Մտորումներ Սուրբ Ղազար Այցելութեան Մը Առիթով
ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
Մխիթարեան միաբանութիւնը, իր հոգեւոր առաքելութեան առընթեր, կարեւոր դեր ունեցած է սփիւռքահայ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան գծով ու մեծ նպաստ բերած հայ մշակոյթի զարգացման, մանաւանդ` պատմագիտական ու լեզուաբանական բնագաւառին մէջ:
Սուրբ Ղազարի մասին առաջին անգամ լսած եմ նախակրթարանի տարիներուն, հայոց լեզուի ուսուցիչէս, որ Սուրբ Ղազարէն շրջանաւարտ, խանդավառ ու հայրենասէր, մուսալեռցի երիտասարդ մըն էր:
Այդ տարիներուն մեր հայերէն գրականութեան դասագիրքը եղած է Մխիթարեաններու հրատարակութիւն, «Գրական ցոլքեր»-ու շարքը, իսկ հայոց պատմութեանը` հայր Վահան Յովհաննէսեանի պատրաստած մէկ դասագիրքը:
Ուսուցիչի շունչին տակ, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան պահերը գիտութիւն ամբարելէ աւելի, մեզի համար եղած են գրական ճաշակ ու ազգային ոգի փոխանցող ժամեր: Գրականութեան պահուն, երբ Համաստեղի «Գիւղը» կը վերլուծէինք, ուսուցիչի բացատրութիւններուն հետ մեր պատանիի երեւակայութիւնը կ՛երթար թեւածելու հայրենի դաշտերն ու լեռները ու մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք կը նկատէր ապագայ գրագէտ` փորձելով իր պատրաստած շարադրութիւններուն մէջ գեղեցկօրէն նկարագրել բնութիւնը, ծաղիկները, անասուն մը կամ գիւղական գլգլացող առուակ մը:
Իսկ պատմութեան դասապահերուն, ուսուցիչին կողմէ պարբերաբար Ռուբէնի յուշերէն հայ ազատագրական պայքարի յեղափոխաշունչ դրուագներու ընթերցումը մեզ կը փոխադրէր Սասունի լեռները, ու մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք կը պատկերացնէր Հայ դատի ապագայ զինուոր:
Յայտնապէս Մխիթարեան հայրերու շունչին տակ հասակ առած երիտասարդ ուսուցիչը, գիտակից` սփիւռքահայ նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու իր առաքելութեան, յաջողած էր հայկականութեամբ տոգորել հայ աշակերտներուն մատղաշ հոգիները:
Հայերէնի այս ուսուցիչին տիպարը ու անոր Մխիթարեան դպրեվանքին մէջ ուսանող եղած տարիներուն առնչուող դրուագները մէջս ստեղծած էին անպայման Սուրբ Ղազար այցելելու մարմաջը ու շնչելու անոր մշակութաբոյր մթնոլորտը:
Այս ամառ այդ հին երազս էր, որ իրականացաւ` ընտանեօք դէպի Իտալիա կատարած շրջապտոյտիս ընթացքին այցելելով նաեւ Սուրբ Ղազար:
Սուրբ Մարկոսի հրապարակի քարափէն երբ շոգեմակոյկ բարձրացանք, անհամբեր էի հայերու հանդիպիլ: Նախորդող օրերուն, Հռոմի մէջ, նաեւ` Ֆլորանս, մեծ թիւով թուրք զբօսաշրջիկներու ներկայութիւնը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս եւ թանգարաններուն մէջ, մեծ զարմանք պատճառած էր ինծի: Թուրքիա, Եւրոմիութիւն մուտք գործելու իր քաղաքականութեան ծիրէն ներս, շատ հաւանաբար իր քաղաքացիները կը քաջալերէ եւրոպական երկիրներ այցելել, մտածեր էի, ու, հաւանաբար, ներքին լուռ ընդվզումս մեղմելու համար շոգեմակոյկի ճամբորդներուն մէջ հայեր կը փնտռէի: Սակայն ճամբորդները, իրենց արտաքին երեւոյթէն դատելով, կը թուէին օտար զբօսաշրջիկներ ու իտալացիներ ըլլալ: Շուրջս ամէն ոք լուռ էր, ոչ մէկ հայերէն բացագանչութիւն կամ բարձրաձայն խօսակցութիւն կը լսէի, լուռ էինք մենք ալ:
Վերջապէս կողքիս նստած մարդը, արեւելահայերէնով խօսքը ուղղելով իր կնոջ, ձեռքի չիփսի տուփը երկարեց եւ հրամցուց, որ ուտէ:
Մոսկուաբնակ հայ մըն էր: 1977-ին գացած էր Մոսկուա ուսանելու եւ` հոն բնակութիւն հաստատած: Հայաստանի անկախացումէն ետք Երեւան վերադարձած էր Հայաստան հաստատուելու նպատակով, սակայն տարի մը ետք անգործութեան պատճառով վերջնականապէս վերադարձած էր Մոսկուա:
Երբ Սուրբ Ղազարին մօտեցանք, քարափին խարսխուած տեսայ Զօրի Բալայեանի «Արմէնիա» առագաստանաւը, բարձր կայմին վրայ հպարտօրէն ծածանող եռագոյն դրօշակով: Ուրախացայ, Բալայեանը ճիշդ ըրած էր «Արմէնիա»-ն Սուրբ Ղազար խարսխելով, ի վերջոյ սուրբ Ղազարն ալ հայկական հող կարելի է նկատել, մտածեցի:
Երբ վանք մտանք, հիւրընկալող իտալացի մանկամարդ օրիորդը, մեկնելով վանքին մասին տրուելիք բացատրութիւնները հայերէնով թէ անգլերէնով ունկնդրելու այցելուներու նախընտրութենէն, մեզ բաժնեց երկու խումբերու: Զարմանքս մեծ եղաւ, երբ տեսայ, որ հայերէնով բացատրութիւն լսել ուզողներուն թիւը քսանը կ՛անցնի: Ներկաներէն ոմանք, որ օտարականներ կը թուէին ըլլալ, սխալած չէին արդեօք այս խումբին միանալով:
Այդ պահուն հոն գտնուող նորընծայ վարդապետին յայտնեցի աբբահօր հանդիպելու փափաքս` Սուրբ Ղազարի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու եւ լսելու միաբանութեան հայ կեանքին մէջ ունեցած այժմու գործունէութեան մասին: Վարդապետը ուզեց գիտնալ, թէ աբբահօր ծանօ՞թ էի, թէ՞ ոչ: Պատասխանեցի, թէ անձնապէս ծանօթ չէի, սակայն բարեկամներէ իմացած էի իր մասին:
Քիչ ետք խումբին մօտեցաւ միջին տարիքի անպաճոյճ մարդ մը եւ արեւելահայերէնով ինքզինք ներկայացուց` իբրեւ խումբին առաջնորդը: Զարմացայ, կ՛ակնկալէի, որ միաբան վարդապետ մը ըլլար առաջնորդը, որ կարենար այցելուներուն փոխանցել նաեւ Սուրբ Ղազարի վանական մթնոլորտն ու ստեղծագործական անցեալը: Եւ ինչո՞ւ արեւելահայերէն, երբ Սուրբ Ղազարը կը նկատուի արեւմտահայերէնի ամրոցներէն մին: Սակայն ինքզինքս համոզեցի` մտածելով, որ խեղճ մարդը հաւանաբար անկախացումի դժուար տարիներուն Հայաստանէն արտագաղթած ու հոս հայկական միջավայրի մէջ գործ մը գտած` ապրուստը կը հոգայ:
Առաջին հերթին այցելեցինք վանքին սեղանատունը, որ ըստ տրուած բացատրութիւններուն, պահուած է այնպէս, ինչպէս որ եղած է Մխիթար աբբահօր օրերուն: Ընկուզենիի կոշտ փայտէ պատրաստուած ծանր, երկար սեղաններ, ցած ու առանց յենարանի նստարաններ, բոլորը ընկոյզի գոյն, ջնարակով փայլեցուած` կը կազմէին սեղանատան համեստ կահոյքը: Ձախ կողմի պատին մէջտեղը, գետնէն քիչ մը բարձր, ճաշի ժամերուն միաբաններուն համար ընթերցումներ կատարող վարդապետի մը յատուկ, շինուած է պատշգամի նման տախտակաշէն օթեակ մը` բազրիկները գեղեցիկ զարդանախշերով օժտուած:
Սեղանատունէն անցանք աղօտ կերպով լուսաւորուած եւ յատկապէս զովացուած փոքր սենեակ մը, ուր սեղանի մը վրայ ապակեայ սնտուկի մը մէջ պահուած է եգիպտական մոմիա մը: Անկիւն մը գրակալի նման ապակեայ ցուցատախտակի մը տակ ցուցադրուած է հնդկական պապիրոսի վրայ եթովպերէնով գրուած ձեռագիր հրովարտակ մը եւ այլ հնադարեան առարկաներ: Երբ առաջնորդը հրովարտակին մասին բացատրութիւններ կու տար, նկատեցի, որ քովս կանգնած բարձրահասակ, ճաշակաւոր կերպով հագուած պարոնը, որ մինչ այդ օտարական կը կարծէի իր լուռ ու քաղաքավար պահուածքին համար, տրուած բացատրութիւնները ցած ձայնով կը թարգմանէ իր գերմանացի կնոջ: Տարիներ առաջ Երեւանէն Ֆրանքֆորթ հաստատուած հայ մըն էր:
Յաջորդ հանգրուանը եղաւ վանքին ձեռագրատունը, որ կլոր սրահ մըն է, եւ ուր յատուկ ցուցափեղկերու մէջ ցուցադրուած են մագաղաթի վրայ պատրաստուած հայերէն ամենափոքր ձեռագիր աւետարանը, Յակոբ Մեղապարտի կողմէ Վենետիկ հրատարակուած «Ուրբաթագիրք»-էն օրինակ մը, մագաղաթներու վրայ գրուած հայ թագաւորներու հրովարտակներ ու մեծ թիւով արժէքաւոր ձեռագրեր:
Երբ առաջնորդը կը ներկայացնէր ցուցադրուած ձեռագրերը, անդրադարձայ, որ Սուրբ Փեթերսպուրկէն եկած պարոնը իր պատանի տղուն ռուսերէնով կը բացատրէ տրուած տեղեկութիւնները: Մայրը ռուս ըլլալով` յայտնապէս տղան հայերէն չէր հասկնար:
Ձեռագրատունէն անցանք թանգարան, ուր երկաթէ շրջանակներով ապակեայ ցուցափեղկերու մէջ ցուցադրուած են եկեղեցական սպասներ, Քիւթահեայէն բերուած յախճապակիէ գունաւոր անօթներ, Կիլիկիոյ Լեւոն թագաւորին սուրը, Վանայ լիճի Լիմ կղզիին եկեղեցւոյ խորանին վարագոյրը, Կոմիտաս վարդապետի մահուան դիմակը, որ ինչ-ինչ պայմաններու մէջ Մխիթարեան հայրեր կրցած են Փարիզէն Սուրբ Ղազար բերել եւ թանգարանային այլ բազմաթիւ իրեր: Թանգարանին մէջ պահուած են նաեւ Յովհաննէս Այվազովսկիի տասնեակ մը ծովանկարներու կտաւները: Երբ առաջնորդը կը բացատրէր, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ Կոմիտասի մահուան դիմակը Սուրբ Ղազար բերուած է, քովս կանգնած հմայիչ ու վառվռուն կինը ամուսինին դառնալով` «հօ˜ կեանք» սիրազեղ արտայայտութիւնը ունեցաւ, ապա ինծի անծանօթ լեզուով մը խօսքը շարունակեց: Երբ տիկնոջ հարց տուի, թէ ամուսինը հայերէն չէ՞ր հասկնար արդեօք, բացատրեց, որ իննսունականներուն սկիզբը Երեւանէն գաղթած էր Նորվեկիա, ուր ընկերութեան մը մէջ զբաղած էր ձեւագիտութեամբ, ծանօթացած էր ամուսնոյն եւ ունեցած էին հինգ մանչ զաւակներ` Արամ, Արմէն, Հայկ, Սեւակ եւ Ռուբէն:
Մեր այցելութեան վերջին հանգրուանը սուրբ Ղազարի եկեղեցին էր, որ ըստ տրուած բացատրութիւններուն, Մխիթար աբբահայրը կառուցած է հոն գտնուող հռոմէական կաթոլիկ կիսափուլ մատուռի մը վայրին վրայ:
Եկեղեցին խորհրդաւոր է: Խորանին ետեւի ուղղահայեաց երկար պատուհաններէն, որոնք ծածկուած են գունաւոր ապակիներով, լոյսը ներս կը թափանցէ խորանի եւ դասի պատերուն վրայ ծիածանի ցոլքեր կազմելով: Խորանի աջ պատին կախուած հսկայ սրբանկարը, որ կը ներկայացնէ Տրդատ թագաւորի մկրտութեան տեսարանը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռամբ, կը թուի ներշնչած ըլլալ Անթիլիասի մայրավանքի տաճարին մէջ գտնուող նոյնանման նկարին հեղինակը: Եկեղեցւոյ ատեանին երկու կողմերը եզերող, կոնաձեւ կապոյտ կամարները կը կրեն Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի, Վարդան Մամիկոնեանի, Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի եւ այլ սուրբերու քանդակուած նկարները:
Եկեղեցւոյ խնկաբոյր մթնոլորտը կը ստիպէ, որ այցելուներէն ոմանք մոմ վառեն, ուրիշներ ծնրադիր աղօթեն: Արդեօք ի՞նչ լեզուով կ՛աղօթէ ռուսախօս հայ պատանին, որ երկիւղած կեցած է խորանին դիմաց` երկու ափերը իրարու միացուցած: Ի՞նչ լեզուով կ՛աղօթեն Նորվեկիա ծնած Արամը, Արմէնը եւ անոնց եղբայրները: Կը մտաբերեմ, որ Արամ Ա. վեհափառը 2004 տարին «Հայ ընտանիքի տարի» հռչակած էր` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդի գոյատեւման հիմնական գրաւականը հայ ընտանիքն է, որ ամուր հիմերու վրայ պէտք է կառուցել:
Ուրախալի երեւոյթ է ու քաջալերելի հայ-ռուս, հայ-գերմանացի, նորվեկիացի-հայ ընտանիքներու եւ անոնց նմաններու Սուրբ Ղազար այցը եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ անոնց ունեցած հետաքրքրութիւնը, սակայն արդեօք նման ընտանիքները հայ ազգի գոյատեւման երաշխիք կրնա՞ն հանդիսանալ:
Վանքի ներքնաբակէն դուրս գալու ատեն, յուշանուէրներու վաճառման սրահին մէջ պահ մը տնտնացի` ակնկալելով, որ երիտասարդ վարդապետը, որմէ մուտքի պահուն խնդրած էի աբբահօր հանդիպիլ, կը մօտենայ եւ զիս կ՛առաջնորդէ անոր մօտ: Այդպէս չպատահեցաւ: Մտածեցի, որ աբբահօր հանդիպելու համար պէտք էր հանգամանք մը ունենալ: Սակայն ես Սուրբ Ղազար կ՛այցելէի իբրեւ հայ եկեղեցւոյ զաւակ, ու Հայ եկեղեցին հայ ժողովուրդն է, որուն պէտք է բացուի ամէն հոգեւորական, ինչ ալ ըլլայ անոր եկեղեցական կարգը կամ զբաղեցուցած պաշտօնը:
Մեկնելէն առաջ յուշանուէրներու սրահէն գնեցի «Սուրբ Ղազարի գանձերը» անուն լաթակազմ, գեղեցիկ ալպոմը ու մինչեւ շոգեմակոյկին ժամանումը, վանքին պարտէզը Մխիթար աբբահօր արձանին տակ նստած, սկսայ արագօրէն թերթատել զայն` ակնկալելով, որ անպայման տեղ մը կը հանդիպիմ «Սուրբ Ղազարի հոգեւոր գանձեր»-ուն ու այդ գանձարանը կերտած երախտաւորներու մասին լայն տեղեկութիւններու:
Հայաստանէն արտագաղթած մեր առաջնորդը թութակի նման պատմեց եգիպտական մոմիային ու Լորտ Պայրընի Սուրբ Ղազար այցելութեան մանրամասնութիւններուն մասին եւ ուրիշ շատ բաներ, սակայն ոչինչ ըսաւ աշխարհագրագէտ ու աշխարհաբար բանաստեղծութեան հայրը նկատուող հայր Ղեւոնդ Ալիշանի մասին: Արդեօք այժմ ո՞ւր կը գտնուի այն գրիչը, որով վարդապետը գրած է հայրենաշունչ «Բամբ Որոտան» բանաստեղծութիւնը, որ Արմենակ Շահմուրատեան իր անզուգական ձայնով ու մեկնաբանութեամբ անմահացուցած է: Սուրբ Ղազարը միայն Յակոբ Մեղապարտի տպագրած «Ուրբաթագիրք»-ը եւ մեր հարիւրաւոր ձեռագրերու առարկայական ներկայութիւնը չէ: Սուրբ Ղազարը նաեւ ու մանաւանդ պատմագէտ եւ լեզուաբան հայր Ռաֆայէլ Չամչեանն է: Հայր Մկրտիչ Աւգէրեանն ու անոր պատրաստած կոթողական «Հայկազեան բառարան»-ն է: Գրաբարագէտ հայր Արսէն Բագրատունին է: Սուրբ Ղազարի պաշտօնաթերթ «Բազմավէպ»-ի անհամար հատորներուն բովանդակութիւնն է: Ու տակաւին, Սուրբ Ղազարը Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան է: Արփիար Արփիարեանն ու անոր «Կարմիր ժամուց»-ն է: Դանիէլ Վարուժանն ու անոր «Հացին երգ»-ն է: Սուրբ Ղազարը երեք հարիւր տարուան գրական, գիտական, լեզուաբանական, բանասիրական, իմաստասիրական, մանկավարժական եւ կրօնագիտական նպաստ է հայ մշակոյթի անդաստանին ու հայ մտքի զարգացման:
Յանկարծ շոգեմակոյկին փողը հնչեց` տալով վերադարձի ազդանշանը ու կտրեց մտածումներուս շղթան:
Այդ պահուն մոսկուաբնակ պարոնը մօտեցաւ` բաժանումէն առաջ մեզ նկարելու: Կ՛ուզէր սփիւռքահայ ընտանիքի մը նկարը իբրեւ յիշատակ հետը տանիլ:
Քիչ ետք Սուրբ Ղազար կղզին ամբողջութեամբ կորսուեցաւ յետմիջօրէի արեւու ճառագայթներուն հետ, Վենետիկի ծովակէն բարձրացող թանձր գոլորշիին ետին: Շոգեմակոյկը կը սուրար դէպի Սուրբ Մարկոսի հրապարակ, ու ես մտքիս մէջ կը փորձէի բանաձեւել, թէ Լիբանան վերադարձիս Սուրբ Ղազարէն ի՛նչ տպաւորութիւններ կրնայի փոխանցել հայերէնի ուսուցիչիս:
Յուլիս 2013

