Եուրօ-2016. Փլաթինի. «Ճիշդ Ճամբուն Վրայ Ենք»
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին իր գոհունակութիւնը յայտնեց իր հայրենիքին` Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք Եուրօ-2016-ի նախապատրաստական փուլին առնչութեամբ:
Մէջբերելով Փլաթինիի խօսքերը` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէջը կ՛ըսէ. «Մենք ամբողջութեամբ գոհ ենք ամէն ինչէ, թէ ինչպէս կ՛ընթանայ Եուրօ-2016-ի նախապատրաստութիւնը: Այո՛, ցարդ հսկայական աշխատանք կայ, սակայն այժմէն իսկ կարելի է նկատել դրական միտումները: Ես համոզուած եմ, որ այս մրցաշարքը ուղղակի չի կրնար յաջող չըլլալ: Ես ոչ մէկ կասկած ունիմ այս գծով: Մենք ճիշդ ճամբուն վրայ ենք»:
CATEGORIES Մարզական