ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2013-2014 Տարեշրջանի Սկաուտական Պաշտօնական Բացման Արարողութիւն

 

 

 

 

 

 

 

Կիրակի, 3 նոյեմբեր 2013-ի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետութեան, ծնողներու եւ բարեկամներու հոծ ներկայութեամբ, աննախընթաց եւ արժանավայել կերպով ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի 90-ամեակը ոգեկոչող՝ 2013-2014 տարեշրջանի աշխատանքներու վերամուտը։

Ակումբի շրջափակի մուտքին, ինչպէս միշտ, այս տարի եւս յատուկ բծախնդրութեամբ, պատրաստուած էին 90-ամեակը խորհրդանշող ցուցատախտակներ։ Ներկաներուն բաժնուեցաւ սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանք մը, ինչպէս նաեւ՝ Սկաուտական Խորհուրդի կողմէ հարցաթղթիկներ, որոնք կը նպատակադրէին լսել ծնողներուն առաջարկները եւ ի գործ դնել զանոնք։

Փողերախումբի նուագին հետեւելով՝ մասնաճիւղիս սկաուտները խումբ առ խումբ տողանցեցին ու դրօշակի արարողութեամբ բացուած յայտարարուեցաւ տարեշրջանը։ Ներկայ սկաուտներուն թիւն էր 190:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին մասնաճիւղի տարբեր միաւորներ, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայած էին լաւագոյն կերպով կատարելու իրենց ներկայացումները։ Յայտագիրին ընթացքին ի յայտ եկան սկաուտական կեանքի ճկունութիւնն ու չարքաշութիւնը պարզող եւ մեկնաբանող տարբեր տեսակի մարմնակրթական ներկայացումներ, որոնք արժանացան ներկաներու հիացման ու բարձր գնահատանքին։

Փոխանցման ու աստիճանատուչութեան զանազան արարողութիւններէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին մասնաճիւղի խմբապետական կազմն ու սկաուտական խորհուրդը, Շրջանային խմբապետութիւնը եւ վերջապէս՝ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեանը, որ իր խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց Պէյրութի մասնաճիւղի անդամներու «մեծ թիւը», ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ յառաջիկային իրենց «մայրերուն կամ մեծ մայրերուն գիրկերը նստող երեխաները իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ միասին տողանցեն այս դաշտին մէջ»։ Ան շեշտեց նաեւ. «Հակառակ Լիբանանի բոլոր վերիվայրումներուն, Ս. Նշան Մայր եկեղեցին եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղը կը մնան այն ամուր բերդերը, որոնք կը գօտեպնդեն շրջանի հայութիւնը»։ Ան յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք մաղթեց մասնաճիւղի յառաջիկայի բոլոր աշխատանքներուն եւ պահպանիչով փակեց իր խօսքը։

Աւարտին, բոլոր միաւորները յատուկ պարով մը պանծացուցին մասնաճիւղի 90-ամեակը, մարդկային պատկերով ներկայացուեցաւ  հայկական յաւերժութիւնն ու յաւիտենականութիւնը խորհրդանշող նշանակը, որմէ ետք, դաշտին վրայ բոլոր սկաուտներով գրեցին՝ «ՀՄԸՄ Պէյրութ, 90-ամեակ»։

Ապա, յատուկ յայտագիրին համար պատրաստուած սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի պատմականը, գործունէութիւնը, յաջողութիւններն ու տարբեր մրցաշարքերու տիրացած յաղթանակները։

Պէտք է նշել նաեւ, թէ մարզադաշտը զետեղուած էին սկաուտական այլազան ձեռային աշխատանքներով շինուած պատկերներ, որոնք պատրաստուած էին սկաուտներու աչալուրջ եւ անխոնջ աշխատանքներու իբրեւ արդիւնք։

Կոկիկ հիւրասիրութենէ մը ետք, ներկաները մեկնեցան իւրաքանչիւրը իր հոգիին մէջ ունենալով անցեալի իր ապրած սկաուտական կեանքի քաղցր յուշերը եւ ներկայի ու ապագայի հանդէպ՝ խոստմնալից հաւատք։

ԾՆՈՂՔ

 

Share this Article
CATEGORIES