Տպաւորութիւններ. Երէկի Եւ Այսօրուան Շաղկապումը (ՀՄԸՄ «Պէյրութ»-ի Մասնաճիւղ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Կիրակի, 3 նոյեմբեր, 2013։

Ընթացիկ, սկաուտական կեանքին առնչուող արարողութիւն մըն էր եղածը։ Սովորական, ձեւով մը աւանդութիւն դարձած տարեշրջանի բացման հանդիսութիւն, որով սկիզբ կ՛առնեն ամբողջ տարուան վրայ երկարող բազմապիսի աշխատանքներ։

Ճիշդ է, որ հանդիսութիւնը կ՛ընդգրկէր տարբեր աշխատանքներ, ունէր որոշակի երանգ մը՝ բաղդատմամբ նախկին տարիներուն, սակայն այս անգամ գերիշխողը այն հոգեպարար մթնոլորտն էր, որ ստեղծուեցաւ առաջին իսկ վայրկեանին, երբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը արձակեց իր ազդու եւ ուժեղ կանչը՝ ազդանշանը տալով յայտագիրի գործադրութեան։

Այո՛, կանչ մը, որուն հոգեցունց եղանակը սլացաւ դէպի երկինք, յիշեցնելու բոլորիս, թէ ամբողջ տասնամեակներ այդ նոյն վայրին մէջ, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան՝ հայաբորբ եւ ոգեշունչ երաժշտութիւն է մատուցուեր՝ յանուն գաղութահայ կեանքի զարգացման, հայապահպանման աշխատանքներու առաւել բարգաւաճման, ժիր եւ աշխուժ կեանքի մը հաստատման, սերունդներու դաստիարակութեան, բայց մանաւանդ՝ ՀՄԸՄ-ի սրբազան առաքելութեան վկայակոչումին եւ ազգաշէն ծառայութեան նպաստող։

Մինչեւ հոս, հասկնալի կը թուի ամէն ինչ. խանդավառ մթնոլորտ, տարբեր տարիքի սկաուտներու աշխուժ ներկայութիւն, դաշտին վրայ անսովոր եռուզեռ, կենդանի պատկեր, տեսերիզի ցուցադրութիւն, տողանցք, պար,  աստիճանատուչութիւն, այլ խօսքով՝ միութենական բաբախուն կեանքի մը ներդաշնակ մատուցում։

Անկեղծ ասած, բազմաոլորտ մտածումներու առաջնորդողը եթէ մէկ կողմէ փողերախումբին առթած երաժշտութիւնն էր (շրջանին մէջ ներկայութեան փաստարկումի առումով), ապա միւս կողմէ՝ տիրող հոծ բազմութեան լուռ խայտանքն էր, որուն նմանին քիչ անգամ կը հանդիպինք,  տարբեր առիթներու։

Փաստօրէն, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու դէմքին յստակ կ՛արտացոլար ուրախութեան, խանդաղատանքի, կարեկցանքի, ինքնավստահութեան եւ պատկանելիութեան խոր զգացողութիւն, ու մանաւանդ հպարտութիւն, ի տես սկաուտներու հայաշունչ ապրումին եւ արտակարգ աշխուժութեան։

Այսուհանդերձ, ներհուն տագնապ մը կը պատէ հոգիդ, երբ մտքի պաստառին վրայ կ՛ուրուագծուին տուեալ շրջանի անցեալի փառքի օրերը, երբ տարածք մը ամբողջ, թէ՛ քանակական, եւ թէ՛ որակական առումով կը տրոփէր հայօրէն, կը շնչէր ազգային հարցերու քուրային մէջ, կ՛ապրէր իր քաղաքական, տնտեսական, կրթական ու մշակութային առօրեան՝ ծնունդ տալով ստեղծագործ մտքի բազմաշերտ եւ փայլուն արտայայտութիւններու։

Խորքին մէջ, օտարացած շրջապատի մը սրտին՝ երբ նման արարքի մը նախաձեռնութիւնը լոյսին կը բերուի, սոսկ ինքնագոհութեան միտում չի բովանդակեր, ոչ ալ կորուսեալ փառքի մը յիշատակումը կատարելու մարմաջ, այլեւ՝ մօտիկ անցեալէն հաւաքական դաս քաղելու հրաւէր մըն է, էապէս պահպանելու առկայ հայահոծ շրջաններու դիմագիծը, առողջ քայլերու եւ նպատակայարմար աշխատանքներու որդեգրումին ընդմէջէն շունչ ու ոգի մատակարարելու ամէնուրեք, ինչպէս նաեւ՝ հետամուտ ըլլալու գաղութահայ կեանքի ճիշդ հունաւորումին, որպէսզի մեր կարգին դառնութեամբ յիշուելու ճակատագիրին չենթարկուինք։

Յայտնապէս, այս առիթով երբ փողերախումբին բարձրագոռ, վառ եւ տիրական երաժշտութիւնը իր մեղեդին տարածեց՝ ներթափանցելով իւրաքանչիւրի ներաշխարհը, ատիկա մօտիկ անցեալի՝ մեր երէկի պատուաբեր պատմութեան յուզաթաթաւ մարմնաւորումն էր, կրկին անգամ ինքզինք պարտադրող, վերյիշեցնող եւ վերարժեւորող։

Աւելի՛ն. ամէն անգամ որ հոն՝ ակումբին մէջ կը հնչեն հայ մշակոյթի գոհարներ, ազգագրական երգի ու պարի արժէքներ, այլապէս ազգային    ինքնութեան փառաբանանքի պատարագ է, որ տեղի կ՛ունենայ, աղուոր ու հարազատ մթնոլորտի ընդմէջէն։

Ճիշդ է, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը իր անդառնալի աւերները գործեց եւ ճակատագրականօրէն հարուածեց մեր գաղութի լինելութեան կռուանները՝ պատճառ դառնալով արտագաղթի եւ գաղութահայ կեանքի ու թիւի նօսրացումին, սակայն, բարեբախտաբար, լիբանանահայը չմնաց իր ճակատագիրին գերին եւ չեղաւ լոկ անցեալի փառքով ապրող հաւաքականութիւն, այլեւ քաջութիւնը ունեցաւ վեր սլանալու, յարնելու եւ վերակառուցելու ինքզինք՝ հաւատալով վաղուան եւ գալիք սերունդներու յաջողութեան։

Մատնանշումին լաւագոյն ապացոյցը վերոնշեալ հանդիսութեան առթած հաճոյքն է, փողերախումբին առկայծող ուժական եւ արիասիրտ երաժշտութիւնը, որով համակեց շրջապատ մը համակ։

Արդ, ո՛ւր պէտք է փնտռել այս բոլորին գաղտնիքը, եթէ ոչ այն գիտակից մղումին եւ նախանձախնդիր մօտեցումներու մէջ, որոնցմով կարելի կ՛ըլլայ գէթ մասամբ մեղմել ազգային ցաւերն ու մտահոգութիւնները, մեր հայեացքները ուղղել դէպի հայրենիք,  հոգեզինուիլ եւ պատրաստուիլ հետագայ գոյութենական մարտերուն՝ յանուն գաղութահայ կեանքի պաշտպանութեան եւ բարգաւաճման։

Ինքնաբոյս եւ անհեռանկար կարգախօսերն անգամ ա՛լ դարձած են զզուանք պատճառող բարբաջանքներ։

Անոնցմէ ձերբազատելու միակ եւ ապահով ճամբան կը մնայ, հաւատալ նորահաս սերունդին եւ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։

Ձեռնարկը խոստում մըն էր ինքնին՝ 90-ամեակին ընդառաջ։

 

Share this Article
CATEGORIES