Շահանդուխտ
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Տակաւին դպրոցական աշակերտ ենք։ Նշան Փալանճեան Ճեմարան։ Մեր դասերէն մէկուն մէջ խօսուած է տպագրական նիւթի մը մասին։ Մանրամասնութիւնները չեմ յիշեր, սակայն մեր ուսուցիչը՝ Գրիգոր Շահինեան, ամէն տարի աւանդութիւն դարձուցած է ութերորդ դասարանի աշակերտները տանիլ «Այգ», «Le Soir» տպարանը, ուր երկու թերթերու տնօրէն Տիգրան Թոսպաթ կարգ մը տեղեկութիւններ կու տայ յատկապէս լրագիրներու տպագրութեան մասին. ինչպէս նաեւ այն մասին, թէ ուրկէ կը քաղեն լուրերը, գրաշարները ինչպէ՞ս կը շարեն կապարէ շինուած գիրերը, մէկ առ մէկ փոքրիկ բռնիչով մը զետեղելով տառերը, որոնք ծուռ կը շարուին, որպէսզի շիտակ կարդացուին։ Չերկարեմ։ Իմ նպատակս ո՛չ թերթի տպագրութեան մասին գրել է, ո՛չ ալ գրաշարներուն, հակառակ անոր որ կը հիանամ իրենց աշխատանքին վրայ։ Իմ նպատակս գրել է անձի մը մասին, որուն առաջին անգամ հանդիպեցայ «Այգ»-ի տպարանին մէջ։ Իմ նպատակս է գրել Շահանդուխտին մասին, որ անկիւն մը նստած, թաղուած իր տրցակներուն մէջ՝ նոյնիսկ գլուխը չի բարձրացներ, ձգելով իր աշխատանքը՝ դիտելու համար ժամանող աշակերտները:
Տիգրան Թոսպաթ՝ «Այգ»-ի տէր ու տնօրէն, նախքան իր բացատրականը տալը, կ՛ուզէ մեզ ծանօթացնել թերթի անձնակազմէն քանի մը հոգիին։ Օրիորդ Շահանդուխտ, պարոն Եղիշէ Մանուկեան եւ քանի մը ուրիշներ։ Անկարելի է, որ յիշեմ բոլոր անունները, սակայն այս երկու յիշած անուններս ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ։ Երկու յայտնի անուններ։
Այդ ժամանակ Շահանդուխտ մեզի համար հայկական օրաթերթի մէջ աշխատող լրագրողուհի մըն էր, կամ՝ սրբագրիչ մը, կամ ալ… ո՞վ ուշադրութիւն ըրաւ, թէ ան ի՛նչ կ՛ընէր այդ կլոր, մութ սրճագոյն գրասեղանին ետին, դէմ առ դէմ Եղիշէ Մանուկեանին։ Խմբագրատունը այնքան փոքր է, որ ոչ թէ առանձին գրասենեակ չունին, այլ երկու հոգիով կը բաժնեն նոյն գրասեղանը։ Շահանդուխտ հազիւ գլուխը կը վերցնէ իր առջեւ դիզուած տրցակներէն։ Գլխով պզտիկ բարեւ մը կու տայ, համեմուած անուշ ժպիտով մը ու կը շարունակէ իր գործը, շատ հաւանաբար միտքէն ըսելով՝ «Նայինք ձեզմէ քանի՞ հոգի հետաքրքրուած է հայ թերթով, հայ գրականութեամբ»։
Տարիները անցան։ Լրագրողուհին դարձաւ յօդուածագիր, աւելի՛ն. հատորներու հեղինակ: Արդի հայ գրականութեան մէջ յայտնի անուն: Իր գործերուն մեծամասնութիւնը կարդացած եմ հաճոյքով, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ըմբոշխնած եմ։ Կարդա՞լ։ Որեւէ գրութիւն, լաւ կամ գէշ, հաճելի կամ ոչ կարելի է կարդալ հաճոյքով, կամ հապճեպով, սակայն կան գրութիւններ, որոնք չես կարդար, այլ կ՛ըմբոշխնես։ Շահանդուխտին գրութիւնները այս խումբին կը պատկանին։ Այնքան խորունկ, միեւնոյն ժամանակ այնքան պարզ, հասկնալի ու հետաքրքրական։ Այնքան մանրամասն կը ներկայացնէ Պուրճ Համուտը։ Կարդացած ժամանակդ, նոյնիսկ եթէ հազարաւոր մղոններ հեռու ես վայրէն, հոն ես, ներկայ ես, Նոր Մարաշ թաղն ես, Լիբանանի մէջ ես եւ, Սաննինէն ջուր կը խմես։
Շահանդուխտին հետ խօսելու առիթ ունեցած եմ միայն մէկ անգամ, այն ալ… Լիբանանէն հազարաւոր մղոններ հեռու եղած հեռաձայնային խօսակցութիւն, սակայն այդ մէկ հատիկ խօսակցութենէն, որ նոյնիսկ դէմ դիմաց չէր, կը զգաս, թէ որքան սէր ու գուրգուրանք ունի հայ գրականութեան հանդէպ, գրողին հանդէպ։ Հրատարակած եմ յուշերու համեստ գրքոյկ մը։ Առաջին փորձառութիւնս է, նոյնիսկ չեմ կրնար ընդունիլ «գրող» բառը, սակայն Շահանդուխտ գիտէ գնահատել բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն ծառայել հայ գիրին ու գրականութեան: Մեծ քրոջ մը նման խրատներ ու ցուցմունքներ կու տայ։ Կը քաջալերէ, որ յաճախ գրեմ։ Կը շեշտեմ, «ես գրող չեմ, գրողը Մուշեղ Իշխանն է, Արամ Հայկազն է, Անդրանիկ Ծառուկեանն է», սակայն Շահանդուխտին խրախուսիչ խօսքերէն քաջալերուած՝ կը փորձեմ քանի մը յօդուածներ ղրկել «Ազդակ», որուն խմբագրութիւնը կը քաջալերէ զիս եւ կը մղէ գրելու նոր յօդուածներ։
Կը շեշտէ՝ «Միայն գրականութեան յայտնի դէմքերը չեն գրողները, ունինք նաեւ սիրողական գրողներ»։
Համայն աշխարհ կը հիանայ ու միեւնոյն ժամանակ կը զարմանայ, թէ ինչպէ՛ս աշխարհահռչակ երգահան Պեթհովէն հիանալի դասական կտորներ գրած է խուլ վիճակով, իսկ մենք՝ հայերս, իրաւունք չունի՞նք հպարտանալու Բարսեղ Կանաչեանով ու Շահանդուխտով, երբ երկուքն ալ տեսողութեան ծանր վիճակով, Կանաչեան երգեր կը դաշնաւորէ ու երգչախումբ կը ղեկավարէ, իսկ Շահանդուխտ՝ յօդուածներ կը գրէ եւ վերջերս կը հրատարակէ «Ճակատագրի ճանապարհին մոռցուածները» իր երեսուներկրորդ հատորը։
Կրնա՞ք երեւակայել։ Երեսուներկու հատորներ։ Այս վերջինը տակաւին կարդալու առիթը չեմ ունեցած։ Շուտով։ Շատ շուտով։ Անհամբեր եմ։ Եւ առանց իսկ կարդացած ըլլալու՝ վստահ եմ, որ ի՜նչ մեծ հաճոյքով պիտի կարդամ։
Շահանդուխտի գործերուն նոր չէ, որ պիտի ծանօթանամ։
Սիրելի՛ Շահանդուխտ, գնահատանքի յարմար խօսքեր չեմ գտներ իմ բառացանկիս մէջ, սակայն ինչպէս հայկական առածը կ՛ըսէ՝
«Ես քիչ ըսեմ, դուն շատ հասկցիր»։
Երկու բառ։
Վարձքդ կատար։
Լոս Անճելըս, 2013

