Դիտարկումներ. Վերյիշելով Հայաստանը Հարուածած Երկրաշարժին «Բագին» Ամսագիրին Նուիրած Թիւը (25 Տարիներ Ետք)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Pakin89Մեզմէ ո՛վ կը յանդգնի ըսել, թէ այդ օրերուն (7-12-1988)` ի տես Հայաստանը հարուածած կոյր երկրաշարժին պատճառած աւերին ու քանդումին, ահ ու սարսափին, ժողովուրդի ուղեկորոյս վիճակին, անոր առ Աստուած աղերսանքին եւ ցասումին, ցաւին ու տառապանքին, պատահածի ահագնութեան, բայց մանաւանդ` բազմահազար զոհերու անշիրիմ ու համատարած պատկերին, պահ մը, իր ներաշխարհին մէջ չունեցաւ աւելի ահեղ երկրաշարժ մը, անզօր ըլլալու զգացումէ մղկտուած` իր հայրենիքին ու ժողովուրդին ծով կարիքներուն հասնելու հրամայականին ընդառաջ:

Ակնթարթի մը ընթացքին հայրենի շէն քաղաքներ կը դառնային փլատակ, գրեթէ հիմնովին կը կործանէին բազմայարկ շէնքեր, դպրոցներ, եկեղեցիներ, հաւաքավայրեր, գործատեղեր, խլելով կեանքը մեծ թիւով հրեշտակակերպ մանուկներու խայտացող երեխաներու պարթեւահասակ երիտասարդներու, չափահասներու եւ ծերունիներու:

Այո՛, համատարած սոսկում էր տարածուեր ամէնուրեք:

Կարծես բաւարար չէր տարերային երկրաշարժին սարսափազդու եւ ահագնագոռ տարողութիւնը, անոր կը միախառնուէին ձմրան բուքն ու բորանը, սառնաշունչ քամիները, թուրք¬ազերի յորդաններու ոճիրները, հայ գաղթականներու հոսքը, հայրենիքի դէմ ծաւալած թշնամական արարքները, անկախութեան ու ազատութեան հետամուտ ժողովրդային ցոյցերն ու բողոքները, քաղաքական ու տնտեսական անորոշութիւնները, այլ խօսքով` օրհաս կ՛ապրէր ժողովուրդի մը նոյնինքն ճակատագիրը:

Կատարուածի ահագնութեան դէմ յանդիման սփիւռքահայութիւնը զօրաշարժի ենթարկուեցաւ` օգնութեան հասնելու հայրենի ժողովուրդին:

Երկրագունդին վրայ ապրող հեռակայ ազգերու սիրտերն անգամ թունդ ելած, անոնք շտապեցին հայ ժողովուրդի օժանդակութեան ամոքելու եւ մեղմելու դառնութեամբ յագեցած տառապանքին տարողութիւնը:

Յիրաւի, աղէտահար ժողովուրդ մը կ՛ապրէր իր լինելութեան գոյամարտի ամէնէն դաժան ժամանակները, բազմաճակատ եւ տարածուն, բայց անպայման յաղթական դուրս գալու վճռակամութեամբ:

Խառնափնթոր նման կացութիւններու մէջ, բնականաբար, իր ձայնն ու խօսքը պիտի բարձրացնէր հայ մտաւորական ընտրանին` ի  հայրենիք եւ սփիւռքի տարածքին, որուն իւրաքանչիւր բառն ու միտքը, կոտտացող ցաւէն ճառագայթող պոռթկումն ու ընդվզումն իսկ էր, այլապէս մխիթարող եւ տեսիլքներով պսպղուն:

Լիբանանահայութիւնը` ի պատիւ իրեն, անմասն չմնաց այս բոլորէն:

Եւ, ահաւասիկ, ընթացիկ աշխատանքային գործով եւ գրեթէ ամէնօրեան յաճախականութեամբ ներկայութիւն եղող «Բագին» ամսագիրի խմբագիրը`  մեր պարոնը, Պօղոս Սնապեան, մուտք կը գործէ Համազգայինի «Վահէ Սէթեանր տպարան, տեսակ մը հոգեբեկ` ի լուր պատահածին, եւ առանձնապէս կը յայտնէ, թէ «Բագին»¬ի թիւ մը պիտի նուիրէ Հայաստանի երկրաշարժին, յիշատակելու համար զոհուածները, բայց մանաւանդ հաղորդուելու հայ մտաւորական զանգուածի այս առիթով արտայայտած կորովի մտածումներուն եւ վերապրելու ուժականութեան հետ:

Իրօք, քանի մը շաբաթ ետք լոյսին կու գար ընթացիկ ծաւալով թիւ մը, որ սակայն կը յատկանշուէր իր բովանդակութեամբ, ուր  յաջորդաբար կը տողանցէին հայ գրողներու թէ արուեստագէտներու ցաւատանջ հոգիները, յիշարժան ու պատկերաւոր մտածումները, տառապանքին յաղթելու վճռակամութիւնը, չյուսալքուելու անհրաժեշտութիւնը, պատ¬ մութենէն դաս քաղելու հրամայականը, դառն օրերու ժամանցելիութիւնը, մահէն չվախնալու իմաստութիւնը, պարտադրուած ճակատագիրին դէմ  հերոսական կեցուածք ցուցաբերելու նախանձախնդրութիւնը:

Զարմանալին այն էր, որ, խմբագիրը տքնած ու յաջողած էր ի մի բերել բազում գրողներու արձակ գրութիւնները, բանաստեղծութիւնները, խոհական արտայայտութիւններն ու պարզապէս սրտի խօսքերը, որոնց առանցքը եթէ մէկ կողմէ երկրաշարժի պատճառած ահաւորութիւնն ու դառնութիւնն էր, ապա միւս կողմէ` վիճակուած բախտին դէմ կանգնելու եւ զայն շրջանցնելու մասին էր` աներկբայօրէն:

Փաստօրէն, ամսագրին մէջ չկայ գրութիւն մը, ուր բառացիօրէն նշուած չըլլան հետեւեալ բառերը եւ կամ նոյն իմաստը փոխանցող միտքը. ցաւը մերն է, ցաւէն վեր` մենք ենք…

Աւելի՛ն. գեղարուեստական շունչով եւ իրաւ ապրումներով գրութիւնները կ՛ընդգրկէի ժողովրդասիրութեան եւ վերականգնումի տար¬ բեր երանգներ:

Յայտնապէս, ինչպէս չտարուիլ այն արտայայտուած մտքերէն եւ զիրար ամբողջացնող պատկերներու յաջորդականութենէն, երբ` բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի շրթնէն կը լսենք` թէ համբերութեան գաղտնիքը տան քարափ ու վէմ է:

Սերօ Խանզադեանի համոզումով` այս անգամ էլ իմ ժողովուրդը կը դիմանայ արհաւիրքին:

Հրաչեայ Յովհաննիսեանի համար` նորից կուլ կու տանք արցունքը:

Պերճ Զէյթունցեանի մօտ չկայ այլ ընտրանք քան` ազգ իմ դիմացիր ու տոկա, էս էլ կ՛անցնի:

Հրանդ Թամրազեանի համար` յաւերժ պիտի սրբանան մեր զոհուածները, մեր յիշողութեան մէջ:

Կարէն Սուրէնցեանի ընդգծումով` ո˜վ ճակատագրի հեգնանք, յուշարձան կը լինեն ամուր կառուցուած շէնքերը մեր:

Յովհաննէս Ղուկասեան կոչ կ՛ուղղէ իր անվհատ ու լաւատես ազգին` սրբելու արցունքը իսկ մինչ այդ` ոտքդ դիր այրուող սրտիս,
տրորի՛ր, ճզմի՛ր, միայն թէ տոկա՛:

Իսկ Սօս Սարգսեան կ՛երգէ անհուն ու դաժան վիշտը հայոց:

Հապա Լուդվիգ Դուրեան խրոխտ բանաստեղծը, որ առանց երկմտանքի իր ճարահատ վճիռը կ՛արձակէ` ըսելով.

Հիմա հասկացայ, հասկացայ, Աստուած, որ քեզ չի տրուած, ո՛չ տեսողութիւն, ո՛չ լսողութիւն: Դու անխիղճ, անխիղճ, դու անսիրտ տկար, դու քար ես, դու քար, գերեզմանի քար:

Կը յիշենք:

Տպարանին մէջ, աշխատանքը իր հունին մէջ էր, երբ յանկարծ մուտք կը գործէ խմբագիրը, այս անգամ աւետելու, թէ գտած է գողտրիկ գոհար մը (արձակ) Համօ Սահեանէն, որ գրուած է յատկապէս այս տխուր առիթով: Ան անմիջապէս թուղթերու տրցակէն դուրս կը հանէ գրութիւնը, եւ իրեն յատուկ ոճով եւ առոգանութեամբ կը կարդայ: Ո˜վ գիտէ քանի¬քանի անգամ կարդացած էր, ցաւած եւ ըմբոշխնած, եւ հիմա կրկին անգամ կ՛ուզէ, որ մենք ալ բաժնեկից ըլլանք Համօ Սահեանական մտքի ու շունչի արգասիք:

Հակառակ անոր որ էջադրումի աշխատանքը գրեթէ իր լրումին հասած էր, ան` խմբագիրը, վճռական որոշումով մը կ՛եզրափակէ խօսքն ու տպագիր թիւին էջադրումը` յայտնելով, որ կարելի է այս գրութիւնը տեղադրել թիւին վերջին էջի` կողքին (ներքին) վրայ, ու այսպէսով խռովեալ հոգին կարծես կը հանգչէր:

Ու այդպէս ալ` եղեւ ի լոյս:

Ազգասէր ու ազատասէր Համօ Սահեանն էր գրողը, որուն հոգին էր, որ կ՛արձագանգէր ի միջի այլոց հետեւեալ տողերով.

Մենք տոկալու եւ ապրելու ենք, քանի աշխարհը կայ, քանի աշխարհում մարդկութիւն կայ եւ մարդկայնութեան մէջ` մարդկայնութիւնը: Իսկ մարդկայնութիւնը մեզ կարեկից եւ աջակից եղաւ մեր ամենածանր վշտի պահին:

Ով իր խղճի ստրուկն է, նա իր գլխի տէրն է դառնալու, ինչ էլ պատահի…

Մենք մերն ենք լինելու,

Մենք տէրն ենք լինելու …

Ինչո՛ւ կ՛ընդգծենք մտաւորական յանձնառութիւն ունենալու հարցը, իբրեւ ազգի ցաւերուն, տառապանքներուն թէ նուաճումներուն արձագանգող ազնուարիւն անհատականութիւն: Պարզապէս նշելու վճիտ իրողութիւն մը, թէ այնքան ատեն որ հայ գրագէտը իր տաղանդով եւ իրաւութեամբ մօտ է իր ժողովուրդի առանձնայատկութիւններուն, այնքան բաբախուն եւ յաւերժահունչ են անոր ներաշխարհին ցոլքերը:

Այս առումով, «Բագին» հաւատացած էր, որ ան անբաժան մէկ մասնիկն էր իր ժողովուրդին, եւ, ցաւակից դառնալու մտածումէն մեկնած, ուզեց համեստ ու անպաճոյճ, սակայն գրական ոճով ու գեղարուեստական շունչով խայտացող գրութիւններու ընդմէջէն ապրիլ ցաւը իր ազգին:

Թէ ինչո՛ւ այս տխուր առիթով մեր յիշողութեան սլաքները կ՛ուղղուին «Բագին» ամսագիրի այս թիւին (յունուար-փետրուար 1989), եւ քսանհինգ տարիներու հեռաւորութեամբ լոյսին կը բերուին հայաբոյր ու  գեղարուեստական շունչի գոհարներ, պարզապէս ընդգծելու, թէ` եթէ երբեք օրին հայ միտքն ու հոգին լիարժէքօրէն արձագանգեց ի տես պահուած ծանրութեան, եւ ցաւէն վեր յարնելու անկոտրում կամքին ու հաւատամքին կարեւորութիւնը շեշտադրեց` տարիներ ետք հայրենիքը շէն ու պայծառ տեսնելու նախանձախնդրութեամբ, ապա այսօր հարց կու տանք, թէ որքանո՞վ իրականացած են անոնք եւ կամ հասած իրենց լրումին:

Արդեօք Գիւմրին ու Սպիտակը վերականգնա՞ծ են, եղած են նախկինէն շատ աւելի գեղեցիկ ու ապահով, ընդարձակուա՞ծ են տուներն ու դաշտերը, դարձա՞ծ են լոյսի ու յոյսի  քաղաքներ, հոն հպարտօրէն կ՛ապրի՞ն ու կը շնչե՞ն երկրաշարժէ վերապրողներ եւ նորահաս սերունդներ, թէ՞ քսան տարիներ ետք անգամ, մեծ հարցադրումներու տխրութիւնը կրկին անգամ կը թակէ բոլորիս հոգիները:

Աշխարհահռչակ արուեստագէտ եւ զտարիւն հայ Շարլ Ազնաւոր օրին իր տաղանդին ու վայելած հեղինակութեան իբրեւ արդիւնք` համախմբեց բազմաթիւ օտարազգի արուեստագէտներ եւ իր յօրինած «Քեզի համար, Հայաստան»-ը նուիրեց իր ժողովուրդին զայն մատուցելէ ետք տարբեր լեզուներով: Աւելի՛ն. ան նիւթաբարոյական իր պատկառելի օժանդակութիւնն անգամ չզլացաւ եւ արժանացաւ իր ժողովուրդի անխառն սիրոյն:

Այստեղ դիպուկ է խմբագիր Պօղոս Սնապեանի այն մէջբերում¬հաստատումը, «թէ երգ մը յաճախ աւելի մեծ դեր կը կատարէ հոգիներուն խորը ու պատմութեան մէջ, քան ուրիշ ուժեր, ներառեալ բանակները»:

Օրին, իրաւացի էր ան, ու կը մնայ իբրեւ այդպիսին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES