Արտագաղթը՝ Քանդիչ Երեւոյթ
ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
Գոյութիւն ունեցող արտագաղթը քանդիչ երեւոյթ մըն է մեր հայրենիքին համար, որուն դէմ կանգնիլը մեր պետութեան առաջնահերթ գործը պէտք է նկատուի:
Այս ուղղութեամբ սակայն, ցարդ ոչ մէկ իրագործում կատարուած է` ո՛չ կառավարութեան, ո՛չ կուսակցութիւններուն, ո՛չ կրօնական եւ ո՛չ ալ հասարակական հաստատութիւններուն կողմէ, որոնք ծնունդ առած են ժողովուրդին ծառայելու, անոր հարցերը մեղմացնելու կամ լուծելու նպատակով: «Ազատ երկիր ենք, ով որ ուզում է թող երթայ», կը յայտարարեն անոնք: Ու վերջ:
Ու գիտակցաբար կը մտածեմ. արդեօք այսպէ՞ս է երկիր կառավարելը, ժողովուրդին ապրելակերպը բարելաւելը, նոր գործարաններ կառուցելը, ժողովուրդի ու յատկապէս երիտասարդութեան համար աշխատանքի առիթներ ստեղծելը, հողմացրիւ հայութիւնը իր սեփական հայրենիքին մէջ հաստատելը, եւ այլն… եւ այլն… Ու կամօրէն կը մտածեմ դարձեալ. արդեօ՞ք մեր երկրին մէջ ի գործ կը դրո՞ւի բարձր քաղաքականութիւն մը, որ ինծի պէս պարզ քաղաքացիին համար անըմբռնելի է: Ով գիտէ կ՛ըսեմ ու անկեղծ մտածումներս կը յանձնեմ թուղթին առանց վերացական սաւառնումներ ունենալու: Յոյսս սակայն, միշտ կառչած կը պահեմ ազգասէր ու գիտակից կազմաւորուող սերունդին, որ պիտի գայ անպայմա՛ն:
Կը մեկնին հայեր…
Հայրենիքէս հեռացել եմ,
Խեղճ պանդուխտ եմ տուն չունիմ…
Աւետիք Իսահակեան
Կը մեկնին հայեր օտար երկիրներ
վիշտ պատճառելով հայրենիքին մեր,
բայց ան պիտ՛ կանգնի, փիւնիկի նման,
որքան ալ զինքը լքեն ու երթան:
Անոնք չեն գիտեր ինչ ըսել է տուն,
չեն գիտեր ապրիլ ուրախ եւ ժպտուն,
նոյնիսկ դրամներու եթէ տիրանան
իրենց հոգւոյն մէջ տխուր պիտ՛ մնան:
Օտար հողերուն փրկութիւն չկայ
ամէն հայ այնտեղ խեղճուկ կը մնայ,
կը խառնուի ան օտար ցեղերուն
ձուլում կը ձօնէ իր զաւակներուն:
Օտար ազգերը դիւթած են միշտ մեզ,
անոնց մէջ կ՛ապրինք կեանք մը աղեկէզ,
կը տենչանք ըլլալ ծառան օտարին
քան թէ տէր դառնալ մեր հայրենիքին:
Անձնասէր հայեր ամէն տեղ կ՛ապրին
որոնք ազգային, ոգի, խիղճ չունին,
անոնց կեանքին մէջ դրամն է տիրական
զոր կը պաշտեն Աստուծոյ նման:
Նոր սերունդին վրայ հաւատքնիս դնենք,
անոնց հոգւոյն մէջ հայութիւն դրոշմենք,
զանոնք պատրաստենք ազգասէր դառնան
հայրենիք պաշտեն, անոր տէր դառնան:

