Փեշիցէ Ժամանակաւորապէս Ստանձնեց Չեխիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչի Պաշտօնը
Եւրոպայի գօտիի (Բ. խմբակին) 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին իր արձանագրած ոչ գոհացուցիչ արդիւնքներուն պատճառով, Չեխիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Միհալ Պիլեք, ներկայացուց իր հրաժարականը:
Չեխական մամուլը հաղորդեց, որ Եոզեֆ Փեշիցէ նշանակուեցաւ առժամեայ մարզիչ` ժամանակաւորապէս ստանձնելով Պիլեքի պաշտօնը:
2014-ի Մոնտիալին գծով ան իր կազմին հետ Մալթայի եւ Պուլկարիոյ դէմ վերջին երկու մրցումներուն պիտի ըլլայ խումբին մարզիչը, որմէ ետք Չեխիա շատ հաւանաբար օժտուի նոր մարզիչով մը:
CATEGORIES Մարզական

