ՆՈՐՎԵԿԻԱ, ՆԻԿԵՐԻԱ ԵՒ ՔԱՐԻՒՂԻ ԴԱՍԵՐԸ
Երբ Նիկերիոյ մէջ կը պաշտօնավարէի` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, անգամ մը նորվեկիացի դիւանագէտի մը ուղղեցի պարզ թուացող հարցում մը, թէ իր երկրին մէջ քարիւղէն ո՞վ հարստացած է: Ան պատասխանեց. «Ոչ ոք եւ ամէն ոք»:
Ան ապա նկարագրեց, թէ նորվեկիացիները ինչպէ՛ս կ՛օգտագործեն քարիւղի եկամուտը երկար ժամանակով բարձրացնելու համար բոլոր նաւերը:
Ես իրեն հարցուցի, թէ հարուստ նորվեկիացիները ինչպէ՞ս դրամ շահած են: Ան պատասխանեց. «Օ՛, նաւերու առաքում, դրամատնային գործունէութիւն եւ ատաղձագործութիւն. գիտե՛ս ժամանակակից տնտեսութիւնը»:
Նորվեկիա, մշակեց խոհեմ ռազմավարութիւններ եւ հիմնեց հաստատութիւններ, որպէսզի խուսափի քարիւղի եկամուտը ուղղակի իր տնտեսութեան ներարկելէ: Եւ այս շաբթուան Արձագանգներ պլոկին վրայ անոնք կ՛առաջարկեն տնտեսական դասեր, զորս Արաբական գարունի երկիրները ուշադրութեամբ կրնան զննել դէպի ժողովրդավարութիւն անցումի ընթացքին:
Նորվեկիան, ինչպէս Միջին Արեւելքի շատ մը երկիրներ, հարստութեան գերիշխան հիմնադրամ ունի, որ կը կոչուի Նորվեկիոյ կառավարութեան կենսաթոշակի հիմնադրամ: Ի տարբերութիւն կարգ մը գերիշխան հիմնադրամներու` Նորվեկիոյ հիմնադրամը կը յատկանշուի իր թափանցիկութեամբ, եւ անոր տնօրէնները ուղղակիօրէն հաշուետու են ժողովրդավարական հաստատութիւններու:
Նորվեկիա նաեւ կը գլխաւորէ բնական հարստութիւններու աղբիւրներու տնտեսութեանց մէջ թափանցիկութիւնը աւելցնելու ջանքերը:
2010 թուականին Նորվեկիա առաջին երկիրը եղաւ Տնտեսական համագործակցութեան եւ բարգաւաճումի կազմակերպութեան մէջ` հրատարակելով քարիւղի իր եկամուտի թուանշանները, իբրեւ մէկ մասը «Արդիւնաբերութեանց թափանցիկութեան նախաձեռնութեան». ասիկա կառավարութիւններու, ընկերութիւններու եւ քաղաքացիական խմբակներու համախմբում մըն է, որուն նպատակն է հզօրացնել կառավարումը, տնօրինումը` բնական հարստութիւններու ճարտարարուեստին մէջ:
Յաջողութիւնը ընդգծուեցաւ քաղաքական կամքով, օրէնքի իշխանութեամբ եւ զարգացած ժողովրդավարական հաստատութիւններով:
Իբրեւ արդիւնք` Նորվեկիա մագլցեցաւ մարդկային-բարգաւաճման, զարգացման ցուցակներու գագաթը եւ միաժամանակ զերծ մնաց «Հոլանտական ախտէն»:
Վստահաբար Նորվեկիոյ փորձը այլ տեղ կարելի չէ վերարտադրել, կրկնել, մասնաւորաբար որովհետեւ ան օգտուած է երկրի հզօր ժողովրդավարական հաստատութիւններէն, որոնք գոյութիւն ունէին քարիւղի յայտնաբերումէն շատ առաջ: Այսուհանդերձ, Միջին Արեւելքը եւ
«Քարիւղով պատուհասուած» պետութիւններ կրնան որդեգրել Նորվեկիոյ քաղաքական եւ տնտեսական ռազմավարութիւնները, յատկապէս` եկամուտքի թափանցիկութեան անոր շեշտադրումը, երկարատեւ նպատակներու համար ներդրումներու բազմազանութիւնը եւ հանրային համարատուութիւնը:
Իբրեւ հակադրութիւն` Նիկերիա զգուշացումի օրինակ է քարիւղի պատուհասի, անէծքի կործանարար ազդեցութեան:
Երբ Նիկերիա 1960 թուականին անկախացաւ, ունէր բարգաւաճումի մակարդակ մը, որ յաճախ համեմատուած է Թայլանտի եւ Մալեզիոյ հետ: Ան եղած է արեւմտեան Ափրիկէի հացի սակառը` աշխուժ արդիւնաբերութեամբ: Բայց քարիւղի մարզի վրայ յաւելեալ շեշտադրումը, ինչպէս նաեւ համատարած փտածութիւնը սովահար ըրին տնտեսութեան այլ բնագաւառներ:
Նիկերիա այժմ սննդամթերք եւ պենզին կը ներածէ, իր ճարտարարուեստի մարզը հիմնականին մէջ մահամերձ է եւ կը գտնուի բարգաւաճման ցուցանիշներու մեծամասնութեան վերջին դիրքերուն վրայ:
1967-1970 թուականներու քաղաքացիական պատերազմի վերջաւորութեան Նիկերիոյ քարիւղի հոսքը մեծ ուղիով եկաւ` յառաջացնելով նախապէս աներեւակայելի համեմատութիւններով պետական եկամուտ, բայց` առանց ատիկա տնօրինելու, կառավարելու համար անհրաժեշտ հանրային եւ սեփական հաստատութիւններու:
Ափսո՜ս, պետական հարուածներն ու պատերազմները կառավարումը զինուորականացուցած էին:
Քանի որ քարիւղը պետութեան, երկրին կը պատկանէր, պետական, հանրային պաշտօններ ունենալը հարստութեանց միակ աղբիւրը դարձաւ:
Քաղաքական կեանքի զինուորականացման եւ քարիւղի հարստութիւններու ժամանումին միախառնումը սնուցանեց բանելու անատակ քաղաքական տնտեսութեան մը, որ կը յամենայ մինչեւ օրս:
Նորվեկիոյ օրինակը կրնայ թելադրել, որ Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի երկիրները կրնան խուսափիլ, զերծ մնալ Նիկերիոյ իրավիճակէն` աւելցնելով թափանցիկութիւնը իրենց քարիւղի ընկերութիւններու տնօրինումին մէջ եւ ստեղծելով միջոցներ, որոնց շնորհիւ ամբողջ բնակչութիւնը (ներառեալ` ներգաղթողներն ու հիւր աշխատաւորները) կրնայ երկար ժամկէտով օգտուիլ բնական հարստութիւններու հասոյթէն:
Այսպիսով, ոչ ոք եւ բոլորը կ՛օգտուին:
ՃՈՆ ՔԵՄՊԸԼ
«Պլոմպըրկ»

