ՅՈՎՍԷՓ ՎՐԴ. ԹՈՓԱԼԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ, ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ
Քահանայական, դպրոցական եւ դաստիարակչական առաքելութեան մէջ 40-ամեայ հարուստ վաստակ ունեցող, հոգեմտաւոր, կրօնաբարոյական, դաստիարակչական, ազգային ու մարդկայնական նիւթերու բեղուն գրիչի տէր, միշտ լռութեան մէջ գործած, խոնարհութեան ու համեստութեան մարմնաւորումը հանդիսացած հայր Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի նուիրական գործունէութեան 40-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 18 յունիսին` երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի կից գտնուող եկեղեցւոյ մէջ:
«Հայր Յովսէփ վարդապետի բարեկամներ» յոբելենական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին նախագահութեամբ կայացած պաշտօնական հանդիսութենէն առաջ, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին ձեռամբ տեղի ունեցաւ գերյարգելիութեան տուչութիւն` Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի, որ ստացաւ լանջախաչ, մատանի եւ գաւազան: Ապա հայերէնով եւ արաբերէնով իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց հայ կաթողիկէ պատրիարքը, որ անդրադարձաւ Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի ընտրած նուիրական ուղիին, Աւետարանի քարոզիչ ըլլալու հանգամանքին եւ ի սպաս հայ ազգի զաւակներուն ու համայն մարդկութեան իր անձը զոհելու հանգամանքին: Անոր համաձայն, վարդապետը եղած է հնազանդութեան ու խոնարհութեան մարմնաւորումը, որուն աղբիւրը եղած է աստուածային շնորհը: Ան շեշտեց, որ հայր Թոփալեան միշտ տուած է իրմէ ակնկալուածէն շատ աւելի, եղած է ամբողջական բարեպաշտ, ինչ որ իրեն 40-ամեայ ծառայութեան ուժ եւ կարողականութիւն տուած է: Պատրիարքը յատուկ կերպով շեշտը դրաւ աղքատին եւ կարօտեալին նկատմամբ հայր Յովսէփ Թոփալեանին ունեցած մարդասիրական մօտեցումին եւ գութին վրայ` հաստատելով, որ ան արժանի է գերյարգելիութեան կարգին:
Ապա ընթացք առաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը. Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք հայերէնով եւ արաբերէնով բացման խօսք արտասանեցին Մարալ Աթեշեան եւ Շանթ Ուլուճեան, որոնք լուսարձակի տակ առին Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի նուիրական գործունէութիւնը, իբրեւ լոյս իր շրջապատի խաւարը պայծառացնելու անոր հանգամանքը, որուն շողարձակումները կը հասնին բոլորին: Անոնք շեշտեցին, որ նման ձեռնարկով յարգանքի տուրք կը մատուցուի հոգեմտաւոր մեծ արժէք ունեցող եւ միշտ անսակարկ նուիրումով գործած վարդապետին: Խօսքերուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն իրականութիւնը, որ հայր Յովսէփ Թոփալեան գործած է ոչինչ խնայելով, տալով նոյնիսկ իր անձէն, բոլոր մարզերուն մէջ ալ իր ուրոյն ներդրումը ունենալով: Մ. Աթեշեան եւ Շ. Ուլուճեան այս առիթով յայտնեցին, որ կը խոնարհին յոբելեար վարդապետին վաստակաշատ գործունէութեան դիմաց` նորանոր տասնամեակներ մաղթելով անոր:
Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Անի Եփրեմեան` ասմունքով, Զաքար Քէշիշեան` մենանուագով, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Կռունկ» երգչախումբը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան, եւ որ ներկայացուց հայկական ու լիբանանեան երգերու փունջ մը:
Մխիթարեանի ուսուցիչներէն Ուսայման Զէյթուն այս առիթով ներկաներուն ներկայացուց իր վկայութիւնը հայր Յովսէփ Թոփալեանի մասին` հաստատելով, որ իր 40-ամեայ գործունէութեան ընթացքին ան օժանդակեց սերունդներու կերտման, հսկեց աշակերտներու հոգեմտաւոր աճին, եղաւ անոնց ուղեկցողն ու ապագայի հաշուոյն խորհուրդ ու ճամբայ ցոյց տուողը: Ան անդրադարձաւ մեծարեալին կենսագրականին, գրական վաստակին` հաստատելով, որ վարդապետը իր կեանքի ամբողջ ընթացքին սիրեց Մխիթարեան վարժարանը իր հայրենիքին նման եւ զայն վերածեց այնպիսի կառոյցի մը, որ տուաւ արդիւնաւէտ բերք եւ մեր ընկերութեան մէջ դեր ու տեղ ունեցող անձեր:
Հանդիսութեան բանախօսն էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ նիւթապաշտութեան ու ցուցամոլութեան այս ժամանակներուն իւրայատուկ ներկայութիւն կը հանդիսանայ հայր Յովսէփ վրդ. Թոփալեան, որուն արժէքը վեհ է ու վսեմ, կ՛ամփոփուի գործին եւ ազդեցիկ ու պատգամող խօսքին մէջ: «Հայր Յովսէփ Թոփալեանի քառասնամեայ գործը իր հիմը կը ճանչնայ խօսքը, գաղափարական մարդու խօսքը, անշահախնդիր գաղափարը, յեղյեղուած ու ճահճացած իրականութիւնները ժխտող խօսքը, ստրկացնող լուծը, թէկուզ եւ այդ ըլլայ գաղափար ճզմող եւ շպրտող խօսքը», շեշտեց Յ. Բագրատունի, որ մեկնելով վարդապետին «Ո՛վ բարեկամ» հատորին մէջ արտայայտուած գաղափարներէն, ներկայացուց անոր այն մտածումներն ու կեցուածքները, որոնք կ՛արտացոլան այդ գրքոյկին մէջ` հանդէպ իր հայկական ու լիբանանեան ինքնութեան, անարդարութեան դէմ, ազատ մարդու, ազատ ժողովուրդի, արդար քրտինքի համար մղած պայքարին: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ գիրքին մէջ նաեւ գովերգը կը կատարուի ճակտի արդար քրտինքին, աշխատաւորի գործին, ձեռքերով գետինը փորող ու հաց հանող մարդուն, ընկերային արդարութեան տնօրինման պահանջ կը կատարուի, կոչ կ՛ուղղուի ունեւորին` իր ունեցածէն բաժին հանելու չքաւորին, միշտ հաստատելով, որ պէտք է հեռու մնալ ապականող եւ սխալի առաջնորդող նիւթականէն` արդարօրէն շահուած դրամի օգտագործումով աւելի բարօր կեանք ունենալու համար: Յ. Բագրատունի նաեւ անդրադարձաւ ժողովրդավարութեան, ահաբեկչութեան եւ կեանքի տարբեր երեսներուն նկատմամբ հայր Յովսէփ Թոփալեանի գիրքին մէջ տեղ գտած մօտեցումներուն, որոնց ընդմէջէն ներկաները աւելի եւս ճանչցան վարդապետը` հաստատելով, որ այս բոլորը հաւատքով ու համոզումով, քաջութեամբ ու պահանջկոտութեամբ կը հնչեն գիրքին մէջ:
«Գաղափարներուդ եւ կեցուածքներուդ մեծարանքն է այսօր: Ազատութեան, արդարութեան, հաւասարութեան, խոնարհութեան, համեստութեան, յարգանքի, աշխատանքի, քրտինքի, հայրենասիրութեան ու հայրենապաշտպանման, խաղաղութեան, մօր ու կնկան, մարդկային արժէքներու եւ արժանիքներու ինքնուրոյնութեան, լաւատեսութեան ու խոյանքներու, ազգային գիտակցութեան եւ հայ գիրքի սրբութեան, քրիստոնէութեան եւ հայ եկեղեցւոյ պանծացման ու տակաւին շարան մը այլ աղուոր արժէքներու պաշտպանութեան տարեդարձն է այսօր, խնճոյք մը ամբողջ, զոր դուն` հա՛յր Յովսէփ, ըմբոշխնելու պատիւն ու հաճոյքը տուիր մեզի», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:
Իր խօսքի աւարտին Յ. Բագրատունի երախտագիտութիւն յայտնեց «մտքով ու հոգիով հարուստ, ոսկի չունեցող, սակայն ոսկի սրտի տէր, ստացուածք չունեցող, բայց բոլորին մտքերուն մէջ քանդակած գաղափարներու տէր վարդապետին»` հաստատելով, որ ան տակաւին շատ տալիք ունի բոլորին:
Ապա արաբերէնով իր յաճախած դպրոցին` Մխիթարեան վարժարանին եւ հայր Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի մասին վկայութիւններ, յուշեր ու տպաւորութիւններ ներկայացուց Փոլա Եագուպեան: Ան հաստատեց, որ վարդապետէն բոլոր աշակերտները սորված են ու կը սորվին սէր, խոնարհութիւն եւ ներողամտութիւն. հակառակ անոր որ իր դպրոց յաճախած տարիներուն քաղաքացիական պատերազմի մէջ էր երկիրը, բայց եւ այնպէս վարդապետը կը շարունակէր ներող ըլլալ քարոզել իր աշակերտներուն: Փ. Եագուպեան հաստատեց, որ բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր պայմաններուն լոյսին տակ դպրոցը լաւագոյն վայրն է սերունդներ կոփելու, մարդը ճիշդ կերտելու, բարելաւելու իրականութիւնները եւ աւելի լաւ ապագայի մը համար աշխատանք տանելու:
Զոյգ խօսքերէն ետք ցուցադրուեցաւ յոբելեարին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ մը: Ապա Հազմիէի քաղաքապետ Ժան Ասմար արտասանեց իր սրտի խօսքը` շեշտելով, որ Յովսէփ վարդապետ եղաւ իսկական հայր, եղբայր, ուսուցիչ, որ կերտեց այնպիսի սերունդներ, որոնք շրջանին ծառայութեան լծուեցան եւ տարբեր մարզերու մէջ արդիւնք տուին: Այս առիթով ան Հազմիէ քաղաքին բանալին յանձնեց հայր Յովսէփին, ապա տեղի ունեցաւ սկիհ¬յուշանուէրի յանձնում` Ժոզեֆ եւ Կլատիս Թոփալեաններուն կողմէ: Անկէ ետք Մխիթարեան վարժարանին կողմէ յուշանուէր յանձնուեցաւ յոբելեարին. ապա ընթերցուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանրական աբբայահայր Եղիա վրդ. Քիլաղպեանի մաղթանքի գիրը եւ Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի հայրապետական կոնդակը:
Այնուհետեւ կնքուեցաւ Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի նորատիպը` «Ո՛վ բարեկամ»:
Աւարտին հայերէնով եւ արաբերէնով ողջոյնի խօսք արտասանեց Յովսէփ վրդ. Թոփալեան, որ իր 40-ամեակին առիթով փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ զինք կանչած է ծառայութեան, պատիւ եւ սէր Աստուածամօր, որ զինք որդեգրեց եւ առաջնորդեց, ծնողներուն, որոնք զինք ընծայեցին Տիրոջ: Ան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հանդիսութիւնը կազմակերպողներուն, անոր մասնակցածներուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք այս կամ այն ձեւով մասնակից դարձան իր ծառայութեան 40-ամեակի նշումին: