Քիմիական Զէնքերու Պայմանագրութիւնը

Իրաւաբան ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

OPCWՔիմիական զէնքերու պայմանագրութեան անդամակցելու սուրիական յայտարարութիւնը Սուրիոյ վրայ կատարուելիք ամերիկեան զինուորական յարձակումին սպառնալիքները նուազեցնող պատճառներէն ու ազդակներէն մէկը դարձաւ: Փաստօրէն Ռուսիոյ առաջնորդութեամբ ձեւաւորուած դիւանագիտական  նախաձեռնութիւնները յաջողեցան օգտագործել միջազգային օրէնքին ընձեռած միջոցները, որոնց մաս կը կազմէ Քիմիական զէնքերու պայմանագրութիւնը (ՔԶՊ):

ՔԶՊ-ն զէնքերու հսկողութեան եւ յատկապէս զանգուածային ոչնչացման զէնքերու հսկողութեան միջազգային պայմանագրութիւն է: Անոր լման անունն է` Քիմիական զէնքերու զարգացման, արտադրութեան, ամբարման ու գործածութեան, ինչպէս նաեւ անոնց ոչնչացման պայմանագրութիւն: ՔԶՊ-ն կը նպատակադրէ արգիլել քիմիական զէնքերու եւ անոնց նախակերպերուն արտադրութիւնը, ամբարումը եւ գործածութիւնը: ՔԶՊ-ն ստորագրուած է 13 յունուար 1993-ին եւ ուժի դրուած` 29 ապրիլ 1997-ին: Անիկա կը կառավարուի ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի հովանաւորութեան տակ գործող Քիմիական զէնքերու արգիլման (ՔԶԱ) կազմակերպութեան կողմէ, որուն կեդրոնը Հոլանտա է: Անոր կ՛անդամակցին 189  երկիրներ, որոնց վերջերս միացաւ Սուրիան:

Պայմանագրութեան անդամակցող երկիրներուն հիմնական պարտաւորութիւնն է դիմել համապատասխան եւ կարեւոր քայլերու` արգիլելու համար իրենց գերիշխանութեան տակ գտնուող անհատներն ու կառոյցները քիմիական զէնքերու գործածութենէն:

Պայմանագրութեան բոլոր անդամները համաձայնած են`

Ա.- Ոչնչացնելու իրենց քիմիական զէնքերը, զորս կրնան ունենալ, ինչպէս նաեւ` այն միջոցները, որոնք կ՛արտադրեն զանոնք:

Բ.- Ոչնչացնել այն զէնքերը, որոնք անդամ երկիրները ժամանակին ուրիշ երկիրներու մէջ լքած են:

Գ.- Համագործակցիլ ՔԶԱ կազմակերպութեան հետ` քիմիական զէնքի գործածութեան պարագային:

Դ.- Հսկողութեան ենթարկել այն քիմիական արտադրութիւնները, որոնք կրնան զէնքերու վերածուիլ:

Ե.- Միջազգային համագործակցութիւն ցուցաբերել համապատասխան ոլորտներու մէջ քիմիագիտութեան խաղաղ օգտագործման:

Առաւելաբար,  պայմանագրութեան անդամ երկիրները պարտաւոր են համապատասխան զեկոյցներ ներկայացնելու ՔԶԱ կազմակերպութեան` պարզելու համար, թէ իրենց ունեցած քիմիական թունաւոր նիւթերն ու անոնց նախակերպարները արգիլուած չեն:

ՔԶՊ-ին կարեւորագոյն յատկութիւններէն կարելի է նկատել «Քննութեան մարտահրաւէր» կոչուած ընթացակարգի ընդգրկումը: «Քննութեան մարտահրաւէր»-ի միջոցով պայմանագրութեան անդամ երկիրներէն որեւէ մէկը` կասկածելու պարագային այլ անդամ պետութեան մը պարտաւորութիւններուն գործադրութենէն, կրնայ ՔԶԱ կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնութենէն քննիչներ ղրկելու պահանջ ներկայացնել: ՔԶՊ-ի  «Քննութեան մարտահրաւէր» ընթացակարգը գործադրուելու պարագային,  անդամ երկիրները պարտաւոր են, առանց մերժելու իրաւունք վայելելու, ենթարկուիլ «որեւէ ժամանակ եւ ամէն տեղ» քննելու սկզբունքին:

Տեղին է նշել, թէ Իսրայէլն ու Միանմարը ստորագրած են պայմանագրութիւնը, սակայն չեն վաւերացուցած, իսկ Անկոլան, Պուրման, Եգիպտոսը, Հիւսիսային Քորէան եւ Հարաւային Սուտանը չեն ստորագրած:

2010-ի պաշտօնական յայտարարութիւններու համաձայն, քիմիական զէնքերու զինապահեստը մօտաւորապէս 30,308 թոն էր, իսկ 2013 յունուարի զեկոյցներուն համաձայն, այդ քանակին 78  առ հարիւրը արդէն ոչնչացուած է:

Օգտագործուած աղբիւր` http://www.opcw.org.

 

Share this Article
CATEGORIES