ՍԼԱՔ. ԽՐԱՏ ՏՈՒՈՂԸ ԻՄԱՍՏՈՒՆ Կ՛ԸԼԼԱՅ

Խրատ տուողը իմաստուն կ՛ըլլայ, կ՛ըսեն:

Նախագահ Օպամա երեքշաբթի օր անգամ մը եւս ապացուցեց, որ իմաստուն մէկն է, որովհետեւ խրատեց Սուտանի հակամարտ կողմերը` հիւսիսցիներն ու հարաւցիները, որպէսզի վերջ տան սահմանային գօտիին վրայ շաբաթներէ ի վեր սաստկացող արիւնալի բախումներուն: «Պատերազմը,  բիրտ ուժը լուծում չի բերեր», ըսաւ հանճարեղ նախագահը` իմաստուն արտայայտութեամբ մը եւս հարստացնելով իր վաստակը:

Եթէ Լիպիոյ Քազզաֆին, Աֆղանիստանի Քարզայը կամ Փաքիստանի Կիլանին նոյն խրատը տան Օպամայի, ան իրաւունք ունի պատասխանելու. «Լռեցէ՛ք, ապուշներ, դուք ի՞նչ կը հասկնաք ատանկ բաներէ»: Անոնք ու նմանները ապուշ են, հետեւաբար, անոնց խրատը ազդու չի կրնար ըլլալ, տեղ չի հասնիր:

Խրատ տալու համար` իմաստուն պէտք է ըլլաս: Եթէ իմաստունի վարկ շահեր ես, իրաւունք ունիս տուած խրատիդ հակառակը ընելու, մարդ բան չ՛ըսեր: Իմաստունի վարկդ ամենափրկիչ է…

Ս. Մ.

Share this Article
CATEGORIES