Փլաթինի Կ՛առաջարկէ, Որ Մոնտիալին Մասնակցին 40 Խումբեր
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի նախորդ շաբաթավերջին անգլիական «Թայմզ» օրաթերթին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ներկայացուց առաջարկ մը, ըստ որուն, 2018-ի Մոնտիալէն ետք պէտք է խումբերուն թիւը բարձրացնել 40-ի, որպէսզի այդ ձեւով ասիական եւ ափրիկեան խումբերուն թիւը քիչ մը աւելնայ, բնականաբար առանց եւրոպական խումբերուն թիւը կրճատելու:
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր արդէն իսկ նմանօրինակ յայտարարութիւն մը կատարած էր նախորդ շաբաթ` ըսելով, որ Ափրիկէ եւ Ասիա արժանի են յաւելեալ ներկայացուցիչներ ունենալու Մոնտիալին` նկատի ունենալով, որ անոնք թիւով շատ աւելի ֆետերասիոններ ունին, քան Եւրոպան կամ Հարաւային Ամերիկան:
Ֆրանսացի միջազգային ֆութպոլիստ Միշել Փլաթինի, որ կը կարծուի ըլլալ Պլեթըրի յաջորդը (անշուշտ եթէ յաջողի ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութեան), ըսաւ, որ ութ խումբեր աւելցնելը Մոնտիալը պիտի երկարէ միայն երեք օրով:
Ան եզրափակեց նշելով, որ այդ 32 խումբերուն վրայ կրնանք աւելցնել երկու ափրիկեան, երկու ասիական, երկու ամերիկեան, մէկ ովկիանական եւ մէկ եւրոպական խումբեր` բոլորն ալ գոհացնելով:
Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած 19 Մոնտիալները աւարտած են եւրոպական եւ հարաւամերիկեան երկիրներուն կողմէ անոնց տիտղոսին տիրացումով: