Թուրքիոյ Իսլամացած Հայերը Կարծէք Քաւարանի Մէջ Ապրած Են. «Հիւրրիյէթ»

Islamized«Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով Թուրքիոյ մէջ բռնի կերպով իսլամացած հայերը իրենց կեանքը, կարծէք, քաւարանի մը մէջ կ­­՛անցընեն, որովհետեւ անոնք չեն ընդունուած ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ հայութեան կողմէ», չորեքշաբթի, նոյեմբեր 6-ին գրած է «Հիւրրիյէթ» թերթը՝ անդրադառնալով Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ու իսլամացած հայերու նուիրուած գիտաժողովին:

«Հիւրրիյէթ»-ի թղթակից Վերճիհան Զիֆլիօղլու օրինակներ տուած է նշեալ գիտաժողովին մասնակցողներու ելոյթներէն: «Ես կը յաճախէի գիշերօթիկ դպրոց, ուր միւս երեխաները զիս «անհաւատ» կ­­՛անուանէին: Ես չէի գիտեր, թէ այդ ի՛նչ կը նշանակէ, այլ միայն կը մտածէի, որ անոնք զիս չեն սիրեր», պատմած է Սատըք անունով իսլամացած հայերէն մէկը՝ Ատըեամանէն: Ան նշած է նաեւ, որ հասարակութենէն ընդունուած չըլլալու իրողութիւնը կանխորոշած է իսլամացած հայերուն ամբողջ կեանքը:

23-ամեայ Պերֆինը, որ Օքսֆորտի համալսարանին մէջ տոքթորական աւարտաճառը կը պատրաստէ, պատմած է արտասահմանի մէջ իր ինքնութեան յառաջացուցած խնդիրներուն մասին: «Երբ ես Ֆրանսայի մէջ դիմեցի ուսանողական կացարանի համար, անոնք մկրտութեան թուղթ պահանջեցին եւ չընդունեցին զիս, քանի որ չունէի ատիկա: Այո՛, քրիստոնեայ հայերն ալ լուրջ խնդիրներ ունեցած են, բայց անոնք ապրած են իրենց հայկական ինքնութեամբ: Մենք ստիպուած եղած ենք հարիւր տարի ապրելու լուռ յուսահատութեամբ», ըսած է ան:

Այլ մասնակից մը, որ ներկայացած է իբրեւ Հ. Թ., պատմած է, թէ իսլամացած հայերուն մէկ մասը իր տուներուն մէջ փորձած է պահպանել քրիստոնէական աւանդոյթները, սակայն դուրսը հանդէս եկած է իբրեւ իսլամ: «Ապրիլ՝ կը նշանակէ դիմակայել, եւ մենք կանգուն մնացինք: Ինչ ալ ըրինք, մեզ «անհաւատ» կոչեցին: Այժմ քրիստոնեայ հայերը եւս մեզ չեն ընդունիր, եւ մենք կարծէք միջանկեալ դիրքի մը մէջ մնացած ենք», ըսած է ան՝ աւելցնելով, թէ իսլամացած հայերէն շատերը այսօր եւս կը թաքցնեն իրենց ինքնութիւնը՝ չկարենալով կտրել թրքական հասարակութեան մէջ առկայ թապուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )