Վերջին Բանավէճերը Կրնան Պատրաստել Էրտողանին Անկումը

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

erdo_Caricature«Ֆայնէնշըլ Թայմզ» թերթը Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի քաղաքական ապագան վտանգի տակ կը տեսնէ: Նշանաւոր թերթը իր այս ենթադրութիւնը հիմնած է քանի մը օրէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ բանավէճի նիւթ դարձած «Տերսհանէ»-ներու խնդիրին պատճառով:

«Տերսհանէ» կոչուած դասաւանդութեան տուները մեծ փոթորիկ ստեղծած են երկրին մէջ, բայց անկէ առաջ օրակարգի եկած էին երկու այլ խնդիրներն ալ, մէկը` մանչ-աղջիկ խառն կացարաններու դէմ Էրտողանի հնչեցուցած ահազանգը, ապա դպրոցները երկսեռ ըլլալէ դադրեցնելու մասին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանի մը առաջարկը: Ասոնց յաջորդեց «Տերսհանէ»-ներու խնդիրը եւ ասիկա պատճառ դարձաւ նաեւ, որ Ֆեթհուլլահ Կիւլեն հոճայի հետ Էրտողանին յարաբերութիւնները վնասուին, քանի որ կ՛ըսուի, թէ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի համայնքը ունի մօտաւորապէս 3600 «Տերսհանէ»:

«Ֆայնէնշըլ Թայմզ» թերթի Պոլսոյ թղթակից Տանիէլ Տոմպիի կարծիքով, այս հարցերը ճեղքեր գոյացնել սկսած են Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պահպանողական շրջանակներուն մէջ, եւ ասիկա կրնայ մեծ վտանգ սպառնալ Էրտողանի քաղաքական ապագային համար: Տոմպիի համաձայն, Էրտողան այժմ Կեզի հանրապարտէզի շրջանին եղածէն ալ աւելի շատ յանձնառու վիճակ ունի:

Ֆեթհուլլահ Կիւլեն, որ ատենօք ըսած էր, թէ` «Մեռեալներն անգամ պէտք է քուէարկեն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ի նպաստ», հիմա Էրտողանի դէմ դարձած ըլլալ կը թուի: Արդարեւ, Կիւլեն «Տերսհանէ»-ներու խնդիրին մէջ ըսաւ, որ ասիկա իրենց սրտին տրուած դանակի հարուած մըն է: Լրագրողը դիտել կու տայ, որ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւնները վտանգաւոր փորձաքար մը պիտի ըլլան Էրտողանին համար: Այդ ընտրութիւններէն առաջ Էրտողան պիտի կարենա՞յ բարելաւել իր յարաբերութիւնները իր նախկին դաշնակիցներուն հետ, պիտի ենթարկուի՞ անոնց, կամ պիտի յաջողի՞ զանոնք իրեն ենթարկել: Այսօրուան կացութիւնը արդեօք առաջին ազդանշա՞ն մըն է Էրտողանի մօտալուտ անկումին մասին: Տոմպի այս հարցադրումներով է, որ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ վարչապետին այժմու կացութիւնը:

Խնդրայարոյց Նոր Տեսակէտ Մը

«Երկսեռ Վարժարանի Դրութիւնը Անպատեհ Է,
Պէտք Է Վերջ Տալ
Երկսեռ Ուսուցման Դրութեան»

Վերջերս Թուրքիոյ օրակարգին վրայ ծանրութիւն դրաւ մանչ-աղջիկ միասնական կացարաններու հարցը: Վարչապետ Էրտողանն էր, որ տուաւ առաջին ազդանշանը ու ըսաւ, որ մանչերն ու աղջիկները պէտք չէ մնան նոյն կացարաններու մէջ: Այս դիտողութիւնը շատերու կողմէ յետադիմական նկատուեցաւ, վարչապետը քննադատութեանց ենթարկուեցաւ: Բայց վարչապետ Էրտողան ու իր գործակիցները բարոյական անպատեհութիւններ կը տեսնեն մանչերու ու աղջիկներու նոյն կացարանի մէջ մնալուն մէջ:

Հիմա ուրիշ խնդիր մըն ալ աւելցաւ այս հարցին վրայ: Վարժարանները երկսեռ ըլլալէ դադրեցնելու հարց մըն է այս: Այսինքն աղջիկներն ու մանչերը նոյն դպրոցին մէջ չուսանին: Այս նոր գաղափարն ալ մէջտեղ նետուեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահներէն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Կեսարիոյ երեսփոխան Սատըք Եագութի կողմէ: Եագութ խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած մանկական ֆորումի առիթով «Հիւրրիյէթ»-ի թղթակցին յայտնեց, որ աշխատանք պիտի տարուի, որպէսզի յառաջիկայ եղանակին ջնջուի երկսեռ վարժարանի դրութիւնը: Ան ըսաւ, որ ըստ իրեն, մանչերու ու աղջիկներու նոյն վարժարանին մէջ ուսանիլը անպատեհ ու սխալ է, դժբախտաբար Թուրքիոյ մէջ այս սխալը գործուեցաւ հինէն ի վեր, հիմա պէտք է, որ սրբագրուի: Եագութ դիտել տուաւ, որ երկսեռ դպրոցը մեր մօտ հիմնուած է արեւմուտքցիներու օրինակով մինչդեռ արեւմուտքցիները Թուրքիոյ մէջ երկսեռ վարժարան չհիմնեցին, հիմնեցին Իտալական աղջկանց վարժարան, Գերման աղջկանց վարժարան, Կալաթասարայի մանչերու վարժարան եւ այլն:

Եագութի այս խօսքերը, որոնք հրատարակուեցան «Հիւրրիյէթ»-ի մէջ լայն հակազդեցութեանց տեղի տուին ու ան աւելի ուշ յայտարարեց, թէ իր պարզած տեսակէտը կուսակցութեան տեսակէտը չէ, այլ իր սեփական կարծիքն է: «Ես այս բանը ըսի որպէս այլընտրանք եւ հիմա ալ կանգ կ՛առնեմ նոյն տեսակէտին վրայ», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շրջանակները դիտել տուին, որ կուսակցութեան օրակարգին վրայ այսպիսի հարց մը չկայ:

 

Share this Article
CATEGORIES