ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. «ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՏԱՃԱՐԸ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ…»

Սիրելի՛ ընթերցող, այս վերտառութիւնը կ՛առնեմ գերմաներէն թերթէ մը, որուն ենթախորագիրն է` «Մարտինի նահատակ արքեպիսկոպոսը` Իգնատիոս Մալոյեան «երանելի» հռչակուեցաւ մէկ տարի առաջ»:

Հայանպաստ շատ հետաքրքրական եւ յարակոչ յօդուածին ներածականէն կը թարգմանեմ առաջին երեք նախադասութիւնները. «Անցեալ դարուն առաջին Ցեղասպանութիւնը հարուածեց մէկ ու կէս միլիոնէ աւելի հայեր, որոնք կոտորուեցան Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ընթացքին: «Գետերը,- ինչպէս դեռ այսօր կը պատմուի,- կարմիր դարձած էին արիւնէն»: … Այս պատահածը երբեք ալ կարելի չէ մոռնալ»:

Ո՞վ էր իր բանտը իր մայր եկեղեցիին վերածած Իգնատիոս Մալոյեան (1869-1915) արքեպիսկոպոսը, որուն տօնը Այնճարի մէջ կատարեցինք յունիս 5-ին եւ այսօր` օրհնուելով անոր գործածած ձեռախաչէն ու համբուրելով անոր մէկ մասունքը…:

Մարտին, 15 ապրիլ 1869-ին ծնած, Զմմառ` 1891-1896 դաստիարակուած, 7 յուլիս 1896-ին քահանայացած, Եգիպտոս` 1898-1904 եւ 1905-1910 պաշտօնավարած, Կ. Պոլիս` 1904-1905 ծառայած եւ Հռոմ` 22 հոկտեմբեր 1911-ին եպիսկոպոսացումով Մարտինի վիճակաւոր անուանուած Մալոյեան նորընտիր առաջնորդը 6 մայիս 1912-ին ստանձնեց իր թեմին հովուական պատասխանատուութիւնը:

Ի հեճուկս իր հիւանդութիւններուն եւ վիրաբուժական գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ` համատարած աղքատութեան ու իր կարճատեւ պաշտօնավարութեան, Մալոյեան մշակեց ծրագիրներ իր վիճակին արտաքին ու ներքին վերանորոգութեան համար: Անոնցմէ հինգ գլխաւորները լուծում պիտի բերէին եկեղեցական, կրօնական, կրթադաստիարակչական, ազգային եւ ընկերային տագնապներուն ու պիտի յառաջացնէին վերածաղկում մը…: Մալոյեանի նախաձեռնութիւններու իրագործումներն ընդհատեցին քիթի վիրահատումը, 1 օգոստոս 1914-ին ծագած Առաջին Համաշխարհային պատերազմն ու երիտթուրք դահիճը:

Արդ, կը դառնամ գրութեանս վերտառութեան եւ կը յածիմ անոր ծիրէն ներս` տալով իրերայաջորդ թուականներն ու արագընթաց դէպքերը լոկ:

20 ապրիլ 1915-ին Մալոյեան ակամայ ընդունեց Օսմանեան կայսրութեան բարձր շքանշանով պարգեւատրումը: Ապրիլ 24-ը հանդիսացաւ արիւնագիր թուականը Հայոց ցեղասպանութեան սկզբնաւորութեան: Ապրիլ 30-ին խուզարկուեցան Մարտինի եկեղեցին ու առաջնորդարանը, որոնց դիւանը, տոմարները եւ Մալոյեանի նամականին գրաւուեցան:

Մայիս 1-ի մարեմեան ջերմեռանդութեան աւարտին առաջնորդը հաւաքեց իր վարդապետները, որոնց կարդաց իր հոգեւոր կտակը` հաւատարմութիւն կրօնին եւ ազգին: Ամբողջ գիշերը անցուցին աղօթքով, վարդարանով եւ հսկումով:

Յունիս 3-ին Մալոյեան մեծ արարողութեամբ կատարեց «Տօն մարմնոյ եւ արեան Տեառն»` տօնելով Ս. հաղորդութեան օրը, որ նաեւ իր քահանայական ձեռնադրութեան 19-րդ տարեդարձն էր: Առաջնորդը, որ կտրուկ կերպով մերժած էր փախուստի կամ ապաստարանի առաջարկները, գիշերը ձերբակալուեցաւ իր վարդապետներուն եւ թեմին աւագանիին հետ:

Յունիս 4-11 օրերն եղան դահիճին կողմէն վատ հարցաքննութիւններու եւ սահմռկեցուցիչ տանջանքներու, իսկ հոգեւորական եւ աշխարհական բանտարկեալներուն համար տագնապներու եւ վկայութիւններու ժամանակաշրջանը, որուն ընթացքին եօթը ցերեկներն ու գիշերները անցուցին աղօթելով ու հսկելով: Այո՛, բանտը դարձած էր աթոռանիստ եկեղեցի, որուն անկիւնները դարձան խոստովանարաններ: Վարդարանն իրենց ձեռքին` կ՛աղօթէին եւ կ՛երգէին միասնաբար: Առաջնորդը կը քաջալերէր բոլորը` հաւաքաբար եւ առանձնաբար:

Շատ սրտաճմլիկ էր Մալոյեանի հրաժեշտը յունիս 9-ին բանտ այցելած իր մօրմէն, որ, իր կարգին, յուլիս 17-ին զոհ գնաց թրքական եաթաղանին…:

Հինգշաբթի, յունիս 10-ին, մահուան, «ճանապարհ խաչի»ի խաչուղիին, Մալոյեան հովիւը կատարեց «Վերջին ընթրիքը», երբ սրբագործեց ունեցած հացը, զոր վարդապետները բաժնեցին բոլոր մահապարտներուն: Այս արարողութեան ատեն, ինչպէս հոն ներկայ եղած զինուոր մը ապագային պիտի պատմէր, աւելի ճիշդ` սրբագործումի եւ Ս. հաղորդութեան ընթացքին թանձր ամպ մը կը ծածկէր բոլոր տարագրեալները…:

Ուրբաթ, յունիս 11-ի Յիսուսի սրտին տօնին` առանձին տեղ մը տարուած առաջնորդը, որ խիստ մերժողական պատասխան տուած էր հաւատուրացութեան առաջարկին, գնդակահարուեցաւ` իր արեան մկրտութենէն դիմելով անմահութեան…:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար, 11 յունիս 2011

Share this Article
CATEGORIES