ԱՅՆՃԱՐ.ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ` Ի ՊԱՏԻՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆԻ
Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, Այնճարի մէջ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի կողմէ ժողովրդային ընդունելութիւն կազմակերպուեցաւ ի պատիւ պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի: Նոր նշանակուած նախարարին կ՛ընկերանար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան: Այնճարի կեդրոնական հրապարակին վրայ նոր նշանակուած նախարարը դիմաւորելու եկած էին գիւղի հոգեւոր պետերը, քաղաքապետութիւնը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Պեքաայի շրջանէն եկած պետական քաղաքական, քաղաքապետական, զինուորական եւ կուսակցական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով այնճարցիներ:
ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբը Այնճար հայաւանի մուտքին դիմաւորեց նոր նշանակուած նախարարը: Կատարուեցաւ ծաղկեփունջի յանձնում եւ շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տուն, ուր նախարար Մանճեան ծաղկեպսակ զետեղեց Լիբանանի եւ հայութեան համար ինկած նահատակներու կոթողին առջեւ, մինչ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց «Մուսա լերան գիւղերէն»:
Տեղի ունեցաւ Լիբանանի դրօշակի գոյներով փուչիկներու եւ ճերմակ աղաւնիներու արձակում` ի նշան երկրի խաղաղութեան եւ յառաջդիմութեան:
Ժողովրդային ընդունելութենէն ետք նախարարը ընդունեց բոլորին շնորհաւորութիւնները: