ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
1975-1990 տարիներու Լիբանանի քաղաքացիական ծանօթ տագնապը, գաղութի ազգային, յարանուանական եւ միութենական բոլոր հաստատութիւններուն կարգին, ելեւմտական դժուար կացութեան առջեւ կը դնէր «Համազգային»ի կրթական եւ հրատարակչական կառոյցները:
Այս կառոյցներուն հայանուէր առաքելութիւնն ու անխափան գործունէութիւնը ապահովելու մտահոգութեամբ` Համազգայինի այդ շրջանի իրերայաջորդ Կեդրոնական վարչութիւնները արդարացիօրէն կ՛որոշէին «Համազգային»ին պատկանող կարգ մը կտակներու եւ հիմնադրամներու գումարները առժամեայ օգտագործման համար տրամադրել այդ կառոյցներու գոյատեւումին նպաստող կենսական եւ անյետաձգելի շինարարական ու սարքաւորման ծրագիրներու իրականացման:
Տագնապի տարիներուն յաջորդող Համազգայինի Պատգամաւորական ժողովները` քննելով Համազգայինի կառոյցներուն կացութիւնը, կը հաստատէին անոնց նիւթական աւելի բարենպաստ պայմանները, պարտք կը դնէին հաստատութիւններու տնօրէններուն վրայ առաջնորդուիլ գործառնութեանց հաւասարակշռուած պիւտճէով եւ կ՛որոշէին ամբողջութեամբ վերականգնել բոլոր կտակներն ու հիմնադրամները: Կ՛որոշէին նաեւ Համազգայինի պատկանող հիմնադրամներու եւ կտակներու յանձանձումը վստահիլ մասնագէտ ազգայիններէ կազմուած յատուկ մարմինի մը, որ պարտականութիւն պիտի ունենար շահարկելու գոյութիւն ունեցող գումարները, ուռճացնելու Համազգայինի հիմնադրամներուն հոյլը` նոր կտակներու, հիմնադրամներուն եւ նուիրատուութիւններու ապահովումով, հսկելու անոնց անձեռնմխելիութեան եւ անոնց եկամուտները տրամադրելու սոսկ կտակարարներուն կողմէ ճշդուած նպատակներու իրականացման:
Ուրախութեամբ հայ հանրութեան կը տեղեկացնենք, որ այժմ կազմուած է Համազգայինի Հիմնադրամներու կառոյցի մարմինը, որ կը գործէ յատուկ կանոնագրութեան մը տրամադրութիւններուն համաձայն եւ կը բաղկանայ հետեւեալ ազգայիններէն.
Յարութիւն Արմէնեան նախագահ, Միացեալ Նահանգներ
Յակոբ Եափուճեան ատենապետ, Լիբանան
Վարանդ Կիւրճեան փոխնախագահ, Միացեալ Նահանգներ
Սուրէն Սարգիսեան քարտուղար, Ֆրանսա-Լիբանան
Մասիս Ալեքսանտրեան գանձապահ, Լիբանան
Նազօ Գարագաշեան Լիբանան
Սիմոն Հասրճեան Քանատա
Ատոմ Թնճուկեան Անգլիա
Կարօ Պայթարեան Լիբանան
Եդուարդ Մսըրլեան Միացեալ Նահանգներ
Ռոպըրթ-Հայկ Սեդրակեան Միացեալ Նահանգներ
Սարգիս Պէրպէրեան Միացեալ Նահանգներ
Մայք Չուխաճեան Միացեալ Նահանգներ
Մարմինը արդէն հիմնած է Համազգայինի հիմնադրամներու յատուկ կառոյց մը` Hamazkayin Armenian Educational and Cultural Endowment Fund անուան տակ, որ արձանագրուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ իբրեւ ոչ հասութաբեր հաստատութիւն, ունի պետութեան մօտ արձանագրուած յատուկ կանոնագրութիւն եւ ենթակայ է Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան:
Հիմնադրամի մարմինը առայժմ իր տրամադրութեան տակ ունի Համազգայինին պատկանող եւ անցեալէն եկող հետեւեալ վերականգնուած կտակներն ու հիմնադրամները.
1. Նիկոլ Աղբալեան կտակ – հրատարակչական նպատակներու յատուկ:
2. Մայք Գալայճեան կտակ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին յատուկ:
3. Բժ. Պետրոս եւ Յովակիմ Դարբինեան հիմնադրամ – գրական եւ մանկավարժական ծրագիրներու յատուկ:
4. Աստղիկ Ալեքսանտրեան հիմնադրամ – դասագիրքերու հրատարակութեան յատուկ:
5. Գէորգ Կոբարեան հիմնադրամ – հայոց լեզուի դասագիրքերու յատուկ:
6. Մազմանեան կտակ – Համազգայինի տպարանի կարիքներուն յատուկ:
7. Բժ. Լեւոն Գրիգորեան հիմնադրամ – հայագիտական ուսման յատուկ:
8. Սուրէն եւ Հրայր Սարգիսեան հիմնադրամ – հայագիտական ուսման յատուկ:
9. Պաստրմաճեան հիմնադրամ – հրատարակչական նպատակներու յատուկ:
10. Համազգայինի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի հիմնադրամ – հայերէն դասագիրքերու հրատարակութեան յատուկ:
11. Խաչիկ Իսրայէլեան կտակ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին յատուկ:
12. Աւազանեան կտակ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին յատուկ:
13. Պահատուր կտակ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին յատուկ:
14. Հրաչ Դարբինեան հիմնադրամ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին յատուկ:
Նաեւ, անհատ ազգայիններու եւ կազմակերպութիւններու մօտ պահ կը մնան հետեւեալ հիմնադրամները.
1. Բժ. Սամուէլ Սեմերճեանի անուան հիմնադրամ – բժշկութեան ճիւղի ուսանողի յատուկ:
2. Նուարդ Ասատուրեան հիմնադրամ – Համազգայինի ընդհանուր ծրագիրներուն յատուկ:
3. Հայ կրթական հիմնարկութեան հիմնադրամ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին յատուկ:
Վերջին քանի մը տարիներուն վերոնշեալ հիմնադրամներուն վրայ կարելի եղաւ աւելցնել Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի կրթական կարիքներուն յատուկ երկու նոր հիմնադրամներ: Անոնք են.
1. Մկրտիչ եւ Քնար Գարագաշեան հիմնադրամ
2. Զոհրապ Պոսնոյեան հիմնադրամ
Իր ութսունամեայ գոյութեան ընթացքին, Համազգայինը` հաւատարիմ իր հիմնադիրներու աւանդին, կրթական, հրատարակչական ու մշակութային բազմերես գործունէութեամբ կարեւոր ներդրում ունեցաւ սփիւռքահայ նոր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Համազգայինի կրթարանները յառաջացուցին մտաւորականներու, գիտնականներու, կրթական մշակներու, ազգային – հասարակական թէ մշակութային գործիչներու եւ արուեստագէտներու մեծ փաղանգ մը, որ իր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ իր ժողովուրդի ազգային պահանջներուն իրականացման:
Մշակոյթը կը հանդիսանայ ժողովուրդի մը գոյատեւման եւ զարգացման գլխաւոր կռուաններէն մէկը: Այս հաւատքով Համազգայինը պիտի շարունակէ գործել ընդլայնելով իր գործունէութեան ծիրը` սփիւռքի կողքին գործունէութեան այդ ծիրին մէջ ներառելով նաեւ Հայաստանը, ուր 1993-էն ի վեր կը գործէ Համազգայինի գրասենեակը, որ արդէն կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ հայրենիք – սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման մէջ:
Համազգայինի հիմնադրամներու կառոյցին նպատակը պիտի ըլլայ` սատարել Համազգայինի ծրագիրներու իրագործման եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի, դպրութեան եւ լեզուի զարգացման, տարածման եւ ծանօթացման` հայ թէ օտար շրջանակներուն մօտ:
Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը պատրաստ է սատարելու մեր մշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանման ճիգերուն եւ, ընդհանրապէս, հայապահպանութեան այնքան կարեւոր գործին:
Այս հիմամբ ալ կոչ կ՛ուղղենք մեր բարերարներուն, նուիրատուներուն, դպրոցներու շրջանաւարտներուն եւ ընդհանրապէս բոլոր հայորդիներուն` իրենց նիւթական նպաստները վստահելու Համազգայինի հիմնադրամներու նորաստեղծ կառոյցին` հիմնելով հիմնադրամներ կամ կտակներ, որոնք պիտի ղեկավարուին յատուկ եւ պաշտօնական համաձայնագիրներով, որոնց մայր գումարը պիտի մնայ անձեռնմխելի, եւ որոնց հասոյթը պիտի տրամադրուի միայն այն նպատակներուն, որոնք նուիրատուներուն կողմէ ամրագրուած են այդ համաձայնագիրներուն մէջ:
Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը պատրաստ է թիկունք կանգնելու Համազգայինին` իր բազմերես առաքելութեան գործադրութեան կապակցութեամբ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
9 յունիս, 2011
Պէյրութ