Ռոնալտօ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Մինչեւ 2018
Փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2017-2018 տարեշրջանին աւարտը:
Իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելով Ռոնալտօ եկաւ վերջ մը դնելու շրջան ընող այն տարաձայնութիւններուն, թէ պիտի վերադառնայ իր նախկին ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտին, ուրկէ ժամանած էր 2009-ին եւ հաստատած աշխարհի փոխանցման նոր մրցանիշ մը` փոխան 94 միլիոն եւրոյի:
28 տարեկան Ռոնալտօ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի հետ միասնաբար:
CATEGORIES Մարզական

