Կոմիտասով Եւ Ալպերթօ Մանկելով` Տեսնել Ներկան Եւ Գալիքը

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Hagop-Balian-1465Առաջին անգամը չէ, որ կանգ կ’առնեմ իրարմէ այնքա՜ն հեռու, աշխարհագրական եւ ժամանակի իմաստով, երկու միտքի մարդոց մտածումներուն եւ դատումներուն վրայ: Կոմիտաս միայն երգ-երաժշտութիւն չէ, ան տուեալ ժամանակի մը եւ տուեալ ընկերութեան մը մէջ ապրած է: Աւելի յստակ խօսելով, յանձնառութեամբ նուիրուած է իր ազգին, իր արուեստը զինք լուսանցքային չէ դարձուցած իր ժամանակին եւ ժամանակակիցներուն հանդէպ, զանոնք կը դատէ ահաւոր տխրութեամբ:

Միշտ խորհած եմ, որ իրենց դարը գերանցած մեծերու խօսքն ու գիրը դպրոց են, եթէ գիտնանք մեր եսերը եւ մանր փառասիրութիւններու տրեխները մաքրել (Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը» բանաստեղծութեան «Ֆետայիներ» բաժնի  վերջին պատկերը յիշել) եւ հոն մտնել: Յաճախ կը կարդամ Կոմիտասի տողերը, զորս արտագրած էի, բայց այժմ չեմ յիշեր աղբիւրը:  Ընթերցման հմայքը այն է, որ երբ անուն եւ թուական կը մոռնաք, իմաստ եւ իմաստութիւն փորձին անձնատուր կ’ըլլաք:

Կոմիտասի սրտի խօսքէն ուզեցի յատկանշական տողեր միայն վերցնել` որպէս մեկնակէտ` խորհրդածութեան նիւթ, սակայն անկարելի եղաւ ընտրութիւն ընել: Կրկնութեան գնով պարբերութիւնը կը պահեմ այնպէս, ինչպէս որ է, այնքա՜ն խիտ եւ բիրտ, ազնուական հոգիէ մը բխած այնքա՜ն տխուր, տխրեցնող: Կոմիտասի մտածման ընդմէջէն կրնա՞նք տեսնել եւ դատել մեր ներկան, մանաւանդ` ընթանալ դէպի աւելի պայծառ գալիք մը:

Կոմիտաս մեր ժամանակակիցը կը դառնայ, եթէ տրուիք իր մտածումներու հոսանքին, այդպէս է մեծերու ինքնատիպ արկածախնդրութիւնը: Առանց այս ոստումին, մենք պատմութեան օղակներէն վեր չենք ելլեր եւ կը պարտուինք եսի եւ եսերու գուպարին մէջ: Առանց կանխակալ կարծիքներու, կրնա՞նք կատարել Կոմիտասի պարբերութեան ընթերցումը` ընդելուզուելով մեր ժողովուրդի խճճուող անցեալի եւ ներկայի բազմաբնոյթ հարցերուն մէջ, չըսելով մանաւանդ, որ ըսուածները մեզի համար չեն, այլ` միւսներուն:

«Հօտն անհովիւ` մոլոր ու շփոթ, աներեւոյթ եւ անզուսպ ալիքներ յախուռն կը յուզեն ի խորս մեր հալածական եւ ողբալի կենաց ծովու: Անմիտ որսորդներ բոլորած` միամիտ ձկներ ցանցած: Մթնոլորտը թոյն կը տեղայ, բուժիչ ուժ չկայ: Աւերած, սարսափ ու սանձարձակ կեղեքում մէկ կողմէն, անտարբերութիւն, օտարամոլութիւն ու ցեխոտ սրտեր միւս կողմէն: Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն միւս երեսէն: Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբր հանդերձ, զոր մերկութիւն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց: Մեր մարմինը նեխած է, մեր հոգին ապականած, մեր կեանքը դիակնացած… Ո՞ւր է մեր խոհական Խորենացին, թող ելլէ արիւնաքամ հողու տակէն եւ ողբայ մեր խակերու սիրտն ու հոգին, միտքն ու գործը: Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն ընչաքաղցութեամբ: Սիրտս փլած է…»            

(Կոմիտաս)

 

Ուսանողներուն, որպէս մեկնաբանութեան պարտականութիւն կամ քննութեան նիւթ, կը տրուին մեծերու խօսքեր` Պղատոնէն, Արիստոտէլէն, Քանթէն, Սարթրէն, ուրիշներէ: Ուսանողները նախ պէտք է ցոյց տան, թէ ճիշդ հասկցած են իրենց ուշադրութեան յանձնուած մտածումը կամ էջը, ապա անոնցմէ մեկնելով` իրենց կարգին խորհրդածեն, մտածումներ զարգացնեն: Կոմիտասի մտածումները միջազգային տարածում չունին, ուսանողներուն որպէս նիւթ չեն հրամցուիր: Բայց ճիգ մը ընելով` իւրաքանչիւր հայ առարկայական ընթերցումը եթէ կատարէ Կոմիտասի խօսքին, առանց ըսելու, որ անոնք ժամանակավրէպ են կամ իրեն չեն վերաբերիր, ընկերաքաղաքական եւ մշակութային դատումները կ’ունենան իսկական կառուցողական որակ, եւ չենք բաւարարուիր պղպջակներով եւ փուչիկներով:

Առանց չարանալու` Կոմիտասի իւրաքանչիւր դատումին եւ պատկերին կրնանք ընկերացնել մեր անմիջական կեանքէն օրինակներ: Կ’արժէ, որ ընթերցողը, առանց հաճոյակատարութեան, դէպքեր, իրադարձութիւններ, կացութիւններ եւ անուններ շարէ: Այս կ’ըլլայ քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան իսկական շինիչ փորձ, որ կրնայ լաւ ապագայի յոյս ներշնչել, մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքին նոր որակ տալ: Կոմիտասի խօսքերը կ’ընդգրկեն նաեւ ոչ հայկական շրջանակները, եթէ նկատի առնուին որպէս իմաստութիւն:

Մթնոլորտը թոյն կը տեղայ, բուժիչ ուժ չկայ: Այս մտածումը, առանց սպիտակ ձեռնոցներ հագնելու, կրնա՞նք մեր ներկային վրայ դնել որպէս պիտակ: Ըսինք` անկախութիւն, չիրականացուցինք հայրենադարձութիւնը: Ըսինք` «Ղարաբաղը մերն է», բայց այդ «մեր»-ը զանգուածային ներկայութեամբ տիրութիւն չեղաւ: Ականատեսն ենք հակառակին` տնաքանդ արտագաղթին, զոր արդարացնելու որձեւէգ ճապկումներ կ’ընենք, ոչ թէ ազգային նպատակներէ թելադրուած, այլ` հասարակ մարդորսութենէ: Վերանկախացման չընկերացաւ լեզուամշակութային վերանկախացումը, շարունակելով բազմատեսակ տիրապետութիւնները` շարահիւսական, ուղղագրական, բառապաշարի:

Աւերած, սարսափ ու սանձարձակ կեղեքում մէկ կողմէն, անտարբերութիւն, օտարամոլութիւն ու ցեխոտ սրտեր` միւս կողմէն: Այս` Հայաստան եւ սփիւռքներ: Կոմիտասի բոլոր բառերը լուսարձակի պէս բացէք մեր իրականութեան վրայ: Առանց կեղեքումներու, կաշառակերութեան եւ վայրագ իւրացումներու` ինչպէ՞ս կարելի կ’ըլլայ աղքատ երկրի մը մէջ աստղաբաշխական անաշխատ հարստութիւններ դիզել, յառաջացնել թշուառութիւն եւ սակաւապետութիւն: Ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն եկամուտներու արդարացիութեան քննութիւններ չեն կատարուիր, վերանկախացումէն ետք եկած ժամանակաշրջանին ելքերու եւ մուտքերու audit չեղաւ, ըսին աուտիթ կ’անենք, եւ անոր մասին ոչ ոք լսեց:

Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբրեւ հանդերձ, զոր մերկութիւն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց: Պաշտօնները հանրային ծառայութիւն չեն, այլ` դիրքի չարաշահում, ապա թէ ոչ ինչպէ՞ս բացատրել հարստացումները: Մեծ տնտեսագէտ եւ ընկերաբան ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու համար աչք ծակող անհաւասարութիւնները եւ թշուառութիւնը:

Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն ընչաքաղցութեամբ: Սիրտս փլած է: Այս ընչաքաղցութեամբ պաշտօնին փարելու ընթացքը, նաեւ` սփիւռքի մէջ, ազգային վերականգնումը կը խոչընդոտէ` ղեկավարութիւնները վերածելով փակ շրջանակի, որ կը կտրուի շահագործուող ժողովուրդէն:

Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն` միւս երեսէն, կը փտեցնեն զանգուածներու ազգային միասնականութեան հիւսկէնը: Եւ կը սղոցուին այն ճիւղերը, որոնց կ’ապաւինինք: Հարկ է խորհիլ ըսուած իւրաքանչիւր բառի մասին` առանց կանխակալ կարծիքներու, մեկնելով ազգային գաղափարախօսութենէ եւ առաջնորդուիլ մեր վերականգնումին համար էական հեռանկարներէ, բոլոր մակարդակներու վրայ` քաղաքական, տնտեսական, կրթական, եկեղեցական, կրօնական (գիտակցաբար չեմ նոյնացներ վերջին երկուքը):

Յաճախ կը յիշեմ գերմանացի իմաստասէր Հուսերլը, որ կ’ըսէր, թէ առարկաներուն պէտք է մօտենալ մերկ եւ միամիտ հոգիով (Il faut aller aux choses avec une âme nue et ingénue): Կոմիտասի սրտի ցաւ խօսքերը պէտք է կարդալ ոչ թէ նախ նայելով դէպի միւսը, դրացին, մրցակիցը, այլ` հայելիին առջեւ կենալով: Յետոյ միայն կրնանք նայիլ մեզմէ դուրս:

Կոմիտասի հետ հարկ է մտածել ոչ թէ աւաղելու համար, այլ` յանդգնութեամբ, վերականգնելու միտումով, ինչպէս ինք կ’ըսէ` ԱՆՁՆԱՀԵՂՈՒԹԵԱՄԲ, առաքինութիւն, որ պէտք է կենսագործել` հրաժարելով ամէն կարգի ամբոխավարութենէ:

Զարտուղութիւնները մեզի յատուկ չեն: Անոնք կան այլ երկինքներու տակ նաեւ: Բայց կան ազնիւ եւ ազնուական մտաւորականներ, որոնք չեն լռեր, ծառը կը թօթուեն, կեղծիքները կը մերկացնեն, ինչ որ սրբուելու առաջին քայլն է, որմէ ետք պէտք է առնել երկրորդ առաջին քայլը, եւ այդպէս` շարունակաբար (Անթուան տը Սենթ Էկզիւփերի):

Եւ քանի որ զրոյց է, Կոմիտասէն ետք պիտի երթամ դէպի Ալպերթօ Մանկելը` լսելու համար զինք, մէջբերում-ընթերցման մը համար:

Փառասիրութիւն, տգիտութիւն, իշխանատենչութիւն, ընչաքաղցութիւն կը կրծեն ընկերութիւնները, կը դժբախտացնեն եւ կը թշուառացնեն ժողովուրդները, մեծ եւ փոքր:

Ֆրանսայի մէջ, իւրաքանչիւր տարի կը հրամցուի հունձքը քաղաքական աչքառու գործիչներու կողմէ գրուած վկայութիւններու, անշպար յուշերու, նաեւ` վէպերու: 1994-ին նախկին նախագահ Վալերի Ժիսքար տ’Էսթեն այնքան առաջ գնաց, որ խնդրեց անդամ ընտրուիլ խիստ մասնայատուկ Ֆրանսական ակադեմիային, վերապահուած` երկրի մտաւորական ընտրանիին, հիմնուելով բարալիկ վէպի մը վրայ, «ԱՆՑՔԸ», «Le Passage»: Եւ այդ ստացաւ: Արժանթինի մէջ Էվիթա եւ Խուան Փերոններ կը հպարտանային իրենց քաղաքական-կտակ-ինքնակենսագրութիւններով, երբ ոչ ոք կ’անգիտանար, որ անոնց խմբագրութիւնը վստահուած էր վարձու գրիչներու (ֆրանսացիները կ’ըսեն` nègre): Բաղձալով անհետացնել իր երկրի անգրագէտ պետի պատկերը` Փերոն, իր ասպարէզի սկիզբը, ինքզինք հրաւիրել տուած էր Արժանթինի գրականութեան ակադեմիային կողմէ` ճառ մը արտասանելու Սերվանթեսի («Տոն Քիշոթ»-ի հեղինակը) ծննդեան չորս հարիւրամեակին առիթով. հեղինակ, որուն մասին հետագային խոստովանեցաւ խնդալով, որ երբեք յոգնութիւնը յանձն չէր առած տող մը կարդալու, բայց որուն մեծ, կաշեկազմ եւ ոսկետառ կողքով հատորները կը գտնուին իր ետին, բազմաթիւ պաշտօնական լուսանկարներու մէջ:

Ալպերթօ Մանկել

 

Ալպերթօ Մանկել ցոյց կու տայ կեղծիքի եւ սնափառութեան տխուր պատկերը, որ նախայարձակման կ’ենթարկէ արժէքներու համակարգը: Ֆրանսայի նախկին նախագահին սնափառութիւնը յատկանշական է ղեկավարութիւններու մակարդակին: Իսկ Էվիթա եւ Խուան Փերոններու բեմադրած կեղծիքը միայն դառն ծիծաղ կրնայ առթել: Խուան Փերոն, Սերվանթեսէն առանց տող մը կարդացած ըլլալու, անոր մասին դասախօսութիւն կը կարդայ ակադեմիայի մէջ: Մեր իրականութեան մէջ ալ անպակաս են նման պարագաներ, եւ ցաւալին այն է, որ ինչ-ինչ պատճառներով կը մտնենք խաղին մէջ: Գրող ըլլալու, շքանշան ստանալու, բեմ բարձրանալու ծարաւներ կը փտեցնեն ընկերութիւնը: Կեղծիքով եւ քսակի կամ ընտանեկան անուան մը նպաստով  վարկ եւ լուսապսակ շահելու փորձութեան վկայութիւնները բազմաթիւ են: Ռումանիոյ մենատէրին կինը, անգրագէտ մը, Էլենա Չաուչեսքու, գիտական գիրքեր կը հրատարակէր եւ կը ներկայանար որպէս գիւտարար: Մեր ընկերութիւնը այնքան ազատամիտ չէ, որ հրապարակէ «նեկր»-երու գրածներով կամ լատինատառ հայերէնով գրուած ճառով բեմ բարձրացողներու անունները:

Առնուազն կարելի է առնել առաջին քայլը անհատաբար, առանց սպասելու ուրիշներու մեկնաբանութիւնը. կարդալ Կոմիտասի եւ Ալպերթօ Մանկելի այնքա՜ն դիպուկ, արդիական եւ անմիջականօրէն ժամանակակից տողերը, խորհրդածել, կրկնութիւններէ եւ կարգախօսներէ անդին անցնելով, որպէսզի միասնութեան եւ վերականգնումի ճառերը կեանքով բաբախեն:

Եւ սպասել հրաշքը:

Կամ… գործել հրաշքը:

25 նոյեմբեր 2013,
Պուրճ Համուտ

 

Share this Article
CATEGORIES