Սեղմուած` «Ամենազօր Իշխանութեան» Եւ «Անդամալոյծ Ընդդիմադրութեան» Աքցանաին Մէջ (Ինչպէ՜ս Դիմագրաւել Ազգին Եւ Հայրենիքին, Հասարակութեան Ու Պետութեան Առջեւ Ծառացած Բախտորոշ Մարտահրաւէրները)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայաստանեան առօրեայ իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն հետեւողը կ՛ունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ հայոց պետական երկնակամարին տակ արտասովոր որեւէ բան չկայ:

Կեանքը երեւութապէս կ՛ընթանայ իր բնականոն հունով: Տեսանելի են իրագործումներ, նոյնպէս եւ` թերացումներ ու օրինազանցումներ: Հանրային կարծիքին կը մատուցուի քաղաքացիական այն պարզ մտածողութիւնը, որ ի վերջոյ, ամէն երկրի ու պետութեան պէս, Հայաստանի մէջ ալ կան լաւն ու վատը, դրականն ու բացասականը: Կարեւորը հետեւողական ճիգն է` թէ՛ պետական իշխանութեանց եւ թէ՛ հասարակութեան բոլոր շերտերուն կողմէ, որպէսզի ընդհանուր հաշուեկշռին մէջ նժարը թեքի յաջողութեանց եւ զարգացման կողմը:

Իսկ Հայաստանի նախագահն ու իր կառավարութիւնը ամէն առիթով բոլորիս կը վստահեցնեն, թէ ամբողջապէս կը հակակշռեն կացութիւնը եւ` բան մըն ալ աւելի, որովհետեւ պարզուող ձախաւերութիւնները կամ գործուող չարաշահումները թէ՛ սրբագրելու կամք ունին, թէ՛ համապատասխան ուժը:

2012-ի եւ 2013-ի հանրապետական իրերայաջորդ ընտրութեանց դառն բաժակը ցմրուր ճաշակած հայ մարդը շատ լաւ կը գիտակցի, թէ մեր պետութեան ղեկը ստանձնած ուժերը իրապէս ալ ամբողջական հակակշիռ ունին Հայաստանի ներքաղաքական դաշտին վրայ:

Յատկապէս իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր ճամբարները իր նախասիրած հունին մէջ պահելու եւ այսպէս կոչուած «ժողովրդավարական» քուէարկութիւնները իր ղեկավար դիրքերու օրինական ամրապնդման ծառայեցնելու առումներով` Հայաստանի նախագահական իշխանութեան գործող համակարգը կրնայ մրցիլ որեւէ պետութեան իշխանութեանց հետ, թափանցիկ ու կարգապահ ընտրութիւններու փայլուն ցուցահանդէսներ կազմակերպելու մարզին մէջ:

Բայց այդ «մրցանիշ»-ով ալ կը սպառի հայրենի իշխանութեանց հակակշիռի ներուժը` նոյնիսկ ներքաղաքական ճակատին վրայ:

Պետական իշխանութեան օրինական եւ ստուերային թեւերուն միջեւ ատենի Հայաստանի ներքին գործոց նախարար Վանօ Սիրադեղեանին մատնանշած «սերտաճում»-ը այնքա՜ն կատարելագործուած է Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 22-ամեայ ժամանակաշրջանին, որ քաղաքական կեանքի հետ միայն ընտրութենէ ընտրութիւն առնչուող Հայաստանի քաղաքացին իսկ կ՛անդրադառնայ, թէ անելն ու ոլորապտոյտը ամբողջական են:

Մինչեւ իսկ ընդդիմադիր ուժերու դաշտը նոյն «սերտաճման» քաղաքական ախտէն վարակուած է այն աստիճան, որ սովորական քաղաքացին արդէն դժուարութիւն ունի իրապէս հաւատք ընծայելու մեր պետականութեան պաշարները վատնող ցեցերուն դէմ արձակուած պայքարի կոչերուն:

Տարբեր տեղ պէտք չէ փնտռել բացատրութիւնը տարուէ տարի շեշտուող այն վստահութեան կորուստին, որ վարակած է հայ քաղաքացիական հասարակութիւնը` նախագահական այս անյոյս համակարգին արմատական բարեփոխումը առաջադրող նոյնինքն ընդդիմադրութեան արժանահաւատութեան նկատմամբ:

Պատահական չէ հետեւաբար, որ Հայաստանի վերանկախացման 22-ամեայ երթին տաքն ու պաղը ղեկավար դիրքերէ ապրած եւ անձա՛մբ իր մորթին վրայ զգացած քաղաքական գործիչը` Վազգէն Մանուկեան վերջերս մտահոգութեամբ դիտել կու տար, թէ ընդդիմադրութիւնը այսօր յայտնուած է «անդամալոյծ» վիճակի մէջ:

Որքան ալ ինքնին կարեւոր ըլլայ ընդդիմադրութեան այսօրուան անդամալոյծ վիճակին քննարկումը, արտաքին ճակատի վրայ` շրջանային թէ միջազգային նորագոյն զարգացումներու լոյսին տակ, Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները այնքան ծանրակշիռ են, որ ներքաղաքական դաշտի առողջացման օրակարգը իր տեղը կը զիջի Հայաստանի անկախութեան պահպանման առաջնահերթ հրամայականին:

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ մեծապետական նկրտումները եւ հայրենամերձ գօտիի հայօճախներուն վրայ թրքական սպառնալիքին ահագնացումը կարծէք բաւարար չէին, հիմա ալ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման կանգնած են Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ Հայաստանի ռազմավարական գործակցութիւնը եւրասիական Մաքսային միութեան հունով յառաջ մղելու հարկադրանքին:

Հայ քաղաքական մտքի նորագիր մանուկն իսկ շատ լաւ սորված է պատմութեան դասերը եւ անշուշտ կը գիտակցի, որ եթէ Ռուսիա որոշած է իր ընտրած ուղիով հետը շարժել Հայաստանը եւ, ի դէպ, ոչ միայն Հայաստանը,  այդ պարագային ծանր հարցականի տակ կը դրուի Հայաստանի վերանկախացման օրէն մեր պետութեան ընտրած եւրոպական համարկման ռազմավարութիւնը:

Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազգային-պետական շահերուն չի ծառայեր մեկուսացումը եւրոպական համարկման համընդհանուր յառաջխաղացքէն:

Նոյնինքն Ռուսիան ի՛նք խորապէս շահագրգռուած է, որ իր գործընկերութեան յարաբերութիւնները եւ սերտ կապերը զարգանան ու ամրապնդուին ամբողջ Եւրոպայի հետ:

Հայաստանի եւ հայութեան սպառնացող վտանգը ակամայ խորասուզումն է ռուս մեծապետական քաղաքականութեան սոսկ հետեւորդի ու լծորդի կարգավիճակին մէջ:

Հայաստանի լիիրաւ անկախութիւնը էապէս կը կաշկանդուի, երբ մեր պետականութիւնը կը հարկադրուի ընտրելու Ռուսիոյ հետ ռազմավարական գործակցութիւնը բացառապէս Եւրասիական միութեան ստեղծման հունով յառաջ մղելու ուղին:

Հայաստանը մէկ թոքով շնչելու վտանգին կը դատապարտուի, եթէ եւրոպական համարկման ուղղութեամբ ինքնուրոյն շարժելու իր իրաւունքէն կամայ թէ ակամայ զիջի` յանուն Ռուսիոյ հետ այնքան կենսական ռազմավարական գործակցութեան:

Ինչպէս որ հայեւթուրք արձանագրութեանց առիթով հաստատուեցաւ, մեծապետական աշխարհը միագիծ տրամաբանութեամբ չ՛առաջնորդուիր: Մէկ ու միակ բեմագրութեամբ մը յառաջ ընթացող եւ տկարներուն իր կամքը պարտադրող մեծապետական քաղաքականութեան դարաշրջանը պատմութեան անցած է այլեւս:

Յօգուտ հայեւթուրք արձանագրութեանց ստորագրումին Հայաստանի վրայ մեծապետական աշխարհին բանեցուցած ճնշումները, փաստօրէն, իրենց ժամանակը ապրեցան եւ անցան-գացին` կորսնցնելով արձանագրութեանց վաւերացման ի խնդիր ճնշումը շարունակելու մեծապետական շահախնդրութիւնը:

Նոյն տրամաբանութեան հետեւողութեամբ, Ռուսիոյ առաջադրած Մաքսային պայմանագրին ստորագրումը չի բացառեր, աւելի ճիշդ` պէտք չէ բացառէ, որ Հայաստան շարունակէ իր քայլերը եւրոպական համարկման ուղղութեամբ` թէ՛ Ռուսիոյ հետ համադրուած ռազմավարութեամբ, թէ՛ Եւրոպայի աչքին իր արժանահաւատութիւնը ամրագրող ինքնուրոյն նախաձեռնութիւններով:

Հայաստանի լիաթոք շնչառութեան համար այնքան կենսական այդ պայմանը ի յառաջագունէ կը վտանգուի նոյնինքն Հայաստանի նախագահին մեղքով, երբ ազգին ու հայրենիքին բախտորոշ ընտրանքը միակողմանիօրէն կը տնօրինուի իշխանաւոր ուժին կողմէ:

Հայաստանի ժողովուրդը իր վճռորոշ խօսքը ունի, անպայմա՛ն պէտք է ունենայ այս աստիճան ծանրակշիռ որոշումներու կայացման մէջ:

Այլապէս, «ամենազօր իշխանութեան» պատրանքին եւ «անդամալոյծ ընդդիմադրութեան» յուսահատական իրողութեան միջեւ տարուբերող մեր ժողովուրդը պարզապէս կը դատապարտուի երկու կրակի մէջ իյնալու, շնչահեղձ դառնալու եւ իր վերականգնած անկախութիւնը մանր-մունր մսխելու անփառունակ վախճանին…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )