Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասել –Էմ.Թի.Էս.» ը
Աջակցած Է Նորարար Ուսումնական
Միջավայրի Ստեղծման

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ֆինանսաւորումով Արմաւիրի մարզի Սարդարապատ համայնքի դպրոցին մէջ բացումը կատարուած է ժամանակակից կրթական միջավայրի բոլոր պահանջներուն համապատասխանող դասարան` ստեղծագործարան: Նորարարական լուծումներով դասարանին ստեղծումը կարելի դարձուցած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի, «Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամ»-ի եւ Սարդարապատի դպրոցի համագործակցութեան շնորհիւ:

Այնտեղ տեղադրուած է ելեկտրոնային գրատախտակ (smart board), ինչպէս նաեւ` 6 նոր համակարգիչ: Ստեղծագործարանը 30 աշակերտի համար նախատեսուած լուսաւոր մեծ սենեակ է, ուր յատուկ շարժական կահոյքը աշակերտներուն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ կատարելու ինչպէս անհատական, այնպէս ալ զոյգերով կամ փոքր եւ մեծ խումբերով աշխատանք:  Այսպիսի միջավայրը կարելի կը դարձնէ բազմանպատակ գործունէութիւնը եւ տարբեր աշխատանքներու համադրումը, մասնաւորաբար` համակարգիչի օգտագործումով եւ արհեստագիտութեան կիրարկումով դասի կազմակերպումը, քննարկումը, դասախօսութիւնը, ընթերցանութիւնը եւ խաղը:

Յայտնենք, որ այս տարի «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեամբ, «Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամ»-ը շահագործման պիտի յանձնէ եւս մէկ ստեղծագործարան Արագածոտնի մարզի Արտենի համայնքին մէջ:

Կառավարութիւնը Եւ Բարեսիրական
Կազմակերպութիւնները Պիտի Հոգան
Սուրիահայ Ուսանողներու Կրթաթոշակը

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի հոգան սուրիահայ ուսանողներուն 2013-2014 տարեշրջանի ուսման թոշակները, իւրաքանչիւրը` մէկ երրորդը: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական իրադարձութիւններուն պատճառով Հայաստան եկած սուրիահայերուն աջակցութեան ծրագիրներու ծիրին մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը միացեալ յայտարարութիւն մը տարածած են այս մասին` նշելով. «Հայաստանի բարձրագոյն եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ սուրիահայ ուսանողներու 2013-2014 ուսումնական տարուան կրթաթոշակներու փոխհատուցման ծրագրին սկիզբը»:

Ծրագրին գործադրութեան համար կազմուած է միացեալ յանձնախումբ` սփիւռքի նախարարութեան, ՀԲԸՄ-ի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն»-ի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:

Յանձնախումբը արդէն սկսած է սուրիահայ ուսանողներուն դիմումնագրերու ուսումնասիրման աշխատանքներուն: Յանձնախումբը պիտի գործէ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի կեդրոնին մէջ:

Բացուեցաւ «Տիճիթեք Էքսփօ 2013»
Ցուցահանդէսը

Հոկտեմբեր 4-ին ուսողութեան վերաբերող մեքենաներու գիտական հետազօտական հիմնարկի «Երեւան Էքսփօ» կեդրոնին մէջ սկսած է «Տիճիթեք էքսփօ 2013» միջազգային արհեստագիտական սարքերու ցուցահանդէսը: Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըռնը:

Ցուցահանդէսին կը մասնակցին տեղական, քանատական, սինկափուրեան, ռուսական եւ ամերիկեան 120 կազմակերպութիւններ: Ցուցահանդէսը այս տարի կը ներկայանայ առաւել մեծ ծաւալով եւ նոր ձեւաչափով: Առաջին յարկին վրայ երկրաչափական բնագաւառը կը ներկայացնեն մօտաւորապէս 30 ընկերութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, երկրորդ յարկին վրայ կան ծրագրային եւ համացանցային լուծումները, հեռահաղորդակցութեան, կրթութեան ոլորտները, երրորդ յարկին վրայ տեղակայուած են նորաստեղծ ընկերութիւնները, աշխատանքի տօնավաճառ բաժինը, «Տիճիլայֆ» սեմինարներու սրահները, գործարար հանդիպումներու սրահը:

Ցուցահանդէսին կից տեղի պիտի ունենան նաեւ սեմինարներ, ներկայացումներ, արհեստագիտական աշխատանքի տօնավաճառ, «Արմ Ռոպոթիքզ»-ի ցուցահանդէս, խաղերու մրցում եւ այլն:

Երեւանի 230 Բակերու Մէջ Աւարտած Են
Նկարազարդման Աշխատանքները

Երեւանի մէջ տարեսկիզբին սկսած կամարանցումներու վերականգնման, վերանորոգման եւ իւրօրինակ ձեւով յարդարման, ինչպէս նաեւ բակային տարածքներու նկարազարդման ծիրին մէջ քաղաքի 230 բակերուն մէջ արդէն աւարտած են նկարազարդման աշխատանքները:

Քաղաքապետարանի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, նկատի առնելով բարենպաստ եղանակային պայմանները, հերթական աշխատանքային խորհրդակցութեան ժամանակ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան յանձնարարած է շարունակել բակերու նկարազարդման գործընթացը: Իւրօրինակ այս մօտեցման շնորհիւ բակերուն մէջ առկայ կառատուներու եւ յարակից այլ շինութիւններու պատերը կը դառնան գունառատ: 2012-ին նկարազարդման աշխատանքներ կատարուած են մօտաւորապէս 190 բակերու մէջ:

Երեւանի զարգացման 2013-ի ծրագիրներով այս տարի վերանորոգուած եւ նկարազարդուած են մօտաւորապէս 35 կամարանցումներ` այսպիսով իր աւարտին հասցնելով այս ծրագիրը: Երեւանի համաչափ զարգացման ծրագիրի ծիրին մէջ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններու բոլոր կամարանցումները եւս նկատի առնուած են: Երեւանի արտաքին տեսքի բարեկարգման ծրագիրով կատարուող աշխատանքներուն շնորհիւ` մայրաքաղաքի 179 կամարանցումներ բարեկարգուած են եւ նկարազարդուած հայկական բնաշխարհի պատկերներով, ճարտարապետական արժէք ներկայացնող յուշարձաններով, հայկական առասպելներու եւ յայտնի հեքիաթներու նշանաւոր հերոսներով:

Վահէ Շահինեանի Բարեսիրական
Ցուցահանդէսը Երեւանի Մէջ

Սուրիահայ լուսանկարիչ Վահէ Շահինեանի անհատական ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ նախապատերազմեան Սուրիան` իբրեւ ծաղկուն, բարեբեր երկիր, ուր ուրոյն տեղ ունէր մեծաթիւ հայ գաղութը: Յատկանշական է այն, որ լուսանկարներու վաճառքէն գոյացած հասոյթը հեղինակը ՀԲԸՄ-ի միջոցով պիտի տրամադրէ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն:

Սուրիոյ մէջ ընթացք առած պատերազմական վիճակը 57-ամեայ Վ. Շահինեանը ստիպած է ընտանիքին հետ հեռանալ իր ծննդավայր Դամասկոսէն: «Նկարել սկսած եմ 8 տարեկանէս: Կը սիրեմ նկարել: Երբ չափահաս դարձայ, ուզեցի արհեստս ընել ասիկա եւ այդպէս շարունակեցի», յայտնած է Վ. Շահինեան:

Անդրադառնալով իր աշխատանքները Երեւանի մէջ ցուցադրելու նպատակին` լուսանկարիչը ըսած է. «Նախ, հաւանաբար տասը հազարէ աւելի սուրիահայեր կան այստեղ` Հայաստանի մէջ. կ՛ուզէի իրենց յիշողութիւնները, յուշերը արթնցնել: Նոյնպէս կ՛ուզէի, որ հայաստանցին գիտնայ, թէ ի՛նչ է Սուրիան, Սուրիան պատերազմ չէ…»:

Խօսելով իր ծննդավայրին մասին` Վ. Շահինեան դիտել տուած է, որ անիկա միայն համերաշխութիւն, փոխըմբռնում եւ սէր տածած է տարբեր ազգերու եւ տարբեր դաւանանքի տէր համաքաղաքացիներուն նկատմամբ, իսկ այսօր ցաւալի է տեսնել, որ երկիրը այս վիճակին մէջ է:

Գուրգէն Մարգարեանի Յուշարձանի Բացում

29 սեպտեմբերին Լենինկրատեան 52 շէնքին յարող պուրակին մէջ բացումը կատարուեցաւ 2004-ի փետրուար 19-ին Պուտափեշտի մէջ ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ դաժանաբար կացինահարուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յուշարձանին:

Գրող, հրապարակախօս Գրիգոր Ջանիկեան, որ նաեւ «Գուրգէն Մարգարեան» հիմնադրամի անդամներէն է, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ուշացած չէ՞ յուշարձանին բացումը, յայտնած է, որ` «Նիւթականը եղած է ձգձգման պատճառը»: Ան աւելցուցած է, որ պետական աջակցութիւն գրեթէ չէ կատարուած:

Անոր համաձայն, յանձնախումբին անդամները եղած են ե՛ւ բանուոր, ե՛ւ շինարար, ե՛ւ ղեկավար, ե՛ւ ամէն ինչ, «մինչեւ որ կրցած են ազգային արժանապատուութեամբ հակադարձել ազրպէյճանական բիրտ ուժին»:

Ուշագրաւ էր, որ յուշարձանի բացման Հայաստանէն ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայ չմասնակցեցաւ:

Յուշարձանի բացման ներկայ էր Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը, ինչպէս նաեւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու դեսպանատուներու աշխատակիցներ, որոնք ծաղիկներ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ:

Քուէյթի Դեսպանը Կը Խոստանայ Աջակցիլ
«
Նոր Հալէպ» Ծրագրին

Քուէյթի կառավարութիւնը 100 հազար տոլար  փոխանցած է «Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող  կեդրոն»-ին` Հայաստան բնակող սուրիահայերուն համար իրականացուող դպրոցական եւ կրթական ծրագիրներուն աջակցելու նպատակով: Այս առնչութեամբ համաձայնագիր ստորագրուեցաւ 27 սեպտեմբերին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ: Նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց հայ-քուէյթական յարաբերութիւններու աշխուժ զարգացումը եւ երկու երկիրներուն միջեւ մնայուն համագործակցութիւնը:

«Մեր աշխատանքները աւելի սերտացան, երբ սկսաւ սուրիական ճգնաժամը: Սուրիահայութեան եւ հայ հասարակութեան յայտնի է, որ Քուէյթի կառավարութիւնը անցեալ տարուան դեկտեմբերին հարիւր հազար տոլար նուիրեց մեր հայրենակիցներուն` ցանկութիւն յայտնելով գումարը նուիրել անոնց սննդամթերքի ապահովման համար: Արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով Քուէյթը կը նուիրէ հարիւր հազար տոլար կամ 40 միլիոն 586 հազար դրամ` այս անգամ արդէն սուրիահայերու կրթական ծրագրերուն աջակցելու համար: Նախարարութիւնը պիտի հետեւի ծրագրի իրականացման», յայտնեց նախարար Հ. Յակոբեան:

Հայաստանի մէջ Քուէյթի դեսպան Պասսամ Մոհամետ Քապանտին, շնորհակալութիւն յայտնելով Հրանուշ Յակոբեանին` երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ ցուցաբերած մօտեցումին համար, շեշտեց, որ իրենք զիրենք հարազատ տան մէջ կը զգան: «Մենք ուրախ ենք, որ կրկին կրցանք օժանդակութիւն բերել, բնականաբար Քուէյթի էմիրը շատ պիտի ուրախանայ, երբ իմանայ, որ օգնութիւնը հասաւ Հայաստան եւ ծառայեց իր նպատակին: Արդէն երկրորդ օգնութիւնն է, որ Քուէյթը կը տրամադրէ սուրիահայերուն, եւ վերջինը պիտի չըլլայ: Կայ ապագայի ծրագիր` «Նոր Հալէպ» նախագիծին վերաբերող. վստահ եմ, որ Քուէյթը պիտի ըլլայ առաջին երկիրը, որ պիտի նպաստէ այս ծրագրի իրականացման», հաստատեց դեսպանը:

Աննա ԱստուածատուրեանԹըրքոթ
Կը Պարգեւատրուի Հայաստանի Հանրապետութեան
«
Մխիթար Գոշ» Մետալով

Հայաստանի անկախութեան հռչակման 22-ամեակին առիթով, 16 սեպտեմբեր 2013 թուակիր հրամանագրով, նախագահ Սերժ Սարգսեան «Մխիթար Գոշ» մետալով պարգեւատրած է Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթը` հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ իր ներդրած աւանդին համար: «Մխիթար Գոշ» մետալը կը շնորհուի ակնառու պետական եւ հասարակական-քաղաքական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ դիւանագիտութեան, իրաւագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան ասպարէզներու մէջ նշանակալի ծառայութիւններու համար: 1988-ին, Աննա Պաքուի մէջ ապրող տասնամեայ աղջնակ մը եղած է, որուն կեանքը գլխիվայր դարձած է, երբ ազրպէյճանցիք ձեռնարկած են հայերու բռնի տեղահանութեան: Աննային ընտանիքը պարտադրուած է փախուստ տալու եւ ապաստանիլ Հայաստան, որ այդ ժամանակ կքած էր երկիրը հարուածած աղէտալի երկրաշարժին եւ շրջափակման պատճառներով եւ ի վիճակի չէր ընդունելու ազրպէյճանական ջարդերու պատճառով տեղահանուած հարիւր հազարաւոր հայերը: Հայաստան հասնելէ ետք, ջեռուցումէ զուրկ նկուղի մը մէջ հաստատուած եւ շրջափակուած երկրի մը պարտադրուած դժուարագոյն պայմաններուն մէջ ապրելէ ետք, 1992-ին Աստուածատուրեանները կը հաստատուին Միացեալ Նահանգներ:

Այս ամբողջ ընթացքին պատանի Աննային պահած օրագրութիւնը 2012 յունիսին լոյս տեսաւ անգլերէնով, «Nowhere, a Story of Exile» խորագրուած հատորով մը: 2013-ին Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթը կարեւոր դեր ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու Մէյն նահանգին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտօնական ճանաչման գործընթացին մէջ: Աննա Աստուածատուրեան- Թըրքոթի հեղինակած «Nowhere, a Story of Silence» գիրքին տպագիր կամ ելեկտրոնային տարբերակը կարելի է տեսնել` [email protected] կամ Amazon.com կայքէջերուն մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )