ԼԻՊԻԱ 1911. ԻՆՉՊԷ՞Ս ԻՏԱԼԱՑԻ ՕԴԱՉՈՒ ՄԸ ՍԿՍԱՒ ՕԴԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԸ

Ճիւլիօ Կաւոթթի Հռոմի մէջ, 1911-ին:

Իտալիա վերջերս ըսաւ, որ պատրաստ է միանալու ՕԹԱՆ-ի օդային յարձակումներուն` Լիպիոյ մէջ թիրախներ հարուածելու համար: Այս յայտարարութեամբ ունեցանք զգացում մը, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:

Շուրջ դար մը առաջ երիտասարդ իտալացի մը Լիպիոյ մէջ օդային յարձակում իրականացուց. առաջինը` պատմութեան մէջ:

Իտալիոյ եւ Թուրքիոյ (Օսմանեան կայսրութեան) բանակներուն միջեւ նոյեմբեր 1911-ին տեղի ունեցած պատերազմին ընթացքին, ենթասպայ Ճիւլիօ Կաւոթթի իր հօրը ուղղած նամակին մէջ գրեց. Այսօր ես որոշեցի փորձել օդանաւէն ռումբեր նետել:

«Ասիկա առաջին անգամ է, որ մենք պիտի փորձենք, եւ եթէ յաջողիմ, ես իսկապէս պիտի ուրախանամ ատիկա ընող առաջին մարդը ըլլալուս համար»:

Արդարեւ, Կաւոթթի շուտով իր թեթեւ օդանաւը բարձրացուց երկինք եւ ներքեւի անապատի ովասիսին մէջ գտնուող ուժերուն վրայ ռումբ մը նետեց:

Այդ ակնթարթին ան աշխարհին ներկայացուց օդային պատերազմի գաղափարը: Ան սկսած էր դարաշրջանը ռմբակոծիչի եւ բացած` դուռը բոլոր այն սարսափներուն, զորս օդային ռմբակոծումը պիտի բերէր:

Պի. Պի. Սի. ստացաւ պատճէնները այն նամակներուն, զորս Կաւոթթի գրած է Լիպիայէն: Ատոնք կը բացայայտեն իր միտքերը այն պահուն, երբ կ՛իրականացնէր պատմական «մէկ հոգինոց» օդային յարձակումը:

Այդ ժամանակ Իտալիա տակաւին երիտասարդ երկիր մըն էր, նուազ քան` 50 տարի առաջ միացած: Կորով ունէր աշխարհակալութեան եւ կործանող Օսմանեան կայսրութեան մասերը, ներառեալ` Լիպիոյ տարածքը, հասուն կը նկատէր բռնագրաւելու:

Պատերազմի բռնկումով, Կաւոթթիի պատուիրուեցաւ օգնել քանի մը օդանաւեր Հիւսիսային Ափրիկէ նաւով փոխադրելու աշխատանքին:

ԳՐՊԱՆԻ ՄԷՋ ՌՈՒՄԲ

Ան կը պատկերացնէր, թէ միայն հետախուզական թռիչքներ պիտի իրականացնէր հոն, բայց յետոյ հասկցաւ, անդրադարձաւ, որ աւելին կը պահանջուի իրմէ: Կաւոթթիի ռումբերը արձակեց «Թոպ» (աղաւնի) տիպի միահարթ օդանաւէն, զոր հնարած է աւստրիացի Իկօ Էթրիչ:

Կաւոթթիի ռումբը կրնայ ըլլալ մարդկային կեանքեր չէ խլած Այն Զարայի մէջ:

«Ռումբերով լեցուն երկու տուփեր ժամանեցին այսօր,- գրեց ան Նափոլիէն հօրը յղած նամակին մէջ:- Մենք ատոնք մեր օդանաւներէն անոնց վրայ պէտք է նետենք»:

«Շատ տարօրինակ է, որ ոչ ոք մեզի այդ մասին տեղեկացուցած է նախապէս, եւ մենք ոչ մէկ հրահանգ ստացած ենք մեր վերադասներէն: Այնպէս, որ ռումբերը օդանաւ կը փոխադրենք գերազանց նախազգուշութեամբ: «Շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ ատոնք թուրքերուն վրայ փորձելը»:

Օդանաւերը պատերազմի ճակատ բերելով` իտալացիները նոր բան մը կ՛ընէին:

«Ես ռումբը աջ ձեռքովս բռնեցի, ապահովիչը անջատեցի եւ օդանաւին թեւէն խուսափելով` նետեցի ռումբը»:

Ասիկա տեղի կ՛ունենար Ռայթ եղբայրներու կողմէ Ամերիկայի մէջ միայն ութ տարի առաջ փորձուած առաջին կարճատեւ թռիչքէն ետք:

Օդանաւային թռիչքը տակաւին իր մանկութեան մէջ էր:

«Երբ երկինքը պայծառ ըլլայ, ես կը մեկնիմ բանակավայր` իմ օդանաւս դուրս հանելու համար: Աթոռիս մօտ ամրացուցած եմ յարդով լեցուած կաշիէ փոքր պարկ մը, որուն մէջ զգուշութեամբ զետեղած եմ ռումբերը: Ասոնք կլոր, փոքր ռումբեր են. իւրաքանչիւրը մէկուկէս քիլօ կը կշռէ: Երեք ռումբ պարկին մէջ կը զետեղեմ եւ ռումբ մըն ալ` բաճկոնակիս գրպանը», կը գրէ Կաւոթթի:

Ան օդանաւով ուղղուեցաւ Այն Զարա, որ այժմ աւան մըն է Թրիփոլիի արեւելքը, բայց այն ժամանակ Կաւոթթի Այն Զարան նկարագրած էր իբրեւ ովասիս մը, ուր կ՛ակնկալէր գտնել արաբ մարտիկներ եւ թրքական ուժեր, որոնք դաշնակից էին իտալական ներխուժումի դէմ կռիւին մէջ:

Իտալական օդուժը Լիպիոյ մէջ:

Իր նամակին մէջ, զոր Պի. Պի. Սի.ն մատչելի դարձուց, անոր թոռը (Փաուլօ տը Վեչչի) Կաւոթթիի գրած է. «Ատկէ ետք որոշ ատեն ես նկատեցի ովասիսի մութ տեսքը: Մէկ ձեռքով ես բռնեցի ղեկը, եւ միւս ձեռքով հանեցի ռումբերէն մէկը եւ դրի ծունկերուս վրայ:

«Ես պատրաստ եմ: Ովասիսը մօտաւորապէս մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է: Ես կը տեսնեմ արաբներու վրանները:

«Աջ ձեռքովս բռնեցի ռումբը, անջատեցի ապահովիչը եւ խուսափելով օդանաւի թեւէն` ռումբը նետեցի:

«Ես կը տեսնեմ ռումբին իյնալը, քանի մը երկվայրկեան, ապա ատիկա կ՛անհետանայ: Եւ յետոյ, քիչ ժամանակ ետք, ես կը տեսնեմ մութ ամպ մը` բանակավայրին կեդրոնը:

«Ես հարուածած եմ թիրախը:

Ապա երկու այլ ռումբեր կը ղրկեմ նուազ յաջողութեամբ: Տակաւին ռումբ մը եւս ունիմ եւ կ՛որոշեմ Թրիփոլիի մօտ գտնուող ովասիսի մը վրայ նետել:

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՍԿՍԱՒ ՕԴԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
– Դեկտեմբեր 1903 – Ռայթ եղբայրները յաջողցուցին առաջին թռիչքը Քիթթի Ժոքի մէջ, Հիւսիսային Քարոլայնա:
– Ապրիլ 1909 – Ուիլպուր Ռայթ կը ցուցադրէ իրարու վրայ զոյգ թեւեր ունեցող իր օդանաւը` Ֆլայըր, Հռոմի մօտ, եւ կը մարզէ իտալացի օդաչու մը:
– Յունուար 1910 – Միացեալ Նահանգներու բանակը օդային ռմբակոծումի վարժութիւն կ՛ընէ` օգտագործելով աւազէ պարկեր, իբրեւ կեղծ ռումբեր:
– 15 հոկտեմբեր 1911 – Իտալական 9 «Յատուկ գումարտակ»ի օդանաւերը եւ 11 օդաչու էջք կը կատարեն Լիպիա:
– 1 նոյեմբեր 1911 – Կաւոթթի Այն Զարայի վրայ կը նետէ իւրաքանչիւր 1,5 քիլօ կշռող 4 ռումբեր` իր ակռաներով քաշելով ապահովիչ ասեղները:
– 4 մարտ 1912 – Կաւոթթի գիշերային առաջին թռիչք-առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ:

«Ես արդիւնքէն իսկապէս գոհ կը վերադառնամ: Ուղղակի կ՛երթամ զօրավար Քանեւային` զեկուցելու համար: Ամէն ոք գոհ է:

Իտալիոյ մէջ ազգայնամոլ մամուլը անմիջապէս հաղորդեց այս մասին, մեծ հրճուանքով:

Ենթասպայ Կաւոթթի իր փոքր ռումբերով կրնայ ըլլալ շատ քիչ զոհեր պատճառած է լիպիական փոշոտ ովասիսին վրայ կատարած իր առանձին յարձակումով. բայց ան առաջին անգամ ցոյց տուած է, որ կարելի է յարձակումներ իրականացնել օդանաւով մը:

Եւ բազմաթիւ ռմբաձիգները, որոնք պիտի գային իրմէ ետք, որոնք պիտի ռմբակոծէին Կեռնիքան, Տրեստենն ու Հիրոշիման, աւելի մեծ վնասներ պիտի պատճառէին եւ աւելի կեանքներ պիտի խլէին, քան երիտասարդ իտալացի օդաչուն երբեւէ կը պատկերացնէր:

ԱԼԸՆ ՃՈՆՍԹԸՆ

«Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES