ՆՈՐ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ԵՒ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ. ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ» ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ` ԼԱՒԱԳՈՅՆԻՆ ՁԳՏՈՂ ԿԱՌՈՅՑԸ

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն, նորութիւններուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներու ընդհանուր պատկերը ներկայացնելու նպատակով կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեանի հետ կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին ան լայնօրէն անդրադարձաւ կեդրոնը միշտ բարելաւման ու զարգացման ընթացքին մէջ պահելու երեւոյթին, ինչպէս նաեւ կեդրոնին մէջ նորանոր բաժանմունքներու հաստատման մասին:

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ նոր բաժանմունքի բացման եւ կառոյցը նորանոր սարքերով օժտելու վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Ս. Սաղըրեան ըսաւ. «Մեր մեկնակէտը ժողովուրդին պահանջը եղած է միշտ. իւրաքանչիւր նոր ծրագիր կը մշակենք օրուան վիճակագրական տուեալներէն մեկնելով, գիտական մօտեցումով: Կը տեսնենք, որ միշտ ալ կը գնահատուի, նաեւ աւելին կը պահանջուի: Օրինակ, երբ կեդրոնը հիմնուեցաւ ասկէ 25 տարի առաջ, միայն մէկ ատամնաբուժարան ունէինք, իսկ ժամանակի ընթացքին պահանջը մեզի պարտադրեց, որ երկրորդը հիմնենք, իսկ այսօր արդէն չորս բաժանմունք ունինք: «Հակառակ այս բոլորին` տակաւին կը նկատենք, որ ժողովուրդը աւելիին կարիքը ունի, եւ ատիկա մեզի կը պարտաւորեցնէ յաւելեալ ընդարձակման ու մասնագիտացման»:

Այսօր արդէն բժշկագիտական 9 տարբեր բաժանմունքներ ունինք եւ շուտով արդէն 10-րդին բացումը պիտի կատարենք:

Յատկանշական երեւոյթ է, որ ամէն անգամ, երբ միջազգային կազմակերպութիւններու, դեսպանատուներու, այլ կառոյցներու եւ անհատ բարերարներու կը ներկայանանք դիմումներով, կը զգանք, որ անոնց մօտ պատրաստակամութիւն կայ օժանդակելու: Մեր առաջարկները եւ ծրագիրներ պատահականութեան արդիւնք չեն, այլ սերտուած են կարիքներէ մեկնելով: Մեր արդիական կեանքի իբրեւ հետեւանք` զգալի է, որ ոսկրայօդային եւ մկանային հարցերը աւելի եւս կը շեշտուին եւ կը բազմանան: Ճիշդ է, որ ոսկորի մասնագէտներ ունինք, սակայն անհրաժեշտ նկատուեցաւ մարձումի բաժանմունքը ընդարձակելու: Հիմա յատուկ բաժանմունք մը օժտեցինք բոլոր սարքերով, մասնագէտներու եւ բժիշկներու հսկողութեամբ, որպէսզի կարենանք ամբողջական ծառայութիւն ապահովել: Ֆրանսահայ բարերարուհի Արաքսի Թերճանեան իր ծնողքին` Տիգրան եւ Արտեմ Թերճանեաններու յիշատակին ուզեց այս բաժանմունքին կահաւորումը եւ սարքաւորումը  լրիւ ստանձնել,  նաեւ կեդրոնին համար ինքնաշարժի մը նիւթական յատկացումը կատարեց:

«Այս նոր բաժանմունքին բացումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 16 յունիսին, ներկայութեամբ այս ծրագիրի իրականացման ֆինանսաւորող բարերարին, առողջապահութեան նախարարին եւ Աւստրալիոյ դեսպանին ներկայութեամբ, որովհետեւ դեսպանատունը երկրորդ անգամ ըլլալով կ՛ընդառաջէ մեր ներկայացուցած ծրագիրին եւ այս անգամ յատկացում կատարեց տարրալուծարանի համար գեղձերու շատ արդիական գործիքի մը, որուն բացումը եւս պիտի ըլլայ: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ բժշկական բաժանմունքը վերաորակաւորուեցաւ. այս աշխատանքին որոշ չափով մասնակցութիւն բերաւ ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, իսկ հիւանդատար ինքնաշարժ մը ստացանք Փուջիկեան ընտանիքէն: Այս բոլորին բացումը տեղի պիտի ունենայ 16 յունիսին` պաշտօնական հանդիսութեամբ»:

Խօսելով համալսարաններու հետ համագործակցութեան մասին` Ս. Սաղըրեան նշեց. «Կեդրոնի եւ համալսարաններու միջեւ գործակցութիւնն ու գործունէութիւնը երկար պատմութիւն ունի: Շուրջ 13 տարի առաջ Պէյրութի` ընտանեկան բժշկութեան բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատուին հետ սկսաւ մեր այս գործակցութիւնը, եւ այս բաժանմունքը ճշդեց շաքարախտաւորներու հետ մասնագիտական աշխատելաոճը, որ որդեգրուեցաւ:  Գործակցութիւնը շարունակուեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդապահուհիներու բաժանմունքին հետ. ամէն տարի ուսանողները կու գան եւ իրենց վարժանքի շրջանը կ՛անցընեն մեր կեդրոնին մէջ` մեծապէս օգտակար ըլլալով նաեւ մեզի, որպէսզի քայլ պահենք նորութիւններու հետ: «Համագործակցութիւններ ունինք նաեւ այլ համալսարաններու հետ: Շատ հաւանաբար այս տարի վարժանքի շրջանին համար կեդրոն ներկայանան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Առողջապահութեան գիտութեան ակադեմիայի մագիստրոսի աստիճանի աւարտական ուսանողներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը 380 ժամ կամաւոր կերպով պէտք է աշխատի կեդրոնին մէջ: Նման աշխատանքի մը առաջարկը համալսարանին կողմէ ներկայացուեցաւ, ներկայացուցիչները անձամբ ծանօթացան ԼՕԽ-ի գործունէութեան, գնահատեցին եւ մեզի հրաւէր մը յղեցին, որպէսզի իրենց ուսանողներուն ներկայացնենք մեր աշխատանքները, եւ իւրաքանչիւր աշակերտ ընտրէ իր ուզած բաժինը ու հոն աշխատի` այս կամաւոր գործը իբրեւ աւարտաճառ նկատի առնելով: Գործունէութեան պիտի հետեւին նաեւ դասախօսները, անոնց ցուցմունքներ պիտի տան եւ իրենց փորձառութիւնը բաժնեն մեզի հետ: Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ կայացող աշխատանքներու ծանօթացման այս ձեռնարկին ներկայ էին եւ իրենց գործունէութիւնը ներկայացուցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին` ԼՕԽ-ը, որուն ծաւալած աշխատանքին ծանօթացան ուսանողները»:

Պատասխանելով լիբանանեան պետական կառոյցներու հետ տարուող նորագոյն աշխատանքներուն մասին հարցումի մը` ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» կեդրոնին տնօրէնը ըսաւ, թէ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ տարուելիք նորագոյն աշխատանքը վարկաւորումի կը վերաբերի, անիկա մինչեւ հիմա կը կատարուէր հիւանդանոցներու մէջ, իսկ հիմա անիկա կարեւոր կը նկատէ նաեւ առողջապահական կեդրոններուն համար: Աշխատանքին մէջ նկատի կ՛առնուի այն, որ այդ կեդրոններուն գործունէութիւնը համապատասխանէ միջազգային չափանիշներուն եւ պայմաններուն: Մեր ժողովուրդը գիտէ, որ 2004-ին Օգնութեան խաչը Լիբանանի 5 լաւագոյն ընկերաբժշկական կեդրոններու կարգին էր, եւ կը յուսանք, որ այս պարագային ալ առաջիններու կարգին ըլլանք:

«Յայտնեմ, որ այս ծիրին մէջ երեք հիմնական սկզբունքներ կան. առաջինը ժողովուրդին վրայ կեդրոնանալն է, անիկա պէտք է ըլլայ մեկնակէտը քու աշխատանքներուդ: Երկրորդը այն է, որ շարունակական եւ հետեւողական բարելաւում պէտք է ըլլայ, այսինքն այս վարկաւորումը երկար ճանապարհ մըն է, անցեալին սկսած ենք, միշտ կը փորձենք մեզի հասած տեղեկութիւններով, ներկայացուած պահանջներով ալ աւելի բարելաւուիլ, թէեւ բաւական լաւ տեղ մը հասած ենք, բայց չի նշանակեր, որ այդ ընթացքը աւարտած է: Այնքան ատեն որ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը գոյութիւն ունի իբրեւ ծառայութեան կեդրոն, լաւէն աւելի լաւը ընթանալու ճամբան պիտի չաւարտի: Միշտ այդ հոլովոյթին մէջ պէտք է ըլլայ մեր կեդրոնը, որպէսզի կարենայ լաւագոյնը տալ: Երրորդը խմբային աշխատանքն է` Օգնութեան խաչի բոլոր մակարդակները եւ մարմինները ներառող, նաեւ` անկէ օգտուողները: Այս երեքը միասին բաւական յաջող արդիւնքի պիտի հասցնեն մեզ»:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ԼՕԽ-ը, որ արդէն իսկ ժողովուրդին ծառայելու մնայուն ընթացքի մէջ է, նախարարութեան կողմէ առաջադրուած այս ծրագիրին բերումով արդեօք որքանո՞վ կ՛ամբողջացնէ առաջադրուած պայմանները, Ս. Սաղըրեան նշեց. «Երբ առողջապահութեան նախարարութենէն կեդրոն ներկայացան եւ շուրջ 250 չափանիշներու վրայ աշխատեցանք, շուրջ 13-14 ժողովներու ընթացքին, մեզի համար պարզ դարձաւ, որ մենք պահանջուածներուն մեծամասնութիւնը կը կատարենք արդէն, բայց պէտք չէ այդ յաւակնոտութիւնը ունենալ եւ ըսել, որ մենք արդէն չափանիշներու համապատասխան ենք: Նաեւ կայ այն, որ մենք միայն բժշկական ծառայութիւններու  որակով չէ, որ պիտի բաւարարուինք, այլ որակը հիւանդին խնամքին մէջ պիտի տեսնենք: Մենք բժշկական գիտական ծառայութենէն անդին երթալով` բժշկագիտական արուեստն է, որ կ՛ուզենք տալ մեր հիւանդներուն»:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ 4 ամիսէ կատարուող դասախօսութիւններու պատկերին մասին խօսելով` կեդրոնին տնօրէնը դիտել տուաւ, որ բաւական դրական տրամադրութիւններ ստեղծեց այս շարքը: Անոր համաձայն, 30 դասախօսութիւններուն ներկայ եղած են շուրջ 250 անհատներ, որոնցմէ 85-ը ամբողջ շարքին կանոնաւոր հետեւեցաւ եւ կեդրոնին կողմէ ձրի արեան քննութիւն, բժշկական այցելութիւն եւ սննդագէտի ցուցմունք ստացաւ: «Ժողովուրդը շատ գոհ է եւ իր երախտագիտութիւնը շատ մը ձեւերով կ՛արտայայտէ: Մենք այդքան ալ գոհ չենք, որովհետեւ դասախօսութիւններուն հետեւած անձերուն արեան քննութիւններուն արդիւնքներուն մէջ շատ չնչին փոփոխութիւն արձանագրուած է: Մինչ այդ, տրուած դասախօսութիւններուն նպատակը միայն անոնց յաջող եւ հաղորդական ըլլալը չէ, այլ արդիւնքի մը հասցնելն է, այսինքն մենք կ՛ակնկալէինք, որ դասախօսութեան նախօրեակին ենթականերուն արեան քննութեան մէջ նկատուած կարգ մը հարցերուն տարողութիւնը նուազի, սակայն անոնք նոյն տեղը մնացին: Մեր նպատակը յայտնաբերուած հիւանդութիւններու բարելաւումն է: Ուրեմն իրենցմէ խնդրեցինք, որ ճիգ թափեն, որպէսզի փոփոխութիւններ կարելի ըլլայ արձանագրել, եւ սեպտեմբերին մենք պատրաստ ենք կրկին արեան քննութիւններ ընելու անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ հետեւած են տրուած ցուցմունքներուն եւ կը զգան, որ փոփոխութիւն արձանագրուած է: Մեր չափանիշը ասոր մէջ է»:

Զրոյցի աւարտին Սօսի Սաղըրեան յայտնեց, որ ամէն առիթով մեր գաղութի ամէնէն համեստ անհատէն մինչեւ հարուստը ցոյց տուած է, որ տալու ոգիով օժտուած է եւ ատիկա կը գօտեպնդէ զիրենք, որովհետեւ իրենք ալ կը գործեն «ժողովուրդէն` ժողովուրդին» սկզբունքով: ԼՕԽ-ը որոշ ֆոնտէն եկած գումարներով չէ, որ կը գործէ, այլ մեր ժողովուրդին վստահելով կը քալէ այսքան վճռական եւ միշտ դէպի աւելի լաւն ու զարգացածը:

Share this Article
CATEGORIES