Մշակոյթի Ամիս. Գահիրէի «Համազգային»-ի Մշակութային Խորհուրդ, Արփիար Արփիարեան Եւ Նիկոլ Աղբալեան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Նիւ Եորքէն գրասէր բարեկամ մը խնդրած էր, որ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց»-ը գտնեմ եւ իրեն տանիմ: Գտայ եւ տարի: Իր տան մէջ սեղանի մը վրայ դրուած էր Արփիար Արփիարեանին ուրիշ մէկ գիրքը. «Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան», տպագրութիւն «Յուսաբեր»-ի, Գահիրէ, 1944-ին: Գիրքի կողքին ճակատը արձանագրուած էր. ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ» ԹԻՒ 1:

Նախաբան գրած է «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»-Ի ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ:

Գիրքի ընթերցումէն առաջ ուշադրութիւնս գրաւեցին նախաբանին մէջ արտայայտուած միտքերը, զորս այսօր ալ պէտք է կրկնեն մշակութային պիտակով ներկայացող մեծ ու պզտիկ միութիւնները՝ պատահական եւ ցուցադրական ձեռնարկներէ անդին անցնելով, օտարէն ճանչցուելու խարխափումներէն առաջ: Այդ գաղափարները ճշմարիտ էին կէս դար առաջ, նոյն սրութեամբ կը դրուին այսօր, մանաւանդ երբ կը խորհինք, որ մեր տարտղնումը ահեղ թափով կը շարունակուի, արտաքին ազդակներու ճնշումով եւ ներազգային անփութութեամբ, աւելցնենք՝ յարաճուն մակերեսայնութեամբ, մշակոյթը բանտարկելով show business-ի եւ շատ բան չնշանակող կարգախօսներու մէջ, պարտադրելով յաճախ անվերադարձի կնիքով մեր մաշումները:

Կ՛արտագրեմ.

«Համազգային»-ը անոր համար չստեղծուեցաւ, որ հայ կրթութեան ծառայէ եւ ատով արդէն վերջացած համարէ իր առաքելութիւնը: Շատ աւելի լայն է գործունէութեան հորիզոնը, որուն կը ձգտի ան, եւ որ կը կոչուի հայ մշակոյթ՝ թէ՛ իբրեւ շարժում, թէ՛ իբրեւ ոգի…

… Կը թուի, թէ մենք պատրաստուած չէինք «ամբողջ»-ին համար՝ դարու մը մէջ, ուր մարդիկ «ամբողջական» ճակատամարտեր կը մղեն «ամբողջական» յաղթանակներ շահելու համար…

… անշուշտ մեր գրականութեան համար թանկագին նպաստ մըն է գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը, այսինքն՝ բուն իսկ արուեստի գործը. բայց աննշան շահ մը չէ նաեւ պահպանումը մեր հայրենի ժառանգութիւններուն: Մեր ճիտին պարտքն է պահել այդ ժառանգութիւնները ոչ թէ պակսեցնելով լայնքէն կամ երկայնքէն, այլ բազմապատկելով թէ՛ լայնքէն, թէ՛ երկայնքէն, ու պահել՝ ոչ միայն գուրգուրալով…»։

«Համազգային»-ը, նաեւ այն բոլոր միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները, ներառեալ՝ կուսակցութիւնները, այսօր աւելի քան երբեք, ազգի ինքնուրոյն տեւականացման հրամայականի թելադրութեամբ, կը ձգտի՞ն հայ մշակոյթի լայն հորիզոնին մէջ իրապէս գործելու, ներդրում ունենալու: Ի հարկէ կենսական են դպրոցները, բայց անոնք իրապէս ազգային կենսունակութիւն կ՛ունենան, եթէ հայ մշակոյթի ժառանգութիւն փոխանցեն եւ հանդիսանան արգասաբեր ենթահողը այդ մշակոյթի իւրացման եւ զարգացման՝ նոր հարստացումներով:

1944-ին, գիրքի մը ներկայացման տողերուն մէջ արտայայտուած իմաստութիւնը կ՛առաջնորդէ՞ մեզ, նոյնիսկ հայկական դպրոցներու պարագային: Ամբոխային եւ գործնապաշտական նկատումներ մեզ չե՞ն հեռացուցած եւ չե՞ն հեռացներ այդ իմաստութենէն: «Հայ դպրոց»-ի վախճանական նպատակի (finalité) սահմանումը կը փորձե՞նք կատարել, թէ՞ կ՛ենթարկուինք կրթութեան եւ մշակոյթի հետ անմիջական առնչութիւն չունեցող ազդակներու: Ի վերջոյ, ինչո՞ւ հայկական վարժարան ունենալ, եթէ ան երկու կաթիլ ջուրի պէս պիտի նմանի այս կամ այն երկրի տեղական վարժարանին, նոյնիսկ երբ կը գտնուի Հայաստանի մէջ:

Խիտ տարազ մը կայ Գահիրէի «Համազգային»-ի խօսքին մէջ: Ըսուած է. « Կը թուի, թէ մենք պատրաստուած չէինք «ամբողջ»-ին համար՝ դարու մը մէջ, ուր մարդիկ «ամբողջական» ճակատամարտեր կը մղեն «ամբողջական» յաղթանակներ շահելու համար»: Հայկական դպրոց ունենալ ինքնանպատակ չէ, աւելի ճիշդ՝ պէտք չէ ըլլայ, ինչ որ ալ ըլլան ընկերային, քաղաքական եւ այլ բնոյթի ճնշումները: Հայ ժողովուրդի մղած պայքարը երբ կը տարտղնուի մասնակիի մէջ, կը մոռցուի «ամբողջ»-ը, ինչ որ կ՛ընենք, կը մնայ թափահարումներու ծիրէն ներս: Յիշուած «ամբողջ»-ի սահմանումը տեւաբար պէտք է ընել եւ ամէն քայլափոխի մենք մեզի հարց պէտք է տանք, թէ կը մնա՞նք այդ «ամբողջ»-ին մէջ:

Այդ «ամբողջ»-ը հայ ազգային մշակութային անսեթեւեթ եւ նուազուրդի չենթարկուած քաղաքականութիւնն է: Պարզ եւ իմաստուն սահմանում տրուած է այդ քաղաքականութեան համար: Կ՛ըսուի. «Մեր ճիտին պարտքն է պահել այդ ժառանգութիւնները ոչ թէ պակսեցնելով լայնքէն կամ երկայնքէն, այլ բազմապատկելով թէ՛ լայնքէն, թէ՛ երկայնքէն, ու պահել՝ ոչ միայն գուրգուրալով…»: Բոլոր մակարդակներու վրայ եւ ամէն բնոյթի ղեկավարութիւնները ինչպէ՞ս կը վերաբերին յիշուած «ոչ թէ պակսեցնելով լայնքէն կամ երկայնքէն, այլ բազմապատկելով թէ՛ լայնքէն, թէ՛ երկայնքէն» իսկական հրամայականին: Եթէ այս պարզութեամբ ըսուած իմաստութեան հետեւինք, տարբեր կ՛ըլլայ հայ ընկերութեան դիմագիծը, տարբեր կ՛ըլլան հայկական վարժարաններու, հրատարակութիւններու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ ընդհանրապէս նախաձեռնութիւններու բովանդակութիւնը, միջուկը, հետապնդած նպատակները, եւ իրականացումներու գնահատանքը: Այս՝ գործնապաշտութիւններու եւ կողմնապաշտութիւններու գերանցումով:

Եւ ի վերջոյ, «մեր գրականութեան համար թանկագին նպաստ մըն է գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը, այսինքն՝ բուն իսկ արուեստի գործը», ինչպէս ըսուած է: Հազարամեակներու ընթացքին ապրուած ճոխութիւններէն, փառքերէն ի՞նչ մնացած է այսօր, քանի մը Եղիշէ եւ Եզնիկ, Նարեկացի մը եւ Անանիա մը, Թորոս Ռոսլին մը, Վարուժան եւ Թէքէեան, Տէրեան եւ Չարենց, Կոմիտաս եւ Խաչատուրեան, եւ այդ կարգի ստեղծագործողներ, որոնք բերած են «թանկագին նպաստ»-ը, որ չի սահմանուիր ապարանքներով, դրամատան աստղաբաշխական գումարներով, տպաւորիչ ինքնաշարժներով, ադամանդակուռ մանեակներով:

1944-ին նախաբան գրած էր «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»-Ի ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ-ը: Կը պատահի՞, որ մեր ինքնութիւնը եւ գործի գնահատումը փորձենք տեսնել ազգային իմաստութեան լոյսին տակ, իմաստութիւնը մարդոց, որոնք դրամ չունէին, բայց գաղափար ունէին, ինչպէս ըսած էր պայծառ դէմքով Նիկոլ Աղբալեան:

«Ամբողջին պատրաստուած չէինք», ըսուած է շուրջ եօթը տասնամեակ առաջ: Այսօր կը գործե՞նք «ամբողջ»-ի հեռանկարով, թէ օրը օրին ջուր ճողփացնելով կը զուարճանանք:

Երբեմն հին բայց չհինցող էջերը պէտք է բանալ եւ մեր ներկան լուսաւորել: Այս ընել պերճանք չէ, ոչ ալ տեսակաւոր անվաղորդայն աղմկարարութիւն, այլ մարդու եւ ազգի իրաւ ինքնութեան նուաճում:

Նոր սերունդի հայօրէն ճամբան այսպէս պէտք է բանալ, որպէսզի տոկանք եւ տեւենք:

Արփիար Արփիարեանի «Պատմութիւն ԺԹ. դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան» ընթերցումը, այսինքն՝ արեւմտահայոց գրականութեան, պիտի թելադրէ գոյութենական հարցումը. Ի. եւ ԻԱ. դարերու հայ գրականութիւնը շարունակութեան օղա՞կ է, նո՞ր է, թէ՞ պարզապէս խզում՝ օտարման ճամբաներու վրայ:

Յիշուած լայնքէն եւ երկայնքէն բազմապատկելու հարցին, առանց ճապկումներու, ի՞նչ պատասխան կու տանք այսօր:

Այս անհանգստութիւնը, նոյնպէս 1944-ին, արտայայտած է Նիկոլ Աղբալեան, «Հայոց գրականութեան պատմութեան» հատորի վերջին էջին վրայ (հրատարակութիւն Համազգային ընկերութեան, տպարան ՅՈՅՍ, 1944, Պէյրութ): Ան իր մահէն երեք տարի առաջ, գրած է կտակի խօսք. «Գրիչ թէ ստացող աղերսում են երեսանկեալ, որ ընթերցողները իրենց մաքրափայլ աղօթքների մէջ նրանց մեղքերի համար թողութիւն խնդրեն Աստծուց: Հասած են ժամանակներ, երբ աղօթող շատ քիչերն են մնացած եւ աւելի քիչ՝ գրիչների վաստակն ընթերցող (ընդգծ. Յ. Պ.): Բայց եկեղեցին դեռ աղօթում է աւանդաբար եւ նա կարող էր Թարգմանչաց տօնի համար մի կարգ յօրինել, ուր յիշատակուէին Բանի յայտնի եւ անյայտ սպասաւորներ, «որոց անուն Տէր գիտէ» (էջ 210):

«Որոց անուն Տէր գիտէ», իսկ մենք՝ համաշխարհայնացողներս, սպառողական ընկերութեան եւ զբօսի քաղաքակրթութեան մէջ խրած՝ ժամանակ չունինք…

Կրնա՞նք ունենալ եւ զանգուածին ներշնչել «ամբողջ»-ի տեսիլքը: Այս ազգային ճշմարիտ եւ իրաւ մարտահրաւէր է (տուրք տալով նորոյթ դարձած կրկնութեան), դիրքապաշտութիւններ եւ ճապկումներ գերանցող:

15 հոկտեմբեր 2013, Նուազի-լը-Կրան

Share this Article
CATEGORIES