Քաջալերենք Մանկապատանեկան Գրականութեան Տարածումը

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Մանկավարժական դասախօսութիւններու, գրական հանդիպումներու ընթացքին յաճախ կ՛արծարծուի մանկապատանեկան գրականութեան յատկացուած հարցը` ամսաթերթերու, պարբերաթերթերու կամ շաբաթաթերթերու պակասը:

Լիբանանահայ կեանքին հեռուէն նայող անձեր գրեթէ չեն տեսներ այս հարցին վերաբերեալ կատարուած իրագործումները:

Մեր օրաթերթերը ունին էջեր` մանկապատանեկան գրականութեան յատկացուած: «Ազդակ» ամէն ամիս լոյս կ՛ընծայէ «Պզտիկ-Մզտիկ» ամսաթերթը, որ կը տրամադրուի մեր վարժարաններուն մեծ մասին:

Վերջին երեք տարիներու ընթացքին արդէն հրապարակի վրայ է «Փթիթ» մանկապատանեկան հանդէսը, որ կը պատրաստուի եւ լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ տէր եւ տիկին Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեաններու:

Վերջերս լոյս տեսաւ «Փթիթ»-ին 9-րդ թիւը, գեղատիպ, գունագեղ, նկարազարդ, արդիական գիտութեան համապատասխան բովանդակութեամբ եւ տպագրութեամբ:

Վերժին Աբրահամեան ի գործ կը դնէ մանկավարժական իր գիտութիւնը եւ փորձառութիւնը: Հետեւողական պրպտումներով կը ճոխացնէ էջերը այլազան նիւթերով: Հոն կը կարդանք լեզուական ուսուցման դասեր` ըստ մանկապատանեկան ուսման: Խաղեր, հանելուկներ, հեքիաթներ, պատկերազարդ լուծումներ` մանուկ թէ պատանի աշակերտին մտածումը խթանող, տրամաբանութիւնը զարգացնող: Պարտն ու պատշաճը ներկայացուած են հոն:

«Փթիթ»-ի լոյս ընծայման առաջին թիւերուն մասին արձագանգեցին լիբանանահայ եւ արտասահմանեան թերթերը, գրական պարբերաթերթերը:

Այս օգտաշատ եւ խնամքով պատրաստուած պարբերաթերթը չունեցաւ ամբողջական գնահատանք: Այս մասին յաճախ կ՛արտայայտուի «Փթիթ»-ի խմբագիրը եւ տարածման աշխատանքները ստանձնած Կարօ Աբրահամեան: Ան ըլլալով բանասէր մը, հայ մամուլի եւ գիրքի ջերմ ջատագով, կը զարմանայ կարգ մը վարժարաններու պատասխանատուներուն անտարբերութեան` դաստիարակչական այնքան կարեւոր այս հրատարակութեան նկատմամբ:

«Մենք մեր կարելին ըրինք նիւթապէս եւ բարոյապէս: Մեր խիղճը հանգիստ է այս կապակցութեամբ: Կը կարծենք, որ լաւ գործ մը կատարեցինք մանկավարժական դաստիարակութեան հետեւողութեամբ: Պիտի ջանանք հրատարակել նաեւ 10-րդ թիւը, բայց եթէ քաջալերանք չունենանք, պիտի դադրեցնենք մեր աշխատանքը»:

Այս խոստովանութիւնը անկեղծութեամբ արտայայտած է Կարօ Աբրահամեան, ցաւ ի սիրտ: Նոյնքան ցաւ կը զգանք նաեւ մենք, եթէ դադրի այնքան գեղատիպ ու օգտաշատ այս թերթը, որ ունեցաւ իր փթթումը, բայց անոր ծաղկումին նպաստողները քիչ գտնուեցան:

Հրապարակային ելոյթներ ունենալը դիւրին է, «Մանկապատանեկան» աղուոր թերթ մը չունինք` ըսողները յանկարծ կը լռեն, կեանքի կոչուած իրագործումներուն դիմաց:

Կը յուսանք, որ Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեանները կը մնան պատնէշի վրայ, շարունակեն իրենց աշխատանքը, որովհետեւ մեր մանուկները եւ պատանիները շատ սիրեցին «Փթիթ»-ը:

Մանուկները պէտք չէ յուսախաբ ըլլան…

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Ծնող 9 years

    Ինչ ասեմ… ”Փթիթի” մշտական ընթերցող է աղջիկս: Երբ լսեց, որ այլեւս չի հրատարակուելու՝ լացեց:
    Ինչքան էլ ասենք, բացատրենք, լսող չկայ: Ազգային ջոջերն իրենք են որոշումներ կայացնողը, իսկ իրենց վերջին հոգն է որակը, կարեւորը իրենց շրջապատից մէկի անորակ հրատակութիւնը տարածեն դպորցներում:

  • Disqus ( )