ՖԱՖ-ը Կը Կազմակերպէ Ուղեւորութիւն` Դէպի Իտալիա

15 հոկտեմբերին 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրը պիտի ըլլայ Իտալիոյ:

Այս իրողութենէն մեկնելով` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի համակիրներու Ֆեն շարժումը` ՖԱՖ, կը կազմակերպէ ուղեւորութիւն մը դէպի Հռոմ եւ Նափոլի, կը յայտնէ հայկական Armsport.am լրատուական կայքէջը:

Ճամբորդութեան արժէքը իւրաքանչիւր անձի համար կ՛արժէ 720 եւրօ, որուն մէջ սակայն ընդգրկուած չէ Շենկենի այցեգիրը, որ կ՛արժէ 60 եւրօ:

Այս ճամբորդութիւնը կ՛ընդգրկէ 6 ցերեկ եւ 5 գիշեր կեցութիւն (12-14 հոկտեմբեր Հռոմ եւ 14-17 հոկտեմբեր Նափոլի): Հռոմէն Նափոլի մեկնումը պիտի ըլլայ փոխադրակառքով (2 ժամ):

Տոմսեր ապահովելու համար պէտք է հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 099-227788 եւ 094-005902:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )