ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱԶՄԸ` ԻՐ 30 ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՎ

Եւ 140 օր ետք կարելի եղաւ կազմել Լիբանանի կառավարութիւնը, որ անմիջապէս լծուեցաւ գործի` մշակելու համար իր աշխատանքային ծրագիրը եւ հասնելու համար լիբանանցիին օգնութեան:
«Բոլորս յանուն հայրենիքի` դէպի աշխատանք» կարգախօսին ներքեւ գործելիք այս կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն կը նկատուի լուծել լիբանանցիներուն դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական հարցերը:
«Լիբանանեան կեանք»ի այսօրուան էջով կը ներկայացնենք կառավարութեան նոր կազմը իր 30 նախարարներով:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը ստացաւ հետեւեալ պատկերը.
Նեժիպ Միքաթի` վարչապետ
Սամիր Մուքպել` փոխվարչապետ
Թալալ Արսլան` պետական նախարար,
Նիքոլա Ֆաթթուշ` խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար
Ղազի Արիտի` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար
Ալի Քանսօ` պետական նախարար
Ալի Հասան Խալիլ` առողջապահութեան նախարար
Մոհամետ Սաֆատի` ելեւմուտքի նախարար
Մոհամետ Ֆընէյշ` վարչական բարեկարգումի պետական նախարար
Ուաէլ Ապու Ֆաուր` ընկերային հարցերու նախարար
Ժըպրան Պասիլ` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար
Հիւսէյն Հաժ Հասան` երկրագործութեան նախարար
Շարպել Նահհաս` աշխատանքի նախարար
Ֆատի Ապպուտ` զբօսաշրջութեան նախարար
Սելիմ Քարամ` պետական նախարար
Ալաէտտին Թըրրօ` գաղթականներու հարցերու նախարար
Ահմետ Քարամէ` պետական նախարար
Նազեմ Խուրի` կենսոլոտի նախարար
Ֆայեզ Ղոսըն` պաշտպանութեան նախարար
Շաքիպ Քըրթպաուի` արդարութեան նախարար
Ատնան Մանսուր` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար
Նիքոլա Նահհաս` տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար
Մարուան Շարպել` ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեան հարցերու նախարար
Վրէժ Սապունճեան` ճարտարարուեստի նախարար
Ուալիտ Տաուք` տեղեկատուութեան հարցերու նախարար
Փանոս Մանճեան` պետական նախարար
Հասսան Տիապ` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար
Կապի Լայուն` մշակոյթի նախարար
Նիքոլա Սահնաուի` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար
Ֆայսալ Քարամէ` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար:

 

Նոր կառավարութեան մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ներկայացնող նախարարներն են` ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան եւ պետական նախարար Փանոս Մանճեան:

ՎՐԷԺ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
Ծնած է 22 յունիս 1948-ին, Պէյրութ: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Միացեալ Նահանգներու Նեշընըլ թեքնիքըլ սքուլի մէջ, զոր աւարտած է իբրեւ ելեկտրականութեան եւ ջեռուցումի ճարտարագէտ:
1965-էն ի վեր ան տէր եւ տնօրէնն է «Վրեսսօ» հաստատութեան, 1999-էն ի վեր ընդհանուր տէր եւ տնօրէնն է Լիբանանի «Քաթլես» հաստատութեան, 1993-էն ի վեր կը նախագահէ «Սապունճեան» ճարտարարուեստի ընկերութեան վարչութիւնը, 2006-էն ի վեր տէր եւ տնօրէնն է Քաթարի «Վրեսսօ» ընկերութեան, 2007-էն ի վեր կը նախագահէ «Վրեսսօ» միջազգային ընկերութեան վարչութեան, 1982-2000 նախագահած է Միացեալ Նահանգներու «Վրեսսօ» ընկերութեան վարչութեան, 1985-2000 նախագահած է Միացեալ Նահանգներու «Փրոլայն քորփորէյշըն»ի վարչութեան, իսկ 1975-1981 նախագահած է Սէուտական Արաբիոյ «Թաժ» ընկերութեան վարչութեան:

Վրէժ Սապունճեան անդամ է խոհանոցային ճարտարարուեստի միջազգային կազմակերպութիւններու եւ ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան:

2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Վ. Սապունճեանի թեկնածութիւնը առաջադրուած է ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ` իբրեւ հայ առաքելական համայնքի Էշրեֆիէի ներկայացուցիչ:

2001-2005 ան անդամակցած է Ազգային իշխանութիւններուն, 1998-2003 գործած է իբրեւ Ազունիէի վարչութեան անդամ, իսկ 2010-էն ի վեր ան անդամ է Ազգային կեդրոնական վարչութեան:

Վրէժ Սապունճեան կը տիրապետէ հինգ լեզուներու` հայերէնի, արաբերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի եւ իտալերէնի:

Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

 

ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆԾնած է Պէյրութ, 3 դեկտեմբեր 1952-ին: Աւարտելէ ետք երկրորդական ուսումը, Փանոս Մանճեան կը յաճախէ Սպայից վարժարան, ուր կը ստանայ զինուորական բարձրագոյն կրթութիւն եւ կը հետեւի մարզումներու` ստանալով բազմաթիւ զինուորական աստիճաններ:

Զօր. Մանճեան զինուորական իր կրթութեան ծիրին մէջ կ՛ուղղուի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը հետեւի սպայակոյտի եւ զրահապատներու գործնական դասընթացքներու:

Փանոս Մանճեան ստանձնած է զինուորական պարտականութիւններ` Լիբանանի, Սուրիոյ, Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, Զուիցերիոյ եւ Յորդանանի մէջ:

Մանճեան պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով, որոնցմէ են` Մայրիներու ասպետի կարգի ազգային շքանշանը, Մայրիներու սպայի կարգի ազգային շքանշանը, Պատերազմի շքանշանը եւ Մայրիներու քոմոնտոր կարգի ազգային շքանշանը:

Փանոս Մանճեան կը տիրապետէ չորս լեզուներու` հայերէնի, արաբերէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի:

Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

 

ՆԵԺԻՊ ՄԻՔԱԹԻ

Ծնած է 1955-ին: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Ֆրանսայի ամերիկեան համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Հարվըրտ համալսարանին մէջ:
Ն. Միքաթի գործատէրի իր ասպարէզէն մուտք գործած է քաղաքական դաշտ:
1998-ին ան նշանակուած է հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար: 2000-ին եւ 2004-ին նաեւ ստանձնած է նոյն պաշտօնը այդ տարիներուն կազմուած կառավարութիւններուն մէջ:
2000-ին ընտրուած է երեսփոխան` հիւսիսային Լիբանանի շրջանէն:
2005-ին նշանակուած է վարչապետ եւ կազմած` Լիբանանի փոխանցման շրջանի կառավարութիւնը, որ հսկած է 2005-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Միքաթի հիմնած է հաղորդակցութեան Ինվեսթքոմ ընկերութիւնը, որ մեծ յաջողութիւն գտած է Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ:
Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:»

 

ՍԱՄԻՐ ՄՈՒՔՊԵԼ

Ծնած է 13 նոյեմբեր 1939-ին: Ան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը աւարտած է իբրեւ ճարտարապետ:
Ս. Մուքպել նախագահն է «Սամիր Մուքպել» կապալառուներու ընկերութեան, որ հիմնուած է 1965-ին, ինչպէս նաեւ նախագահը դարձած է «Մուքպել ինթըրնեշընլ կրուփ», ընկերութեան, 2003-էն ի վեր:
1992-1996 Մուքպել անդամակցած է նաեւ ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի Պէյրութի գրասենեակին:
Անկախ համալսարաններու մէջ ակադեմական իր աշխատանքներէն, ան 1992-1995 դարձած է Լիբանանի պատմութեան մէջ կենսոլորտի առաջին նախարարը:
Ամուսնացած է եւ ունի հինգ զաւակ:

 

ՆԻՔՈԼԱ ՖԱԹԹՈՒՇ

Ծնած է 1943-ին, Զահլէ:
1967-ին ան աւարտած է իրաւաբանական ճիւղի իր ուսումը եւ 1970-ին դարձած է վերադատ ատեանին մէջ գործող իրաւաբան:
Տարի մը ետք, 1971-ին, Ֆաթթուշ ուղղուած է Ֆրանսա, ուր հետեւած է իրաւաբանական յատուկ դասընթացքներու եւ շարունակելով իր ուսումը` ստացած է դոկտորի աստիճան:
Սեն ժոզեֆ համալսարանին մէջ ան աշխատանքի օրէնքներ նիւթը կը դասաւանդէ:
Նիքոլա Ֆաթթուշ վարած է կարգ մը ընկերութիւններու եւ դրամատուներու օրինական խորհրդատուի պաշտօնը:
1991-1998 դարձած է Զահլէի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ:
Ան կը վարէ նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը:
1992-1998 նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նախագահած կառավարութեան մէջ ստանձնած է զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնը: 1996-էն ի վեր ան անդամ է Լիբանանի խորհրդարանին, չորս յաջորդական տարիներու ընթացքին` 1996, 2000, 2005, 2009 ընտրուելով երեսփոխան:
Ամուրի է:

 

ՂԱԶԻ ԱՐԻՏԻ

Ծնած է Պայսուր, 1954-ին:
Յաճախած է Լիբանանեան համալսարան, ուր հետեւած է բնագիտութեան ճիւղին:
Արիտի անդամ է Ընկերվար – յառաջդիմական կուսակցութեան, որուն տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատուութիւնը ստանձնած է տարիներ շարունակ եւ այժմ ան կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի քաղաքական խորհրդատուն է:
Հրատարակած է երեք գիրք, որոնք են. «Քալիմաթ ալ զաման էլ սաապ», «Լուպնան ալ թաման ալ քապիր լիլտաուր ալ սաղիր» եւ «Իտարաթ ալ իրհապ»:
2000-ին Արիտի ընտրուած է երեսփոխան եւ նոյն տարին նշանակուած է տեղեկատուութեան նախարար, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նախագահած կառավարութեան մէջ:
2005-ին եւ 2009-ին ընտրուած է երեսփոխան:
2005-ին նշանակուած է տեղեկատուութեան նախարար, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան մէջ:
2008-ին ան ստանձնած է հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը` Սինիորայի նախագահած երկրորդ կառավարութեան մէջ, իսկ 2009-ին ան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ դարձեալ  նշանակուած է հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար:
Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:

 

ԱԼԻ ՔԱՆՍՕ

Ծնած է Նապաթիէի Տուէյր գիւղաքաղաքը, 1948-ին:
1968-ին անդամակցած է Ղովմի կուսակցութեան եւ 1996-ին, 2000-ին եւ 2005-ին ընտրուած է կուսակցութեան նախագահ:
Ալի Քանսօ հետեւած է Լիբանանեան համալսարանի ուսուցչութեան ճիւղին եւ 1973-1996 դասաւանդած է լիբանանեան շարք մը երկրորդական վարժարաններու մէջ:
Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի 2000-ին կազմած կառավարութեան մէջ ստանձնած է աշխատանքի նախարարի պաշտօնը, 2008-ին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան մէջ ստանձնած է պետական նախարարի պաշտօնը:
Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

 

ԱԼԻ ՀԱՍԱՆ ԽԱԼԻԼ

Ծնած է Խիամ, 1964-ին:
Յաճախած է Լիբանանեան համալսարան եւ աւարտած է իբրեւ իրաւաբան:
Փոքր հասակէն ան անդամակցած է Ամալ շարժումին եւ հետզհետէ ստանձնած` տարբեր պատասխանատուութիւններ, հասնելով մինչեւ Ամալ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամակցութեան:
1996-ին ան երեսփոխան ընտրուեցաւ Մերժայիուն-Հասպայա ընտրաշրջանէն:
Ալի Հասան Խալիլ երեսփոխան ընտրուած է նաեւ 2000-ի, 2005-ի եւ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին:
2003-2004 նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նախագահած կառավարութեան մէջ ան ստանձնած է երկրագործութեան նախարարի պաշտօնը:
Ալի Հասան Խալիլ տարիներէ ի վեր կը գործէ իբրեւ խորհրդարանի նախագահի քաղաքական հարցերու խորհրդատու:
Ամուսնացած է եւ ունի չորս զաւակ:

 

ՄՈՀԱՄԵՏ ՍԱՖԱՏԻ

Ծնած է Թրիփոլի, 1944-ին:
Երկրորդական իր ուսումը ստացած է Պրըմմենա հայ սքուլի մէջ եւ ապա ան մասնագիտացած է վարչական գիտութեանց մէջ` յաճախելով Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը:
1969-ին փոխադրուած է Պէյրութ եւ զբաղած` առեւտուրով: 1975-ին, առեւտրական գործերով ան ուղղուած է Սէուտական Արաբիա, ուրկէ հասած է մինչեւ Եւրոպա` յաջողեցնելով ներդրումի ծրագիրներ, որոնք կ՛ընդգրկեն` բնակութեան համալիրներ, օդանաւորդութիւն, արհեստագիտութիւն, դրամատուներ եւ զբօսաշրջութիւն:
2000-ին ընտրուած է երեսփոխան, ապա երկու անգամ վերընտրուած` 2005-ին եւ 2009-ին:
2005-ին նշանակուած է հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար: 2008-ին նշանակուած է տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար, իսկ 2009-ին վերստին նշանակուած է տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար:
Ամուսնացած է:

 

ՄՈՀԱՄԵՏ ՖԸՆԷՅՇ

Ծնած է Սուրի Մաարուպ գիւղաքաղաքը, 1953-ին:
Յաճախած է Լիբանանեան համալսարան, ուր ան հետեւած է ուսողութեան ճիւղին եւ ապա` քաղաքական գիտութեանց ճիւղին, աւարտելով երկուքը:
Հարաւային արուարձաններուն մէջ Ֆընէյշ մաս կազմած է սիոնական բռնագրաւումին դէմ պայքարող յանձնախումբին` ստանձնելով պատասխանատու բազմաթիւ պաշտօններ:
26 նոյեմբեր 1984-ին ձերբակալուած է իսրայէլեան ուժերուն կողմէ եւ` բանտարկուած ու տարիներ ետք ազատ արձակուած:
Հըզպալլայի անդամակցած եւ ստանձնած է բարձր պաշտօններ` հասնելով մինչեւ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նախագահի պաշտօնին:
1992-ին մասնակցած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ընտրուած` Սուրի երեսփոխան: Ապա 1996-ին եւ 2000-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ան իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Պընթ Ժպէյլի շրջանէն եւ` վերընտրուած, մաս կազմելով Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքին: 1992-2005 ան անդամ է ելեւմուտքի հարցերու եւ պետական պիւտճէի յատուկ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին:
2005-ին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան մէջ ստանձնած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնը:
2008-ին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի երկրորդ կառավարութեան մէջ դարձած է աշխատանքի նախարար, իսկ 2009-ին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան մէջ դարձած է վարչական բարեկարգումի պետական նախարար:
Ամուսնացած է եւ ունի եօթը զաւակ:

 

ՈՒԱԷԼ ԱՊՈՒ ՖԱՈՒՐ

Ծնած է Հասպայայի Խուլուաթ Քֆէյր շրջանին մէջ, 1972-ին:
Յաճախած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարան` աւարտելով վարչական գիտութեանց ճիւղը:
1997-2002 ստանձնած է Ընկերվար – յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը: 1999-էն ի վեր ան անդամ է Ընկերվար – յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատու խորհուրդին:
2005-ին ան մասնակցած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ընտրուած է Արեւմտեան Պեքաա – Ռաշայա շրջանի երեսփոխան:
2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Ապու Ֆաուր կ՛ընտրուի նոյն շրջանէն:
2008-ին ան նշանակուած է խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան մէջ: Իսկ 2009-ին Ապու Ֆաուր կը ստանձնէ պետական նախարարի պաշտօնը` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան մէջ:

 

ԺԸՊՐԱՆ ՊԱՍԻԼ

Ծնած է 21 յունիս 1970-ին, Պաթրուն:
1992-ին աւարտած Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը` իբրեւ ճարտարապետ:
Աշխատած է կալուածներու շինութեան եւ ներդրումներու մարզին մէջ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէջ ստանձնած է բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ, յատկապէս` քաղաքական յարաբերութեանց պատասխանատուութիւնը:
2005-ին եւ 2009-ին մասնակցած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն, սակայն յաջողութիւն չէ արձանագրած:
2008-ին դարձած է հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար:
2009-ին նշանակուած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար:
Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

 

ՀԻՒՍԷՅՆ ՀԱԺ ՀԱՍԱՆ

Ծնած է Նապի Շիթ գիւղաքաղաքը, 1960-ին:
Նախանական ուսումը ստացած է Ղպէյրիի պետական դպրոցին մէջ, ապա բարձրագոյն ուսումը ստացած է Լիբանանեան համալսարանին մէջ` մասնագիտանալով քիմագիտութեան ճիւղին մէջ:
1981-1984 ան Ֆրանսայի մէջ կը շարունակէ հմտանալ նոյն ճիւղին մէջ` ստանալով նաեւ յատուկ դասեր բնագիտութեան մարզին մէջ:
1987-էն ի վեր Լիբանանեան համալսարանին մէջ կը դասաւանդէ:
1987-էն ի վեր ան Հըզպալլայի անդամակցած է, 1996-ի, 2000-ի, 2006-ի եւ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ան երեսփոխան ընտրուած է:
2009-ին ան նշանակուած է երկրագործութեան նախարար, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան մէջ:
Ամուսնացած է եւ ունի չորս զաւակ:

 

ՇԱՐՊԵԼ ՆԱՀՀԱՍ

Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Ֆրանսայի մէջ, հետեւած է ճարտարապետութեան եւ տնտեսագիտութեան ճիւղերուն:
1979-ին վերադարձած է Պէյրութ եւ 12 տարի շարունակ դասախօսած է Լիբանանեան համալսարանին մէջ:
1982-1986 պատասխանատուութիւններ ստանձնած է Կեդրոնական Պէյրութի շինարարական աշխատանքներուն մէջ:
1986-ին ան կը գործէ դրամատնային մարզին մէջ:
Պատրաստած է տարբեր ուսումնասիրութիւններ եւ աշխատութիւններ` ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական մարզերու վերաբերեալ:
2009-ին նշանակուած է հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան մէջ:

 

ՖԱՏԻ ԱՊՊՈՒՏ

Ծնած է 21 մարտ 1955-ին:
Նախնական ուսումը ստացած է Քըրնեթ Շեհուանի Սեն Ժոզեֆ վարժարանին մէջ:
Ապպուտ իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Լոնտոնի Ուեսթմինսթըր համալսարանին մէջ` մասնագիտանալով տնտեսագիտութեան մարզին մէջ:
1982-էն ի վեր ան տնօրէնի պաշտօններ ստանձնած է կերպընկալի արտադրութեան միջազգային ընկերութիւններու մէջ:
2002-ին ան ընտրուած է Ճարտարարուեստի մարզի միութեան նախագահ: Չորս տարի ետք, 2006-ին ան վերընտրուած է նոյն միութեան նախագահ:
Ապպուտ նախագահած է «Ախտար տէյիմ» ծրագիրին եւ` մեծ աշխատանք տարած, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանին համար հրշէջ ուղղաթիռներ ապահովել:
2009-ին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախագահած կառավարութեան մէջ կը նշանակուի զբօսաշրջութեան նախարար:
Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:

 

ՍԵԼԻՄ ՔԱՐԱՄ

Ծնած է 1946-ին, Էհտեն:
Նախնական ուսումը ստացած է Թրիփոլիի մէջ, ապա յաճախած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, ուր ան մասնագիտացած է վարչական գիտութեանց ճիւղին մէջ:
1972-ին անդամակցած է Զղարթայի քաղաքական գերագոյն խորհուրդին: 1992-ին ան պոյքոթի կ՛ենթարկէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր մասնակցութիւնը` կառչած մնալով քաղաքական իր սկզբունքներուն: Թէեւ ան յաջողութիւն չէ արձանագրած 2000-ին եւ 2005-ին տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին, սակայն մնայուն կերպով մնացած է քաղաքական ասպարէզին մէջ եւ ծառայած` իր շրջանի ժողովուրդին:
2009-ին կ՛ընտրուի երեսփոխան` մաս կազմելով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահած երեսփոխանական պլոքին:
Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:

 

ԱԼԱԷՏՏԻՆ ԹԸՐՐՕ

Ծնած է 1953-ին, Պարժա:
Ուսումը ստացած է Պէյրութի Ազհար կրթական հիմնարկին մէջ:
1975-ին անդամակցած է Ընկերվար – յառաջդիմական կուսակցութեան:
1992-ին ընտրուած է երեսփոխան:
1996-ի, 2000-ի, 2005-ի եւ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն դարձեալ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը եւ շարունակած գործել` իբրեւ երեսփոխան:
Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:

 

ԱՀՄԵՏ ՔԱՐԱՄԷ

Ծնած է Թրիփոլի, 1944-ին:
Յաճախած է Պրըմմենայի նախակրթարանը եւ ապա յաճախած` Պէյրութի Արաբական համալսարան, ուր հետեւած է տնտեսագիտութեան եւ քաղաքական գիտութեանց:
1943-1990 ստանձնած է Թրիփոլիի նաւահանգիստի տնօրէնի պաշտօնը:
Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

 

ՆԱԶԵՄ ԽՈՒՐԻ

Ծնած է Ամշիթ, 18 մարտ 1946-ին:
Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ` հետեւելով վարչական եւ քաղաքական գիտութեանց ճիւղերուն:
Ան Լոնտոնի մէջ հետեւած է նաեւ ապահովագրութեան յատուկ դասընթացքներու:
Նազեմ Խուրի մասնակցած է տեղական, շրջանային եւ համաշխարհային խորհրդաժողովներու, որոնք ունեցած են քաղաքական, տնտեսական, ակադեմական եւ բարգաւաճման բնոյթ:
Նազեմ Խուրի նշանակուած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի քաղաքական հարցերու խորհրդատու, ինչպէս նաեւ ընդհանուր համադրողը դարձած` Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն:
2000-2005 երեսփոխան ընտրուած է Ժիպէյլ – Քեսրուան շրջանէն:
Կը տիրապետէ արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն:
Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

 

ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ

Ծնած է Քուրայի Քոսպա շրջանը, 1950-ին:
Յաճախած է Լիբանանեան համալսարան, ուր ան հետեւած է լրագրութեան ճիւղին, ապա յաճախած է նաեւ Սեն Ժոզեֆ համալսարան եւ աւարտած` քաղաքական գիտութեանց ճիւղը:
1992-էն ի վեր ան լիբանանեան խորհրդարանին մէջ կը ներկայացնէ հիւսիսային Լիբանանը:
2006-էն ի վեր ան կը վարէ Մարատա հոսանքի փոխնախագահի պաշտօնը:
Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:

 

ՇԱՔԻՊ ՔԸՐԹՊԱՈՒԻ

Ծնած է 1945-ին, Պաապտայի Քֆարսլուան գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Զահլէի Մար Աֆրամ վարժարանին մէջ:
Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ, որ աւարտած է իբրեւ իրաւաբան:
1967-ին անդամակցած է Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքային, որուն գանձապահի պաշտօնը ստանձնած է 1989-1992, իսկ 1995-1997 դարձած է Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահը:
Քըրթպաուի մնայուն կերպով գործած է հիմնելու համար օրէնքի եւ իրաւունքի պետութիւնը, հաւատալով, որ նման պետութեան մը հիմքը կազմող յատկանիշներէն է դատական իշխանութեան անկախութիւնը:
Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

 

ԱՏՆԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐ

Ծնած է 1946-ին, Պըրժ Պարաժնէ: Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ հետեւած է քաղաքական գիտութեանց ճիւղին եւ աւարտած է համալսարանը` հասնելով մինչեւ դոկտորի աստիճանի:
Ա. Մանսուր վարչական բազմաթիւ պաշտօններ ստանձնած է արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ:
1977-1981 ան դարձած է Սուտանի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավարն ու հիւպատոսը:
1981-1984 դարձած է Յունաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանին խորհրդատուն: 1984-1985 ծառայած է Մելպուռնի Վիքթորիա նահանգին մէջ իբրեւ Լիբանանի հիւպատոս:
1985-1990 դարձած է Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի հիւպատոսը:
1990-1994 վարած է Քոնկոյի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնը:
1995-2007 վարած է Իրանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնը:
1994-1998 անդամակցած է նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութեան յանձնախումբին:
Ատնան Մանսուր Լիբանանը ներկայացուցած է միջազգային եւ շրջանային շատ մը խորհրդաժողովներու, ինչպէս նաեւ դասախօսած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ:
Ատնան Մանսուր կը տիրապետէ արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ պարսկերէն լեզուներուն:
Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

 

ՆԻՔՈԼԱ ՆԱՀՀԱՍ

Ծնած է 1946-ին, Թրիփոլի:
1972-ին աւարտած է Սէն Ժոզեֆ համալսարանը` իբրեւ ճարտարապետ:
Հիմնած է EDAFI հաստատութիւնը, որ շինանիւթի եւ ճարտարարուեստի մարզին յատուկ նիւթերու ապահովումի ներդրումներու հաստատութիւն մըն է:
Նահհաս վարած է նաեւ «Սըպլին» սիմենթի ընկերութեան գործադիր տնօրէնի պաշտօնը, 1980-2009:
1990-1995 Նիքոլա Նահհաս վարած է Լիբանանցի գործատէրերու միութեան փոխնախագահի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ 1992-2002 մաս կազմած է Ճարտարարուեստի մարզի միութեան վարչութեան, իսկ ներկայիս Նահհաս այդ միութեան փոխնախագահն է:
2005-ին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի զինք նշանակած է իր տնտեսական խորհրդատուն:
Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

 

ՄԱՐՈՒԱՆ ՇԱՐՊԵԼ

Ծնած է Աքքարի Պայնօ գիւղը, 11 մարտ 1947-ին:
1968-ին մաս կազմած է ներքին ապահովութեան ուժերուն, ապա տարիներու ընթացքին ստացած է աստիճաններու բարձրացում` հասնելով մինչեւ զօրավարի աստիճանին:
2005-ին Մարուան Շարպել հանգստեան կոչուած է: Սակայն մինչ այդ ան ստացած է պատերազմի շքանշան, Մայրիներու Ասպետի եւ Բարձրագոյն սպայի աստիճանի շքանշաններ, ինչպէս նաեւ` ներքին ապահովութեան ուժերուն յատուկ մետալը:
Մարուան Շարպել իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Լիբանանեան համալսարանին մէջ: Ան աւարտած է իրաւաբանութեան ճիւղը: 1981-ին ան Ֆրանսայի մէջ հետեւած է ոստիկանական յատուկ դասընթացքներուն, ապա մաս կազմած է լիբանանեան բանակի յատուկ ջոկատներուն:
Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

 

ՈՒԱԼԻՏ ՏԱՈՒՔ

Ծնած է 1958-ին, Պէյրութ:
Յաճախած է Սեն Ժոզեֆ համալսարան, ուր ան հետեւած է քաղաքական գիտութեանց ճիւղին:
Աւելի ուշ ան մասնագիտացած է նաեւ իրաւաբանութեան ճիւղին մէջ:
Վարած է բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ` ներդրումի եւ առեւտուրի տարբեր ընկերութիւններուն մէջ:
2001-2004 դարձած է վերաշինութեան եւ բարգաւաճումի խորհուրդի վարչութեան անդամ:
Ուալիտ Տաուք նաեւ Միջազգային կարմիր խաչի կեդրոնական յանձնախումբի անդամ է:
Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

 

ՀԱՍՍԱՆ ՏԻԱՊ

Յաճախած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ուր հետեւած է հեռահաղորդակցութեան միջոցներու եւ համակարգչային ճարտարապետութեան մարզին մէջ, ուրկէ աւարտած է ստանալով մագիստրոսի իր վկայականը` պատուոյ յիշատակութեամբ:
Տիապի կողմէ ստորագրուած աւելի քան 120 յօդուածներ լոյս տեսած են միջազգային շաբաթաթերթերու, ամսաթերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ:
Հ. Տիապ վարած է հինգ միջազգային պարբերաթերթերու մէջ խմբագիրի օգնականի պաշտօն` մաս կազմելով տուեալ պարբերաթերթերուն խորհրդատուներու միութեան:
Ստացած է շրջանային եւ միջազգային բազմաթիւ մրցանակներ, ինչպէս նաեւ գործած է իբրեւ Զիֆար համալսարանի հիմնադիր – տնօրէն, 2004-2006 տարիներուն ընթացքին:
Տիապ ստանձնած է նաեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի արտաքին եւ շրջանային ծրագիրներու փոխնախագահի պաշտօնը, իսկ 2001-ին հիմնած է Հաշուապահներու արաբական առաջին միութիւնը:

 

ԿԱՊԻ ԼԱՅԵՈՒՆ

Ծնած է Զահլէ, 1964-ին:
1988-ին, աւարտած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանը` մասնագիտանալով ճարտարապետութեան եւ տնտեսագիտութեան ճիւղերուն մէջ:
Բարձր պաշտօններ ստանձնած է դրամատնային մարզին մէջ: Ան մաս կը կազմէ Պէյրութի ճարտարապետներու միութեան, ինչպէս նաեւ հիմնադիր անդամ կը նկատուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան:
Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:

 

ՆԻՔՈԼԱ ՍԱՀՆԱՈՒԻ

Ծնած է 7 մայիս 1967-ին, Պէյրութ:
1985-ին աւարտած է երկրորդական վարժարանը, ապա ուղղուած է Ֆրանսա` ստանալու համար իր բարձրագոյն կրթութիւնը:
«Փարիզ 2 – Ասաս» համալսարանին մէջ ան հետեւած է տնտեսագիտութեան:
1996-էն ան կը նախագահէ «Սահնաուի փլենթ» առեւտրական ընկերութեան:
2000-2008 ան նախագահած է նաեւ այլ առեւտրական ընկերութիւններու:
Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:

 

ՖԱՅՍԱԼ ՔԱՐԱՄԷ

Ծնած է 26 սեպտեմբեր 1971-ին:
Յաճախած է Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգի Ուայտնըր համալսարանը, ուր հետեւած է վարչական գիտութեանց:
Արաբական անկախացման կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի նախագահ է:
Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:

 

 

 

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES