2014-ի Մոնտիալ. Քոմփանի Բացակայ` Պելճիքայի Կատարելիք Վերջին Երկու Մրցումներէն

Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետ Վենսան Քոմփանի, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 2014-ի Մոնտիալի զտումի վերջին երկու մրցումներուն:

Ա. խմբակին մաս կազմող Պելճիքա յաջորդաբար պիտի մրցի Խրուաթիոյ եւ Ուէյլզի դէմ:

Պելճիքայի մարզիչ Մարք Վիլմոթց իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ 18 տարեկան միջնապահ Ատնան Ժանուզաժ պիտի ըլլայ Քոմփանին փոխարինողը:

Նախորդ շաբաթավերջին, իր կազմին` Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ («Փրեմիեր լիկ») իր կատարած առաջին մրցումին, Ատնան նշանակեց 2 կոլ:

Պելճիքա, որ այժմ 22 կէտով կը գրաւէ Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը, նոյնիսկ եթէ Զաղրեպի մէջ, հաւասարութիւն մը արձանագրէ Խրուաթիոյ դէմ, պիտի ապահովէ Պրազիլի իր տոմսը, որովհետեւ այժմ հինգ կէտի առաւելութիւն մը ունի նոյնինքն Խրուաթիոյ վրայ: 3-րդ դիրքը 11 կէտով կը գրաւէ Սերպիա:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )