Մեր Առօրեայէն. Մակարդակ, Որակ, Արժէք
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Լիբանանահայ գաղութը «հարուստ» է միութենական շերտաւորումներով: Իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն կը նախաձեռնէ հանդիսութիւն մը: Ձեռնարկները կը յաջորդեն իրարու: Յաճախ յաջորդականութիւն ալ չկայ, այլ կայ բազում խաչաձեւում:
Մշակութային, կրթական, քաղաքական, մարզական, գեղարուեստական եւ դասախօսական ձեռնարկներ կը յորդին: Ասիկա անշուշտ դրական երեւոյթ կը նկատուի իբրեւ ոգեւորութիւն, բայց նոյն ատեն կը ստեղծէ ոչ գոհացուցիչ տրամադրութիւն: Եթէ նոյն օրը, նոյն ժամուն 5-6 ձեռնարկ կազմակերպուած է, ներկայ ըլլալիք հանդիսականը կը շուարի ընտրութիւն մը կատարելու: Արդեօք ո՞ր մէկուն ներկայ ըլլայ: Նախապատուութիւնը ո՞ր մէկ հանդիսութեան տայ:
Մեր միութիւններուն պատասխանատուները ընդհանրապէս կ՛ընդօրինակեն զիրար: Յաճախ կը լսենք ու մամուլի մէջ կը կարդանք կազմակերպուած ձեռնարկի մը մասին: Հետաքրքրութիւն չարծարծող թեմա մըն է, զոր նկատի չեն առներ: Ձեռնարկը կ՛ունենայ տասնեակ մը հանդիսական, կը սկսի տրտունջը: Իրաւունք ունի՞նք դժգոհելու, թէ ձախողած է տուեալ ձեռնարկը:
Երբ կարդանք մամուլը, կը լսենք միութենական ամեակներ` հազիւ 5 տարին բոլորած: Արդեօք ճի՞շդ է 5, 10 կամ քիչ մը աւելի տարիներ ապրած միութեան մը տարեդարձը տօնել: Ըսենք նոյն ատեն, որ դեռ քառորդ դար առաջ կը տօնէին ոչ թէ ամեակներ, այլ` յոբելեաններ, «արծաթեայ» կամ «ոսկեայ» յոբելեան որակումով:
Որակ, մակարդակ` կարեւոր են արժեւորելու համար նախաձեռնութիւն մը:
Պէտք չէ մոռնալ, որ մեր մշակութային ու գեղարուեստական կեանքին յառաջընթացը մեր հազարամեայ արուեստներու կիրարկման մէջ է: Գրականութիւն, պատմագիտութիւն, թատրոն, գեղանկարչութիւն, երաժշտութիւն, երգեցողութիւն իր բոլոր բաժանմունքներով` կրօնական, դասական, աշուղական, գեղարուեստական, յեղափոխական, ժողովրդային դասաւորումներով: Փակագիծի մէջ յիշենք այս օրերուն կատարուած ու շարունակուող «Երգ երգոց»-ի մրցանքը:
Անհրաժեշտութիւն են մարզական ձեռնարկները` անոնց նուիրուած քաջալերական հանդիսութիւններով:
Այսուհանդերձ…
Հարկ է հետամուտ ըլլալ լաւագոյնին, կարեւորը` մակարդակ ու որակ ունեցող նախաձեռնութիւններով հանդէս գալն է: Արտաքին երեւոյթներով, թեթեւ յատկութիւններով հանդէս գալը կը խանգարէ մեր մշակոյթին արժէքը: Մեր ժողովուրդին մշակութային մակարդակը բարձրացնելու հետամուտ պէտք է ըլլալ: «Ժողովուրդը խնդալ կը սիրէ» բանաձեւումով կամ ինքնախաբէութեամբ սրահներ լեցնելը հարուած կու տայ մեր որոնած «դէպի լաւը» նշանաբանին:
Ինքզինք արուեստագէտ կամ գրող, երաժիշտ կամ երգող, նաեւ այլ արուեստներու անունները շահագործելը ուղղակի մեղանչում է մեր ազգային բարեմասնութիւններուն, մեր ազգային աւանդութեան, որ կը մատչի միայն գեղեցիկին, մաքուրին եւ հայաշունչին:
Յակոբ Պարոնեան, Երուանդ Օտեան, Նշան Պեշիկթաշլեան իրենց երգիծանքով խնդացուցած են մեզ, բայց` առանց հայհոյանքի…
Մեր մշակութային, բարեսիրական, մարզական, եկեղեցասիրական քաղաքական աշխատանքներ ծաւալող վարչութիւնները պէտք է չափ ու սահման դնեն ոչ անհրաժեշտ ձեռնարկներ կազմակերպելու:
Արժեւորենք արժանաւորները, կարեւորագոյնը, առանց մրցակցութեան բնոյթ տալու մեր աշխատասիրութեան:
Յաճախ մեր սրահները դատարկ կը մնան` մեր ակնկալած հանդիսականները հոն չտեսնելով: Պուրճ Համուտէն հեռու ապրող մեր հայրենակիցները կը դժուարանան գիշերով ճամբայ ելլելու: Պուրճհամուտցի հանդիսականն ալ կը դժուարանայ Նաքքաշի մէջ գտնուող «Տեմիրճեան» կեդրոն կամ «Եղիշէ Մանուկեան» հանդիսասրահներու մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն ներկայ գտնուելու:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 26 մասնաճիւղերու անդամուհիները չեն կրնար բաւարար թիւով ներկայ գտնուիլ «Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ կազմակերպուած դասախօսութիւններուն: Դարմա՞նը: Լուծումներ կան անշուշտ: Պարբերաբար տեղափոխուիլ այլ սրահ մը` մատչելի ըլլալու համար բոլորին:
Մեր մատնանշած տեղափոխութիւնները ոչ միայն Պէյրութ մայրաքաղաքի իրարմէ հեռու տարածքներու մասին է, այլեւ` Այնճարի, Զահլէի, Թրիփոլիի եւ նոյնիսկ Պիքֆայայի շրջակայ տարածքներու համար:
Ամէն բանէ առաջ հարկ է արժեւորել կատարուելիք ձեռնարկը: Երկրորդ, թուականներու խաչաձեւումը կը դժուարացնէ հանդիսականներու որոշումը: Անիմաստ, անօգուտ նախաձեռնութիւնները չեն քաջալերուիր ընտրանի հասարակութեան կողմէ: Մեր մշակութային կեանքը ծաղկեցնել ուզող արուեստ հասկացողութիւնը չըմբռնած անձերու որոշումով չի կրնար արժեւորուիլ ձեռնարկը, այլ կը գունատի…
Ժողովուրդին հասնելու համար հարկ է երթալ դէպի ժողովուրդ: «Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ» ճշմարտութեան հետեւիլը անհրաժեշտութիւն է:
Աղօթելու համար իւրաքանչիւր հաւատացեալ իր ապրած թաղամասին մօտիկ եկեղեցին կ՛երթայ: Նոյնն է պարագան արուեստի, գրականութեան եւ մարմնակրթանքի ոլորտներուն հետամուտ հանդիսականին համար: Պէտք է հասնիլ այդ հանդիսականին, բայց անոր ներկայացնել մակարդակ, որակ եւ արժէք ունեցող գրականութիւն, թատրոն, գեղանկարչական ցուցահանդէս, երգ ու երաժշտութիւն, պար եւ գծագրական եւ հայախօսական ջինջ ու վսեմ արուեստ:
«Հրաժարիմք ի սատանայէ եւ ամենայն չար խաբէութենէ նորա»: