Փերուի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ալիանսա Յաղթեց. Մաուրօ Գեւքէօզեան` Կոլի Հեղինակ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Փերուի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ Ալիանսա Լիմա, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Տեփորթիւօ Եունիօ Քոմերիսիոն, 3 – 0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Հայազգի յառաջապահ Մաուրօ Գեւքէօզեան նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը: Մինչ այդ Ակիրէ տուպլէ մը իրագործած էր:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ալիանսա ապահովելով 50 կէտ կը գրաւէ դասաւորման երրորդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական