Երիտասարդական Ակնարկ. «Ապուշ» ԼԵՄ-ականը

ԱՅԲ

Արիւն, քրտինք, նահատակութիւն… Պարզապէս այս երեք պարզ բառերով կարելի է ամենայն պարզութեամբ ամփոփել ԼԵՄ-ի 40 տարուան պարզ գործունէութիւնը:

40 տարիներ առաջ, համաշխարհային շարժումներու հետ միաժամանակ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հիմնեց Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը, որ դռները բացաւ պարզամիտ ու հանճար, տգէտ ու գիտուն, հուժկու ու տկար երիտասարդներուն դիմաց, առանց խտրութիւն դնելու որեւէ դասակարգի ու որեւէ կարողութեան, բայց եւ այնպէս ԼԵՄ-ի դռները բաց էին ու բաց կը մնան միայն մէկ տեսակի երիտասարդի, միայն մէկ տիպի հայու, միայն ու միմիայն ազգասէր հայ երիտասարդին դիմաց:

Բարեբախտաբար այդ էր միակ պայմանը ԼԵՄ-ի ոչ հրապուրիչ դռներէն ներս մտնելու, որովհետեւ 1975-ին` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին վրայ հասնելով, ԼԵՄ-ը պայմանաւորուեցաւ չնախատեսուած գործելադաշտով մը:

15 տարուան ընթացքին լիբանանահայ գաղութը աննախադէպ իրավիճակի մը դէմ յանդիման գտնուեցաւ, ռումբեր, վառօդ, զէնքեր, հրթիռներ, մահ, սարսափ ու ահազանգ կը հնչէին հայահոծ շրջաններու բոլոր անկիւններէն, ու մեր գաղութի անդամները կը դիտէին անկարող, կը սպասէին օրուան հացին, կը սպասէին օրուան աւարտին, կ՛աղօթէին, որ մահը, ահն ու սարսափը չթակէ իրենց դուռը… Իսկ ան, որ կարելիութիւն ունէր, տուն, տեղ, գործ ու գաղութ թողած կը փախչէր դէպի օտար ափեր` իր ու ընտանիքին վիզը հեռու պահելու համար գալիք վտանգէն…

Ի միջի այլոց, ԼԵՄ-ականն էր, որ մահուան աչքերուն նայելով կանգնեցաւ մեր ժողովուրդին ու սպառնացող վտանգին մէջտեղ, ԼԵՄ-ն էր այդ պարիսպը, բերդը, որ ապահովութեան պաշարում շղթայած էր մեր գաղութին շուրջ:

Մինչ հայեր փախուստ կու տային, ԼԵՄ-ականն էր, որ կը պաշտպանէր անոր ունեցուածքը, մինչ աշակերտները դպրոցը նստած կը սորվէին, ԼԵՄ-ականն էր, որ ուսումը մէկդի դրած կը պահէր անոնց դպրոցն ու ուսանելու իրաւունքը, մինչ սարսափահար մայրերն ու քոյրերը տուներուն մէջ կ՛ապաստանէին, ԼԵՄ-ի տղաքը կ՛երաշխաւորէին այդ տան ապահովութիւնը:

ԼԵՄ-ականը իր կեանքը, ներկան, ապագան, ուսումը, ինքնիր լաւութիւնը, ամէն ինչ ուրացաւ, որովհետեւ ճանչցաւ ազգ, ազգ ու միայն ազգ…

Այդ ճանաչողութիւնը ԼԵՄ-ը հասցուց մինչեւ Արցախ, ԼԵՄ-ական տղաքը հասցուց Փարիզ, Պերլին եւ Լիզպոն, հասցուց հոն, ուր չկայ անձի ապագայ, չկայ անձնական ունեցուածք, չկայ անձնական հանգիստ, այլ կայ պայքար, արիւն ու մահ` ի գին հաւաքական յաղթանակի, ազգային փառքի:

Անոնք կռուեցան, զոհեցին իրենց ներկան ու ապագան, ուսումն ու գործը, որ հայեր ապրին, իրաւունք ունենան հայ կոչուելու, որ հարստանան, որ ընտանիք կազմեն, որ կեանք վայելեն…

Քաղաքացիական պատերազմը վերջ գտաւ, Արցախը ազատագրուեցաւ, բայց մեր ժողովուրդը, մեր գաղութը թիրախ դարձուցած հարուածները չկեցան, չդադրեցան, եւ չդադրեցաւ ԼԵՄ-ը…

Փակ դռներու ետին, ո՛չ, Հայաստանը չեն ազատագրեր անոնք, բայց կը զրուցեն, կը մտածեն, կ՛աշխատին, որ գաղութին, հայուն, քո՛ւ ապագադ, քո՛ւ ներկադ, քո՛ւ ապրած ու վայելած կեանքդ շարունակուի…

Կը նետուին փողոց, կը կենան քո՛ւ եւ քեզ հարուածելիք գաւազանին միջեւ. թող կոտրի գաւազանը իր գլխուն, թող ձերբակալուի, թող կոչուի խուլիկան ու փողոցային, նոյնիսկ քո՛ւ իսկ բերնովդ, բայց այդ գաւազանը չըլլայ հասնի քու գլխուդ, հարուածը չհասնի գաղութին, չվնասուի հայ մը…

ԼԵՄ-ականը գիշերը կը լուսցնէ ակումբներուն առջեւ, ճամբաները, ժողովասրահներուն մէջ ժամանակ կը կորսնցնէ, միայն որպէսզի գաղութը իրաւունք ունենայ հա՛յ մնալու, լա՛ւ մնալու:

Կ՛աղտոտէ պատերը, կը հայհոյէ թշնամիին, կ՛ըլլայ անկիրթ, կ՛ըլլայ փողոցային, կ՛ըլլայ տգէտ, ապուշ… Բայց եւ այնպէս, այդ «տգիտութիւնը», այդ «անկրթութիւնը», այդ «խուլիկանութիւնը», այդ «փողոցայնութիւնը», այդ «ժամանակի կորուստը», այդ «ապուշ ԼԵՄ-ականը» եթէ չըլլային ու չըլլան, նաեւ կը կորսուէին քո՛ւ տունդ, քո՛ւ ինչքերդ, երբ լքած էին գաղութը, նաեւ կը կորսուէր քո՛ւ ուսումդ, երբ դպրոցը նստած էին, իսկ հրթիռները կը տեղային մեր հայահոծ շրջաններուն վրայ, կը կորսուի հայ կոչուելու քո՛ւ իրաւունքդ, երբ տունը տաքուկ նստած «փողոցային» ԼԵՄ-ականը ճամբան «անկիրթ կռիւներ» կը մղէ, կը կորսուի Արեւմտահայաստանի քո՛ւ պահանջդ, կը կորսուի վայելքդ, քո՛ւ հանգիստդ, երբ բարեկամներով նստած կը զուարճանաս, եւ «ապուշ» ԼԵՄ-ականը գոց դռներու ետին կ՛երաշխաւորէ քո՛ւ ապագադ…

Արիւն, քրտինք ու նահատակութիւն: Այս պարզ բառերը կ՛ամփոփեն ԼԵՄ-ի 40 տարուան գործունէութիւնը: «Խուլիկան», «տգէտ», «ծոյլ», «փողոցային»… պիտակներ, զորս «ապուշ» ԼԵՄ-ականը անձնուիրաբար կը տպէ իր ճակատին` հպարտութեամբ շարունակելով իր երթը…

ԼԵՄ-ականի կեանքը թող ըլլայ գինը, ԼԵՄ-ականին վարքը թող ըլլայ գինը այս ազգի ու գաղութի գոյատեւման, եթէ այս է պահանջուածը: ԼԵՄ-ի 40-ամեայ երիտասարդ ու պատուաւոր կեանքի գալիք տասնամեակներուն կը մաղթեմ յաւելեալ «ապուշութիւն», յաւելեալ «խուլիկանութիւն» ու յաւելեալ «փողոցայնութիւն», որ դո՛ւն, սիրելի՛ հայ ընթերցող, մնաս հանգիստ, վայելես կեանքի փառքերը եւ գոյատեւես…

 

 

Share this Article
CATEGORIES