«Հոշանա» 82 Տարեկանին. Իր Զաւկին Խոստովանեցաւ, Որ Հայ Էր

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» 

Ահմեթ Ապագայ Իր Մօրը Պատմութիւնը
Գիրքի Վերածեց, Բայց Քննադատուեցաւ

«Ռատիքալ» հրատարակած է լրագրող Ահմեթ Ապագայի վերջին գիրքին մասին շատ հետաքրքրական ու կարեւոր թղթակցութիւն մը, որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ թուրք ընկերային ու ընտանեկան կեանքի շրջանակներէ ներս տակաւին ինչպիսի վերապահութիւն մը կը տիրապետէ հայերու կամ հայ ըլլալու իրողութեան նկատմամբ: Հարցն այն է, որ լրագրող Ապագայ «Հոշանային վերջին խօսքը» խորագրեալ իր գրքին մէջ պատմած է, որ իր մայր Հոշանա 82 տարեկանին իր մահուան անկողնին մէջ է, որ խոստովանած է, թէ ինք հայ մըն էր: Անոր մահէն ետք Ապագայ մեծ յուզումով գրի առած է այդ գիրքը, բայց իր ազգականներուն ծանր քննադատութիւններուն նշաւակ դարձած է: Իր մօրեղբօր զաւակները սպառնալիքներ ըրած են. «Դուն մեր հօրաքրոջ հայ չես կրնար ըսել, ետ առ, այլապէս գիրքը հաւաքել կու տանք», ըսած են: «Այս պարագան իսկ ցոյց կու տայ, թէ մայրս իրաւացի է եղեր այսքան տարի իր հայ ըլլալը պահած ըլլալուն համար, ընկերութիւնը այսօր իսկ պատրաստ չէ հայութիւնը ընդունելու», կ՛ըսէ Ահմեթ Ապագայ:

Ապագայ Անգարայի մէջ իր գիրքին համար կազմակերպուած ստորագրութեան օրը այս մասին յայտարարութիւններ ըրած է «Կէօրիւնիւմ» թերթի աշխատակիցներ Նելլի Սոքոլովայի եւ Վուրալ Էրիշմիշի: Պատմած է, որ իր մայրը կտակ ըրած էր, որպէսզի իր հայ ըլլալուն մասին չգրէ, մինչեւ որ ինք մահանայ: Ասիկա շատ յուզիչ պարագայ մըն էր, եւ ինք, որքան ալ վարանումներ ունենար, որոշեց գրել: Իր կինն ու զաւակներն ալ համամիտ եղան, բայց ընտանիքին միւս անդամները անհանգստացան:

Ապագայ եւ իր մայրը

Ապագայ ըսած է, որ իրենք իրենց մօրը անունը տարիներ շարունակ մեկնաբանած են որպէս «Հոշ-Անա», լաւ մայր: Բայց աւելի վերջ պրպտումներ ըրած է ու իմացած է, որ Հոշանա հայերէնի մէջ կը նշանակէ սուրբ գիշեր, որուն ընթացքին աղօթքները կ՛ընդունուին Աստուծոյ կողմէ: (Այսպիսի իմաստի մը մասին գաղափար չունինք, բայց դժուար չէ ենթադրել, որ Հոշանա անունը իրականութեան մէջ պէտք է եկած ըլլայ «Ովսաննա»-էն.- «Մարմարա»):

Ապագայ, որ հաւատաւոր ընկերվարական մըն է, չէ կրցած իրեն պահել այս գաղտնիքը, որովհետեւ հաւատացած է, որ ասիկա ընկերային հարցի մը լուծման կը նպաստէ: Իր մօրը հայ ըլլալը լսելէ ետք անոր մտածումները չեն փոխուած Հայկական հարցին նկատմամբ, կը հաւատայ, որ թուրք ըլլալը կամ հայ թէ ռուս ըլլալը շատ ալ կարեւոր բաներ չեն: Կարեւորը մարդուն ժողովրդավար ըլլալն է: Հրանդ Տինքի սպանութեան նման բազմաթիւ դէպքեր կը պատահին, մարդոց համար դիւրին չէ հրապարակել, թէ իրենք հայ են, որովհետեւ տակաւին լինչի մշակոյթ մը կը տիրապետէ: Բայց վերջին տարիներուն այսպիսի դէպքեր երեւան գալ սկսան: «Ես այս գրքին կարգ մը մասերը գրելու ընթացքին լացի, յուզումի պահեր ապրեցայ» ըսած է ան` աւելցնելով, որ գիրքին հրատարակութենէն ետք թէեւ քննադատողներ եղան, բայց եղան նաեւ գնահատողներ եւ հայ գրողներ իրեն ըսին. «Բարի եկար մեր մէջ»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )