ԽԱՉԱՂԵՂ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ. ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԵՌԱՏԱՐԱԾ ԱԿՆՈՑՆԵՐԸ ՕԳՆԵՑԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼՈՒ ՀԻԹԼԵՐԸ
Նոր հրապարակուած լուսանկարներ ցոյց կու տան, թէ Բ. Համաշխարհային պատերազմի մասնագէտներու խումբ մը ինչպէ՛ս կրցաւ խանգարել Բրիտանիան ռմբակոծելու նացիներու ծրագիրը` եռատարած ակնոցներու (արդի շարժապատկերի սրահներու մէջ գործածուող) օգնութեամբ:
Հիթլերի մահացու Վի-1 եւ Վի-2 հրթիռները նախնական, բայց արդիւնաւէտ զէնքեր էին հաւաքական ոչնչացման, քանդումի: Առանձին թռչող ռումբեր, որոնք սարսափի մատնեցին, ահաբեկեցին հարաւային Անգլիան:
Բայց ատոնց ազդեցութիւնը կրնար շատ աւելի աղէտալի ըլլալ` պատճառելով յաւելեալ հազարաւոր զոհեր, երկարաձգելով պատերազմը եւ վտանգելով ցամաքահանումները (Տի Տէյ), եթէ չըլլար այն իրողութիւնը, որ բրիտանական հետախուզութիւնը, երկուքի փոխարէն , եռատարած միջոցներով գործած է:
Բրիտանիոյ Արքայական օդուժի առաւել նշանակալից յաջողութիւններէն մէկը նուաճուեցաւ «Խաչաղեղ գործողութիւն»ով, երբ հետքը գտաւ, ինքնութիւնը հաստատեց եւ քանդեց բազմաթիւ Վի զէնքեր, որոնք կրնային երկարաձգել պատերազմը:
Այդ իրագործումը նուաճուեցաւ մանրակրկիտ լուսանկարելով բռնագրաւուած Եւրոպայի ամբողջ տեսարանը, այնպիսի ձեւով մը, որ սպաներուն առիթ ընձեռեց ուսումնասիրելու իւրաքանչիւր շրջապատ:
Պի. Պի. Սի.ի պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնին մէջ այդ նկարները այժմ կեանքի կը կոչուին` օգտագործելով համակարգչային գծանկարչութիւն` շնորհիւ Սկովտիոյ Հնադարեան եւ պատմական յուշարձաններու արքայական յանձնախումբի ուսումնասիրութեան:
Պատերազմի ժամանակ այդ նկարները բծախնդրօրէն ուսումնասիրուեցան լուսանկարչական վերլուծաբաններու խմբակի մը կողմէ, արքայական օդուժի Պաքինկ-Համշայրի Մետմենհամ խարիսխին մէջ:
Անոնց գաղտնի զէնքը տարածացոյցն էր (սթերիոսքոփ), վիքթորեան ժամանակաշրջանի պարզ գիւտ մը, որ թշնամիին դաշտանկարը եռատարածութեան մէջ բերաւ:
Աշխատելով նորօրեայ եռատարած ակնոցներու սկզբունքով` խմբակը յաջողեցաւ չափել բարձրութիւնը, մասնաւորաբար` անյայտ նոր կառոյցներու, ինչպէս` հրթիռներու եւ ատոնց արձակման խարիսխներու:
Այս արհեստագիտական հմտութիւնը վճռորոշ եղաւ եւ հազարաւորներ փրկեց Վի հրթիռներու մարտկոցներու կրակէն:
Սփիթֆայրը հանրածանօթ է Բրիտանիոյ պատերազմին մէջ ունեցած իր դերակատարութեան համար, բայց քիչ նշուած է անոր ներդրումը` հակամարտութեան այս կարեւոր փուլին մէջ:
Լուսանկարչական երկրադիտութեան միաւորի (կազմուած` 1940-ին) օդաչուները իրենց կեանքերը վտանգեցին Եւրոպայի վերեւ անզէն թռիչքներ կատարելով: Անոնք յաջողեցան ձեռք ձգել տասնեակ միլիոնաւոր նկարներ, որոնցմէ պատրաստուեցան 36 միլիոն պատճէներ:
Որպէսզի եռատարածութեան ազդեցութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ, նկարահանումները պէտք է կատարուէին ուշադիր ծրագրուած հերթականութեամբ` շուրջ 60 առ հարիւրով ծածկելով զիրար, որպէսզի ամէն ինչ ցայտուն դառնայ, երբ դիտուի տարածացոյցով:
Ասիկա աւելի հմուտ, կորովի աշխատանք կը պահանջէր օդաչուներէն, որոնք նաեւ ստիպուած էին խուսափիլ թշնամիի կրակոցէն: Թռիչք կատարելով 30 հազար ոտք (10 հազար մեթր) բարձրութեան վրայ` անոնք անզէն էին իւրաքանչիւր Սփիթֆայր-ի վրայ ամրացուած լուսանկարչական 5 սարքերու ծանրութեան պատճառով:
Բայց ասիկա դերակատարութիւն մըն էր, որուն համար 88-ամեայ Ճիմի Թելըր, երկրադիտութիւն կատարած նախկին օդաչու եւ օդանաւային ջոկատի, դասակի միակ ապրող անդամը չափազանց հպարտ է:
«Արքայական օդուժին լաւագոյն աշխատանքն էր ասիկա: Մենք վարեցինք ամէնէն գեղեցիկ օդանաւերը, ամէնէն արագը` այդ օրերուն,- ըսաւ ան եւ աւելցուց:- Մենք զէնք եւ փամփուշտ չունէինք, ուստի ես ոչ ոք սպաննած եմ: Ֆիզիքապէս ոչինչ մնացած է օդային կռիւներէն, ոչինչ մնացած է ռմբակոծումէն: Բայց լուսանկարները տակաւին մեզի հետ են եւ տակաւին` օգտակար»:
Անվիճելիօրէն դասակի թագադրութեան, գերագոյն պահը եկած է «Խաչաղեղ գործողութիւն»ով:
Ատիկա սկսաւ 1942-ին, երբ Սփիթֆայր մը, որ կը շրջագայէր հիւսիս-արեւելեան Գերմանիոյ Փինըրմունտ շրջանին վերեւ, նշմարեց օդակայան մը` կրաձոյլ երեք շրջանակներով:
Սկիզբը խմբակը ուսումնասիրելով նկարները` ոչինչ մտածեց ատոնց մասին:
Փաստօրէն Փինըրմունտ հետազօտական հսկայ կեդրոն մըն էր, որ կը զարգացնէ Վի հրթիռները, որոնց շնորհիւ, ըստ նացիներուն, իրենք պիտի շահէին պատերազմը:
Այս ծրագիրը խանգարուեցաւ, երբ 1943-ին բրիտանական հետախուզութիւնը յաջողեցաւ գաղտնի լսել զէնքին մասին զրոյց մը` ձերբակալուած երկու զօրավարներու միջեւ:
Բրիտանական լրտես օդանաւեր պրպտեցին Եւրոպան եւ մասնագէտներու խմբակին հրահանգուեցաւ տուեալներ գտնել:
Օգտագործելով եռատարածութիւնը` խմբակին անդամներէն մէկը յաջողեցաւ նշմարել, ճանչնալ ուղղահայեաց խողովակ մը` Փինըրմունտի շրջանակներէն մէկուն մէջ: Ատոր շուքէն խմբակը եզրակացուց, որ ատիկա հրթիռ մըն է` շուրջ 14 մեթր բարձրութեամբ:
Ճէօֆրի Սթոն, այժմ 92-ամեայ, որ Մետմենհամի մէջ մասնագէտներու խմբակին անդամ էր, կ՛ըսէ, որ երեք տարածութիւններու, ուղղութիւններու վրայ պատկերը կարենալ դիտելը ճակատագրական էր:
«Ուշադիր ըլլալու եւ կեդրոնանալու կարողութիւնը պէտք էր ունենայիր. շատ բաներ կային, զորս պէտք էր եզրակացնելու փոքր մանրամասնութիւններէ,- կը յիշէ ան եւ կ՛աւելցնէ:- Մենք կ՛աշխատէինք մինչեւ ուշ գիշեր, բայց չէինք բողոքեր: Այլ ձեւ չկար ըսելու համար, թէ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ ի՛նչ կը պատահի»:
Աւելի՛ն. մտահոգութիւն, տագնապ պատճառող նկարները բացայայտեցին Ֆրանսայի մէջ ածուխի ամբարներ, պատնէշներ: Բրիտանացիներուն «Ծանր կայքեր» անունով ծանօթ այդ պատնէշները Լոնտոնի հասողութեան սահմաններուն մէջն էին:
Հետախուզական օդանաւեր գործի լծուեցան հետազօտելու համար: Քանի մը խիզախ օդաչուներ իջան մինչեւ 30 մեթր` կարելի ամէնէն յստակ պատկերները ունենալու համար: Մետմենհամի մէջ մասնագէտները ճշգրտօրէն յայտնաբերեցին, որ ատոնք հրթիռարձակումի հարթակներ էին:
17 եւ 18 օգոստոս 1943-ին 500 հալածիչներ եւ ռմբաձիգներ առաքուեցան քանդելու համար Փինըմունտն ու «Ծանր կայքերը»: Օդաչուները շատ քիչ կասկած ունէին առաքելութեան կարեւորութեան մասին, եւ իրենց ըսուած էր, որ եթէ կայքերը ոչնչացուած չըլլային, իրենք ետ պէտք էր երթային:
Այս յարձակումները խանգարեցին Վի-2 ծրագիրը եւ սպաննեցին նացի աւագ գիտնականներ:
Վի զէնքերու արտադրութիւնը տեղափոխուեցաւ Լեհաստան եւ Գերմանիա (սփիթֆայրերու հասողութեան ծիրէն դուրս): Գերմանիոյ կեդրոնական շրջանի Թուրնիճիայի մէկ լեռալանջը վերածուեցաւ գործարանի` 60 հազար ստրուկ աշխատաւորներով:
Այս կայքը անթափանցելի ըլլալով` բրիտանական ռմբաձիգներուն համար, միակ լուծումը կը մնար յայտնաբերել եւ քանդել հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ հրթիռներու արձակման կայքեր: Ֆրանսական դիմադրութիւնը փոխանցեց մանրամասնութիւններ հաւանական կայքերու վերաբերեալ, որպէսզի Արքայական օդուժը լուսանկարէ:
Նկարներու վերլուծման մասնագէտներու խմբակը մանրակրկիտ ուսումնասիրեց պատկերները` փաստեր յայտնաբերելու համար քողարկուած, թաքուն խարիսխներու մասին: Անշուշտ անմիջապէս նշմարուեցան նոր շինութիւններով լեցուն անտառներ: Ընդհանուր առմամբ օդուժը յայտնաբերեց 96 «Դահոյկ կայքեր» (այսպէս կոչուած էին, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունէր երկար շինութիւն մը, որ դահոյկի կը նմանէր:
1943 թուականի վերջաւորութեան նկարները պարզեցին, որ նացիները պատրաստ են ռմբակոծելու հարաւային Անգլիան: Ցամաքահանումի (ՏիՏէյ) ծրագիրը մշակումի ընթացքի մէջ ըլլալով` ժամանակը աւելի վատ չէր կրնար ըլլալ:
«Խաչաղեղ գործողութիւնը» շղթայազերծուեցաւ 1943 թուականի վերջաւորութեան եւ «Դահոյկի կայքեր»ու ռմբակոծումը սկսաւ Ս. Ծննդեան տօնէն երկու օր առաջ:
Ռմբակոծումը արդիւնաւէտ էր, բայց ատիկա բաւարար չէր ամբողջովին կասեցնելու հրթիռային ծրագիրը:
Վի-1-ը, որ ծանօթ է «Տուտըլպակ» անունով, Լոնտոնի մէջ էջք կատարեց 1944 թուականի ամրան` ահ ու սարսափի մատնելով մայրաքաղաքը: Գերմանացիները կ՛օգտագործէին նուազ տեսանելի արձակման խարիսխներ եւ հրթիռները դուրս կը հանէին վերջին պահուն: Բայց այս խարիսխները յայտնաբերեց մասնագէտներու խմբակը` նշմարելով արատներ, բիծեր, որոնք գոյացած էին հրթիռները արձակող սարքերու, շարժիչներու հողին վրայ իյնալու արդիւնքով: Այս խարիսխները թիրախ դարձան եւ, հրթիռարձակումը սահմանափակուեցաւ:
Վերջին Վի-1-ը ինկաւ 7 սեպտեմբեր 1944-ին: Թէեւ յաջորդ օրը առաջին Վի-2 ջախջախուեցաւ Չիշուիքի մէջ, արեւմտեան Լոնտոն: Ատոր դէմ պաշտպանութիւն չկար, որովհետեւ ատիկա անձայն էր, առանց զգուշացումի:
Քանի որ Վի-2-ները շարժական էին, օդաչուները ռմբակոծեցին ատոնց ենթակառոյցները` ճամբաներ եւ երկաթուղիներ: Ի վերջոյ, յառաջացող դաշնակից ուժերը գրաւեցին հրթիռարձակման խարիսխները: Երբ հրթիռարձակումը ամբողջովին դադրեցաւ, յայտնի դարձաւ, որ Վի զէնքերը պատճառած են 9 հազար զոհ (բայց կրնար շատ աւելին ըլլալ):
Գերմանացիները կը ծրագրէին օրական մինչեւ 2000 Վի-1 արձակել: Եթէ անոնք յաջողէին, պատերազմին ելքը կրնար փոխուիլ:
«Խաչաղեղ գործողութեան» միջոցով ստացուած օդային լուսանկարներուն մեծ մասը յայտնաբերուած է Օդային լուսանկարչութեան ազգային հաւաքածոյի համակարգող Ալեն Ուիլիըմզի ուսումնասիրութեան շնորհիւ:
Թէեւ հաւաքածոն կը պարունակէ միլիոնաւոր պատկերներ, սակայն միայն մէկ փոքր մասն է, որ թուայնացած եւ ցուցակագրուած է: Սակայն Ուիլիըմզ կ՛ըսէ, որ ատոնք կը պատմեն պատերազմի ամէնէն վճռորոշ դրուագներէն մէկուն մասին:
«Բրիտանացիները միշտ օգտագործեցին եռատարածութիւնը, մինչ գերմանացիները` ոչ: Ասիկա կը նշանակէր, որ բրիտանացիները կրնային թշնամիին տարածքը կեանքի կոչել, կենդանացնել,- ըսաւ Ուիլիըմզ եւ աւելցուց.- առանց լուսանկարչական հետախուզութեան, որ ստեղծուեցաւ զարմանալի, սքանչելի արագութեամբ, գերմանացիները, նախքան դաշնակից ուժերու ցամաքահանումը (ՏիՏէյ), Բրիտանիոյ դէմ կրնային շղթայազերծել աւերիչ յարձակումներ, որոնք դիւրաւ կրնային փոխել պատերազմին ելքը, արդիւնքը»:
ՃՈՆ ՔԵԼԻ
«Պի.Պի.Սի.»
