ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶԻ ՆԱՄԱԿԱՆԻՆ
Շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր դարձեալ կ՛ապրիմ Արամ Հայկազի քաղցր մտերմութեան մէջ: Առիթը, այս պարագային, վաստակաշատ գրողին անտիպ կամ մամուլի էջերուն թաղուելու դատապարտուած գրեթէ անծանօթ գրութիւնները ի մի խմբած հատորի մը լոյս ընծայումը չէ (թէեւ նման երկի մը Ա. հատորը հերթի կը սպասէ), այլ նոյնինքն Արամ Հայկազի իւրայատուկ թախծաշեշտ լաւատեսութեամբ, լուսավճիտ բարութեամբ, զուարթախոհ դատողութեամբ, պատասխանատու խիզախութեամբ բաբախող համով-հոտով նամակներն են, կամ առնուազն` «Աշխարհ» կոչուած օթեւանի այս անմոռանալի պանդոկապետին հարիւր-հարիւրաւոր նամակներուն ընտրանին, որ կարելի եղած է ի մի խմբել եւ հրատարակել «Նամակներ» ընդհանուր վերնագիրին տակ, 2009-ին, քաղաքամայր Երեւանի մէջ, շնորհիւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտ Մամիկոնի Խաչատրեանի: Ըսինք` ընտրանին, որովհետեւ հասցէագրուած 74 անձնաւորութիւններուն եւ «Յաւելուած» բաժինով (էջ 218-256) հրամցուած ինը հասցէներուն կողքին, կը հաւատանք, Արամ Հայկազ հատորէն դուրս մնացած բազմաթիւ նամակներ նաեւ պէտք է գրած ըլլայ այլ գրչեղբայրներու, խմբագիրներու, ծանօթ-անծանօթ նամակագիրներու եւ նոյնիսկ իր գրականութեան երկրպագու անյայտ ընթերցողներու, որովհետեւ, ինչպէս կը վկայէ անմահանուն գրագէտին դուստրը` Այրիս Չեքենեան, իր «Արամ Հայկազի նամակները» խորագրեալ ներածականին առաջին իսկ նախադասութեամբ. «Արամ Հայկազի տիպար օրը բաժնուած էր մասերու – մէկը յատկացուած էր նամակագրութեան, որ սովորաբար գիշերները կ՛ըլլար»:
Այսինքն` Արամ Հայկազ ամենայն բծախնդրութեամբ կը պատասխանէր «աշխարհի չորս կողմերէն եկած» նամակներուն, իր աշխատակցութիւններուն յաճախ գիր մը կը կցէր, ստացած գիրքերու հեղինակներուն երկտողով մը կ՛արձագանգէր եւ իր գրականութեան սիրահարներուն նամակները անպատասխան ձգելու սովորութիւնը երբե՛ք չունէր: Բարտիի պէս սլացիկ, կարկաչող առուակի չափ բնական ու զուարթ, երջանկութեան լոյսն ու երգը աչքերուն եւ իր թիթեռաձեւ փողկապով յատկանշուող գեղահմայ ճենթըլմէնն էր ան: Անբարեկրթութիւնը իր նկարագիրին եւ բառարանին մաս չէր կազմեր, ահա թէ ինչու կ՛ենթադրենք, որ Մարգարիտ Խաչատրեանի կազմած հատորէն դուրս մնացած պէտք է ըլլան նաեւ այլ նամակներ, որոնք արժանի են լուրջ փնտռտուքի` զանոնք հրատարակուած տեսնելու արդար ակնկալութեամբ: Հետեւաբար, կ՛արժէ սփիւռքահայ եւ հայրենի մամուլին մէջ հրատարակել «Կը փնտռուի» վերտառութեամբ ծանուցում մը, որովհետեւ կորուստի դատապարտուած իւրաքանչիւր նամակ հայկազեան մասունք մըն է: Վերջապէս պէտք չէ մոռնալ, որ շնորհիւ սփիւռքահայ երախտարժան բանասէրներու եւ մտաւորականներու` մինչեւ օրս կը յայտնագործուին յիսուն եւ աւելի տարիներ առաջ այս աշխարհէն անդարձ մեկնած մեր անմահանուն հսկաներուն եւ նոյնիսկ համեստ գրողներուն նամակները, որոնք, անկախ իրենց մասունքներ ըլլալու արժէքէն, պայծառ ու նոր լոյսեր կը սփռեն տուեալ հեղինակի կեանքին, վաստակին, գրական համոզումներուն եւ աշխարհահայեացքին վրայ:
Վերադառնալով Արամ Հայկազի «Նամակներ» հատորին, առաջին հերթին պարտք կը զգանք շնորհակալութիւն յայտնելու հատորը կազմած Մարգարիտ Խաչատրեանին, տպագրութեան համար անհրաժեշտ գումարը գոյացուցած Այրիս Չեքենեան-Հայկազի եւ «Համազգային»ի Տիթրոյթի մասնաճիւղի «մի խումբ ընկերներ»ուն, ինչպէս նաեւ իրենց գործնական օժանդակութիւնը բերած Հրանդ եւ Ժանէթ Մարգարեաններուն, տիկին Լիւսի Ճգնաւորեանին, Արփինէ Սարգսեանին, Յովհաննէս Մկրտիչեանին, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի եւ Ազգային գրադարանի աշխատակիցներուն, բայց յատկապէս տէր եւ տիկին Մարգարեաններուն: Արամ Հայկազի վաստակին, եզակի գրականութեան եւ համբուրելի անձին նկատմամբ արդարօրէն արտայայտուած սիրոյ եւ յարգանքի այս հաւաքական արտայայտութիւնը, կը կարծենք, պիտի ըլլար ամբողջական եւ արժանի անվերապահ գնահատանքի, եթէ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ լոյս տեսած նամականիի էջերուն սպրդած չըլլային ուղղագրական, գրաշարական եւ ճչացող այլ վրէպներ: Օրինակ մը տանք եւ յայտնենք, որ էջ 175-ի վրայ տեղ գրաւած «Շատ սիրելի Սիմոնեան»ին հասցէագրուած նամակին վերնագիրը պէտք է ըլլայ` «ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻՆ» եւ ոչ թէ «ՊԵՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻՆ», որովհետեւ նոյնիսկ պարզ ընթերցողին ծանօթ է, որ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագիր եւ նոյնանուն հրատարակչատան տէր ու տնօրէն «շէքէր մարդը» ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ «հասակով քիչ մը կարճ, բայց լայնքով լա՜յն» եւ «մեծ սրտի» տէր Օվէի որդի Սիմոն Սիմոնեանը:
Կ՛ըսեն, թէ նամակը ամէնէն հարազատ էանկարն է անոր հեղինակին: Տուեալ անձին մարդկային, նկարագրային եւ մտաւորական յատկանիշներուն բացառիկ յստակութիւն, իմաստային խորութիւն եւ կրկնակ ծաւալ պարգեւող հայելին: Էութեան անսխալ կողմնացոյցը եւ մտածողութեան վաւերական փաստաթուղթը: Ճի՛շդ կ՛ըսեն:
Այս իրաւ որակով են կնքուած Արամ Հայկազի նամակները: Կը բաւէ կարդալ նոյնիսկ քանի մը կարճ երկտող, որպէսզի արեւու լոյսէն աւելի յստակ եւ անվիճելի դառնայ, որ Արամ Հայկազ անուն ծայր աստիճան քաղաքավար ու բարեկիրթ նամակագիրը բառերը ծամծմող հաճոյախօս մը չէ, այլ, ընդհակառակն, երբեմն խայթող սլաքներով եւ մերթ իր նուրբ ասեղը ըստ տեղին ու պահանջին գործածող խիզախ ու պատասխանատու մտաւորական մը, իր ստորագրութեան վրայ աչքի լոյսի պէս գուրգուրացող արժանապատիւ ու գիտակից հայ գրող մը, որ խօսքը կ՛ուղղէ ուղիղ ճակտին, եթէ նոյնիսկ իր ընտրած թիրախը յարգելի եւ վաստակաշատ գաղափարակից մտաւորական մը ըլլայ կամ իր այս կամ այն հատորը ըստ արժանւոյն բարձր գնահատած ու մեծարած գրչեղբայր մը:
Կարդացէ՛ք Կարօ Սասունիի, Պօղոս Սնապեանի, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի եւ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, Մինաս Թէօլէլեանի, Վարդգէս Համազասպեանի եւ այլոց հասցէագրած Արամ Հայկազի ընտիր նամակները, եւ պիտի վկայէք ձեր կարգին, որ Արամ Հայկազ ո՛չ միայն ժամանակաշրջան մը իր տոկուն ու մնայուն գրականութեամբ շնչաւորած, բոլորէն փնտռուած, մանուկի մը չափ բարի եւ անշահախնդիր ու մարգարէի մը նման խիզախ ու ճշմարտապաշտ իրաւ գրագէտ մըն է, այլեւ` իր ազգային պատկանելիութեամբ հպարտ, մարդկային տեսակին գիտակից եւ աննախապաշար մտաւորականի ծառայական առաքելութեամբ հսկայացած հայ գրականութեան մէկ «բարի հսկան»:
Հսկա՛ն` որուն խօսքը, բոլո՛ր ժամանակներուն, պիտի հնչէ նոյն զօրութեամբ եւ միեւնոյն մոգական ջերմութեամբ, վասնզի ճշմարտութիւնը կարելի չէ բանտարկել ժամանակի մը չորս պատերուն մէջ, որովհետեւ, ամէն բանէ առաջ եւ վերջ, Բա՛նն է ուղեցոյցն ու գոյութեան իմաստը անցեալ, ներկայ ու գալիք բոլո՛ր ժամանակներուն:
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
ՀԱՄՈՎ ՀՈՏՈՎ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Սիրելի Սասունի
Մայիս 12 թուակիրդ, որով կը խօսէիր յօդուածիդ գտած «ընդունելութեան» մասին, եւ որուն ես շատ էի հաւնած, նորութիւն չէր ինծի համար. կեանքը ինծի կանուխէն, շա՛տ կանուխէն սորվեցուց, որ «Ձայն բազմացը» բնաւ ալ «Ձայն Աստուծոյ» չէ: Իրաւ է, թէ դաշնակցութեան ուժը իր երկաթէ կարգապահութեան եւ փոքրամասնութիւնը մեծամասնութեան կամքին հնազանդելուն մէջ կը կայանայ (եթէ նոյնիսկ մեծամասնութեան տեսակէտը չի բաժներ), բայց, ինչպէս վերը ըսի, կեանքը ինծի սորվեցուց, որ յաճախ, շատ յաճախ ուղիղ մտածողը մեծամասնութիւնը չէ: Ուրեմն զարմանալի չէ, որ դաշնակցական ղեկավար ու մտաւորական համարուող կարգ մը անձերու Հայաստան երթալ ու վերադառնալէ վերջ ձուկի լռութիւն պահելէն վերջ (կ՛ուզե՞ս անոնց անունները տամ…), երբ Սասունին, որ ծանօթ էր 1918 – 20-ի Հայաստանին, 1971-ին զայն վերստին տեսնելէ վերջ, նման յօդուած կը գրէ, բնական է` անոր շուրջ կարծիքները կը բաժնուին… Շատ ալ մեղադրելի չեն այդ կարծիքիդ (թելադրութեանդ պէտք էր ըսէի) համամիտ չեղողները: Վաթսուն, լման վաթսուն տարի ուրիշ բան ըսինք իրենց, ուրիշ տեսակէտ պաշտպանեցինք, եւ ահա նոր տեսակէտի ի տես` շոք կ՛ըլլան:
Ամէն մարդ Սասունի չէ:
Այս առթիւ ըսեմ նաեւ, թէ շա՛տ, շա՛տ տարիներ առաջ Դարբինեանը, օր մը խօսելով քո մասին, ըսաւ.
– Սասունին եւ Ասատուրը (Խտրեան) մեր լաւագոյն ուժերն են: Սասունին մանաւանդ լայն հորիզոն ունի, լճացած, կայունացած չէ: Մեր մտաւորական ընկերներէն ոմանք ամուր կեցած են տեղ մը ու ժամանակին հետ չեն քալեր (կարծեմ, ինք ալ անոնց մէջն էր): Բայց Սասունին տարբեր է:
Այս մէջբերումը տառացի չէ, բայց իմաստը հարիւր առ հարիւր ճիշդ է: Ըսել ուզեց, թէ բաց միտք չունին շատեր ու կեանքէն բան չեն սորվեր, մինչ Սասունին լճացած չէ, փակ միտք չունի, կը տեսնէ, կը սորվի ու կը յառաջդիմէ:
Կ՛երդնում ամէն սրբութեան անունով, որ քեզ հաճեցնելու համար չէր, որ ըրի այս պատմութիւնը: Ըրի` պարզապէս ըսելու համար, թէ կ՛ակնկալուէր, որ քո ողջ տեսակէտը չբաժնողներ գտնուէին, եւ եթէ խորունկը փնտռես, մեղադրելին նորէն դաշնակցութիւնն է, որ զանոնք, յանուն կարգապահութեան, լայնախոհութեան չէ վարժեցուցած:
Յօդուածիդ մասին ես հոս քանի մը բանիմաց տղոց հետ խօսեցայ, ու բոլորն ալ համամիտ եղան ինծի: Երբեմն կը թուի ինծի, թէ շարքայինները ղեկավար դիրքերու վրայ գտնուողներէն 20 տարիով առաջ են:
Յամենայն դէպս վստահ եմ` սիրելի տիկին Սասունին վերէն գոհ մնացած է այդ յօդուածէդ, ինչպէս ես:
* * *
Այն գրութիւնը, որուն մասին գրած էի, վերամշակեցի եւ ղրկեցի 5 – 6 օր առաջ հասցէիդ: Կը հաւատամ, թէ ներկայ ձեւով «Բագին»ի մէջ մտցնելու արժանի է: Թէեւ գլուխգործոց մը չէ, բայց գրականութիւն է: Վերամշակեցի Ձեզի գրելէ վերջ, ու ձեւի մտաւ:
Ինծի վստահած իրական դէպք մըն է: Վերջաւորութեան մասին որոշում տալը ձգած եմ Ձեզի, բայց ես եղածին պէս պահելու կողմնակից եմ:
Անշուշտ տեսած ըլլալու ես, որ «Հայրենիք»ն ալ արտատպեց յօդուածդ:
* * *
Քանի կը խորհիմ Հայաստան տուած այցելութեանս մասին, այնքան կ՛ափսոսամ, որ անփորձ էի ու հոն ժամանակս լաւ չօգտագործեցի…
Սիրով ու ջերմ բարեւներով` Արամ Հայկազ
Յ. Գ.- Նամակիդ մէջ դրած համիդիները տուի տիկին Հայկազին, եւ գոհ մնաց:
ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆԻՆ
Սեպտեմբեր 12, 1973
Սիրելի Պօղոս
Վերջապէս օգոստոսի 30-ին ձեռքս հասաւ «Բագին»ի մայիսի թիւէն օրինակ մը, կարդացի հաճոյքով ու հետաքրքրութեամբ. իմ մասին լաւ բաներ ըսող բազմաթիւ մարդոց հանդէպ տեսակ մը քաղցր զգացումով, երախտագիտութեամբ, գուրգուրանքով:
Էջերով բան էր գրած նաեւ Ա. Նուրեանը. քանի իր գրածին ընթերցումս կը յառաջանար, այնքան ժպիտը կը լայննար դէմքիս վրայ, ու ներողամտութեամբ խօսքի կը բռնուէի հետը:
– Անպիտա՛ն,- ըսի անգամ մը գորովով,- Հայտարի աղջիկ Բեսիին տանիքէն վար քովս ցատքելը մէջբերելու տեղ մէջ բերէիր, յիշէիր թուրքի անկողնին մէջ, ծննդաբերութեան պահուն «Յանուն Հօր» ըսելով մեռնող Արեւի պարագան, թուրքէն ունեցած իր զաւակներէն չկրնալ բաժնուող հայ մօր պարագան, մալաթիացի Յակոբի իր եզին հանդիպելու յուզիչ պարագան, «անամօթ» քրտուհիի պարագան, Խորէնին հետ խօսք մէկ ըրած մուհաճիր* տղան խեղդելնուս պարագան («Ցեղը իր վրէժը կը լուծէ»):
Վերջապէս յիշատակութեան արժանի ուրիշ քի՞չ բան կար գրքին մէջ…
Ընթերցումս, մինչեւ վերջին էջը, կարդացի հաճոյքով – խօսքս Նուրեանի գրութեան մասին է – բայց, Աստուած իմ, այդ ի՞նչ յիմար վերջաւորութիւն, Պօղոս, եթէ ան ջահիլ էր, քեզի ի՞նչ էր եղած, ինչպէ՞ս թոյլատրեցիր, որ «Բագին»ի մէջ նման բան տպուի. «Ծնած օրդ օրհնեալ ըլլայ, տարագրութիւն»…
Խելքս չհասաւ ու պիտի չհասնի ալ:
Երբեմն կը մտածեմ, թէ թերեւս ես սխալ կը հասկնամ, եթէ ես սխալ կը հասկնամ, ուրեմն հնարաւոր է, որ ուրիշներ ալ սխալ հասկնան:
* * *
Ինծի համար դժուար է բոլոր յօդուածագիրներուն շնորհակալութիւն յայտնելը, քանի որ անոնց մեծամասնութիւնը ձեր քաղաքին մէջ կ՛ապրին, ու դուն պատեհութիւն կ՛ունենաս զանոնք տեսնելու. խնդրեմ իմ կողմէ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնէ` մէջը ըլլալով Նուրեանը:
Ջերմ բարեւներով` Արամ Հայկազ
Յ. Գ. Շնորհակալութիւններէս մէկ-մէկ խոշոր շերտ ալ քեզի եւ Սասունիին: Օր մը, երբ նամակ գրէք ինծի, այս էջը վերադարձուցէք ֆայլիս համար:
* Գաղթական:
ՎԱԶԳԷՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Յունուար 20 1969
Շա՛տ սիրելի Վեհափառ
Սուրբ Ծննդեան առթիւ Ձեր ուղարկած օրհնութիւնով ու աշխարհի խաղաղութեան մաղթանքներով ծանր բացիկը ուրախութիւն եւ երջանկութիւն բերաւ ինծի ու իմ ընտանիքին: Փոխադարձաբար լաւ բաներ կամենալու համար կը կարծեմ, թէ ուշ չեմ. լուսահոգի մայրս կ՛ըսէր, թէ «Հայոց Զատիկն ու Ծնունդը քառասուն օր կը տեւեն»…
Ուրեմն Ձեզի երջանկութիւն եւ երկար կեանք կը մաղթեմ բոլոր սրտովս:
Մեղք, որ Նիւ Եորքի մեր հանդիպումը եղաւ պաշտօնական ու հրապարակային, ու պատեհութիւն չունեցանք քանի մը րոպէ մտերմիկ խօսակցութեան: Այսուհանդերձ եղածին համար ալ գոհ եմ:
Սիրելի Վեհափառ, ես գեղացի մարդ մըն եմ. եթէ զանազան առիթներով թերացած եմ Ձեր հանդէպ ունեցած պարտականութիւններուս մէջ, խնդրեմ, ներող եղէք, սիրոյ կամ յարգանքի պակասէ աւելի գաւառացիի ամօթխածութեան վերագրեցէք թերացումներս:
Լրագրի մը մէջ կարդացի, որ Ձեր ծննդեան վաթսունամեակին առթիւ հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենան Երեւանի` մեր սիրելի մայրաքաղաքին մէջ, ու նաեւ միւռոնօրհնէք եւ եկեղեցական համագումար: Այդ առթիւ ծեր արեւշատութեան ու երջանկութեան համար սրտագին մաղթանքներուս հետ կ՛ուղարկեմ նաեւ խնդրանք մը` խնդրելով, որ չըսէք, թէ «Հայկազ, կօշիկէդ վեր գործերու մի՛ խառնուիր»:
Խնդրանքս հետեւեալն է:
Կարելի չէ՞ արդեօք այդ առթիւ, երբ բազմաթիւ բարձրաստիճան կրօնաւորներ ալ հոտ ներկայ պիտի ըլլան, դարման մը, լուծում մը գտնել սա կուսակրօնութեան հարցին… Կը ճանչնամ արժանաւոր կրօնաւորներ, որոնք լքեցին իրենց սքեմը ամուսնանալու համար. պարկեշտ մարդեր էին անոնք… Կը ճանչնամ նաեւ ուրիշներ, որոնք քաջութիւն եւ պարկեշտութիւն չունեցան ու կ՛ապրին ուխտադրուժի կեանքով…
Պարագաներու բերումով ձեռքի տակ ունիմ նախկին եպիսկոպոս Մուշեղ Սերոբեանի «օրագիրը»` պահուած, երբ դեռ ան չէր լքած իր սքեմը: Քանի մը տարի առաջ Հայաստանէն ուզած էին իր արխիւը` ենթադրելով, որ արժէքաւոր նիւթեր կը գտնուին անոնց մէջ: Այդ արխիւը, ինչ որ մնացած է անկէ, կը գտնուէր իր եղբօրորդւոյն կնոջ քով, որ իմ զարմուհին է: Զանոնք Հայաստան ղրկելէ առաջ տուաւ ինծի` խնդրելով, որ «անգամ մը աչքէ անցընեմ»: Տուած չըլլա՜ր… Յուսախաբութիւնս եղաւ մեծ: Չկար իր` Սերոբեանի ժամանակակիցներէն դէմք մը, որուն հասցէին ամբաստանութիւն մը կամ նախատինք մը նետած չըլլար Սրբազանը` Պօղոս Նուպարէն բռնած մինչեւ Պոլսոյ Զաւէն Սրբազանը ու եկեղեցւոյ յետին ժամկոչը: Մեր հասարակական կեանքին մէջ որոշ դեր ունեցող բոլոր դէմքերէն միա՛յն, միա՛յն Լեւոն Բաշալեանի դէմ յարգանք ու ակնածանք կար օրագրութեան մէջ: Այս չէ բոլորը. հոն փռուած էր նաեւ իր սեռային կեանքը իր բոլոր մանրամասնութիւններով, զզուելի ու անամօթ մանրամասնութիւններով: Թելադրեցի զարմուհիիս, որ չղրկէ զանոնք Հայաստան: Ու չղրկեց: Մօտս են: Գետնայարկի մէկ անկիւնը նետուած ծրարով մը:
Սիրելի Վեհափառ, կը ցաւիմ ըսելու, թէ անոր պէս շատեր կան մեր կեանքին մէջ, թէեւ կը հաւատամ, թէ անոր պէս օրագիր պահելու չափ յիմար չեն:
Կը խնդրեմ, որ այս դիմումս ընդունիք որպէս հայ դարաւոր եկեղեցւոյ համեստ մէկ զաւկին սրտցաւ արտայայտութիւնը եւ ոչ թէ իր կօշիկէն վեր նիւթերու խառնուելու ցանկութիւն:
Սիրով ու խանդաղատանքով կը համբուրեմ Ձեր Սուրբ Աջը ու կը խնդրեմ, որ օրհնէք զիս ու ընտանիքս:
Մնամ յարգանօք ու խոնարհութեամբ:
ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ
ՄԻՆԱՍ ԹԷՕԼԷԼԵԱՆԻՆ
Յունուար 16, 1963
Բժիշկ Խաթանասեանի` Կապուտիկեանի ուղղած բաց նամակը կարդացի հետաքրքրութեամբ – միայն Ա. մասը դեռ: Հետագայ տողերուն մէջ ինչ որ պիտի ըսեմ այդ նամակին մասին չէ, այլ Կապուտիկեանին: Կապուտիկեան դաշնակցութեան դէմ նետած իր բուռն ու ծանր, պատկերաւոր ու մուրոտ ամբաստանութիւնը «վերէն ստացուած հրահանգի» մը հնազանդելու համար չէ, որ ըրած է. այլ այդ բանը իր համոզումն է: Ես այդ գիտեմ` Հայաստան քանի մը անգամ անցնող եկող ու Սիլվային մտերմութիւնը վայլող քանի մը ծանօթներու վկայութեամբ: Հայ կամ աւելի ճիշդ` Հայաստան բնակող գրողներուն մէջ ամէնէն շատ դաշնակցութեան դէմ լարուածներէն մէկն է ան, եթէ ոչ ամէնէն լարուածը… Հայաստան գացող ու վերադարձող բարեկամիս վկայութեամբ` Սիլվայի մէկ հակադաշնակցական պոռթկումին հակազդելու համար երբ բարեկամս կ՛ըսէ, թէ «Քու գործերդ ամէնէն շատ դաշնակցական հանդէսներու մէջ կ՛արտասանուին, ու դաշնակցական մամուլին մէջ է, որ կը տպուին», ան չհաւատար ու «Սուտ կը խօսիս» կը պոռայ բարեկամիս երեսին, նաեւ անէծք եւ հայհոյութիւն…
Գալով մեր սիրելի բժիշկին Ա. յօդուածին առաջին մասին մէջ «Մենք ենք»ով սկսող թւումներուն, անոնք` այդ թւումները, շատ ջուր կը վերցնեն: Այդ մասին խօսելու առաջին իրաւունքը Շ. Միսաքեանինն էր, երբ դեռ ան ողջ էր, յետոյ` «Յուսաբեր»ինը, ու ամէնէն վերջը կու գայ «Հայրենիք»ը, որ կարծես Հայրենիքի մէջ պատահող դէպքերէն յոռեգոյնները զատելով` տպելու առանձին տաղանդ ու մտահոգութիւն ունէր: Ու այդ գէշ կողմերը կը տրուէին այնպիսի ձեւով մը, որ ընթերցողին վրայ այն տպաւորութիւնը կը ձգէին, թէ դաշնակցութիւնը փոխանակ սրտցաւ ըլլալու այս թերիներուն համար, ընդհակառակը, ուրախ է… Մէկ խօսքով` սեւ գոյնը տիրապետող էր միշտ Ձեր գծած պատկերին մէջ: Հիմա է` վերջերս է, որ ստուերին հետ լոյսին ալ սկսած էք քիչ մը տեղ տալ: Ասով ըսել չեմ ուզեր, թէ ստուերոտ տեղեր չկային, բայց մեր բժիշկի թւումները, կը թուի, թէ քիչ մը շատ ջրախառն են: Անշուշտ Լիբանան հրատարակուող «Բագին»ը կը տեսնէք: Ես յուսախաբուած եմ անով: «Գրական սերունդ հասցնելու առաջադրութեամբ» ճամբայ ելան ու ընթերցողներու հոծ բազմութիւն մը իրենց կապելու չափ կարողութիւն չունեցան: Գրական սերունդ հասցնելէ առաջ ընթերցող սերունդ ապահովելու ես: Եթէ կը պակսի ընթերցողը, որո՞ւ համար պիտի գրես: «Բագին»ի առաջին քանի մը թիւերը տեսնելէ վերջ, երբ անյոյս թուեցաւ ինծի պարագան, գրեցի իրենց, որ Հայաստանի գրականութենէն ընտրովի կտորներ տան, ու թուեցի այս բանին օգուտները, ըսի իրենց, թէ այդ ձեւով կ՛օգնեն, որ կապը գաղութներուն եւ Հայրենիքին մէջ ամրանայ, «Բագին»ի բովանդակութիւնը նախանձելի կը դառնայ, «Բագին»ը կը տարածուի, ընթերցողներու լայն շրջանակ կ՛ունենայ: Իրենց պատրաստել առաջադրած գրական սերունդին ուղեցոյց կ՛ըլլայ, մարդիկ անոր աշխատակցիլը պատիւ կը համարեն իրենց համար – ինչպէս ժամանակին «Հայրենիք» ամսագիրն էր – եւ այլն, եւ այլն… Բայց որո՞ւ կ՛ըսես… Վահէ Օշական, բժիշկ Խաթանասեան ու քանի մը նմաններով էջ լեցնելով չէ, որ «Բագին» ժողովրդականութիւն պիտի շահի եւ ընթերցող ապահովէ. Նոյնիսկ Եդ. Պօյաճեանի գրութիւնները, մանաւանդ վերջինը` «Պատերազմը եւ մարդիկ» էր, ի՞նչ էր, անտանելի կերպով ծանր ու կեղծ. զինուոր գացած գիւղացի տղաք կը խօսին լեզուով մը, որ ինծի անհասկնալի կը մնայ… Բայց ես շեղեցայ նիւթէս, ներողութիւն, այս բոլորը ըսի ապացուցանելու համար, թէ ինչպէ՜ս դաշնակցութիւնը կը խուսափի Հայաստանը գովելէ ու անոր լոյս կողմերը ցոյց տալէ, լոյսէն օգտուելէ. չէ՞ որ այն ատեն ընթերցողները պիտի ըսեն, թէ ուրեմն «Ձեր զօռն ի՞նչ է, ուրեմն ձեր ըսածին չափ ալ գէշ մարդեր չեն Հայաստանի վարիչները»…
Բայց ես շատ խօսեցայ ու կը ցաւիմ, որ քեզի գրած այս երկրորդ նամակս ալ, առաջինին պէս – ներքին երկպառակտման առթիւ գրած էի – դժգոհութեամբ եւ քննադատութիւններով լեցուեցաւ… Կը ցաւիմ, ալ չեմ ըներ:
Ջերմ բարեւներով անկեղծօրէն`
ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ