«Եւրոպային Անքակտելի Մաս Կը Կազմէ Հայաստանը» Հաստատեցին Խորհրդաժողովին Ներկայ Եղող Եւրոերեսփոխաններն Ու Հիւրերը

«ԹուրքԱզրպէյճանական
Լոպիի Աշխատանքները»

14 հոկտեմբերի կէսօրէ ետք կայացած առաջին նիստի նիւթն էր թուրք եւ ազրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, որ ներկայացուեցաւ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Հրաչ Վարժապետեանի եւ Պելճիքայի մէջ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ»-ու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Քամպեքի կողմէ` զրուցավարութեամբ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակէն Պետօ Տեմիրճեանին:

Զեկուցումներն ու զրոյցը կայացաւ եւրոպական կառոյցներու մօտ ազրպէյճանական եւ թուրք լոպիներու կատարած աշխատանքին շուրջ, ուր յաճախակի են «վճարուած գրպաններու» կամ յարափոփոխ մօտեցումներով օտար քաղաքագէտներու կեցուածքները:

Օտար շրջանակներու մօտ անհրաժեշտ թափանցման մարտահրաւէրը բացատրելով` դիտել տրուեցաւ, թէ պէտք է համախմբել այն բոլոր ուժերը որոնք կը գիտակցին հայկական հարցերու վերաբերող իրավիճակի ճշմարտութեան` առողջ ու արդիւնաբեր գործակցութիւններ ապահովելով: «Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը ամէնէն աշխուժ կազմակերպութիւնն է, որ եւրոպական կառոյցներուն մօտ յառաջ կը տանի հայութեան ու Հայաստանի շահերը» հաստատեց Քամպեք` աւելցնելով, որ արդիւնաբեր համագործակցութիւն կայ նաեւ դեսպանութեան հետ:

Ան համոզում յայտնեց, որ եւրոպական լայն շրջանակները կը գիտակցին հայութեան արդար պահանջներուն` բոլոր բնագաւառներէն ներս:

Իր կարգին, Հրաչ Վարժապետեան Հայոց ցեղասպանութեան Ֆրանսայի մէջ  ժխտման օրինագիծի մասին խօսեցաւ` բացատրելով դիմագրաւուած դժուարութիւնները եւ տիրող մթնոլորտը: Ան դիտել տուաւ, թէ թուրք եւ ազրպէյճանական շրջանակները միացած ուժերով կը պայքարին հայութեան դէմ` ապատեղեկատուութիւն տարածելով եւ ճնշումներ բանեցնելով:

Քննարկումները ընդգրկեցին նաեւ հայ նոր սերունդին, անոր դաստիարակութեան, ինչպէս եւ հայկական մամուլին վերապահուած դերին մասին զրոյցներ:

«Արեւելեան Եւ Արեւմտեան Եւրոպայի
Հայ Գաղութներու Համագործակցութեան
Հնարաւորութիւններ Եւ Ասպարէզի Ստեղծում

Եւրոպայի հայ գաղութներու իրավիճակին նուիրուած օրակարգը ներկայացուցին Յունահայոց ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեանը եւ Չեխիոյ «Օրեր» ամսագրի խմբագիր Յակոբ Ասատրեանը` զրուցավարութեամբ Պետօ Տեմիրճեանի: Տուեալ նիւթը երկար ուսումնասիրութիւններու արդիւնք էր: Երկու զեկուցաբերները ներկայացուցին ամիսներու վրայ երկարած իրենց աշխատանքին արդիւնքը, ուր ներառուած էր արեւմտեան Եւրոպայի 14 երկիրներու հայ գաղութներու իրավիճակը (Արա Մանկոյեանի զեկոյց) եւ արեւելեան Եւրոպայի 16 երկիրներու հայ գաղութներու մասին (Յակոբ Ասատրեանի զեկոյց):

Այս հարցին համար ալ նպատակայարմար նկատուեցաւ յատուկ խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը:

Եւրոպայի Սրտին Մէջ Հնչեցին
Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման
Եւ Արցախի Ճանաչման Պահանջները

Երկրորդ օրը, հոկտեմբեր 15-ին, համագումարը տեղափոխուեցաւ Եւրոպական խորհրդարան եւ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) հովանաւորութեան ներքեւ. Եւրոպայի խորհրդարանականներու եւ միջազգային օրէնքի, պատմութեան, քաղաքագէտներու եւ ցեղասպանագէտներու մասնակցութեամբ ան շարունակեց իր աշխատանքը:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութիւն քաղաքական խումբի (համագումարի հովանաւոր) նախագահ Ժոզեֆ Տոլը, եւրոերեսփոխան եւ Եւրոխորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Էլենի Թէոխարուսը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Իր ողջոյնի խօսքէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական եկեղեցական կալուածներու վերադարձի անհրաժեշտութեան մասին:

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Միջազգային Օրէնքը»

Ապա քննուեցաւ օրակարգի առաջին կէտը` «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը» թեման, որուն ընթացքին ականաւոր մասնագէտներ ներկայացուցին Հայոց  ցեղասպանութեան եւ հատուցումներու հարցը: Այս զրոյցին ելոյթ ունեցան` Վլատիմիր Վարդանեան (Հայաստան), Հենրի Թերիօ (Միացեալ Նահանգներ), Եայիր Օրոն (Իսրայէլ), Թէոֆանիս Մալքիտիս (Յունաստան) եւ Քիրսթեն Մէյրսխարթ (Հոլանտա): Զրուցավարներն էին` եւրոերեսփոխան Ֆրանք Էնկել (Լիւքսամպուրկ, «ԵԺԿ», Եւրոխորհրդարանի մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ) եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի յանձնախումբերու համակարգող):

«Հարաւային Կովկասի Հեռանկարները»

Օրակարգին երկրորդ կէտն էր «Հարաւային Կովկասի հեռանկարներ» նիւթը, ուր իրենց զեկուցումներով հանդէս եկան Եւրոնեսթի մարդկային իրաւանց եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու յանձնախումբի փոխնախագահ եւրոերեսփոխան Քնութ Ֆլեքենշթայն (Գերմանիա, Սոցիալ- Դեմոկրատներու խմբակցութիւն),  Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնախումբի փոխ նախագահ, պուլկար եւրոերեսփոխան Անտրէյ Քովաչեւ (ԵԺԿ խմբակցութիւն), Կիպրոսի Լետրա քոլեճի նախագահ տոքթ. Իոանիս Խարալամպիտիս, ՄԱԿ-ի ներքին արդարադատութեան խորհուրդի անդամ, Մեծն Բրիտանիոյ իրաւաբան եւ արքայական պալատի խորհրդատու Ճէօֆրէյ Ռոպերթսըն, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ֆրանսացի նախկին համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ, եւ Եւրոնեսթի փոխնախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան: Զրուցավարն էր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:

Քննարկումի նիւթ դարձան Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը եւ հեռանկարները: Եւրոերեսփոխանները զարմանք յայտնեցին Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի անակնկալ որոշումին համար: Մասնակիցներ իրենց հարցումներով եւ տեսակէտներով հիասթափութիւն յայտնեցին Եւրոմիութեան ոչ բաւարար աշխատանքին մասին: Բոլորն ալ համաձայն էին, որ ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւնները պէտք է շարունակել խորացնել:

Ռոպերթսըն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հազիւ շաբաթ մը առաջ Արցախ կատարած իր այցելութեան` նշելով, թէ կարելիութիւնը ունեցաւ տեղւոյն վրայ տեսնելու տիրող իրավիճակը: Ան աւելցուց, թէ խաղաղութիւն չկայ առանց արդարութեան եւ յատկանշականօրէն յորդորեց. «Լուծեցէք տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման երկընտրանքը` որպէս հիմք ընդունելով մարդկային իրաւուքներու տեսանկիւնը: Մարդիկ իրաւունք ունին ապրելու ազատ, առանց հալածանքներու»:

Պեռնար Ֆասիէ իր կարգին, խօսեցաւ Մինսքի խումբէն ներս իր ունեցած փորձառութեան մասին` նշելով, թէ տարածաշրջանի երկիրները խնդիրներ ունին եւ հակամարտութիւնները լուրջ խոչընդոտ են շրջանի երկիրներու զարգացման համար:

Ան ըսաւ նաեւ, թէ շատեր քննադատեցին Մինսքի խումբի համանախագահներուն գործունէութիւնը եւ եռանախագահ երկիրները` ըսելով, թէ անբաւարար ջանքեր գործադրեցին, բայց այս մէկը արդար չէ, ճիշդ չէ, պէտք չէ մոռնալ, որ իրենց գործունէութեան պատճառով է, որ հակամարտութեան շիկացում չէ եղած:

Համագումարի փակման խօսքը արտասանեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեանը:

ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

17 Հոկտեմբեր 2013

(Շար. 2 եւ վերջ)

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )