Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը՝ Հայաստանի «Սիրոյ Կամուրջ»
Նոր Հայկական Միուզիքըլի Գլխաւոր Գործընկերն Է
«Սիրոյ կամուրջ»-ը Հայաստանի միուզիքըլը` թատերական արուեստի իւրայատուկ այս ճիւղը զարգացնելու փորձ է: Նախաձեռնողներն են` Յ. Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնը եւ «Արտ Թիմ» ընկերութիւնը` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը նախագիծի գլխաւոր գործընկերն է: Նշենք, որ նախագիծը իրականացնելու նպատակով ընկերութիւնը տրամադրած է 200 միլիոն դրամ:
Նախագիծին շուրջ միաւորուած են ո՛չ միայն յատուկ քասթինկի միջոցով ընտրուած երիտասարդ կատարողներ, այլեւ տաղանդաւոր եւ մասնագիտական ստեղծագործական խումբ մը: «Սիրոյ կամուրջ» միուզիքըլի բեմադրիչն է Վահան Բադալեանը: Երաժշտութեան հեղինակներն են՝ Արմէն Մարտիրոսեանը, Արա Թորոսեանը, Քրիստ Մանարեանը եւ Էմմա Ասատրեանը: Խօսքերու հեղինակներն են՝ Էմմա Ասատրեանը, Անիթա Հախվերդեանը, Գրիգոր Կոկչեանը, Քրիստ Մանարեանը: Գործիքաւորումը վստահուած է Արա Թորոսեանին եւ Մարթին Միրզոյեանին: Նկարիչն է Դաւիթ Մինասեանը: Պարերու բեմադրման համար Երեւան հրաւիրուած է հանրայայտ պալեթմէյսթեր, բազմաթիւ հեղինակաւոր միուզիքըլներու բեմադրող-երաժիշտ եւ պարուսոյց Վալերի Արխիպովը:
Միուզիքըլը հանդիսատեսին ներկայացուած է բացառաբար կենդանի կատարմամբ:
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը Կրկին «Վերադարձի»
Դասական Երաժշտութեան
Փառատօնի Գլխաւոր Հովանաւորն Է
Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ սկսած է «Վերադարձի» դասական երաժշտութեան եօթներորդ փառատօնը: Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութեան՝ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի շարունակական հոգածութեան եւ աջակցութեան շնորհիւ, արդէն աւանդական դարձած փառատօնը այս տարի եւս մայրաքաղաքի հանդիսատեսին կարելիութիւն պիտի ընձեռէ հանդիպելու արտերկրի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող տաղանդաշատ մեր հայրենակիցներուն, ունկնդրելու դասական երաժշտութեան գլուխ-գործոցներ:
«Ժամանակակից աշխարհի մէջ արուեստը սահմաններ չի ճանչնար: Մշակութային հարուստ ժառանգութիւն ունեցող երկրի արուեստագէտները կրնան ինքնադրսեւորուիլ եւ ստեղծագործել թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ՛ արտերկրի մէջ: Վերջին տասնամեակներուն դասական երաժշտարուեստի ականաւոր ներկայացուցիչներէն շատերը մեկնած են Հայաստանէն՝ առաւել կատարելագործելու եւ համաշխարհային բարձունքներ նուաճելու համար: Անշուշտ, մենք՝ հայերս, կը հպարտանանք՝ տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս մեր հայրենակիցները իրենց արժանի տեղը կը գտնեն միջազգային ասպարէզի մէջ: Միաժամանակ պէտք է յիշել, որ խոստմնալից երիտասարդ կատարողներու բացայայտումը, անոնց հետագայ զարգացումը եւ սերնդափոխութիւնը կ՛ենթադրեն շարունակական կապի առկայութիւն եւ փորձի փոխանցում: Այդ պատճառով անհրաժեշտ է, որ դասական երաժշտութեան հայազգի կատարողները եւ ստեղծագործողները կարելի յաճախականութեամբ հանդէս գան հայրենիքի մէջ», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
Համերգային ծրագիրը, որ նուիրուած է Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբի հիմնադիր, ականաւոր երաժիշտ Զարեհ Սահակեանցի 80-ամեակին, ներկայացուցած են տաղանդաշատ երաժիշտներ՝ Դաւիթ Յարութիւնեանը (ջութակ, Ֆրանսա), Տոմոկօ Ակասական (ալթ, Ճափոն), Միքայէլ Հախնազարեանը (թաւջութակ, Գերմանիա), Մերի Մովսիսեանը (սոփրանօ), ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը` գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր երաժիշտ Վահան Մարտիրոսեանի ղեկավարութեամբ:
Ծրագրին մէջ ընդգրկուած էին Զ. Սահակեանցի փոխադրումները` Ձայնի եւ սենեկային նուագախումբի համար, Վ.Ա. Մոցարթի, Թ. Վիթալի, Մ. Ռաւելի, Է. Պլոխի, Կ. Աթթերպերկի ստեղծագործութիւնները:
Փառատօնը հանդիսատեսին պիտի ներկայանայ 6 համերգներէ բաղկացած համերգաշարով եւ իր աշխատանքը պիտի եզրափակուի նոյեմբեր 20-ին:
Հերոս Մերուժան Մոսիեանին Եւ Անոր Ճակատագրակից
Ընկերներու Յիշատակի Ոգեկոչում
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական թեւի նախաձեռնութեամբ, Մարտունիի մշակոյթի տան դահլիճին մէջ կայացած է յուշ-երեկոյ՝ նուիրուած արցախեան ազատամարտին ընթացքին հերոսացած, «Մարտական խաչ» առաջին շքանշանի ասպետ Մերուժան Մոսիեանին եւ անոր ճակատագրակից 4 մարտական ընկերներու յիշատակին:
Ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան նահատակներուն ազգասիրութիւնը եւ նուիրուածութիւնը։ Արդարեւ, արցախեան ազգային-ազատագրական շարժման զինուորագրուած նուիրեալներուն համար հարազատ բնօրրանի պաշտպանութիւնը դարձաւ ամէնէն կարեւոր մարտահրաւէրը։
Մարտունիի թիւ 26 հրաձգային գումարտակի հրամանատար Մերուժան Մոսիեանի եւ անոր զինակից 4 ընկերներուն՝ Մհեր Ջուլհաճեանին, Արտակ Մնացականեանին, Լեւոն Համբարձումեանին եւ Ռուդիկ Աւագեանին համար պայքարը ունէր մէկ վերջակէտ՝ յաղթանակ: Յաղթանակ, զոր անոնք կը կերտէին միասին՝ ռազմաճակատի տարբեր հատուածներուն վրայ:
Ստեփանակերտի Մէջ «Թումօ»-ի Կեդրոն Պիտի Հիմնուի
«ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնը կ՛ընդարձակէ իր աշխարհագրութիւնը: 2015 թուականին Ստեփանակերտի մէջ պիտի կատարուի կեդրոնի նոր մասնաճիւղի բացում եւ այսպիսով ուսուցման նոր հեռանկարներ պիտի բանայ 12-16 տարեկան մօտաւորապէս հազար արցախցի աշակերտի համար: «Շինարարական աշխատանքները արդէն սկսած են: Ղարաբաղի կառավարութիւնը մեզի տրամադրած է մեծ եւ գեղեցիկ տարածք՝ Ստեփանակերտի կեդրոնը»։ Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է կեդրոնի տնօրէն Մերի Լու Փափազեանը:
Ըստ անոր, շինարարութիւնը պիտի տեւէ մօտաւորապէս մէկուկէս տարի, սակայն, նախքան շինութեան ամբողջացումը, իրենք մտադիր են գտնել ժամանակաւոր տարածք՝ Արցախի մէջ իրենց աշխատանքներուն սկսելու համար: Փափազեան նշած է, որ Արցախի մէջ նոր կեդրոնին բացումը պիտի նպաստէ հանրապետութեան մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու մտաւոր կարողութիւններու զարգացման:
Կեդրոնի տնօրէնին համաձայն, «ԹՈՒՄՕ» Հայաստանի մէջ իր երկամեայ գործունէութեան ընթացքին առաւել քան արդարացուցած է իրմէ եղած ակնկալութիւնները։ «Նախաձեռնութիւնը արդարացաւ, որովհետեւ փոքրիկները այս յարկին տակ կը սորվին, փորձառութիւն կը շահին, կը փոխուի անոնց հայեացքը: Մենք կ՛օգնենք մեր սաներուն, որպէսզի հասնին իրենց նպատակին», հաստատած է ան։ Այս տարուան յունուարին բացուած Դիլիջանի «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնէն բացի, իրենք մտադիր են յառաջիկային կեդրոններ բանալ նաեւ Գիւմրիի եւ Գորիսի մէջ:
Մինչեւ տարեվերջ Երեւանի «ԹՈՒՄՕ»-ն պիտի շարունակէ համաշխարհային հռչակ ունեցող դէմքերու՝ հայ եւ օտար մասնագէտներու կողմէ տարբեր ոլորտներու մէջ դասընթացքներու իրականացման աշխատանքները: Եգիպտոս ծնած, Պէյրութ մեծցած եւ ինը տարիէ Հայաստան բնակող Փափազեան վստահ է, որ «ԹՈՒՄՕ»-ի յաջողութեան սկզբունքը երբեք չյուսահատելու եւ միշտ աւելիին ձգտելու գաղափարն է: Արցախի մէջ «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնի հիմնադրման հարցը 2012 թուականի 18 հոկտեմբերին պաշտօնապէս քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ ամերիկահայ բարերարներ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու հանդիպման ընթացքին:
Հայաստանեան Գինիներուն Որակը Շեշտակիօրէն
Բարձրացած Է
«Հայաստանի մէջ արտադրուող գինիներուն որակը շեշտակիօրէն բարձրացած է նախորդ տարիներու համեմատ»։ Վերջերս կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի Գինեգործներու միութեան նախագահ Աւագ Յարութիւնեանը: «Հայաստանի մէջ արտադրուող գինիներուն որակը տարուէ տարի կը բարձրանայ: Վերջին երկու-երեք տարիներուն անհամեմատելի բարձր որակ ունինք նախորդ 5-10 տարիներուն համեմատ», նշած է Ա. Յարութիւնեան:
Հայկական գինիներուն երկու երրորդը կ՛արտածուի Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան երկիրներ, մնացածը՝ Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ:
Մասնագէտը դիտել տուած է, որ գինիներու որակի բարձրացումը առնչուած է այն իրողութեան, որ գինի արտադրողներուն մեծ մասը արդէն ունի իր սեփական այգիները եւ կարողութիւն ունին վերահսկելու խաղողի բերքի որակին: Յարութիւնեանի համաձայն, գինի արտադրող կազմակերպութիւնները որակի առումով լուրջ մրցակից են գիւղացիներուն, ինչը կը ստիպէ, որ անոնք ուշադրութիւն դարձնեն որակին: Միութեան նախագահը անդրադարձած է նաեւ խաղողի շաքարայնութեան մակարդակի բարձրացման:
Յարութիւնեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ այս տարի մթերուած խաղողին, քանակը 10 առ հարիւրով գերազանցած է նախորդ տարուան ցուցանիշը:
Հաղորդենք, որ Հայաստանի մէջ այս տարի հաւաքուած է 166.5 հազար թոն խաղող եւ անոր 60 առ հարիւրը կը մթերեն հիմնականին մէջ 3 կազմակերպութիւններ:
Հայաստանցի, Արցախցի Եւ Արտասահմանցի Մասնագէտներ
Պիտի Քննարկեն Հայոց Գորգագործութեան Աւանդութիւնները
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը 20-22 նոյեմբերին Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպէ հայկական գորգագործական մշակոյթի ուսումնասիրման հիմնական հարցերուն նուիրուած «Հայկական հանգոյց. գորգագործութեան աւանդոյթները» խորագիրով միջազգային գիտաժողով: Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ յայտնած են, որ գիտաժողովի ծիրին մէջ անդրադարձ պիտի կատարուի հայոց գորգագործական մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ տիպաբանման հիմնական հարցերուն, աւանդական եւ ժամանակակից գորգերուն, գորգի վերանորոգման արդիական ձեւերուն եւ այլ նիւթերու։
Գիտաժողովին պիտի մասնակցին հեղինակաւոր մասնագէտներ՝ Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Լեհաստանէն, Աւստրիայէն, Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն։
Նշենք, որ գիտաժողովին պիտի մասնակցին նաեւ գորգագործութեան բնագաւառին մէջ գործունէութիւն ծաւալող ընկերութիւններ:
Թումանեանի Բանաստեղծութիւնները Պաստառին Վրայ
2014-ին կ՛ամբողջանայ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 145-ամեակը: Բանաստեղծի յոբելեանին առիթով «Ռոպերթ Սահակեանց փրոտաքշըն»-ը կը պատրաստուի իր իւրայատուկ նուէրը մատուցելու՝ առաջին անգամ Յ. Թումանեանի մանկական բանաստեղծութիւնները պաստառի վրայ տեղադրելով։
Լրագրողներու հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին բեմադրիչ Դաւիթ Սահակեանց յայտնած է, որ պաստառին վրայ տեղադրուելու կը պատրաստուի 13-14 բանաստեղծութիւն:
«Բանաստեղծութիւնները պիտի կարդան մասնագէտ դերասաններ, սակայն այլ գաղափար մըն ալ կայ, որ որոշ բանաստեղծութիւններ կարդան նոյնիսկ փոքրիկներ», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ ծրագիրը պիտի իրականացուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ֆինանսաւորումով:
Հայաստան Արժանացած Է «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք Թրեվըլըր»-ի
«Տարուան Յայտնութիւն» Մրցանակին
Ամփոփուած են «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք Թրեվըլըր» ամսագիրի ռուսական տարբերակին կողմէ կազմակերպուած լաւագոյն զբօսաշրջային ուղղութեան մրցումի առցանց քուէարկութեան արդիւնքները: Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի հանրային կապերու գրասենեակէն յայտնած են, որ մրցումին արդիւնքներուն համաձայն, Հայաստան յաղթած է «Տարուան յայտնութիւն» բաժանմունքին մէջ:
Այս տիտղոսը ապացոյց է Հայաստանի բազմաբնոյթ զբօսաշրջութեան խթանման ուղղութեամբ Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամին կողմէ առնուած բազում քայլերուն: Յատկապէս կարեւոր կը նկատուի Հայաստանի պատմական մշակութային եւ ազգային-հոգեւոր ժառանգութիւնը՝ ռուսական շուկային մէջ ճանաչելիութեան բարձրացման եւ ներքին զբօսաշրջային հոսքերու խթանման տեսանկիւնէ:
Գրող, Հրապարակախօս Զօրի Բալայեան Հայաստանի Սփիւռքի
Նախարարութեան Յանձնեց «Անընդունելի Անտարբերութիւն.
Սիոնիզմը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Գիրքէն 500 Օրինակ
Նոյեմբեր 8-ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի մասնակցութեամբ, գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան յանձնեց հրեայ գրող Եայիր Աուրոնի «Անընդունելի անտարբերութիւն. սիոնիզմը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» գիրքէն 500 օրինակ` սփիւռքի համայնքներուն մէջ տարածելու նպատակով:
Հրեայ գրող Եայիր Աուրոնին գլխաւոր նպատակը եղած է այս գիրքով ընթերցողին ներկայացնել փաստեր՝ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան մասին, Պաղեստինի հրեայ համայնքի եւ սիոնիզմի առաջնորդներուն վերաբերմունքը 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային ոչնչացման մասին:
Ներկայացնելով Եայիր Աուրոնի «Անընդունելի անտարբերութիւն. սիոնիզմը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» հետազօտութիւնը` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, թէ հակառակ որ գիրքը ընթերցողին տրամադրութեան տակ եղած է 1990-ական թուականի վերջերը, սակայն հայերէնի թարգմանուած է միայն 2013 թուականին՝ գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեանի ջանքերով:
Հրանուշ Յակոբեան ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, գիրքը լաւագոյն նուէրն է մեր ժողովուրդին: Հայ համայնքներու մէջ նոյնպէս կը գործեն Ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշխատանքները համակարգող յանձնախումբեր, որոնք հայրենիքէն կը սպասեն ազդակներ: Այդ ազդակներէն մէկը կը համարուի այս հետազօտութիւնը:
Գիրքը արժէքաւոր է այն իմաստով, որ գրուած է ցեղասպանութիւն տեսած հրեայ ժողովուրդի ներկայացուցիչին կողմէ, եբրայերէնով, այնուհետեւ թարգմանուած է անգլերէնի եւ ռուսերէնի:
Նախարարը բարձր գնահատեց Զօրի Բալայեանի կողմէ գրուած գիրքին նախաբանը, ինչպէս նաեւ «Ամարաս» հրատարակչութեան տնօրէն Արկադի Ասրեանը՝ գիրքին ձեւաւորումը բարձր մակարդակով կատարելուն համար:
Եայիր Աուրոնը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող փաստերու ուսումնասիրման նուիրուած է աւելի քան 10 տարի` բացայայտելով իրեն համար անկանխատեսելի փաստեր: Հեղինակը յոյս ունէր գտնելու միջազգային հանրութեան մէջ մեծ կարեկցանք՝ հայերու տառապանքին նկատմամբ, սակայն փոխարէնը գտած է անընդունելի անտարբերութիւն:
Այս իմաստով մեծ աշխատանք կայ կատարելու եւ գիրքը միջազգային հանրութեան ներկայացնելու: Հրանուշ Յակոբեան անհրաժեշտ համարեց նաեւ հետազօտութիւնը թրքերէնի եւ արեւմտահայերէնի թարգմանելը:
«Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Կարէն Բաղդասարովին` գիրքը հայերէնի եւ ռուսերէնի թարգմանելու եւ տպագրելու գործը կարելի դարձնելուն, ինչպէս նաեւ հայերէնի թարգմանիչ Աննա Սաֆարեանին` լաւագոյն թարգմանութեան համար», շեշտեց նախարարը:
Ներկայացնելով հետազօտութեան բովանդակութիւնը` Զօրի Բալայեան նշեց, որ գիրքը բաժնուած է զօրամասերու եւ գրադարաններու մէջ, ինչպէս նաեւ 50 օրինակ արդէն իսկ ուղարկուած է Արցախ, եւ գիրքէն օրինակներ տրուած են արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հայկական դեսպանատուներու բաժնելու նպատակով:
Գրողը նշեց, որ Եայիր Աուրոնը այս գիրքի լոյս ընծայումէն ետք շարունակած է հաւաքել եւ արդէն ցարդ ձեռքին տակ ունի հազարաւոր փաստաթուղթեր Հայոց ցեղասպանութեան, Հրէական ողջակիզման եւ Հայոց ցեղասպանութեան համեմատականութեան վերաբերող, եւ այսպիսով կրնայ այլ գիրք մը եւս հրատարակել:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի մէջ հրեայ համայնքի նախագահ Ռիմա Վարժապետեանը: Հրեայ ներկայացուցիչը, սեփական ժողովուրդի փորձառութենէն մեկնելով, հաւաստիացուց, որ միայն տպագրութիւնը բաւարար չէ, անհրաժեշտ է ամէն տեղ տարածել եւ ամէնուրեք խօսիլ գիրքին մասին:
Յատկանշական է, որ գիրքին յառաջաբանին մէջ Եայիր Աուրոնը նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած հետազօտութիւնը աւելի շատ պէտք էր հրեայ ժողովուրդին, քան՝ հայերուն. «Ես համոզուած եմ, որ ժխտելով այլ ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւնը՝ մենք կը պղծենք մեր սեփական Ողջակիզման ժառանգութիւնը: Ահա թէ ինչո՛ւ ամէնէն աւելի կը ցանկամ գիրքս թարգմանուած տեսնել հայերէնի, քան՝ որեւէ այլ լեզուի: Այժմ այդ մէկը իրականացած յոյս է, նոյնիսկ` երազանք»: