրէիր ափրիկեան տափաստանին մէջ: Գիշերը երբեմն պիտի ըսէիր առիւծներուն մռնչիւնը եւ բորենիներուն հաջոցը: Սակայն փուշերու բարձր ցանկապատով մը պաշտպանուած իր շրջանակաձեւ գիւղին մէջ ան չի վախնար: Երբ արեւը կ՛ելլէ, անոր հայրը հնդկական եզերու հօտը կը տանի շատ հեռուն, չոր դաշտին մէջ, մինչ Ուոքապի իր մօր կ՛օգնէ ցեխով նորոգելու իրենց տան պատերը, որոնք տաքութենէն կը ճեղքռտուին:

– Ֆիորտի մը մօտ

Ֆիորտները հարիւր հազարաւոր տարիներ առաջ սառոյցի հովիտներ էին: Ահա այդ սառոյցը հալած է, եւ ծովուն ջուրերը ներս մտած են: Նորվեկիացի Մարիթ կ՛ապրի նման հովիտի մը մօտ: Ամառը ան կը սիրէ լողալ եւ այդ խորունկ ջուրերուն մէջ որսալ: Ան իր գեղեցիկ եւ հանգստաւէտ տունը կը ձգէ այդ շրջանին բնակելու համար առանց հոսող ջուրի եւ ելեկտրականութեան տնակի մը մէջ: Մարիթ եւ իր ընտանիքը շատ կը սիրեն ապրիլ այս ձեւով, վայրի բնութեան մէջ:

– Կղզիի մը վրայ

Դուն կրնաս ապրիլ Խաղաղական ովկիանոսի կղզիներէն մէկուն վրայ, Էթինիի նման: Ամէն առտու ան նաւակով դպրոց կ՛երթայ: Տաքուկ եւ թափանցիկ ջուրին մէջ ան կը տեսնէ կրիաներ եւ գոյնզգոյն ձուկեր…  դեկտեմբեր ամսուն, երկար արձակուրդներու շրջանին, Էթինի ծովափ կ՛երթայ լողալու եւ որսալու: Անոր եղբայրը իրեն համար թարմ հնդկընկոյզներ կը քաղէ: Ասոր փոխարէն` Էթենի իր եղբօր կը հիւսէ շատ անուշ հոտող թիարէ ծաղիկներով մանեակ մը:

 

ՄՏԱԾԵՆՔ

ԳԱՂՏՆԻ ՍԻՐԱՀԱՐԸ

Գաղտնի սիրահար մը պզտիկ ծաղկեփունջ մը ձգած է Անիին տան դրան առջեւ: Անին կ՛ուզէ գիտնալ, թէ ո՛վ է ան: Երեք դրացիներ տեսան այդ գաղտնի սիրահարը. անոնցմէ իւրաքանչիւրը երկու մանրամասնութիւն տուաւ Անիին անոր մասին: Սակայն Անիին դրացիները շատ չէին հաւնիր այդ երիտասարդը, հետեւաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրը մէկ հատ ճիշդ մանրամասնութիւն նշեց, մէկ հատ` սխալ: Ասիկա միտքդ պահելով` կրնա՞ս գիտնալ, թէ պատկերին մէջի ութ երիտասարդներէն ո՞ր երիտասարդը Անիին տուած է ծաղկեփունջը:

Առաջին դրացի.- «Ան խնդալիք գլխարկ մը ունէր եւ տարօրինակ ակնոցներ»:

Երկրորդ դրացի.- «Ան շատ մեծ ականջներ ունէր եւ ակնոց չէր դներ»:

Երրորդ դրացի.- «Ան սեւ մազեր ունէր եւ ոչ գլխարկ»:

 

Պատասխանը՝  վերջաւորութեան

 

Ո՞ՐՆ Է ԱՍԻՈՅ ԱՄԷՆԷՆ ՓՈՔՐ ԵՐԿԻՐԸ

Ասիոյ ամէնէն փոքր երկիրը Մալտիվներու Հանրապետութիւնն է: Անիկա կը գտնուի Հնդկաստանի հարաւ-արեւմուտքը, 450 քմ հեռու: Անոր ընդհանուր տարածքը 302 քառ. քիլոմեթր է:

Մալտիվները կազմուած են մօտաւորապէս 1200 կղզիներէ, որոնցմէ մօտաւորապէս 200-ը միայն բնակուած են: Այս կղզին, որուն վրայ Մալ մայրաքաղաքը կը գտնուի, շատ փոքր է եւ չի կրնար ընդունիլ ամբողջ բնակչութիւնը (անոր տարածքը 1,5 քառ. քիլոմեթր է): Հետեւաբար կառավարութիւնը արհեստական կղզի մը շինած է` Հուլհումալ, քանի մը հարիւր մեթր անդին, աւազ դիզելով: Այս երկիրը կը գտնուէր Անգլիոյ տիրապետութեան տակ` մինչեւ 1965 թուականը: Անոր բնակչութիւնը ժամանակին կ՛ապրէր ձկնորսութեամբ եւ առեւտուրով: Այժմ երկիրը  կ՛ընդունի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ:

 

ԿԸ ՍԻՐԵ՞Ս ՔԻԹ-ՔԱԹԸ

Ճափոնի մէջ քիթ-քաթ շատ մեծ յաջողութիւն ունի: Գիտէի՞ր, թէ հոն գոյութիւն ունին այս տուրմէն 19 տարբեր տեսակներ, կեռասի համով, անուշ գետնախնձորի, սոյա սոսի, կանաչ թէյի… Իւրաքանչիւր տեսակ պատրաստուած է ըստ երկրին տարբեր շրջանի բնակիչներուն քիմքին:

 

ԾԱԽՈՒ ԿՂԶԻՆԵՐ

Չինական կառավարութիւնը պատրաստած է 176 անբնակ կղզիներու ցանկը. անոնք ծախու են չինացիներու կամ օտարներու: Ապագայ սեփականատէրերէն կը խնդրուի իրենց կղզին հանրութեան առջեւ բանալ` հոն զբօսաշրջական կեդրոններ ստեղծելով:

 

ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐՈՒ
ՄՐՑՈՒՄ

Աշխարհի մէջ առաջին անգամ ըլլալով մարդամեքենաներ իսկական մարաթոն մը  «վազած են» Ճափոնի մէջ. 100 մեթր երկար դաշտի մը շուրջ 422 անգամ դառնալ, այսինքն` կտրել 42 քմ: Անոնք իրաւունք չունէին կենալու, բացի իրենց պաթըրիները վերանորոգելու համար: Մրցումին յաղթականը այս տարածութիւնը կտրած է մօտաւորապէս երեք օրէն:

 

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…

ԹԻՒԵՐ

Գիտէի՞ր, թէ աշխարհի տարածքին ամէն մէկ ժամուան մէջ կը ծախուի 327 համակարգիչ:

Ուղտ մը 200 լիթր ջուր կը խմէ 3 վայրկեանէն:

Աշխարհի ամէնէն բարձր եւ ամէնէն մեծ քաղաքը Փերուի մէջ Փոթոսի քաղաքն է: Անոր 16 հազար բնակիչները կ՛ապրին աւելի քան 4 հազար մեթր բարձրութեան վրայ:

Ամերիկացի գիտնականներու կողմէ ուսումնասիրուած շուն մը` Չէյսըր, կրնայ հասկնալ 1022 բառ:

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 4 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող անասուններու երկու նուագախումբերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել ամէնէն կարճ ճամբան` այս լաբիւրինթոսէն դուրս ելլելու համար:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գոյութիւն ունեցող 12 անբնական մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Անիին գաղտնի սիրահարը Զ. անձն է: Որովհետեւ իւրաքանչիւր դրացի մէկ սուտ խօսած է, հետեւաբար այն երիտասարդը, որ երկու մանրամասնութիւնները կամ անոնցմէ ոչ մէկը ունի, ան դուրս կը մնայ:

Առաջին դրացիին խօսքերուն հիմամբ մենք կրնանք հասնիլ Բ., Գ. եւ Դ. երիտասարդները:

Երկրորդ դրացիին խօսքերուն հիմամբ դուրս կը մնան Ա., Գ., Դ. եւ Ե. երիտասարդները:

Երրորդ դրացիին խօսքերուն հիմամբ դուրս կը մնան Ա., Բ., Գ., Է. եւ Ը. երիտասարդները:

Կը մնայ Զ. երիտասարդը:

Մանկապատանեկան էջը պատրաստեց՝
ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES