Մանկավարժական Կազմաւորման Անհրաժեշտութիւնը
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
2012-2013 կրթական տարեշրջանի աւարտին հետեւեցանք հայկական վարժարաններու արձանագրած յաջողութեանց պրէօվէի եւ պաքալորէայի քննութեանց արդիւնքները պատուաբեր եղան անոնց համար:
Ինչ կը վերաբերի արուեստից եւ արհեստից «Պէ. Թէ.» եւ «Թէ. Էս.» քննութեանց, այս մարզին մէջ եւս արձանագրուած են բացառիկ յաջողութիւններ:
Հետեւելով մամուլին իմացանք, թէ «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կազմաւորման կեդրոնին ուսանողութիւնը իրաւամբ բացառիկ յաջողութիւն արձանագրած է պետական «Պէ. Թէ.» եւ «Թէ. Էս.» քննութեանց:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող յիշեալ կեդրոնի ուսանողները Լիբանանի արհեստից եւ արուեստից բաժիններու ուսանողութեանց մէջ «Պէ. Թէ.»-ի 2-րդ, իսկ «Թէ. Էս.»-ի 3-րդ դիրքերուն տիրացած են: Արժանաւոր յաջողութիւն մը, զոր կը պարտինք մեր Մայրավանքի կամարներուն շուքին ծաղկող ուսումնական օրհնաբեր մթնոլորտին, մասնագէտ ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան հետեւողական ջանքերուն:
Այս քանի մը տողերը չունին մրցակցութեան բնոյթ ոեւէ կրթական հաստատութեան հետ, այլ պարզապէս հարկ է արձանագրել մանկավարժական կազմաւորման ոլորտին անհրաժեշտութիւնը մեր գաղութին մէջ:
«Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կազմաւորման կեդրոնը ունի մօտ քսանամեայ փորձառութիւն որակաւոր ուսուցիչներ պատրաստելու եւ շնորհելու:
Մեր գաղութներէն կը լսենք ուսուցիչի, տնօրէնի, մանկավարժներու պահանջ, որովհետեւ լիբանանահայ գաղութը իր ոչ նպաստաւոր պայմաններուն մէջ իսկ կը շարունակէ կրթական եւ մշակութային արդիւնաբեր աշխատանք:
Արամ Ա. կաթողիկոս գիտակից է այս անհրաժեշտութեան եւ մտահոգ մեր գաղութներուն ճակատագիրով, թէ ինչ ձեւով հարկ է օգնութեան հասնիլ հոգեմտաւոր պապակը յագեցնելու համար:
Կը շնորհաւորենք մեր նորահաս մանկավարժները:

