Իսլամացուած Հայ Կնոջ Ողբերգական Պատմութիւնը
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է իսլամացուած հայերու մասին խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, ներկայացուած են նաեւ հայ կիներու պատմութիւնները։ Այդ պատմութիւններէն մէկը, որ խորհրդաժողովի ընթացքին պատմած է մտաւորական Նեւին Եըլտըզ Թեհինճիօղլու, հրապարակուած է թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ։
Ուրֆայի մէջ ապրած Սառա ստիպուած եղած է բռնի ամուսնանալ իր ծնողները սպաննած թուրք Այըփ աղային հետ, որ համիտիյէ գունդերու գլուխն անշցած՝ կը յարձակէր հայկական գիւղերու եւ բնակավայրերու դէմ։
15-ամեայ Սառայի գիւղին վրայ ալ կը յարձակին եւ տղամարդիկը կը հաւաքեն, կը տանին։ Դէպքէն մէկ ամիս ետք, երբ Սառան ձորը լուացք կ՛ընէր, շան բերանը մարդու ձեռք կը տեսնէ եւ այդ ձեռքին վրայ եղող ժամացոյցէն կը կռահէ, որ ատիկա իր հօրեղբօր ձեռքն է։ Շան ետեւէն կ՛երթայ մինչեւ «հայկական քարանձաւ» կոչուող վայրը եւ այնտեղ իրենց գիւղի տղամարդոց մասնատուած մարմինները կը գտնէ։
Ողջ մնացածները կ՛որոշեն հեռանալ գիւղէն, սակայն Այըփ աղան զիրենք կը բռնէ եւ օրեր շարունակ տեղ մը պահելով՝ սովի կը մատնէ։ Այըփ աղան, որ արդէն երկու կին ունէր, կը սիրահարի Սառային եւ կը պահանջէ, որ իրեն հետ ամուսնանայ։ Երբ Սառան կը մերժէ, Այըփ կը սպաննէ անոր մայրը, Սառան դարձեալ չ՛ընդունիր առաջարկը, որմէ ետք աղան կը սպաննէ նաեւ աղջկան հայրը։ Իսկ երբ Այըփ կ՛ուզէր Սառային եղբայրը սպաննել, աղջիկը կը համաձայնի երկու պայմանով, նախ եղբայրը պիտի չսպաննէին եւ երկրորդ՝ իր անունը, որ հայրը իրեն տուած էր, պիտի չփոխուէր։
Այըփ աղան համաձայն կը գտուի, սակայն մէկ տարի ետք Սառային եղբայրը կը մահանայ կասկածելի պայմաններու մէջ։ Իսկ Այըփ աղան կը սկսի Սառան սարսափելի ճնշումներու ենթարկել։ Այըփ եաթաղանով, որով հարիւրաւոր հայեր սպաննած էր, Սառայի մարմնին վրայ խաչեր կը գծէր, կը բռնաբարէր։ Սառան 15 երեխայ կ՛ունենայ, որոնք բոլորն ալ կը մահանան։ Սառան կամ ալ Այըփի միւս կիներէն մէկը երեխաները թունաւորելով սպաննած էր։
Սառայի մահն ալ շատ ողբերգական եղած է։ Երբ ան գերեզմանոց կ՛երթար, անոր բարեկամները, որոնք չէին հաւատար, որ Սառան մահմետական է, կը յարձակին անոր վրայ՝ ըսելով, որ եթէ դուն ալ իսլամ ես, ապա նամազ ըրէ։ Սառան համաձայնելով՝ կը մտնէ նամազ ընելու, որմէ անմիջապէս ետք ուղեղի կաթուած կը ստանայ եւ կը մահանայ։
Սառային պատմութիւնը աւարտելէ ետք, մտաւորականը յայտնած է, որ այս պատմութեան մէջ «վատերը»՝ Այըփ աղան ալ, այս պատմութիւնը իրեն պատմողներն ալ իր բարեկամներն եղած են։
«Սխալ է, որ վնաս կրածները գան եւ ըսեն. «Մենք վնաս կրած ենք»։ Յանցագործները, երբ ըսեն, մենք մարդասպան ենք, այդ ժամանակ անցեալի վէրքերը պիտի բուժուին», ըսած է Նեւին Եըլտըզ Թեհինճիօղլու։